mardi 30 avril 2019

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅԻՍ 1 🌹🥀🌼🌷💐 ԵՐՋԱՆԿԱԲԵՐ ՀՈՎՏԱՇՈՒՇԱՆՆԵՐ ԲՈԼՈՐԻԴ....


 ԱՌ ՄԱՅԻՍ

Ծաղիկներու մայրի՛կ դու կոյս՝
Ո՛վ իմ Մայի՛ս ծաղկահանդերձ,
Սա երփներանգ ծաղկօքդ հանդերձ
Է՞ր չը բերիր Ծաղիկն հոգւոյս։

Ո՜հ, միթէ կա՞յ այլ զըւարթուն
Մայիս հոգւոյ Ծաղիկներու․
- Նա փողփողէ վերև գլխու,
Մի դալկահար Մայիս անհուն։


1871
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ


ՄԱՅՐ ԵՒ ՄԱՅԻՍ ՈՐ ԵՂԱՐ

Մայր և մայիս, որ եղար հոգիիս մէջ վարդարան,
Ու ծագեցար առտուան և իրիկուան աղօթքով,
Այգուն ցօղին հետ բերիր մանիշակներ արբութեան
Ու ծաղկեցա՛ր աշխարհին պարտէզներուն հրաշքով:


Եւ տուիր լոյսն արփենի՛ այս աչքերուն նորաբաց,
Այս մթասքօղ հոգիին՝ երգն աստղերուն ցոլացիկ,
Եւ տուիր ծաւին ալեակին՝ փոքրիկ սրտին տաղասաց,
Ալեակին պէս իր վիհով ու երկինքով երջանիկ:


Հո՜վն է ահա, սիրաձայն, որ քու շունչով կը փչէ
Եւ նորէն հողն է բերրի, որ կը կանչէ, կը կանչէ,
Արօտներու, լեռներու ծաղիկներով բերկրագին:


Մա՜յր և մայիս, որ եղար հոգիիս մէջ վարդարան,
Յանուն երգած օրիորդ, յանուն յոյսին, արցունքին,
Ըլլա՛ս ուժիդ, կեանքիդ մէջ փառաւորեալ յաւիտեան:


Եդուարդ Սիմքէշեան

ՄԱՅԻՍԻ ՀԻՆԳԻՆ

Անցան ահա տասերեք տարի...
Աստուած ինձ համար գերազանց բարի,
Ուզեց որ ձեր քաղցր իղձը կատարուի
Մայիսի հինգին:

Եւ անէութեան ծոցէն կապուտակ
Կեանք տալով՝ աշխարհ ղրկեց զիս շիտակ,
Որ ժպիտ, բոյր, երգ ըլլամ յստակ,
Պըճնեմ գարունը ձեր սիրոյ կեանքին
Մօրկան անուշիկ ձայնով օրօրուն,
Ներքեւ փըթթեցայ- նըման վարդերուն
Ձեր գըրկին մէջ, ձեր ջերմ գըգուանքներուն
Մայիսի հինգին:

Եւ այսօր, հազիւ մատղաշ աղջընակ,
Բոյնին եզր ելած թռչնոց հանգունակ
Ես կը վայելեմ հեշտ ու գեղունակ
Շէնշող ամառը ձեր սիրոյ կեանքին
Իմ պարտքս ու պաշտօն, հաճելի թեթե՜ւ
Ո՜հ շատ լաւ գիտեմ ես այսուհետեւ,
Մոռնալ թէ ծնունդ եմ ես կարճատեւ
Մայիսի հինգին:

Քաղցրութեան, շնորհաց փայլովը կրկին,
Հրճուանքն ու պարծանքն ըլլամ այս յարկին
Որպէս զի ինձմով, անամպ ժըպտագին
Սահի աշունը ձեր սիրոյ կեանքին
Ո՜հ, թող երկինքէն մեզ Աստուած արդար,
Ձեր շուքն անպակաս ընէ անդադար,
Որ երկար ատեն հասնիք զուարթ յար՝
Մայիսի հինգին:

Վիշտ ու ցաւերէ զերծ բոլորովին,
Ձեր զաւակներուն անշէջ գորովին
Վառ ծաղիկներով թող միշտ զարդարուին,
Ձիւնն ու ձմեռը ձեր սիրոյ կեանքին:

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

ՄԱՅՐԻԿ ՈՒ ՄԱՅԻՍ

Դիպուած ըլլալու չէ, որ մայրութիւնը կը պանծացուի եւ մայրերը բացառապէս կը պատւըուին մայիսի մէջ՝ վարդերո՛ւ ամիսին: Որով վարդերու տօնը կը նոյնանայ մայրատօնին հետ:
Մայիսը իր բառային հնչումով «մայրիկս» չի՞ յիշեցներ արդեօք: Մայիս-մայրիկս...
Իմ որդիական ջերմ ու խոր սէրս սոսկական զուգադիպում մը չ՛ուզեր տեսնել «Մայիս» բառին և «մայրիկս» բառին նմանաձայնական յարակցութեան մէջ: Եւ ան կը ցանկայ երեւակայութեան բարի ճախրով մը անոնցմով հէքիաթ մը հիւսել, եւ մանուկի պարզ հոգիով մը հաւատալ, թէ հէքիաթներու կապոյտ աշխարհին մէջ,
Կար ու չկար մայր մը կար: Եւ ուրեմն, իր աշխատանքին քրտինքով մեծցուցած զաւակ մը ունէր ան, արդէն տասնըեօթնամեայ, հօրմէն որբ, որ վա՛ռ ու անմա՛ր պիտի պահէր տան ճրագը իր քիրտին իւղով: Իրարմով կ՛ապրէին անոնք: Օ՜, ո՜րչափ, ո՜րչափ կը սիրէին զիրար: Ո՞վ կրնար զանոնք բաժնել իրարմէ:
Շատ բնական էր, որ ձմեռ օր մը, մայրը յանկարծ հիւանդանայ եւ իյնայ անկողին:
Զաւակին բոլոր խնամքները կ՛ըլլան անօգուտ, եւ զո՛ւր՝ ամէն ճար ու դարման: Ան դեռ որո՞ւ դիմէր օգնութիւն գտնելու համար:
Մայրիկը օրէ օր կը տկարանար, կը տժգունէր, կը տքար կը դողդողար:
Ո՛չ, ինք պիտի չթողուր, որ մայրիկը բաժնուի, հեռանայ իրմէ: Երկո՛ւ կեանքի համար բաւարար շունչ ունէր իր երիտասարդութեան մէջ,- կը հաւատար: Իսկ եթէ ան երթար, ինք պիտի ընկերակցի՛ անոր: Միասի՛ն պիտի ըլլան այս կեանքին միւս եզերքն ալ: Իրարմէ՛ ուրիշ եւ աւելի ի՞նչ ունէին աշխարհի վրայ:
Օր մըն ալ, առանց դուռը թակելու, անոնց տնակէն ներս կը մտնէ անծանօթ կին մը՝ շուշանի պէս սպիտակ պարեգօտուած, եւ դէմքը կիսով քօղածածկ՝ մանուշակի նման:
-Ես գիտե՛մ դեղը,- կ՛ըսէ ան մտատանջ տղուն՝ համոզիչ շեշտով մը, եւ դիւթական ժպիտ մը դէմքին:
-Ո՞ւր կը գտնուի,- կը բացագանչէ տղան յուսալից ձայնով մը:
-Եօթը լեռ անդին: Հոն «Կեանքի Ջուրի» աղբիւրը կը հոսի: Եօթը օրէն կը հասնիս այնտեղ եւ կը դառնաս եօթը օրէն: Երկար չէ ճամբան: Ես հոգ կը տանիմ մայրիկիդ: Դուն գնա՛:
Ա՜հ, տղան ի՞նչպէս, սակայն, բաժնուի իր աննման մօրմէն: Զայն ի՞նչպէս յանձնէ այդ օտարուհիին, որ, սակայն,- տե՛ս այնքա՛ն բարի ժպիտ, բարի աչքեր կը թուի ունենալ քօղին տակէն. հապա բարի ձա՞յնը...
-Մի՛ վախնար: Գնա՛:
Երթա՜յ, քանի որ մօրը դեղը հո՛ն կը գտնուի:
Բայց լեռներուն ցո՜ւրտը, լեռներուն ձի՜ւնը...Հո՜գը... Ա՜յնչափ տաք է իր սէրը, որ կարող է սառերը հալեցնել իր շունչով: Հապա ձորերուն ու վիհերուն փուշե՜րը: Օ՜, ինք ինչե՜ր չի կրնար այրել կրակովը իր սիրոյն...
Երթա՜յ: Կեանքի Ջուրը հո՛ն է:
Բայց եօթը լեռ անդին, երկո՛ւ անգամ եօթը օրուան ճամբա՜յ...Օ՜, ինք այնպէս արագ պիտի վազէ, որ եօթը օրէն առա՛ջ ալ պիտի բերէ իր սիրական մայրիկին բժշկութիւնը: Սուրհանդակէ՛ն ալ արագ:
-Գնա՛, կտրի՛ճ տղայ. ես հո՛ս եմ:
Ապահո՛վ, մօրը դալուկ ճակատին՝ հրաժեշտի արագ ու տաք համբոյրէ մը ետք, կ՛իյնայ ճամբայ, ձեռքը սրուակով մը:
Կը թռչի, կարծես հաւատքի եւ յոյսի զոյգ թեւերով:
Իրօք, ձիւները կը հալին իր շունչէն ու լեռները իր սրարշաւ քայլերուն տակ կը հարթուին, կը կարճնայ ճամբան:
Հասա՛ծ է արդէն: Օ՜, որչա՜փ դիւրաւ...կենարար ջուրը իր սրուակին մէ՛ջ է ահա: Զայն կը սեղմէ կուրծքին, գանձի մը պէս:
Ու ան ա՜րդէն իսկ մայրը կը տեսնէ ոտքի՛՝ առո՛ղջ եւ առոյգ:
Վերադարձա՜ծ է:
Կը խուժէ սեմէն ներս հեղեղի նման, ուրախութեան ալիքներով: Եւ
-Մայրի՜կ...եկա՜յ...բերի՜...
Անկողինը պարա՜պ է, սակայն: Տնակը պարա՜պ է: Լապտերը մարա՛ծ է: Խաւա՛ր է: Չկա՜յ մայրիկը...
Ո՞ւր է ան, Աստուա՜ծ իմ...
Դրացիները սոսկումո՜վ ու խաչակնքելով կը պատմեն, թէ գիշե՛ր մը առաջ, վհուկի նմանող՝ դժնատեսիլ ու սեւազգեստ կին մը փախցուցեր տարեր է մայրիկը քաղաքէն դուրս, անապատին ուղղութեամբ:
Տղան կը հասկնա՜յ:
Մահը գիտցեր էր, թէ անոր որդիական սէրը իրմէ՛ աւելի զօրաւոր էր: Ուստի՛ ան գիտնալով որ պիտի չկարենար մայրիկը յափշտակել անոր սիրոյն ձեռքէն ցորքան ի՛նք քովն էր, ցորքան իր շունչո՛վը կ՛ապրեցնէր զայն, խաբե՜ր էր զինք:
Սո՜ւտ էր ուրեմն այդ ենթադրեալ «Կեանքի Ջուրը», զոր ձեռքին մէջ ունէր: Կեղծ բան մըն էր: Խաբուեր էր:
Կը ցնցուի: Ո՛չ: Ինք պիտի փնտռէր մահը պատանիի տարերային վրէժխնդրութեամբ, ու գտնէ՛ր, ե՛տ բերէր իր մայրիկը:
Կը վազէ անապատ: Անծայրածիր ամայութի՜ւն եւ ձի՜ւն, ձի՜ւն եւ ամայութի՜ւն:
Ո՞ւր փնտռէր: Ի՞նչպէս փնտռէր: Եւ կը կանչէ բոցեղ ձայնով մը՛ որ ալուցքէն կը բխէր՝
-Մայրի՜կս...մայրի՜կս...
Լեռները վիհէ վիհ կը վանկանեն՝
-Մայր-ի՜ս...մայր-ի՜ս...
Եւ յանկարծ, ձիւները կը սկսին արցունքոտիլ, հալիլ:
Տղան աւելի, կը յառաջանայ: Միշտ կանչելով՝
-Մայրի՜կս...մայրի՜կս...մայրի՜կս...
Լեռները ձորէ ձոր կ՛արձագանգեն՝
-Մայ-ի՜ս...մայ-ի՜ս...մայի՜ս...
Եւ ամայաստանները հրաշքո՜վ հետզհետէ կը սկսին ծլիլ ու կանաչանալ:
Տղուն ամէն մէկ քայլափոխին եւ ամէն մէկ կանչին՝ ձիւնը առուակներու կը վերածուէր, եւ անապատը քիչ մը աւելի կը ծաղկէր, կը ծաղկանար:
-Մայրի՜կս...մայրի՜կս...մայրի՜կս...
Հո՛ն, ուր կանչիւնը կը հասնէր, հողը ծաղկալից մայիսի կ՛այլակերպուէր: Ու կարմիր եւ ճերմակ եւ դեղին վարդենիներ կը բուսնէին ամէն կողմէ, եւ ամէն կողմ վարդեր կը բացուէին հրեղէն արշալոյսներու պէս:
Պատանին միշտ կ՛որոնէր, վազելով ու աղաղակելով, մինչ հովերը կը յանկերգէին,
-Մայր-ի՜կս...մայր-ի՜ս...մայ-ի՜ս...մայի՜ս...
Եւ կ՛ըլլար գարո՜ւն, եւ կ՛ըլլային վարդե՜ր, ճերմակ ու կարմիր սիրտերով, դեղին ու շառագոյն թեւերով:
Ու եղա՛ւ Մայիս: Ու «Մայի՛ս» կոչուեցաւ վարդերու ամիսը:
Այդ անյիշատակ օրերէն ի վեր, ամէն անգամ որ մայիսը կիւ գայ, կարծես տղուն ձա՛յնն է, որ տակաւին կը լսուի կատարներուն վրայ, վիհերուն մէջ: Որովհետեւ՝ զաւակը շարունակ կ՛որոնէ մայրը, անգիտա՛կ՝ թէ մայրիկը արդէ՛ն լսած ու պատսխանած է իր գոչին, եւ եկա՛ծ է վարդերու վարդազօծ ու վարդավառ հանդերձանքով:
Մայիսի ճերմակ ու կարմիր վարդերուն մէջ ան չի՜ տեսներ իր սիրած, կորսնցուցած ու փնտռած էակը: Մայրիկը լեցուցե՜ր է պարտէզները, դաշտերը, լեռները, հովիտները, տուները իր անշիջելի կենդանութեամբ եւ իր անկորնչելի գեղեցկութեամբ:
Ան Մայի՜սն է:

Մայրիկ մը գնաց՝ որ Մայիս գար: Հաւատացէ՛ք, Մայրիկը ետ դարձաւ՝ Մայիսի՛ հրաշափոխուած:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ 
«Գոյնզգոյն...» հատորէն քաղուած՝


ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԲԱՂՁԱՆՔ

Հովտաշուշաններու բոյրով արբանք՝
Գարնան գիշերներու դիւթիչ հմայք,
Նախախնամային սէր ու հաւատք,
Վայելէք ընդմիշտ՝ լրիւ ճոխանաք...:

Սիլվի Սրբուհի Չիլինկիրեան