mercredi 20 janvier 2010
jeudi 7 janvier 2010
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ

ԾՆՈՒՆԴԻ ԳԻՇԵՐ
Լուռ գիշեր էր, ուշ գիշեր էր,
Երկինքն աստղերով կը փայլեր,
Ու մսուրին մէջ աղքատիկ,
Կը քնանար Յիսուս Մանկիկ:
Երկինքէն ան վար էր իջած,
Որ մեր հոգիները մաշած,
Վերականգնէր՝սրբացնէր,
Հօր Աստուծոյ բարձրացնէր:
Իր հետ բերաւ խաղաղութիւն,
Եւ նաեւ եղբայրութիւն,
Հարուստ, աղքատ, մեծ ու պզտիկ,
Կազմեցինք մենք մէկ ընտանիք:
Լայն բացաւ դուռն արքայութեան,
Անխտաբար ողջ մարդկութեան,
Ու հոգիով աղքատներուն
Խոստացաւ ան երջանկութիւն:
Քարայրէն այդ խեղճ, աղքատիկ,
Յոյս ներշնչեց, Յիսուս Մանկիկ,
«Եղբայր ենք մենք» յայտարարեց,
Իր գալուստով զայն հաստատեց:
Ծնունդ է այս բոլոր գիշեր,
Զայն կ'աւետեն հրեշտակներ,
Հոգիներու մէջ վրդոված,
Լոյսի նշոյլներ են բացուած:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս՛
Մարմին առաւ ու մարդացաւ,
Որ փրկուի, քո'ւ ի'մ հոգիս:
Լուռ գիշեր էր, ուշ գիշեր էր,
Երկինքն աստղերով կը փայլեր,
Ու մսուրին մէջ աղքատիկ,
Կը քնանար Յիսուս Մանկիկ:
Երկինքէն ան վար էր իջած,
Որ մեր հոգիները մաշած,
Վերականգնէր՝սրբացնէր,
Հօր Աստուծոյ բարձրացնէր:
Իր հետ բերաւ խաղաղութիւն,
Եւ նաեւ եղբայրութիւն,
Հարուստ, աղքատ, մեծ ու պզտիկ,
Կազմեցինք մենք մէկ ընտանիք:
Լայն բացաւ դուռն արքայութեան,
Անխտաբար ողջ մարդկութեան,
Ու հոգիով աղքատներուն
Խոստացաւ ան երջանկութիւն:
Քարայրէն այդ խեղճ, աղքատիկ,
Յոյս ներշնչեց, Յիսուս Մանկիկ,
«Եղբայր ենք մենք» յայտարարեց,
Իր գալուստով զայն հաստատեց:
Ծնունդ է այս բոլոր գիշեր,
Զայն կ'աւետեն հրեշտակներ,
Հոգիներու մէջ վրդոված,
Լոյսի նշոյլներ են բացուած:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս՛
Մարմին առաւ ու մարդացաւ,
Որ փրկուի, քո'ւ ի'մ հոգիս:
vendredi 18 décembre 2009
ԾՆՈՒՆԴ, ԱՂԲԻՒՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ,
ԱՅՍ ՍՈՒՐԲ ԿԱՂԱՆԴԻՆ ԱՌԹԻՒ,
Աստուծմէ խնդրենք շնորհք, փրկութիւն մեր հոգիներուն, խաղաղութիւն այս աշխարհին.
Այսօր ,Յիսուս կը ցանէ Սէրը մեր մէջ եւ Աստղին լոյսը կը վերակենդանացնէ մեղքերով փճացած կեանքը:
Տէր գթա' մեզի եւ մեզ մի զրկեր քու առատաձեռնութենէդ, համբերութենէդ եւ սէրէդ:
Թո'ղ Ծնունդը ու Նոր Տարին մեզի բերեն խաղաղութիւն. ընտանեկան եւ ընկերային հաստատ կապերը թո'ղ առաջնորդեն մեզ դէպի իսկական եղբայրութիւն մը:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան
jeudi 17 décembre 2009
lundi 14 décembre 2009
Inscription à :
Articles (Atom)
