ԵՐԲ...
Երբ պարկեշտութիւն կը սերմանենք, վստահութիւն կը հնձենք:
Երբ բարիք կը սերմանենք, բարեկամներ կը հնձենք:
Երբ խոնարհութիւն կը սերմանենք, մեծութիւն կը հնձենք:
Երբ յարատեւութիւն կը սերմանենք, գոհունակութիւն կը հնձենք:
Երբ ծանր աշխատանք կը սերմանենք, յաջողութիւն կը հնձենք:
Երբ ներում կը սերմանենք, հաշտութիւն կը հնձենք:
Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը սերմանենք, փրկութիւն կը հնձենք:
Ուստի ուշադիր ըլլանք թէ ինչ կը սերմանենք:
Այդ պիտի որոշէ թէ ինչ պիտի հնձենք ապագային:
«Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ:» Գաղ.6.8
Աստուծոյ հրահանգները
♥ Արեւուն պէս եղիր: Կանուխ արթնցի՛ր եւ ուշ մի քնանար:
♥ Լուսնին պէս եղիր: Փայլէ մութին մէջ, բայց ենթարկուէ աւելի մեծ Լոյսին:
♥ Թռչուններուն պէս եղիր: Կեր, խմէ, երգէ ու թռչէ:
♥ Ծաղիկներուն պէս եղիր: Արեւը սիրէ, սակայն արմատներդ պահպանէ:
♥Հաւատարիմ եղիր շունին պէս, բայց միայն քու Տիրոջդ:
♥ Պտուղի պէս եղիր: Դուրսէն գեղեցիկ և ներսէն առողջ:
♥ Օրուան պէս եղիր, որ կու գայ և կ՛երթայ առանց պարծենալու:
♥ Ովասիսի պէս եղիր: Քու ջուդր ծարաւածին տուր:
♥ Կայծոռիկին պէս եղիր: Թէև փոքր միջատ մըն է, սակայն լոյս կ՛արտադրէ:
♥ Ջուրի նման եղիր: Լաւ և թափանցիկ:
♥ Գետի պէս եղիր: Միշտ յառաջացող:
Եւ ամէն բանէ աւելի, երկինքի պէս եղիր. Աստուծոյ համար տուն մը:
Տէր, մի թողուր որ տեղքայլ ընեմ: Օգնէ որ հասնիմ հոն, ուր Դուն կ՛ուզես:
Թող Աստուած միշտ քու հովանիդ ըլլայ:Ամէն:
«Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս:
Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ» Սաղմ.143.10
ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ...
✟ Հոգ մի՛ ըներ...հոգ ընելը ապարդիւն է: «Սաղմ.55.22, Փիլ.4.6-7»
✟ Մի՛ վախնար...վախերէդ շատերը չեն իրականանար: «Բ.Տիմ 1.7»
✟ Երբ հարցի մը առջև ըլլաս, այն ատեն մտածէ անոր մասին: «Մատթ. 6.34,Յակ. 4.13-15»
✟ Օրը օրին ապրէ և բեռդ կրէ: «Մատթ. 6.34, Յակ. 4.13-15»
✟ Հանգիստ քնացիր. նիւթերդ անկողին մի՛ տանիր: «Եփես. 4.26-27, Կող. 3.8-10»
✟ Աշխարհի դժուարութիւնները կրել մի ջանար: «Հռովմ. 14.12»
✟ Լաւ լսող եղի՛ր...ուրիշներուն ըսածին մտիկ ըրէ: «Յակոբու 1.19-20»
✟ Երեկուան մասին մի՛ մտածեր...այս օրէ ապրէ եւ ուրախ եղիր: «Սաղմ.118.24, Բ. Կորնթ.5.17»
✟ Դժգոհութեան հոգին մարէ, ինքզինքիդ վրայ մի՛ մեղքնար: «Սաղմոս 42.11»
✟ Ամէն օր օրհնութիւններդ թուէ՛: «Սաղմոս 103.1-5»