jeudi 31 décembre 2020
mercredi 30 décembre 2020
ԼՈՒՌ ԳԻՇԵՐ, ՍՈՒՐԲ ԳԻՇԵՐ 🎄 🙏 🎄 Silent Night 🎄 🙏 🎄 ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ
1. Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր.
Ծով ու ցամաք քնով են խաղաղ,
Մեղմ կփայլի աստղը Բեթլեհեմե
Եվ հեռուեն շատ աչքեր կգրավե
Հոն, ուր Փրկիչը ծնավ։ (2)
2. Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր.
Երգ մը ահա հովտին վրա,
Հրեշտակներուն անթիվ խումբը կերգե
Երգ, որ ցնծման ավետիս կբերե.
«Տերը, Փրկիչը եկավ»։ (2)
3. Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր.
Ո՜վ դու, երկի՛ր, ալ արթնցի՛ր,
Քու օրհնությունդ արդ վեր թող ելլե,
«Փառք Աստուծո ի բարձունս,- երգե,-
Խաղաղություն աշխարհի»։ (2)
vendredi 25 décembre 2020
lundi 30 novembre 2020
ԱՅԲԵՆԱՐԱՆ
❤️💙🧡 ԱՅԲԵՆԱՐԱՆ ❤️💙🧡
Ա | Բ | Գ | Դ | ե | Զ | Է | Ը | Թ | Ժ | Ի | Լ | Խ |
ayp | pén | kim | ta | yétch | za | é | eute | to | jé | ini | liun | khé |
Ծ | Կ | Հ | Ձ | Ղ | Ճ | Մ | Յ | Ն | Շ | Ո | Չ | Պ |
dza | guén | ho | tza | ghad | djé | mén | hi | nou | cha | vo | tcha | bé |
Ջ | Ռ | Ս | Վ | Տ | Ր | Ց | Ւ | Փ | Ք | Օ | Ֆ | և |
dché | ra | sé | vèv | diun | ré | tso | hiun | piur | ké | o | fé | yév* |
https://www.planet-armenia.com/hay/alphabet/aype.html
╔══╗
╚╗╔╝
╔╝ (¯`v´¯)
╚══`.¸ ARMENIA
dimanche 8 novembre 2020
dimanche 18 octobre 2020
mercredi 22 avril 2020
lundi 6 avril 2020
JOYEUX ANNIVERSAIRE ❤️✨💙✨🧡ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ❤️✨💙✨🧡ԷՐՄԻՇ ԳՐԻԳՈՐ ԵՂԲԱՅՐ ՋԱՆ💚 💝✨
Շնորհաւոր տարեդարձ
յարգարժան Գրիգոր եղբայր, վայելես բազմաբեղուն ու բարօր կեանք՝ սիրելի ու երախտապարտ մարդկանց հետ շրջապատուած:
Կամարդ պայծառ, կեանքդ երկար,
քսակդ լի, օճախդ շէն ու շռայլ լինի:
mardi 10 mars 2020
🙏🕯🙏 ՄԵԾ ՊԱՀՔ 🙏🕯🙏
🙏 Բարի, բերրի, խնկի բոյրով աղօթալի, Քառասնորդաց պահքի օրեր շնորհալի 🙏
ՏԻՐՈՋԸ ԸՆՏՐԱԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ
Եսայեայ 58
Մարդ արարածը միշտ կը ջանայ զԱստուած հաճեցնել իր գիտցած կամ ըմբռնած ձևով: Բան մը կը գտնէ բնութեան մէջ եւ զայն կը պաշտէ, որովհետեւ մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էակներ ենք եւ մեր ներսիդին կայ պարապութիւն մը, որ միայն Ստեղծիչը կրնայ լեցնել: Սակայն մինչեւ որ մարդը հասկնայ ու գտնէ թէ միայն Յիսուսով կարելի է ամբողջանալ՝ կը փորձէ իր ջանքերով գոհացում գտնել. բայց ի զուր...:
Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ կը սկսի Մեծ Պահքը, որ եկեղեցական իմաստալից շրջան մըն է: Եօթը շաբաթներ եկեղեցիին խորանը սեւով կը ծածկուի «Փակեալ խորան» որուն ընթացքին հաւատացեալներ կը հրաւիրուին ինքնաքննութեան, անձնազոհութեան եւ Աստուծոյ հետ մտերմութեան: Եօթը շաբաթներ հրաժարումի արարողութիւն կը կատարուի մայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին քրիստոնեան կ՛ուզէ մաքրուիլ մեղքէն եւ Սատանայի տիրապետութենէն ու պատրաստուիլ Սուրբ Զատկի տօնին:
Մեծ Պահքի նախօրեակին Բարեկենդանի տօնն է եւ վերջաւորութեան Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան փառատօնը: Երկու ուրախառիթ տօնակատարութիւններ, որոնց միջեւ կայ Մեծ Պահքը: Շատ լաւ բան է որոշ ուտելիքներէ զրկել անձը եւ կամ ծոմ պահել, ինչպէս գրուած է Աստուածաշունչին մէջ: Ութսուն անգամներէ աւելի, ծոմապահութեան վերաբերեալ ակնարկութիւններ յիշուած են Աստուծոյ Խօսքին ներքեւ: Այդ կ՛ընդգծէ մեզի թէ կարեւոր է այս պատուէրը պահել:
Աստուածաշունչը մեր հայելին է: Ինչ նիւթի մասին որ ուզենք լուսաբանուիլ անոր դիմելու ենք, որ սորվինք Աստուածահաճոյ ձեւով ապրիլ հոգեւոր կեանքը: «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս լոյս», ուստի այդ լոյսով նայինք Եսայեայ 58-րդ գլխուն, որ ծոմապահութեան ուղղեցոյցն է:
Ամենակալ Աստուած Եսայի մարգարէին կը պատուիրէ. «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի խնայէր, ձայնդ փողի պէս բարձրացուր եւ իմ ժողովուրդիս իրենց յանցանքը... ու մեղքը պատմէ» կ՛ըսէ սրտերը քննող Տէրը: Յստակ է որ շատ կարեւոր ըսելիք մը ունի Աստուած Իր ժողովուրդին: Ան կը զարմանայ թէ ինչպէս մարդիկ Իրեն կ՛ըսեն թէ ամէն օր Զինք կը փնտռեն, Իր ճամբաները գիտնալ կը փորձեն, արդարութեան կանոնները կ՛որոնեն եւ Աստուծոյ մօտենալու կը փափաքին ու կը հարցնեն թէ՝ «ինչո՞ւ մենք ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար»: Տէրը այս հարցումին կը պատասխանէ ըսելով թէ ձեր ծոմապահութիւնը ատեցի, քանի որ դուք ձեր ուզածին պէս ծոմ կը պահէք եւ ձեր ամէն պահանջքը խստութեամբ կ՛ուզէք: Կռիւ ու վէճ կ՛ընէք: Կեղծաւորութեամբ գլուխնիդ կը հակէք եղէգի պէս, քուրձ կը հագնիք եւ մոխիրի վրայ կը նստիք, բայց ձեր սրտերը ապականած են:
Ասիկա մեզի յիշել կու տայ Յիսուսի՝ մաքսաւորին եւ փարիսեցիին մասին պատմած առակը: Փարիսեցին անձնակեդրոն ու անձնասէր՝ ինքնագովութեամբ կը յոխորտայ Աստուծոյ առջեւ, մինչ մաքսաւորը այդքան անարժան կը զգայ ինքզինք, որ աչքերը անգամ վեր չուզէր բարձրաձնել, այլ կուրծքը ծեծելով կ՛աղերսէ. «Աստուա՛ծ, ողորմէ ինծի, մեղաւորիս»: Յիսուս ըսաւ. «ասիկա Փարիսեցիէն աւելի արդարացած գնաց իր տունը, վասնզի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ» (Ղուկ.18:9-14):
Եսայեայ 58-րդ գլխուն մէջ Տէրը յստակօրէն կը բացատրէ թէ ինչ է Իր ընտրած ծոմապահութիւնը: Նախ՝ Ան կ՛ուզէ որ մենք ամէն լուծէ ձերբազատուինք, սկսելով մեղքի լուծէն, որ մեզ Սատանային իշխանութեան տակ կը դատապարտէ: Այս պատճառաւ է որ անիրաւութեան կապեր ունինք ու կը հարստահարենք մեր ծառաները կամ գործաւորները: Տէրը կ՛ուզէ որ մենք իրաւունքով վարուինք ամէնուն հետ. նախապատութիւնը տանք Աստուծոյ մեր կեանքի ընթացքին, ինչպէս կ՛ըսէ առաջին պատուիրանը. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտէդ, եւ քու բոլոր զօրութենէդ» (Մարկոս 12:30): Երբ այսպէս ընենք եւ Տէր Յիսուսը ընտրենք, կրնանք Իր լուծին տակ մտնել սիրայօժար, «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք, եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ... վասընզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատթ.29:30):

Տիրոջ ընտրած ծոմապահութեան երկրորդ պահանջքը անձնազոհութիւնն է: Ան կ՛ուզէ որ Իր անունը կրող հաւատացեալներ անօթին յօժարութեամբ կերակրեն, թափառական տնանկները հիւրասիրեն, մերկերը հագուեցնեն եւ կարօտեալին հոգին կշտացնեն՝ կենաց հացով: Մէկ խօսքով գործադրեն «Քու ընկերդ սիրէ քու անձիդ պէս» պատուէրը որ երկրորդ մեծագոյն հրահանգն է եւ նաեւ օրէնքին լրումը: Տէրը կ՛ուզէ որ զիրար չքննադատենք եւ չարախօսութիւն չընենք: Տէրունական օրը սուրբ պահենք, մեր ցանկութիւնները չկատարենք ու պարապ խօսքեր չխօսինք:
Երբ Աստուծոյ ընտրած ծոմապահութիւնը կատարենք եւ իր պատուէրները պահենք, Տէրը խոստացած է օրհնութեան անձրեւներ տեղացնել մեր վրայ: Ի՜նչ մեծ երանութիւն: Ան կ՛ըսէ «Քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի, բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի, արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ ու Տիրոջը փառքը քու ետեւէդ քեզ պիտի պաշտպանէ: Տէրը պիտի կանչես ու Ան պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես ու անիկա Ահա Ես, պիտի ըսէ: Տէրը քեզի միշտ առաջնորդութիւն պիտի ընէ, հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, ոսկորներդ պիտի զօրացնէ ու դուն ջրարբի պարտէզի պէս եւ ջուրը չպակսող աղբերակի պէս պիտի ըլլաս»: Նաեւ Տէրը խոստում ունի մեր զաւակներուն համար, որոնք շինարար պիտի ըլլան ու իրենց ծնողաց շաւիղներէն պիտի քալեն (Եսայ.58:8-12): Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մկրտուելէն անմիջապէս վերջ անապատ տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէսզի Սատանայէն փորձուի (Մատթ.4:1) եւ Ան քառասուն օր, ցերեկ ու գիշեր, ծոմ պահեց: Միայն անկէ վերջ էր որ Որդին Մարդոյ կրցաւ զգետնել Փորձիչը, Աստուծոյ Խօսքին սուրովը: Այլակերպութեան լեռնէն երբ իջաւ Տէր Յիսու, բժշկեց լուսնոտ պատանի մը, որ Իր աշակերտները չէին կրցած բուժել: Երբ առաքեալները հարցուցին թէ ինչո՞ւ իրենք չէին կրցած օգնել հիւանդին, Յիսուս ըսաւ. «Այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով եւ ծոշապահութեամբ» (Մատթ.17:14-20): Ասիկա կը շեշտէ այդ ճշմարտութիւնը թէ ծոմը կամ պահքը առանց աղօթքի անօգուտ է:
Երբ ծոմ բռնենք կամ պահք ընենք, պէտք է մեր կեդրոնացումը Աաստուծոյ վրայ ըլլայ: Աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կայնինք Ամենակալ Տիրոջ առջեւ եւ մեր անձերը քննենք: Անկեղծութեամբ խոստովանինք մեր մեղքերը, յանցանքները եւ տկարութիւնները ու խնդրենք որ Ան մեզ մաքրէ եւ սրբէ՝ հոգի, շունչ ու մարմին:
«Այսպէս կ՛ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, որ յաւիտենութեան մէջ կը բնակի ու Անոր անունը Սուրբ է, ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէսզի խոնարհին հոգին կենդանացնեմ ու կոտրած սիրտերը ապրեցնեմ» (Եսայ.57:65): Այս է Տիրոջ ընդունելի զոհը:

Երբ Կայէն եւ Աբէլ՝ Ադամի տղաքը, ընծայ բերին Տիրոջ, Տէրը ընդունեց Աբէլի կենդանի զոհը, բայց անտեսեց Կայէնի բերած պտուղները: Երբ ան զայրացաւ ու երեսը կախեց, Տէրը ըսաւ անոր. «Եթէ աղէկ ընես ընդունելի չըլլա'ր, թէ ոչ մեղքը դրանը քով պառկած է, եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի, ու դուն անոր պիտի իշխես» (Ծննդոց 4:1-8): Տէրը կենդանի զոհ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ երկրային պտուղ, մեր անձերը եւ ոչ՝ մեր գործերը: Ան մեր սրտին տրամադրութեան եւ հոգիին կամեցողութեան կը նայի: «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է, կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ով Աստուած, Դուն չես անարգեր» (Սաղմ.51:17):
Ծոմապահութեան ատեն եւ միշտ, մեր պարտականութիւնն է, որպէս նուիրեալ Քրիստոնեաներ ամէն օր մեր անձը ուրանալ, խաչը առնել եւ Յիսուսի հետեւիլ, մեր հաւատքի առաջնորդին ու կատարողին: Ասիկա ի մտի ունենալով Պօղոս մեծ առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Արդ կ՛աղաչեմ ձեզի եղբայրներ, Աստուծոյ ողորմութիւնովը որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը սուրբ՝ Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը եւ մի կերպարանիք այս աշխարհի կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութեամբ նորոգուեցէք, որպէսզի քննէք թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի ու կատարեալ է» (Հռովմ.12:1-3):
Դիւրին չէ պահք բռնել կամ ծոմ պահել, սակայն կարեւոր քայլ մըն է ինքզինքդ աստուածապաշտութեան վարժեցնել, ինչպէս գրուած է. «Ամէն խրատ կամ զոհողութիւն նոյն ատեն ուրախարար չթուիր, հապա տրտմական, բայց յետոյ արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անոր վարժուողներուն» (Եբր.12:11): Տէրը կ՛ուզէ որ մաքուր սրտով ու անկեղծ շարժառիթով Իրեն մօտենանք, անոր համար կ՛ըսէ Լերան Քարոզին մէջ. «Երբ ծոմ պահէք, կեղծաւորներու պէս տրտմերես մի ըլլաք, քանզի իրենց երեսները կ՛աւրեն, որպէսզի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, անոնք իրենց վարձքը առած կ՛ըլլան: Բայց դուն երբ ծոմ պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուայ, որպէսզի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ մը կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» (Մատթ.6:18):

Աւագ Շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդով՝ Տէր Յիսուսի փառաւոր մուտքը դէպի Երուսաղէմ, ուր ժողովուրդը խանդավառ էր եւ ոգեւորուած, սակայն Որդին Մարդոյ տխուր էր, քանի որ գիտէր թէ այս «Ովսաննաներուն» պիտի յաջորդէր «Խաչը հանէ, խա՛չը հանէ զանիկա» աղաղակները (Յովհ.19:6): Վերնատուն, վերջին ընթրիք, ոտնլուայ, Մատնիչը, Ձիթենեաց Լեռ, արիւն-քրտինք, աղօթք, ձերբակալում, ուրացում, չարչարանք եւ վերջապէս Գողգոթա, ի՜նչ տխուր շաբաթ մը, բայց եւ ի՜նչ իմաստալից: Յիսուս քեզի եւ ինծի համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց եւ Հօրը կամքը լման կատարելով, այժմ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նմտած է եւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ՛ընէ (Եբր.12:2) Փառք Տիրոջ: Մենք ալ «Եթէ Իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, Իր փառքին ալ հաղորդ կ՛ըլլանք» կ՛ըսէ Պօղոս Առաքեալ Հռովմէացիս (8:17)-ին մէջ:
Յարութեան պայծառ առաւօտուն, մեր Տէրը կոտրեց մահուան ու Սատանային կապանքները եւ յաղթական յարեաւ մեռեալներէն: Ան նոյն փառքը եւ յաւիտենական կեանքը խոստացած է բոլոր անոնց որ խաչին տակ կը խոնարհին խոստովանելով իրենց մեղքերը ու կը լուացուին զենեալ Գառնուկին քաւչարար արիւնով, ստանալով վերստին ծնունդ եւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու առանձնաշնորհը:
Միքիա մարգարէն կ՛ամփոփէ մեր խորհուրդները ըսելով. «Քեզի յայտնեց, ով մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալել» (Միքիայ 6:8):
Այո՛, «հնազանդութիւնը զոհէն՝ ու խօսք մտիկ ընելը խոյերու ճարպէն աղէկ է» Ուստի հնազանդութեամբ մօտենանք Տիրոջ եւ Իր ընտրած ու Իրեն ընդունելի ծոմապահութեամբ պաշտենք զԱյն: «Այն ատեն Տիրոջմով պիտի ուրախանանք...Ան մեզ երկրի բարձր տեղերը պիտի հանէ ու իրեն ժառանգակից պիտի ընէ, քանզի Տիրոջը բերանը խօսեցաւ» (Եսայ.58:14): ԱՄԷՆ:

ԹԷ Ի՞ՆՉՈՒ ԾՈՄ ՊԱՀԵԼՈՒ ԵՆՔ
«Ամէն բանի կարող եմ Քրիստոսով, որ զիս զօրացուց» (Փիլ. 4:13)
ԾՈՄ ՊԱՀԷ՛
Ծոմ պահէ՛ քննադատելէ և փառաբանութեամբ լեցուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ ինքզինքիդ ողորմելէ և ուրախութեամբ գովերգէ՛:
Ծոմ պահէ՛ բարկութենէ և խաղաղութեան մէջ արածուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ նախանձէ և սիրոյ մէջ ողողուէ՛:
Ծոմ պահէ՛ հպարտութենէ և խոնարհութեամբ քալէ՛:
Ծոմ պահէ՛ անձնասիրութենէ և ծառայելով պարապէ՛:
Ծոմ պահէ՛ վախնալէ և հաւատքով գօտեպնդուէ՛:

«Ո՛վ Ասուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ և իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»: (Սաղմոս 51:10)
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՆ
Օրաթերթի մը առաջին էջին վրայ դրուած
նկարին տակ սապէս գրուած էր, «Շաբաթներէ ի վեր տանիքին վրայ կուտակուած
ձիւնը տեղի տուաւ վերջապէս»: Ի՜նչ աւեր: Գեղեցիկ տուն մը կքած էր ձիւնի
ծանրութեան տակ: Արդեօք ինչո՞ւ օրը օրին չէին մաքրած տեղացած ձիւնը, կը
մտածէր արևոտ սենեակի մը մէջ նստած թերթ կարդացող մարդը:
Ընդհանրապէս խօսիլը դիւրին է, իսկ գործադրելը դժուար: Անոր համար Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Արևը ձեր բարկութեան վրայ մարը չմտնէ» Եփես. 4.27: Լաւ է որ օրը օրին ուղղենք մեր սխալները, մաքրենք մեր հարցերը և խոստովանինք մեր յանցանքները, որպէսզի սատանային տեղի չտանք ու չընկճինք մեղքի բեռան տակ:

Մեծ Պահքի շրջանին, մարդիկ կը ջանան իրենք զիրենք զրկել որոշ ուտելիքներէ,
հաճոյքներէ կամ ունակութիւններէ, զԱստուած հաճեցնելու նպատակաւ: Որքան որ
ֆիզիքական զոհողութիւններ օգտակար կրնան ըլլալ, սակայն հոգեկան
մաքրագործութիւնը շատ աւելի կարևոր է: Ահաւասիկ նիւթերու ցանկ մը որոնք
կրնանք գործադրել Մեծ Պահքի շրջանին: Մեր Տէրը իր կեանքը տուաւ որպէս
կենդանի զոհ՝ մեր մեղքերուն քաւութեան համար: Ուստի մենք ալ պարտինք մեր
անձերը մաքրել Իրեն համար:
1-Բարկութենէ դադրիլ՝ ներող հոգի մը մշակել:
2-Գանգատելէ հրաժարիլ՝ գոհացող ըլլալ:
3-Մտահոգութենէ ձերբազատուիլ՝ Ամենակարողին վստահիլ:
4-Բամբասանքէ խուսափիլ՝ շինիչ խօսքեր և հասկացող վարմունք ունենալ
5-Շաբաթը օր մը հեռատեսիլէ հրաժարիլ՝ փոխարէն հիւանդ մը կամ արգելափակուած մը այցելել:
6-Հակառակութեան հոգին մարել՝ սիրոյ արարք մը գործել:
7-Նախանձի ախտէն մաքրուիլ՝ քաղցրութեամբ լեցուիլ:
8-Քառորդ ժամ մը պակաս քնանալ՝ փոխարէնը աղօթել և Սուրբ Գիրք կարդալ:
9-Վախի կաշկանդումներէ ազատիլ՝ լման Աստուծոյ կամքին ենթարկուիլ:
10-Ինքզինքդ անտեղի կերպով մեղադրելէ դադարիլ՝ Տիրոջմով վերականգնելու քաջութիւնը ունենալ:
Ուստի երբ Մեծ Պահքի ընթացքին կամ ո՛րևէ ատեն այս սխալ բաներէն խուսափինք պիտի տեսնենք թէ իրապէս «Մարմինին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց Աստուածապաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ և թէ՛ ապառնի կեանքին խոստմունքը ունի» Ա.Տիմ.4.8:

«ՁԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՏՌԵՑԷՔ...»
Յովելեայ 2:13
Ահա Մեծ Պահքի շրջանը կը սկսի որպէս Զատկուայ նախապատրաստութիւն: Եօթը շաբաթներ որոնք ինքնաքննութեան եւ զգաստութեան կը հրաւիրեն մեզ: Պահք բռնելը շատ լաւ սովորութիւն մըն է, որ սրտանց ըլլալու է: Աշխարհի վրայ կեղծիքը գագաթնակէտին հասած է եւ ձեւակերպութիւնը բնական դարձած է, որ իրականութեան մէջ կեղծաւորութիւն է: Տէր Յիսուս ութը «վա՜յ»եր կարդաց կեղծաւոր դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն, զանոնք խստիւ դատապարտելով (կարդալ Մատթէոսի 23-րդ գլուխը):
Յովել մարգարէն ալ, Տիրոջը Խօսքը կը փոխանցէ ըսելով. «Ինծի դարձէք ձեր բոլոր սրտով, ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով: Ձեր սրտերը պատռեցէք եւ ոչ թէ ձեր հանդերձները» (2:13): Հանդերձ պատռելը արտաքին սուգի կամ ողբի երեւոյթ մըն էր, որուն մասին առաջին անգամ կը կարդանք Ծննդոցի 44-րդ գլխուն մէջ: Յովսէփի չարասիրտ եղբայրները իրենց հանդերձները պատռեցին, երբ արծաթէ գաւաթը Բենիամինի քուրձին մէջ գտնուեցաւ:
Միայն մեղուն գիտէ կեղծ կամ իրական ծաղկին տարբերութիւնը: Նոյնպէս Աստուած ալ մեր սրտերը կը քննէ եւ մեր դիտաւորումները գիտէ: Ան կ՛ուզէ որ մենք ալ մեր սրտին իսկական էութիւնը գիտնանք: Որովհետեւ «սիրտը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ ու չար է» կ՛ըսէ Երեմիա մարգարէն (17:9): Փորձառաբար տեսած ենք որ շատ անգամ, մեր սրտերը մեզ կը խաբեն, սեւը ճերմակ կը ցուցնեն, չարը՝ բարի, թիթեղը՝ ոսկի եւ կամ ապակին՝ ադամանդ: Ասոր համար պէտք է մեր սրտերը քննենք եւ ի պահանջեալ հարկին զանոնք պատռենք, ինչպէս կ՛ընեն վիրաբոյժները:
Ընդհանրապէս, կրօնական աւանդութիւնները զգացական են եւ կարճ ժամանակի մը համար հանգիստ կու տան ենթակային: Սակայն մեր Արարչին մեզմէ պահանջածը շատ աւելի դժուար է, որովհետեւ սիրտը քարի պէս կարծր է, կ՛ըսէ Եզեկիէլ մարգարէն: Տէրը կ՛ուզէ մեր քարեղէն սրտերը մարմնեղէն սրտով փոխարինել, որպէսզի կարենանք ճշմարտութեամբ Զինք պաշտել եւ Իր պատուէրները պահել:
Տէր Յիսուս Քրիստոսն է մեծագոյն եւ գերագոյն Վիրաբոյժը: Միայն Ան կարող է մեր սրտերը պատռել: Անոր խաչին վրայի աղաղակը երկիրը շարժեց ու ժայռերը պատռեց: Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմինները յարութիւն առին (Մատթ.27:51): Ահաւասիկ՛ այսօր, Աստուածորդին է, աշխարհի եւ ամէն մարդ արարածի կենսական պէտքը:
Սրտի տագնապ ունեցող ենթական, նախ իր հիւանդ վիճակը ընդունելու է, ապա իր պէտքին գիտակցելով մասնագէտ բժիշկին դիմելով վստահութեամբ յանձնուելու է վիրաբոյժին, որ բանայ սրտերու կղպանքները ու պէտք եղած գործողութիւնը կատարէ: Նոյնն է հոգեկան պարագան: Բոլորս ալ մեղքի ախտով հիւանդագին սրտեր ունինք, որոնք Մեծագոյն Բժշկապետին հպումին կարօտ են: Միայն Տէր Յիսուս կրնայ մեր սրտերը պատռել եւ Իր Գողգոթայի խաչին վրայ թափած արիւնովը բուժել:

Ինքնագիտակցութիւնը շատ կարեւոր ազդակ մըն է: Հարուստ իշխանը արտաքնապէս շատ բարեպաշտ էր, օրինագէտ եւ օրինապահ: Սակայն անոր սիրտը շիտակ տեղը չէր: Նիւթապաշտութիւնը անոր էութիւնը գրաւած էր: Հակառակ իր կրօնամոլութեան, ան չէր գիտէր թէ ինչպէ՞ս կրնար յաւիտենական կեանքը ժառանգել: Տէր Յիսուս Իր ամենատես աչքերով նկատեց անոր սրտին մէջի դրամասիրութեան ախտը եւ մատը վէրքին վրայ դնելով ըսաւ երիտասարդին. «Եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛ ունեցածդ տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս» (Մատթ.19:16-22): Թերի էր այս բարեպաշտ մարդուն կեանքը: Ան չի կրցաւ Յիսուսի ախտաճանաչումը ընդունիլ եւ տրտմած հեռացաւ Վարդապետին ներկայութենէն: Ան յօժար չէր սիրտը պատռելու:
Ասոր հակառակը կը տեսնենք Անառակ Որդիի առակին մէջ: Այս երիտասարդին հանդերձները պատռած էին, գրպանը պարապ, կեանքը քայքայուած, սակայն պատրաստ էր իր սիրտը պատռելու, երբ որոշեց տուն վերադառնալ: Ան զղջումով հօրը ոտքերուն ինկաւ, խոնարհաբար խոստովանեցաւ մեղքերը, տեսաւ իր անարժանութիւնը եւ ներում խնդրեց: Սիրակէզ հայրն ալ զինք գրկաբաց ընդունեց ու իշխանական պատմուճանը հագցնելով որդիական իրաւունքը վերստացաւ:
Տասը կոյսերու առակն ալ կը յարմարի մեր բնաբան համարին: Անոնցմէ հինգը արտաքնապէս պատրաստ էին, իսկ միւս հինգը՝ ներքինով եւ թէ արտաքինով պատրաստ չէին փեսան դիմաւորելու:
Շատ յստակ է այն դասը որ մեր Վարդապետը կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել: Հոգեւոր կեանքի դպրոցին մէջ, նախ ելլալը եւ ապա ընելը էական է: Աշխարհի միւս բոլոր կրօնքները ասոր հակապատկերն են: Առաջ ընել եւ յետոյ ըլլալ կը շեշտեն: Սակայն երբ նախ մեր սրտերը կը պատռենք եւ թոյլ կու տանք որ Տէր Յիսուս Իր հրաշագործ ձեռքով գործողութիւն կատարէ ու բազմի մեր սրտի գահուն վրայ, այն ատեն Իրեն ժառանգակից կ՛ըլլանք եւ յաւիտենական կեանք կրնանք ունենալ, ներքին խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն վայելելով:
Վերոյիշեալ Սուրբ Գրային ճշմարտութիւններուն հիման վրայ, նայինք թուղթ առ Կողոսացիս երրորդ գլխուն, ուր հանճարեղ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ հին եւ նոր կեանքի գոյավիճակը: Ան կը յորդորէ մեկդի ձգել «բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը: Իրարու սո՛ւտ մի խօսիք, հին մարդը իր գործերով ձեր վրայէն հանեցէք եւ հագէք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ Իր Ստեղծողին պատկերին նման: Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք որ կատարելութեան կապն է»: Այս է ճշմարիտ Աստուածավայել կեանքը:
Ուստի , եկէ՛ք այս Մեծ Պահքի շրջանին ֆիզիքական ծոմապահութեան կողքին «մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք Աստուծոյ բարձրացնենք» (Ողբք.3:41): Ներքնապէս մաքրուինք ու սրբուինք Յիսուս Քրիստոսի քաւչարար արիւնով եւ պատրաստուինք Յարութեան սքանչելի ճշմարտութիւնը փորձառաբար ճաշակելու մեր Տիրոջ հետ:
Այս թող ըլլայ մեր ամենօրեայ աղօթքը . «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղմոս 51:10): ԱՄԷՆ
Daring Armenian Women
«Գիտե՞ս իմ անունը»: առաջինն է վիդեո մոնտաժների շարքում, որտեղ ներկայացված են աշխարհի տարբեր ծայրերում գտնվող հայ կանայք, ովքեր հաճախ անտեսվում են ՝ պատիվ բերելով իրենց քաջությանը, խելքին, տաղանդին և դիմացկունությանը: Առաջին մոնտաժը, որը արտադրվել է «Բարս մեդիա» -ի հետ համագործակցությամբ, հարգանքի տուրք է կանանց պատմությունից:
Համարձակ հայ կանանց (DAW) նախագիծը նպատակ ունի մարտահրավեր նետել և խանգարել հայ կանանց անանունությունը հանրային տարածքում, ինչպես նաև նրանց անուններն ու կյանքը հայտնի դարձնել:
Հայ կինը, Հայ մայրը ցկեանս նուիրեալ, համեստ, տաղանդաւոր ու սրբալոյս՝ անբաղդատելի ստեղծագործութիւնն է Աստուծոյ:
mardi 25 février 2020
🙏🕯🙏 ՀԻՆ ՍՈՎՈՐՈՅԹՆԵՐ🙏🕯🙏ՄԵԾ ՊԱՀՔ
Օր Մոխրոց (հայկական ծէս)
Ա.օր Քառասնորդաց
«Լուացարուք սրբեցարուք»ը, որ այսօր ժամուն մէջ կը կարդացուի, ո՛չ այնչափ էրիկ մարդերու, որչափ կիներու կ՛ազդէ ի մաքրութիւն:
Երկուշաբթի կանուխէն կիներ կ՛ելնեն, թոնիր կը վառեն, ու տան բոլոր աման-չաման, պղինձ- պղնկալ, պուտուկ-ճլօր ևլն, աճառի փոսորներով կը պռտին ու կը պռտին (ուժով շփել), և եօթն անգամ ջինջ ջրով կը լուան: Նոյնպէս դանակով կը քերեն, կը քերթեն պատերու, սիւներու, դուռներու ծուխումուխէն տարթացած (թանձրացած) սևութիւնը:
Առաւօտ մուտ- լուսուն լակի ժողովածու մտրպներ (քնչու) քաղքցիներու դռները կ՛ընեն ափութակ: Աղջիկներուն գեղ-դիր կու տան ու անոնցմէ կ՛առնուն լակմակ (կերակուրի աւելցուք), ճաթ-պլընկ հալաւներ (ցնցոտիներ): Աղքատներն այսօր չեն երևիր դռնէ դուռ, որպես զի լակ ժողվող չհամարուին, այդ վիրաւորանք է իրենց:
Հաւատքով հարուստ կիներ այս շաբթու ամէն օր կիրակի կը պահեն: Երկուշաբթի՝ Բակլայ-խորան է,«Փակեալ խորան» երեքշաբթի՝ Խորանի խորան, չորեքշաբթի՝ Մկան կիրակի է, հինգշաբթի՝ Կատղած շան, զոր գիւղացիներն աւելի ամուր կը պահեն, ուրբաթը՝ Չարչարոց, զոր կը պահեն չար աչքէ ազատ մնալու համար. իսկ շաբաթը՝ Թալալոսի կիրակի է և ամէն մայր կը պահէ այս կիրակին, որպէս զի իւր երախան չթալցնէ: Թալալոսը երեխէքներու յատուկ հիւանդութիւն է. տղան կ՛ուշաթափի, կը դեղնի, ակռաներ կը կափկափէ, մայրեր բանալիի կամ դգալի կոթ կը դնեն անոնց բերանը, որ կեռիք չփակուի, ապա կամաց կամաց կը մաժմժեն, պորտ կ՛ոլորեն, մինչև որ կ՛ուշաբերի:
Մեծ պահքի երկուշաբթին խումբ խումբ իրարու կ՛այցեն ի ճաշ: Այս ճաշն է կնիք որապատիւներու, և այս ճաշի սեղանն է բազմազան: Մակեղան (բարակ) թղթի նման լօշ հացերու վրայ դրուած են փահնաքէօշներ, սև սունիչով, կանեփահատով ու համեմով օծուած հաց, փմբուխ թափթափներ, կլորակ տողիկներ և շատ մը բուսեղէններու, ընդեղէններու, պահվածքներու կերակուրներ վաթսունէն աւելի պնակներու մէջ շարուած, ամէնքն ընդդիմահար գինիի:

Մեծ պահքի մէջ ժողովուրդը, մանաւանդ աղքատ դասը կը սնանի կանանչեղէններով: Մամիկներ կ՛ըսեն. «Մինչև որ երկինք չգըռգռայ, ամէն տեսակ խոտ կրնայ ուտուիլ, բաց ի թունաւորներէն»: Մարտ ամիսը կը հայթայթէ ամէն տեսակ բոյս երբ ձիւնը կը հալի, ուստի «Մարտի վեց՝ ձեան վեր, ձեան ցեց». «Մարտի քսան, գարնան նշան». կ՛ըսեն մամիկներ:
Մարտի ամսուան պայծառ օրերու մէջ կիներ և տղեկներ խմբովին պարտէզ ու դաշտ կը դիմեն «Կանաչ հանելու». ի ձեռին ունին քերխանիչներ, շեղբիկ, փէկռատ, դանակ: Ուտելու կանաչներէն սիւեզ, կովու ճակտիկ, պառվու մէջար, գառու դիմակ, չան սխտոր, մաղմղուկ, աւելուկ, խինձ կարոս ևայլն:
«Մարէ, սա խոտիկը ծաղիկովն հանե՞մ, կ՛ուտուի՞»:
-Չէ, աղջիկ, այդ պապու է, չուտուիր, դառն է,
«Հապա այս կապուտ երկա՞յնը»
-Չէ՛, այդ էլ դառն՝ լեղի է. այդ Պապկէ-պլոր է. զգոյշ կաց, եզան լեզուներ չհանես, անոնք վէրք կը բժշկեն: Այս աքլորիկը, այս թրթլուկը քաղէ, այս մըռճիկը, այս մուճուղեղը, այս չաղալկանտողը հա՛ն:

Պահքն աւրողները կ՛անիծուին այսպէս.
-«Չը չըպրին, չը զօրանան, ժուռ մուռ մեռնին, աւազ թաւալ էլնին. խժխժխայ եարէն, ինկնի վրէքտները. պատանքը սև թելով շոլուլեն, սև կապուտ հագնին»:
Իսկ յԱլաշկերտ այս է սովորոյթ:
Կիներն առիքը, գերաններն ու սիւները կ՛աւլեն, կը սրբեն, ալիւրով կը նաշխեն. «Եթէ իցեն մեղք ձեր իբրև զձանձախարիթ, իբրև զձիւն (ալիւր) սպիտակ արարից», ըստ այսմ խօսքի՝ որ այսօր ընթեռնելի է Սուրբ-Գրքէն: Յետոյ կը յաւելուն. «Խուկլի բաղարջ ու հատիկ, բարոյ յի գայ մեր Զատիկ»:
Խուկլի բաղարջն է առանց թթու խմորի պատրաստուած հաց ի յուշ այն հացին, զոր Յիսուս կերաւ և տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Առէք կերէք այս է մարմին Իմ»: Իսկ հատիկն է ի նշան ցորենի օրհներգութեան, որ ըսուած է. «Ի պտղոյ ցորենոյ և գինւոյ լցուցիր զնոսա»:
Հինգշաբթի օր ամէն մի տղեկ պզտիկ տափակ քար և մէկ խեցկի կտոր ի ձեռին ունենալով՝ կը վազէ, կ՛ելնէ գմբէթայարկ տուն ըսուած երդիքի վրայ և զայնս իբր երկնաքար իրարու քսելով կը հարցնէ. «Աղամ, աղամ, ի՞նչ աղամ»: Ներսէն ձայն մը կը լսուի իբր պատասխան. «Օձ աղա, կարիճ աղա- դորտնուկ աղա»: Այս կը նշանակէ թէ բոյսերու և մարդերու թշնամի այս կենդանիներուն բերանները կը կապուին, որ չխայթեն կամ չվնասեն:
Սոյն օրը ձեղունէն կը կախուին եօթը հատ փետուրներ, ըստ թուոյ պահքի եօթը շաբաթներու, որոնց ծայրերը մխուած են խնձորի կամ սոխի չափ խմորէ շինուած գնդակի մը մէջ, որոնց չորսը ճերմակ և երեքը սև են: Ի վերջանալ մէն մի շաբաթի՝ փետուր մը կը փրցուի. այս գնդակը կ՛անուանեն Ագլատիզ: Չորս ճերմակ փետուրները կը նշանակեն ձմրան սպիտակ ձիւնը, իսկ երեք սև փետուրները կը նշանակեն գարնան այն օրերը երբ երկիրս սև հողով և կանանչով կ՛երևի. որպէս զի տղեկները պահքը չլուծեն, կ՛աւանդուի թէ ով որ պահքն աւրէ ագլատիզը անոր աչքերը կը հանէ: Տղեկներ աչքաբաց կ՛սպասեն որ հատնին փետուրները, որպէս զի Զատիկն ու կարմիր հաւկիթը վայելեն ուրախութեամբ:

Իսկ ի Պայպուրթ բակլայ-խորանի օրը, որ ըսել է իբր թէ Փակեալ խորան, մինչդեռ գուցէ աւելի ճիշդն է Պագլէ խուրտէն, Պարսկերէն նշանակութեամբ ընդեղէններ ուտելու օրեր, առաստաղէ կախուած կայ Կոկորիճը. խոշոր սոխ մըն է այն, որոյ մէջ խոթուած են հաւի կամ սագի եօթն փետուրներ: Կոկորիճի տակը խոշոր կարմիր պղպեղ մը և քարեր կան, որոց ի տես տղեկներ կ՛զգուշանան իրենց պահքը աւրելէ, վախնալով որ եթէ պահքն աւրեն, Կոկորիճէն քար ընկնելով՝ իրենց գլուխը կը ջախջախէ, և պղպեղը իրենց բերանները կ՛երմշտկէ: Այս մանրիկներն այնպէս կը հաւատան թէ այս Կոկորիճն ինքնին է կախուած. Կոկորիճի փետուրներէն ամէն մէկը պահքի ամէն մէկ շաբթուն ինքնին աներևոյթ կ՛ըլլան, չեն գիտեր թէ գաղտուկ մէն մի փետուր հետզհետէ կը խլուին և կը թաղուին հողի տակ: Աստ՝ այդ սոխին Խարախոնճոլող կ՛ըսուի:
Նախիջեւանցիք Մեծ Պահքին կ՛ըսեն Աղացք այսինքն Աղ ու հաց և իրար կը
շնորհաւորեն. կ՛ուտեն Բանջար տապկելով, Թաթրան և Կադման հումհում, Շուշան
աղջրով և քիչ մը խաշելով, Ծթրինը մանրելով համեմի համար, Աղցան և Խաշիշ
եփելով: Ուտելիքէ մնացորդ կերակուրները մուրացողներուն կ՛ըսուին Ցիգան, և
կերակուրներուն Խալխան-խալխանը: Առաստաղէ կախուած եօթն փետուրներով
Խամաճիկին կ՛ըսուի Սոիւն կամ Մրմռաս, յատուկ ժապաւէններով զարդարուած.
Զատկինը կարմիր, Ծաղկազարդինը կանաչ, Լուսաւորչինը սպիտակ և միւսները սև:
«Միջինք»ին կը կիսեն փետուրը պահքի կէսն ըլլալուն ի նշան. նոյն օրը
աղքատներու կը բաժնուի կլոր հաց, փորն ուռած, մեղրաջրով քսուած և կ՛ըսուի
Պալից:
Ի Բասէն կ՛ըսուի եօթնափետուր սոխին Ախելուծ, ի Ղազախ Պապի-պլոր, ուր
Երկուշաբթին կ՛ըսուի կրակի կիրակի, չպահողին լաթերը կ՛այրուին:
Երեքշաբթին՝ ջրին, չպահողը՝ ջուրը կը տանի:
Չորեքշաբթին՝ մկանն է, մկները կուտեն ամէն բան, և երեխեք մկնակեր կ՛ըլլան: Այսօր որ կին ժամ չերթայ և չլսէ «Տէր ամենակալ»ը, չէ կարող ջահրը (ճախարակ) մանել և կարկահը կը կոտրի:
Հինգշաբթին՝ Ջահոիկ, մանելու օր, որ տանը մէջ Բարաքեաթ (առատութիւն) ըլլայ:
Որբաթը՝ Կէռկէչ, կեռիք ու բերան կը կապկպին:
Շաբաթը՝ Թալալոսի կիրակի, չպահողը կը դալկանայ:

Տնտեսի կիրակիէն յետոյ՝ Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրը, կը կոչուի Միջինք: Միջինքը կ՛ազդարարէ, որ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:
«Միջինք»ի չորեքշաբթի երեկոյին ժամուն մէջ ջրով և ձէթով լի կը դրուի կոնք մը և կ՛ըսուի լիճք, ուր եղէգնէ խաչի մէջ պատրոյգ կը վառի մինչև լոյս: Առաւօտուն մաս մաս կը բաժնուի գիւղի տուներուն, այդ ջուրը խառնելով խմորի մէջ և կը շինուի նոյն օրուան բաղարջը և կ՛ըսուի Միջունք կամ Կլոճ: Այս Բաղարջին մէջ դրամ կամ ուլունք ալ կը դրուի իբր գուշակ բաղդի, ինչպէս Կաղանդին:
ՅԵրևան Լիճքի ջուրը չեն բաժներ և մէջը կը վառուին քառասուն պատրոյգ. տղեկներ ու աղջիկներ 40 քարիկներ կը ժողվեն և մէն մի քարի վրայ 40 անգամ ծունր կը դնեն, ուրեմն 1600 ծունր, իւրաքանչիւր ծունրի մրմնջելով.
«Քառասուն մանուկ, քառասուն կուս,
Քառասուն մանկան բարեխուս»:
Լուսաւորչի օրը (մուտն ի վիրապն) ամէն կեսուր իրենները կը հրաւիրէ կանաչազարդ դաշտ զբօսնլու համար, որ կ՛ըսուի Քեաշտ, և կ՛երգեն.
«Հարսները կնացած էն քեաշտ,
Ի՞նչ են բերած.- ջուխտ ջուխտ լաշ (տղայ).
Անունները ի՞նչ.
Մէկին զաննակ, մէկին պամբակ»:

Քառասուն Մանուկի տօնն ի Սվազ «Սեբաստիա» մասնաւոր նշանակութիւն մը ունի, զի հոս է որ կատարուեցան կրօնքի այդ ահռելի նահատակք, հոս է «քաղաքին հարաւակողմը ճախնուտ գետի մը մէջտեղ» լեղի սև ջրով լիճն ուր «Անցանէին ընդ ջուր, մաքրեալք որպէս զոսկի փորձելոյ ի հուր», և անդանօր «Պատուական արեանցն հեղլով, զկապուտակ զծովն վարդագոյն ներկէր»: Երբ Եկեղեցին դեռ կը շարունակէ երգել «Այսօր Սեբաստիա եղև երկրորդ Յորդանան», Սեբաստացին կէս մը զինքը մահտեսի կը կարծէ, առանց մինչև Երուսաղէմ երթալու: Լիճին քով են բաղնիքին հետքերն ուր քառասնից մին ապաստանեցաւ:
Հոն մամիկներ ի յիշատակ Քառասնից, Մեծ-պահոց սկեզբէն ամէն իրիկուն 40 Տէր ողորմեա ու Հայր մեր կ՛ըսեն, և Միջինքին կը լրացնեն, որոյ յաջորդ շաբաթ օրն է մեծ օր մեռելոցի: Ամէն տուն մեծ շարժման մէջ է, մանաւանդ անոնք որ նոր մեռել ունին: Ագողք-հացի համար Եուխա ըսուած թղթի բարակութեամբ հացեր կը պատրաստեն: Այդ հացերն երկերկու քառակուսի կը ծալլեն և մէջը մէկմէկ ճանկ չամիչ կը դնեն. և զամբիւղի մը մէջ կը շարեն: Շաբաթ առտու այդ զամբիւղները շալկած, լոյսը ճղքել չճղքելուն՝ կանայք կ՛իջնեն դէպ Քառասուն-Մանուկ, որոնցմէ կը բաժնեն աղքատներուն և մուրիկներու իբր հոգեհաց:

Շատ տեղ ևս Խամաճիկ կամ Խուլուճիկ կ՛ըսուի սոխին՝ որ հաւի եօթը փետուրով է, որմէ ամէն մէկ շաբթու վերջ մէկ հատ կը փրցուի ու կը պահուի իբր յուռութ:
Յէրզրում երկուշաբթիին կ՛ըսեն կռճոն, Բարեկենդանէն մնացած կերակուրներու համար: Այդ օր թթխմորով շօթ հաց չեն եփեր, այլ Խուկլիկ-բաղարջ ու հատիկ, ըստ Շարականին «Ըստ բաղարջին հաց անխմոր»: Հիւանդութեան և ուրիշ ցաւի ի բոյժ՝ տաք հաց կ՛եփեն և գիշերը գաղտուկ իւրաքանչիւնրին երդիքէն վար կը ձգեն մրմռալով.
«Ով տաք հաց, դու առ Աստուած ելնես, այս ցաւն ու զօռն՝ մեր տնէն տեղէն վերցընես: Ով տաք հացի պահապան հրեշտակներ, լսեցէք. առ Աստուած միջնորդ եղէք»:
Հոս ալ պաս-բարևի սովորոյթներ կան որպէս Կաղանդին և Զատկին:
Բարեկենդանի չորս օրերուն յԱրապկիր կ՛ըսուին չորեքշաբթի՝ գալիք. հինգշաբթի՝ ճանճնոց. ուրբաթ՝ մկնոց և շաբաթ՝ անէծք-մօր: Եւ կը մեկնուին այսպէս. ով որ չորեքշաբթի օրը գործադուլ չընէ, տարւոյն մէջ շարունակ արկածներու պիտի հանդիպի. իսկ թէ նոյնը հինգշաբթի օրը չընէ, ճանճերէ պիտի նեղուի. և թէ ուրբաթի օրն՝ գործադուլ չընէ, մկներու կեր պիտի ըլլան ամէն բան. վերջապէս շաբաթի օրն՝ թէ գործ ընէ, տղեկներն իրենց մայրերէն պիտի անիծուին:
ՎԵՐՋ

Անգիր դպրութիւն և հին սովորոյթներ-Վահան Վրդ. Տէր-Մինասեան-1904
vendredi 7 février 2020
Այսօր աղի բլիթ ուտելու օրն է❤️Այսօր ավարտվում է Առաջավորաց պահքը❤️Վաղը Սուրբ Սարգսի տոնն է❤️
Սբ. Սարգսի տոնին նախորդող գիշերը երիտասարդներն աղի բլիթ են ուտում, որի հետ կապում են իրենց փեսացուի կամ հարսնացուի երազահայտնությունը:
Այդ օրը հիշատակելի սովորություններից է փոխինդով մատուցարանը տան տանիքին կամ պատշգամբին դնելը և սպասելը Սբ. Սարգիս զորավարի ձիու պայտի հետքին:
Ըստ ավանդույթի` Սբ. Սարգիսը պետք է հրեշտակների ուղեկցությամբ անցնի և ում մատուցարանի մեջ դրված ալյուրի կամ փոխինդի մեջ թողնի իր սպիտակ ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կիրականանա հավատացյալի երազանքը:
Տոնի առթիվ սիրահարված երիտասարդները միմյանց բացիկներ և քաղցրավենիք են նվիրում:
Տոնի օրը Սբ. Սարգիս Զորավարի անունը կրող եկեղեցիներում մատուցվում է Պատարագ, որից հետո կատարվում երիտասարդների օրհնության կարգ:
Սուրբ Սարգսի տոնին ընդառաջ. աղի բլիթ, փոխինդով սկուտեղ եւ օրհնություն Ըստ ժողովրդական ավանդույթի, Սուրբ Սարգսի տոնին երիտասարդաներն աղի բլիթ են ուտում քնելուց առաջ, որպեսզի երազում տեսնեն իրենց կեսին, ով ջրով լի բաժակ կտա:
Շատ կարեւոր է դիմանալ ու ամբողջ գիշեր ջուր չխմել: Չէ՞ որ բլիթը հենց դրա համար են աղի անում, որպեսզի ծարավեք, ու այդ ծարավը երազում հագեցնի ձեր սիրելին:
Ի դեպ, մարդկանց շրջանում թյուր կարծիք կա տարածված, թե աղի բլիթը պետք է անպայման պատրաստված լինի այրի կնոջ ձեռքով: Նման բան չկա, ուստի դուք ինքներդ կարող եք ձեր ձեռքերով պատրաստել բլիթը:
Իսկ այժմ պարզապես նշենք, որ աղի բլիթը պետք է ուտել հունվարի 7-ի երեկոյան: Տոնի օրը Ս.Սարգիս Զորավարի անունը կրող եկեղեցիներում մատուցվում է Ս. Պատարագ, որից հետո կատարվում երիտասարդների օրհնության կարգ:
lundi 6 janvier 2020
🎄✨🎄ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆՎԵՑ և ՀԱՅՏՆՎԵՑ ✨ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՎԵՏԻՍ🎄✨🎄
Թող Աստված յուրաքանչյուրիս պարգևի
խոհեմություն և ամուր կամք՝ բարին և
օգտակարը ընտրելու և հեռու մնալու անօգուտ և ապականիչ ցանկություններից և
գործերից:
Բոլոր նրանց, ովքեր մերձավորներ են կորցրել՝ հույս և մխիթարություն, իսկ ննջեցյալներին՝ հոգու հանգստություն:
Սեր և խաղաղություն՝ յուրաքանչյուրիս ընտանիքին, արդարություն, զորություն և բարօրություն մեր Հայրենիքին:
Հիսուսը չուներ ծառաներ,
բայց Նրան Տեր էին կոչում:
Նա չուներ կրթություն,
բայց Նրան Վարդապետ էին կանչում:
Թեև չուներ դեղորայք,
բայց Նրան Բժիշկ էին անվանում:
Նա չուներ զորաբանակ,
բայց թագավորները զարհուրում էին Նրանից:
Երբևէ պատերազմներում չմարտնչեց,
բայց գրավեց ողջ աշխարհը:
Երբևէ հանցանք չգործեց,
բայց դատապարտվեց իբրև հանցագործ:
Թեև թաղվեց,
բայց հարություն առավ և կենդանի է հավետ…
Օրհնյալ է հայտնությունը Քրիստոսի:
ՔՐԻՍՏՈՍ ծնավ և հայտնեցավ,
Մեզ և Ձեզ մեծ ավետիս
Inscription à :
Articles (Atom)