lundi 18 décembre 2017

ԿԱՂԱՆԴ ԵԿԱՒ, ԲԱՐՈՎ ԵԿԱՒ




Վարսենի Քէշիշեան Սարգիսեան ♫ սոփրանօ
Մանուկ Գայնագեան ♫ թենոր
Սարգիս Մատթէոսեան ♪ կիթառ

dimanche 10 décembre 2017

ՔԱՂՑՐԵՂԷԳԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

Ա՛րդեօք խորհա՞ծ էք քաղցրեղէգի ծագումին մասին:
Ծնունդի քաղցրեղէգը ձեւակերպուած է Ամերիկայի Ինտիանա Նահանգին մէջ ապրող հաւատացեալ արհեստաւորի մը կողմէ, որուն փափաքն էր Յիսուս Քրիստոսը մատնանշող քաղցրեղէն մը շինել:

Ան սկսաւ զուտ ճերմակ կարծր շաքարի կտորով մը: Ճերմակ գոյնը կը ներկայացնէր Յիսուսի մօր՝ Մարիամի անարատ կուսութիւնը եւ մեր Տիրոջ անբասիր կատարեալ կեանքը:
Ան նախընտրեց կարծր շաքարը կակուղէն, ի մտի ունենալով թէ Յիսուս Իր հետեւորդներուն համար ամուր վէմ է, եւ Աստուծոյ խոստումները անխախտ են:

Քաղցրեղէն շինող մարդը ճերմակ կարծր շաքարը տաք եղած ատեն «J» գիրին նմանցուց, ներկայացնելու Յիսուսի անուան սկզբնատառը, որ երբ հակառակ ուղղութեամբ դարձուց՝ նմանեցաւ հովիւի ցուպին:

Յիսուս է հաւատացեալին «Բարի Հովիւը», որուն ցուպը մեղքի տիղմին մէջ ինկած բազմաթիւ մեղաւորներու օգնութեան հասած է, եւ խոտորած ոչխարներն ալ ուղիղ ճամբուն կ'առաջնորդէ: Սակայն վարպետը տակաւին գոհ չէր:

Ան նկատեց որ քաղցրեղէգը շատ պարզ էր եւ հասարակ: Ուստի, սպիտակ շաքարին վրայ քանի մը կարմիր բարակ գծիկներ աւելցուց, որոնք կը խորհրդանշէին Յիսուսի ստացած գաւազանի հարուածները՝ հռոմէացի զինուորներէն:

Ապա հաստ կարմիր գիծ մը գծեց վրձինով՝ մեր Փրկչին Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արեան համար, որուն միջոցով մեղաւորը կրնայ թողութիւն ստանալ: Սա կարելի է տեսնել, երբ շեղակի դէմ դիմաց միացնենք երկու քաղցրեղէգները, անոնք կը կազմեն սիրտ մը, որ Աստուծոյ սէրը կը ցուցնէ: Վերջապէս վարպետը գոհ էր:

Ան ձեռքին մէջ ունէր քաղցրեղէն մը, որ կը պատկերացնէր քրիստոնեային հաւատքը: Ցաւօք սրտի, տարիներու ընթացքին, մարդիկ մոռցան այս քաղցրեղէգին բուն իմաստը, եւ այդ դարձաւ Ծնունդի աւանդութիւններէն մին: Սակայն անոր պատգամը հոն է տակաւին՝ անոնց համար, որ աչքեր ունին զայն տեսնելու: Ի հարկէ քաղցրեղէգը չի կրնար խօսիլ:

Բայց եթէ բերան ունենար, ան մեզի պիտի ըսէր, թէ Ծնունդի բոլոր աւանդութիւններուն մէջ՝ տօնածառ, նուէրներ, լոյսեր ու քաղցրեղէգ, կրնանք տեսնել Յիսուս մանուկը, որ ծնաւ Բեթլեհեմի մսուրին մէջ՝ 2000 տարիներ առաջ, մեզի բերելով Աստուծոյ անհուն սէրը:

Տէրը տայ որ այս պարզ քաղցրեղէգով յիշենք եւ պատմենք Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին որ Թագաւոր Թագաւորաց է եւ Տիեզերքին Տէրն ու միակ Փրկիչը:

«Եւ Որդի մը պիտի ծնի, ու անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Ան իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտթ.1:21):


samedi 9 décembre 2017

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ «Աւանդութիւններ»


Ս.Ծնունդի  պատրաստութիւնները  կը  սկսին  ծնունդէն յիսուն  օրեր  առաջ.  Յիսնակեաց  պահքով:  Առաջին,  չորրորդ եւ  հինգերորդ  շաբաթները,  պահքի  շաբաթներ  են,  աշխարհականներու  համար. Պահքին  նպատակը Աստուածային  ներկայութիւնը  մեր  մէջ  հաստատելն  է: Յիսնակի  շրջանին,  կիրակմուտքի  եօթը  օրերուն  ընթացքին մէկմէկ  ծիրանագոյն  մոմեր  կը  վառուին  «Խորհուրդ  Մեծ  եւ Սքանչելի»  շարականին  երգեցողութեամբ:
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ.
Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի
Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհեմ քաղաքի.
Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ:
Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ.
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմացաւ:»
Յիսնակի  շաբաթներու  ընթացքին  տօնածառ  կը  զարդարուի տուներուն մէջ, աղօթքներով եւ զԱստուած փառաբանող շարականներով: Տօնածառը  որ  ընդհանրապէս  եղեւնի  ծառն է, իր կանաչ գոյնով, խորհրդանիշն է մարդոց յաւիտենական  յոյսին. Ծառին գագաթը զետեղուած աստղը երկնային խոստումն է, որ Աստուած խոստացած է Փրկչին՝ աշխարհի համար, իր այդ  խոստումին իրականացման նշանն է. Մոմը որ կը վառի ծառին վրայ, կը խորհրդանշէ  Խաչը, որ աշխարհին  լոյսն է. Երբ կը նայինք այդ  մեծ  լոյսին  կը  յիշենք, Յիսուս  Քրիստոսը, որ  իջած է աշխարհ,  իր  լոյսով: Ծաղկեպսակը  որ  կը  տեղաւորենք տօնածառին  վրայ,  կը  խորհրդանշէ  սիրոյ  իսկական  բնոյթը:  Ճշմարիտ  սէրը  երբեք  չի դադրիր,  ինչպէս Աստուծոյ  սէրը  որ ո՛չ  սկիզբ  ունի  ո՛չ  ալ  վերջ: Կաղանդ  պապիկը  խորհրդանիշն  է  մեծահոգութեան  եւ  բարութեան  որ  մենք  կը  զգանք  ամբողջ  դեկտեմբեր  ամսուան  ընթացքին: Փշարմաւի տերեւները խորհրդանիշն  են անմահութեան. նման են այն փշեպսակին որ կրած է մեր Փրկիչը, կարմիր փշարմաւը Անոր արյան խորհրդանիշն է: Շաքարէ ձեռնափայտը որ կը զետեղենք տօնածառի ճիւղերուն վրայ, կը նշանակէ հովիւին ձեռնափայտը, որուն հետ ան ետ կը վերադարձնէ մոլորուած ոչխարները: Հրեշտակը որ կը զարդարէ տօնածառը, կը ներկայացնէ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը  հայտարարող հրեշտակները որ երգեցին. «Փա՛ռք Աստուծոյ, աշխարհին  խաղաղութիւն  եւ  բարիք  մարդկանց»: Տօնածառին վրայի զանգակը նշանն է Աստուծոյ ուղեցոյցին, եւ այն  զանգակի  ղօղանջին, որուն  շնորհիւ  կորսուած  գառնուկները  ետ եկան, . Ան  կը  խորհրդանշէ  առաջնորդութիւնը  ու վերադարձը:  Յիշեցնելո  մեզի որ, բոլորս ալ Աստուծոյ համար թանկագին ենք:


Յիսնակի  վերջին շաբաթը անուշապուր «քաղցրապուր»  կը  պատրաստուի, որուն աւանդական սովորութիւնը  մեզի  հասած  է  դարերէ  առաջ: Մեր  նախահայրերը  երբ  տակաւին  բնական  երեւոյթներու  պատճառները  չէին  կրնար  բացատրել, «ինչո՞ւ  կ՛անձրեւէ,  ինչպէ՞ս  գետնէն  ջուր  կը  բղխի,  ինչպէ՞ս  ծիլը  կը  ծաղկի,  ծառը  կը  մեծնայ  ու  քաղցրահամ  պտուղներ  կուտայ...» հետեւաբար  կը  խորհէին  թէ,  այս  բոլորին  մէջ  գերբնական  մէկմէկ  էակ  կ՛ապրի,  այսինքն  ամէնուն  մէջ  աստուած  մը  գոյութիւն  ունի:  Այս  աստուածները  պաշտելու  համար  կուռքեր  շինած  էին  եւ  իրենց  զոհաբերութեան  մասնաւոր  օրերուն  այդ  կուռքերուն  զոհեր  կը  մատուցանէին.  Անոնց  շնորհակալութիւն  յայտնելու  համար:  Այդ  աստուածներէն  մէկն  էր  Վանատուր  կոչուածը,  որ  Ամանորի,  պտղաբերութեան,  եւ  արդիւնաբերութեան  աստուածն  էր:  Վանատուրի  յատուկ  զոհաբերութեան  օրը  կը  զուգադիպէր  տարուան  առաջին  ամսուան,  Նաւասարդի  առաջին  օրուան.  Նաւասարդը  մեր  այսօրուան  օգոստոսին  կը  համապատասխանէ:  Տօնի  այդ  օրը  ժողովուրդը  Բագաւան  գիւղը  կը  հաւաքուէր,  գետին  եզերքը,  դաշտին  վրայ,  վրաններ  կը  լարէին,  անթիւ ուխտաւորներ  կուգային  փառաբանելու,  ծաղիկներ  նուիրելու  Ամանորի  աստծուն  որ  իրենց  առատ  հունձք  եւ  բարիքներ  պարգեւէ:  Կը  պարէին,  իրարու  վրայ  ջուր  կը  սրսկէին,  աղաւնիներ  կը  թռցնէին,  փողեր  կը  հնչեցնէին  ու  որսի  կ՛երթային:  Ժողովուրդը  այդ  օրը  հետը  կը  բերէր  իր  հունձքէն  Վանատուրին  համար  զատած  բաժինը,  որմէ  քուրմերուն  ալ  կը  նուիրէին,  իսկ  իրենք,  տեղւոյն  վրայ,  հողի  այլազան  բերքերէն  անուշապուր  կը  պատրաստէին:  Աւանդական  այս  սովորութիւնը  յարգելու  համար,  մենք  ալ    նոր  տարիի  առթիւ   կը  պատրաստենք  այս  տօնական  քաղցրեղէնը:
Ըստ աւանդութեան՝ անուշապուրը  պատրաստելէ  գիշեր  մը  առաջ,  ցորենը  կը  խաշեն  եւ  սանը  սենեակին  մէջտեղը  տեղաւորելով  վրան  մաքուր  ճերմակ  լաթով  մը  կը ծածկեն  ու  կափարիչը  կը  գոցեն.  Յետոյ  տան  անդամներուն,  յաջորդ  օրը  հագուելիք  զգեստները  զգուշութեամբ  սանին  վրայ  կը  դիզեն:  Առաւօտուն,  տունին  երէցը,  կանչելով  բոլոր  տան  բնակիչները  իր մօտ,  կը  բաժնէ  իրենց  հագուստները. Յետոյ  խաչակնքելով՝  կը  բանայ  սանին  կափարիչը  եւ  մէջէն  քանի  մը  ցորենի  հատիկ  առնելով  դրամապնակին  մէջ  կը  տեղաւորէ.  ճոխութեամբ  ու  բարգաւաճութեամբ դիմաւորելու  եւ  անցնելու  համար  նոր  տարին:
Կաղանդի  գիշերը, ժամը  ճիշդ  տասներկուքին,  տան  բոլոր  լոյսերը  կը  վառեն  եւ  ծորակները  կը  բանան  որպէսզի  առատութիւն  հոսի  եւ  լոյս  տեղայ  տունէն  ներս:  Նոր  տարիին առաջին  վայրկեաններուն  տունին  հայրը  նուռ  մը կը  պայթեցնէ  դրան սեմին,  որուն  հատիկները  նոյնպէս  ճոխութիւն  ու  առատութիւն  կը  պարգեւէն  ընտանիքին:

*«Հայկական  աւանդութիւն  մը  կ՛ըսէ  թէ,  պահ  մը  դադար  կայ  անհետացող  տարուան  յետին  պահուն  եւ  սկսող  տարուան  առաջին  վայրկեաններուն  միչեւ:  Այդ  դադարին  ատեն  երկինքի  դռները  կը  բացուին  եւ  առատութեան  հեղեղ  մը  կը  տեղայ  մեր  մոլորակին  վրայ:  Բոլոր  աղերսանքները  կ՛ընդունուին  եւ  եթէ  մէկը  սափորը  տանի  դնէ  աղբիւրին  տակ,  ոսկիներով  կը  լեցուի»:
Ճրագալոյսի  գիշերը,  այսինքն  5 յունուարին,  մայրամուտին,  եօթը  ծիրանագոյն  մոմերը  միասին  կը  վառին,  ընտանիքը  կը  հաւաքուի  տօնասեղանին շուրջ: Յաջորդ առաւօտ,  եկեղեցի երթալով,  Սուրբ  Ծննդեան  եւ  Աստուածայայտնութեան  պատարագին  կը  մասնակցին.  Քանի  որ  Յիսուս  Քրիստոս  ծնունդէն  ճիշդ  երեսուն  տարի  յետոյ,  նոյն  օրը  մկրտուած  է,  Յորդանան  գետը,  Սուրբ  Ծննդեան  պատարագէն  վերջ  կը  կատարուի  ջրօրհնենքի  արարողութիւնը:  Ջուրը  կ՛օրհնուի,  սուրբ  Խաչով,  սուրբ  Աւետարանով  եւ  սրբալոյս  Միւռոնով.  Յետոյ  ժողովուրդին  կը  բաժնուի:
Սուրբ  պատարագի  ընթացքին  եւ  յաջորդ  ութ  օրերուն,  ողջոյն  կը  փոխանակուի.  Ըսելով՝
«Քրիստոս Ծնաւ  եւ  Յայտնեցաւ- Օրհնեալ  է  Ծնունդը  Քրիստոի»:

*Մինաս Չերազ
Քաղեց ու համադրեց-Սիլվի Սրբուհի Մարազեան



mardi 5 décembre 2017

Անգիր Դպրութիւն ♥ Հին Սովորոյթներ ♥ ԿԱՂԱՆԴ

ԿԱՂԱՆԴ  

Կաղանդ յունական բառ է, այսինքն Յոյն Քալեօ բառէն ծագած է, որ հայերէն կը թարգմանուի կոչել,ուրեմն Կաղանդն է կոչումն, վասն զի հեթանոսութեան ժամանակ քուրմերն ի պաշտօն աստուածներու կը կոչէին ժողովուրդն ամէն ամսոյ առաջին օրն, ուրեմն ամսամուտն էր մեհենական տօն, այսինքն ամսամտի այդ օրն էր օ՛ր հանդիսական: Մեհեաններն ու բագիններ շքեղապէս կը զարդարուէին և ժողովուրդն առ հասարակ հաւաքուելով, զիրար կը շնորհաւորէին և բարեմաղթու և նուիրաբաշխ կ՛ըլլային: Հրեաներն անգամ որ աստուածապաշտ էին, ամսամտի օրն անդէն իսկ կը լսէին նուիրական փողերու ձայնը, զորս կը հնչէցնէին քահանաներն կամ Ղևտացիները: Բոլոր Իսրաելացիներն ի լուր ձայնի այս նուիրական փողերու կը փութային գումարուիլ, որպէս Մովսէս պատուիրած էր, և փառաբանական երգերով կը հռչակէին Աստուծոյ փառքն ու բարերար զօրութիւնը:

Ցարդ իսկ Հրեաներն իրենց Սինակոկներուն մէջ Դաւթի սա նշանաւոր Սաղմոսը կ՛երգեն ամսամտի օրն՝ ըստ լուսնական շրջանի. «Ցնծացէք առ Աստուած, օգնական է մեր. աղաղակեցէք առ Աստուած ի ձայն ցնծութեան: Փողս հարէք ի գլուխս ամրոց, յաւուր նշանաւորի տարեկանաց մերոց: Հրաման է այս Իսրայելի և իրաւունք են Աստուծոյ Յակովբայ»:

Այլ որքան որ ամէն ամսամտի օրուան մէջ այս հանդէսները կը կատարուէին, այլ մեծագոյն հանդէսներն ու ճոխագոյն խրախճանութիւնները վերպահուած էին տարեմտի օրուան, զոր մանաւանդ Հայերն աշխարհախումբ կը տօնէին Ամանոր անուանելով զայն:

Ո՞ր ժամանակէն սկսած է Կաղանդը. Հայերն միաձայն կը պնդեն թէ Նոյ նահապետէն է աւանդուած, և թէ Վարդավառի տօնն էր «Ամանօր Հայոց», որ յետոյ ի փառս Անահիտի փոխուեցաւ մեհենական մեծտօնի:

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր քանի՛ քանի հազարաւոր բերաններէ սա հագներգն արձակուեցաւ, հագներգն՝ զոր եղանակեցին հին գուսաններն ի ձայն բամբռան և քնարի. «Ո՜ տայր ինձ զծուխ ծխանի և զառաւօտն Նաւասարդի, զվազելն եզանց և զվագելն եղջերուաց...»:

Այլ Ամանորի այս տօն քրիստոնէական դարերու մէջ տակաւ առ տակաւ պիտի դադրէր, և Նաւասարդ ոչ ևս պիտի յիշուէր, զի նոր մը, յունական Կաղանդն ու հռոմէական Յունուարն այլ ևս պիտի գործածուէին: Քրստոնէական հրաշափառ տօներն պիտի փոփոխէին մեր հին տոմարն ու տարեմտի շրջանը: Սակայն որքան որ այս փոփոխութիւնն անհրաժեշտ եղաւ, այլ Ամանորի հանդիսական սովորութիւններն ու շնորհաւորական աւանդութիւններ մինչև ցարդ մնացին ու կը մնան մեր ժողովրդեան մէջ, ի ձեռն մեր մամիկներուն և պապիկներուն, գուսաններուն և աշուղներուն:



Կաղանդի երեկոյին պատրաստ է սեղանն, ուր ոչ թէ միայն չոր պտուղներ, ամրանէ պատրաստուած,խնձոր, տանձ ու չոր խաղող, նոյնպէս նուշ, ընկոյզ, կաղին ու չամիչ ևայլն կան, այլև տեսակ տեսակ անուշապուրներ և բաստեղներ, իսկ օճախի քովնտի կախուած կան երկար բարակ շարոցներ, որք համեմուած են մեղրով կամ ռուպով և ընկուզի ծեծածով ալիւրախառն շինուած: Այլ որքան որ այս համեմներրը, այս չոր պտուղները կան, սակայն կաթան է Կաղանդի փառքն ու փայլը: Կաթայի խմորն, եթէ օրն է ուտիք զի Աստուածայայտնութեանն ու Զատկին ևս կաթայ շինելու սովորութիւն կայ, կաթով կը շաղուի, իսկ եթէ պահքի օր է, որպէս Կաղանդինը, մեղրով կը շաղուի և կ՛ըսուի խորիս կամ խորիսխ: Կաթայի երեսին վրայ կը նկարուին տեսակ տեսակ կենդանիներու և թռչուններու ձևեր և շատ անգամ տաճարներու նկարներ: Կաթայի ձևն է կլորակ, երբեմն խաչաձև, ձուաձև, եռանկիւնի կամ քառակուսի: Ունի փոսիկներ, որոց մէջ երեխէք, մանկիկ տղեկներ ցորենի հատիկներ դնելով կը պարեն, և յետոյ տանիքներու վրայ դէս ու դէն ձգելով կ՛սպասեն որ թռչնիկներ գան, կտցեն և ուտեն. այս կաղանդչէք է մեր մանրիկներու կողմէն Աստուծոյ մանրիկ թռչուն արարածներուն. ո՜ մանկական միամտութիւն, սո՛ւրբ մանկութիւն, ողջո՛յն քեզ:

Կաղանդի սեղանին վրայ կը վառուին ժամէն գնուած ու բերուած մոմիկներ, ըստ թուոյ ընտանիքի մէն մի անդամի: Յետոյ այդ մոմերուն տկուկները կը տարուին և կը փակցուին աղբիւրներու վրայ, որպէս զի այդ աղբիւրներ այսպէս կաղանդուելով ամբողջ տարւոյն մէջ հոսուն և անուշիկ ըլլան: Մամիկին մոմն է միշտ նշխուն, զոր մաելու համար տան փոքրիկները ձաւարի ու ցորենի հատեր կը նետեն հեռուէն, զոր պատժելու համար, մամն է որ գաւազանով կը յարձակի, բայց անոնք կը փախչին ու կը պահուըտին և վերստին յանկարծ կ՛երեւին: Ալ կը ճարահատի մամը, գոգնոցը կը բանայ, կ՛աղաչէ ու կը պաղատի որ մոմիկը չմարեն ու գան առնուն իրենց կաղանդչէքը: Պապուկն այն ատեն ժամէն գալով կը տեսնէ այս տեսարանը, և անխռով կ՛ողջունէ տունն ու տնեցիքը՝ ըսելով. «Շնորհաւոր նոր տարի և բարի Կաղանդ»: Բոլոր տնեցիները կարգ առ կարգ գալով կը համբուրեն պապուկին աջը, և սա նոցա աչերէն կամ ճակատներէն պաչիկ կ՛առնու, իսկ պզտիկներն իրենց վախէն, զի մամիկն իրենց պապուն քով կեցած է գաւազանով, հեռուն կը մնան:

Այլ պապուկն իսկոյն մամէն առնելով գաւազանը և ջարդ ու բուրդ ընելէ յետոյ երբ կը նետէ զայն, պզտիկներն ահա ցնծագին աղաղակներով կը վազեն կը բոլորին մամին շուրջ և գոգնոցը կը պարպեն, պապին ու մամին աջը համբուրելով և փոխադարձ պաչիկ տալով անոնց:

Իսկ Կաղանդչէքի արարողութիւնը տնէ դուրս՝ այս է. փոքրիկներ խումբ առ խումբ փողոցներու մէջ նախ կը պարեն, եթէ աղջիկներ են, շորոր պարը, եթէ մանչ են, ծափիկը, ապա կ՛երգեն Կաղանդի տաղը, որ ամէն տեղ միօրինակ չէ:

Երգելէ յետոյ սոքա կ՛ստանան ամէն տունէ տեսակ տեսակ կաղանդչէք, զորս հաւաքելով յետոյ իրենց մէջ կը բաժնեն, վիճակ ձգելով, որպէս զի կռիւ չծագի: Կաղանդի գիշեր և ոչ մէկ տուն մահրում կը մնայ, զի սա դարաւոր բարի աւանդութիւնն  ամէն տեղ կայ, թէ այն գիշեր բարի հրեշտակն ամենուն կը հասնի, և կը գրէ ով ինչ չափով կաղանդչէք կուտայ աղքատին: Կ՛երևի թէ այս հաւատքն է հինէն մնացած մեր մէջ, վասն զի Հայերն ունէին ի հնումն աստուած մը Տիր անուն, որոյ պաշտօնն էր գրել մարդերու բարի ու չար գործերն ու կ՛ըսուէր գրող: Այսպէս Կաղանդի օրն իրարու ընծայաբեր և բարեմաղթու ըլլալը շատ հին՛ պատուական մէկ աւանդութիւն է:

Կաղանդը ի Պոնտոս կ՛ըսուի Կալանդար: Նախօրին՝ պատրաստութիւններ եօթն պնակ մրգեղէններու: Տանուտէրը ձիթենիի ոստ մը կը կտրէ և տուն կը բերէ Կալանդարի ծառ ընելու համար: Սեղանէն յետոյ նա երեք ափ կաղին կը նետէ դէպ ի ձեղուն ըսելով. «Շէն կենայ Կալանդար, բարո՜վ Կալանդար»: Նորէն կաղիններ կը նետէ որ տնեցիներն ուտեն, զի յաջորդ օրն որ է Կաղանդ, ներելի չէ կաղին կոտրել- չարագուշա՜կ: Սեղանին մէջտեղ խոշոր հաց մը կը դրուի, վրան նարինջով մը, այդ հացին, երբեմն բաղարջ, կը խոթուի ձիթենիի հաստ ոստը, որուն ճիւղերէն մէկ մէկ հատ կը կորզեն տնեցիներն և ամէն ոք իրը կը զարդարէ կաղիններով և ընկոյզներով, սա հաւատքով որ նոյն տարին իր արևն ըլլայ զարդարուն ու փայլուն: Տանտէրը խնձորներ կը նշանակէ ըստ թուոյ տնեցիներուն, և անոնցմէ մէկին մէջ ծակ մը կը բանայ և դրամ կը դնէ և միւսներուն մէջ կը խառնէ: Յաջորդ օրն որ է Կաղանդ, այդ խնձորն որու որ ելլէ, նա դրամն իր քսակին յատակը կը պահէ յաջողութեան հաւատքով ցվերջ առաջիկայ տարւոյ:

Առաւօտուն տանտէրն ժամ կ՛երթայ, տէրտէրին կաղանդի ծառն օրհնել տալու համար, զոր կը բերէ տուն, գերանին վրայ կը դնէ տնեցիներուն մազերէն մէկ մէկ թել փաթթելով անոր: Տուն մտնելու և ելնելու ատեն նոյն օրը աջ ոտքը նախ կը գործածուի, չարագուշակ տարի անոր՝ որ սխալի, մինչև իսկ մէկ անգամ ըլլայ այն, և ձախը գործածէ:

Տանուտէրն լաշի «լայնատերև թուփ» ճիւղերով կը զարնէ տան պատերուն, մսուրներուն, բոլոր ընտանի անասուններուն, և յետոյ երկու բոկեղ կ՛անցնէ խատուտիկ եզին կոտոշներուն, որոնց երկու վառուած մոմեր փակցունելով դէպի դուռ կը մղէ եզը: Եթէ սեմէն աջ կճղակով եզն անցնի, բարի նշան, իսկ եթէ ոչ՝ չար նշան, ուստի ջանք կ՛ըլլայ որ եզն աջ ոտնով մտնէ:

Իսկ կան գաւառներ, ուր Կաղանդի սեղանն է ճոխ, և աղընդերներն  են եօթն տեսակ. այս է «օխտը բախտի օրը»:

Այդ օրը թէև այլ և նշխուն հացեր կը պատրաստուին, բայց բուն Կաղանդինն է մէկ հատ, կլոր ու թանձր, որոյ խմորին մէջ կը դնեն հինգ փարանոցէն մինչև տասնոց ոսկի մը: Հացերէն իբր կաղանդչէք բաժին կը տրուին ընտանի անասուններուն ալ, կատուին, կովին ևայլն: Կը շինեն նաև քսակ «քսակը թանձր, հաւկթաձև խմորի զանգուած մըն է, որոյ ամէն մէկ ծայրն ամէն մէկ մանչ կը խոթէ որոշիչ նշան մը, նուշ մը և կամ չամիչ մը. եփելէն ետք, որունը որ ամենէն աւելի ուռենայ, ան բաղդաւոր է, իր քսակը պիտի ուռի՝ այսինքն հարուստ պիտի ըլլայ» և հուս «հուսը կը  պատրաստեն խմորի երեք երկար կտորներ մաղի ձևով նախ հիւսելով, ամէն աղջիկ իրենին վրայ որոշիչ նշան մը կը դնէ, որունը որ ուռի, ան բաղդաւոր է և փափաքին պիտի հասնի»: առաջինը մանչերու, իսկ երկրորդն աղջիկներուն համար է: Կովի ծիծ, ոչխարի պճեղ ալ կը շինեն խմորով, և կեր կուտան անասուններուն, որպէս զի անոնք ևս մասնակցին Ամանորի ուրախութեան:

Այլ սակայն Կաղանդի բուն հացն որոյ մէջ մէկ դրամ կայ ի պահ, ցերեկի ճաշէն յետոյ տանուտէրը ճերմակ պաստառով ծածկած կը բերէ և կը բաժնէ ամենուն, որոնցմէ ամէն ոք ստակը կը փնտռէ սրտատրոփ. և ահա որոտընդոստ ձայն մը կը գոռայ. «Ես գտայ. ե՛ս»: Այն ատեն փոքրերն իրենց հացը նետելով կ՛սկսին թզկալ. տանտէրն նետուած հացերը կ՛առնու և գաղտ անոնց մէջ ստակ տեղաւորելով իւրաքանչիւրին կ՛ըսէ. «Քուկինիդ մէջ կայ, դուն ամբողջ չկերար որ գտնէիր»:



Աղջիկներ հաւկիթ մը լուալով գիշերը կը դնեն թոնիրին բերանը ամանով մը, ածուխի և հինայի մէջտեղ. երբ առաւօտուն ելնեն ու իրենց հաւկիթը ածուխէն սևցած գտնեն, կը տխրին, թէ իրենց բաղդն ալ սև պիտի ըլլայ. իսկ եթէ հինայէն կարմրած ըլլայ, այն ատեն կը ցնծան թէ բաղդը ժպտած է իրենց:

Նոյնպէս պառկելու ատեն աղջիկներ երեք անգամ թոնիրին պատերը կ՛աւլեն, յետոյ աւելը իրենց բարձին տակ կը դնեն ու կը պառկին. առաւօտուն բաղդը ողջունած է զիրենք այսինքն բաղդաւոր պիտի ըլլան, եթէ աւելէն ճզիկ մը չէ կոտրուած:

Կան շատեր ալ որք այս գիշեր չեն քնանար, Նարեկ կամ Վեցհազարեակ կ՛ընդեռնուն և ժամը անգամ մը աղբիւրէն կուժ մը ջուր կ՛առնուն և մէկուսի կը դնեն և կ՛ընդեռնուն ջրին վրայ: Այսպէս եօթը կուժ ջուր կարգով շարելէն յետոյ, ութերորդ անգամին, որովհետեւ աղբիւրէն ոսկի պիտի վազէ, ամբողջ ժամ մը աղբիւրին վերև երկիւղածութեամբ կ՛աղօթեն. և ահա աղբիւրը ժամ մը ոսկի կը հոսի. այս ջրահոսութիւն՝ նշան է առատազեղ տարւոյ մը: Իսկ աղբիւրն եթէ չհոսի, վա՜յ, նշան է աշխարհի անջրդիութեան:

Ի Քղի կիներ ափով աղբիւրին մէջ գարի դնելով կ՛ըսեն. «Առ գարի, տուր բարի»: Երկաթի կտոր կը ձգեն ըսելով՝ «Առ երկաթ, տուր տովլաթ:» Իսկ էրիկ մարդեր աղբիւրի ջրովը խոտ կը թրջեն և անասունները կը կաղնդեն որ առողջ մնան: Ով որ ջերմոտ է, այս գիշեր կը լոգնայ աղբիւրին մէջ և յետոյ գրեթէ մերկ կը նստի հին թթենիի մը վրայ: Վարէն ձայն մը առ ջերմոտն. «Հոն ի՞նչ կ՛ընես». -թութ կ՛ուտեմ ես:- «Հիմա ու թո՜ւթ. հիմա ու դո՛ղ (ջերմ)Ծառի տակ եղողն իսկոյն տապարով կը զարնէ ծառի բունին: Վերինն իբր սարսափահար՝ կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ կը զարնէ. վարինը կ՛ըսէ, «Հըմ կը զարնեմ, հըմ ձեռքէս որ գայ, հոգիդ կ՛առնեմ»: Ա՛լ իսկոյն իսպառ իբր թէ ջերմը կը փախչի:

Դարձեալ ի Քղի կէս գիշերին պառաւ մամը ելնելով աղբիւրը տեսակ տեսակ միրգերով և բլիթներով կը կաղնդէ, որպէս զի տարուան մէջ մշտահոս ըլլայ: Պզտիկներէն որոնք կանուխ ելնեն, անոնք կը շահին աղբիւրին կաղանդչէքը, ուստի կ՛աշխատին իրարմէ կանուխ ելնել և աղբիւրի կաղանդչէքին տիրանալ:

Եւ ահա դուռը կը զարնուի. խումբ մը տղեկներ սուր և սիրուն ձայնով կ՛երգեն.

«Նէնիներ, կաղնդոս (կաղանդչէք) տուէք, տարին օրիկ մըն է. ամէն տարի բարով հասնիք այս օրերուն»:

Տան տիկինը ամանով մը մէկ երկու տեսակ միրգ կը պարպէ անոնց կողովին մէջ, որք և յետոյ կ՛երթան ուրիշ դուռ մը, միշտ իրենց յանկերգը կրկնելով.

«Նէնիներ, կաղնդոս տուէք, տարին օրիկ մըն է. ամէն տարի բարով հասնիք աս օրերուս»:

Իսկ ի Վան Դեկտեմբերի 31-ին բոլոր տուներուն մէջ հացեր կ՛եփուին սիմիթի նման, և կ՛ըսուի բէկեղ, և կերակուրներու հետ աղքատներու կը տրուին:

Երբ Դեկտեմբեր 31-ին ժամուն կոչնակը կը զարնէ, տղեկներ տնէ տուն կը պտըտին միրգ ժողվելու համար, միաբերան երգելով.

«Հալէլա, հալէլա՜,

Մեր տունը ճըլորք լենա,

Ձեր տունը մանտար լենա»:

Յունուար մէկի առտուն կանուխ կ՛ելնեն կիներ ու աղջիկներ և մանչեր կլոճ ու բէկեղ առնելով աղբիւր կ՛երթան ու կը թրջեն զայնս, և որոնցմէ կտորներ կը պահեն մինչև զվերջ տարւոյ, իբր բժժանք ամբարի մէջ ի պահ դնելով, որպէսզի հացակարօտ չմնան:

Տղեկներ և աղջիկներ յետոյ կ՛երթան համբուրելու իրենց կնքահօր աջն, որուն կը տանին իրենց մօր պատրաստած խլերդը և յետոյ կ՛երգեն.

«Շարոց բերէք. բաստեղ բերէք.

Նոր հարսերուն փայը տըւէք»:

Յալաշկերտ ջոջ տանտիկինն օր մը առաջ տարի անունով ցորենէ և ալիւրէ շաղուած խմորախառն ընկուզով, չամիչով և կանեփահատիկով հաց կը շինէ, մէջը դնելով կամ դրամ և կամ մատնի: Ամանորի առաւօտուն զայն կը բաժնէ բոլոր տնեցիներուն, որու բաժնէն ելնէ դրամը կամ մատնին, նշան է որ ան պիտի ըլլայ տանը մէջ բաղդաւորը նոյն տարւոյ մէջ:

Գրեթէ նոյն է այս սովորոյթ ի Նփրկերտ «Մուֆարզին», ի Չմիշկեծէք և այլուր: Կաղնի հացն է բաղարջ և կ՛եփուի թոնիրի մէջ մաղմաղ կրակով: Քար-սալի վրայ բլիթներ ալ կը շինուին, կը նկարէն, վրան շուշմայով և երբեմն մալէզ քսելով կամ հում սիսեռ շարելով: Միայն թէ որովհետև հաւատք կայ թէ այս գիշեր աղբիւրներն իբր թէ պահ մը կը ցամքին և կ՛սկսին ոսկի հոսել. ուստի կանուխէն դոյլ ու կուժ կը տանին, և կարգ ու կարգ կը շարեն, որոնց մէջ բաղարջը մանրելով՝ աղօթելով կ՛սպասեն որ գոնէ՛ փսորները ոսկէ-ջրով թրջուին, և իրենք ալ զայնս տարւոյն մէջ ի պահ ունենալով մերթ հոտոտեն և մերթ կրծեն և ըլլան ոսկետէր, հարո՜ւստ:

Շատ տեղ ալ կանուխ աղբիւրներու դուռերուն մէջ կը նետեն գարէ-հացի և ածուխի փշուրներ՝ ըսելով, «Ա՛ռ գարի, տուր բարի: Ա՛ռ քէօմիւր, տուր էօմիւր»:

Ուրիշ մէկ արտառոց սովորոյթ.

Տան դուռը փակուած է. կը բացուի ներսէն՝ եթէ տանտէրն պապ կամ հայր՝ միրգի կողովով եկած է, իսկ եթէ դրսէն խաբէ և դուռը բանալ տայ, տնեցիներն իսկոյն կը յարձակին և ձեղունէն կախուած չուանով կ՛սպառնան կախել զինքը, որ ուր ուրեմն կը խոստանայ, այս է կախուկ ըսուած կաղանդական սովորութիւնը, որ մինչև զարդ կը կատարուի հարուստ ու աղքատ տուներուն մէջ:

Ի Նփրկերտ և շատ գաւառներ գօտէկախ կ՛ըսուի Կաղնդի երեկոյ-գիշերուան: Տղեկներ իրենց քոլոզը կամ արտխինչը իբր պարկ՝ չուաններու ծայրերուն կապկպած՝ տանիքներ կ՛ելնեն և բուխերիկներէ վար կը կախեն ճլվլալով. «Հա Կաղանդ». և կաղանդչէք կը պահանջեն: Շատ անգամ չարաճճիներ պարկին մէջ կրակի կայծեր կը դնեն և կ՛սպառնան հրդեհել տուն ու տեղ, մինչ զի տանտէրն ա՛լ կ՛ստիպուի գօտէկախին աղերսել և գոհ ընել ամէնքը:

Էրզինկեանի մէջ տոպրակ կախելու սովորոյթը կայ. որուն կցուած են գոյնզգոյն գուլպաներ և կախուած են տանիքի լուսանցքէն դէպի վար: Տղեկներ կը պոռչտեն. «Նէնի, տոպրակիս մէջ պան լից, գուլպայիս մէջ ալ».- «Արևուդ մեռնիմ, պան չունիմ». եթէ պատասխանուի. «Պտուկիդ մէջ իյնայ մո՜ւկ». կը վերաձայնուի: Նշանուած երիտասարդներ իրենց թանկագին գօտիները կը կախեն օրիորդի տան լուսամուտէն և կը կաղնդուին նոյն տնէն, իրենց գօտիներուն մէջ ծրարուած միրգերով, առանց սակայն տեսնուելու նշանածէն, զի ամօթ է: Երիտասարդն առ զուարճութեան երբեմն քուրձ մը կը կախէ վերէն, որոյ մէջ կը մտնէ աներցուն և վեր կը քաշուի, այլ չուանն է որ փրթի, և աներցուն ի մէջ քահքահներու վերէն ու վարէն կը ծաղրուի:

Կէս գիշերին աղբիւրը կաղնդելու կ՛երթան հոս ալ, «Արծաթ մեռնիմ» ըսելով. ձեռք ու երես կը լուան, հոն կը լնուն կորկօտ, լուբիա ևայլն, յետոյ աման մը ջրով կը վերադառնան աղբիւրին պէրէքէթը տուն բերած ըլլալու համար: Նոյն ջրով կը թրջեն կաղնդի հացը ևայլն: Եւ կ՛ուտեն պաղապուրն ու զանպօսան որ անուշով խմորեղէն է առանց իւղի, և ուրիշ կերակուր և միրգ: Հերուան հարսն այսօր կանուխ կը համբուրէ կեսարային աջը և կեսուրին բարեխօսութեամբ հրաման կ՛առնու երթալ իւր ծնողքը կաղնդելու, աջ-համբոյրի: Ոչ մէկ նոր-հարս արտօնութիւն ունի Զատկէն առաջ իւր ծնողական տունն երթալու. այսօր և Զատկին կ՛երթայ:

                      Վահան Վրդ. Տէր-Մինասեան