Արեւաշատ
տարի ազգակիցներուս՝,
բերք ու բարիք տեղայ բոլորիս գլուխուն, բարգաւաճի
Հայաստանս, ալեկոծ սրտերը անդորրանան, խռոված հոգիները կազդուրանան, բարին
յաղթէ չարին, լաւը պարտէ վատին, անշահախնդիր մարդկանց հետ հանդիպում,
*անանձնական ուրախութեան առիթ պարգեւէ այս նոր տաին: Աստուած հոգատար լինի
մեր շունչերուն, ուղեկից որդեակներուն, պահապան օճախներուն:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ և ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
*ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենց-«Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական».
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ և ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
*ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենց-«Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական».
BONNE ANNÉE 🎄 🎅🎄 ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ🎄 🎅🎄 HAPPY NEW YEAR🎄 🎅🎄
♫ Ասպետ Քելխաչերեանի մեկնաբանութեամբ
ԼՈՒՌ ԳԻՇԵՐ, ՍՈՒՐԲ ԳԻՇԵՐ ԵՐԳԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
1818-ին Աւստրիոյ գիւղերէն մէկուն եկեղեցիին երէցը՝ Ճօզէֆ Մօր, խթման գիշերը երգուելու նպատակաւ Սուրբծննդեան տաղաւարի առթիւ նոր երգ մը գրեց և եկեղեցիին երգեհոնահարը՝ Ֆրանց Կրուպըրն ալ անոր եղանակը յօրինեց: Սակայն, Ծնունդի նախօրեակին երգեհոնը աւրուեցաւ եւ կարելի չեղաւ զայն գործածել: Խթման գիշերը Կրուպըր, երգեհոնին փոխարէն, կիթառովը ընկերակցեցաւ երէցին եւ միասին առաջին անգամ ըլլալով երգեցին իրենց ստեղծած երգը՝
«Լուռ գիշեր՛ սուրբ գիշեր»ը:
Քանի մի օր յետոյ, վարպետ մը աւրուած երգեհոնը նորոգեց եւ Կրուպըր կրկին փորձեց նոր երգը նուագել երգեհոնի ընկերակցութեամբ: Վարպետը այնքան տպաւորուեցաւ այս երգով որ անկէ օրինակ մը խնդրելով տարաւ իր բնակած գիւղը: Այդ գիւղին մէջ ապրող չորս քոյրեր կային որոնք հետաքրքրուելով այս երգով սորվեցան, եւ սկսան իրենց շրջանին մէջ պտտելով երգահանդէսներու ընթացքին երգել զայն: Այդ աւրուած երգեհոնը պատճառ եղաւ Ծնունդի երգին օրհնութիւն դառնալուն ոչ միայն Աւստրիոյ ժողովուրդին այլ համայն Քրիստոնեայ աշխարհին:
ՓՐԿՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
Մովսէս Քերթող
Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր.
Ծով ու ցամաք քնով են խաղաղ.
Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթլէհէմէ,
Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ,
Հոն ուր Փըրկիչը ծընաւ,
Հոն ուր Փըրկիչը ծընաւ.
Լուռ գիշեր, սո'ւրբ գիշեր.
Երգ մը ահա հովտին վըրայ
Հրեշտակներուն անթիւ խումբը կ'երգէ,
Երգ' որ ցնծման աւետիս կը բերէ.
«Տէրը, Փրկիչը, եկաւ»
Լո'ւռ գիշեր, սո'ւրբ գիշեր.
Ով դու երկիր, ա'լ արթընցիր.
Քու օրհնութիւնըդ արդ վեր թող ելլէ,
«Փառք Աստուծոյ ի բարձունըս» երգէ,
Խաղաղութիւն աշխարհի.
Վայելէ՛ք,
առողջ, խաղաղ, բարեբաստիկ, անվտանգ, բարեյաջող, արեւափառ տարի մը.
առանց կորուստի, վշտի, ցաւի ու տրտմութեան:
Եղէ՛ք
միշտ բարձր տրամադրութեան տէր,
միշտ բարձր տրամադրութեան տէր,
մնացէ՛ք, բարեհամբոյր ու հոգեզմայլ բնաւորութեամբ, կամեցող ու կարեկցող՝ այս նոր տարուան սեմին: