vendredi 24 décembre 2021

«ԿԱՂԱՆԴԸ ՊԻՏԻ ՎԱՌԵՆՔ»


ԿԱՂԱՆԴԸ ՊԻՏԻ ՎԱՌԵՆՔ
 (ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՅՈՒՇԵՐ)
 
Մուսա Լերան փէշերուն թառած հայրենի իմ գիւղի մանկական ոսկէ յուշերուս համաստեղութեան մէջ անմոռանալի ու քաղցրօրէն հմայիչ կոչուած է մնալ Կաղանդը՝ հին արի ու բարի օրերու հայկական Ամանորը:
Օրեր շարունակ՝ դպրոցէն ներս, թէ՛ տուներու մէջ մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը, անրջանքներու միակ առարկան Կաղանդը կ՛ըլլար: Կ՛երազէինք յատկապէս Ամանորի առաւօտը, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ պիտի «վառէինք Կաղանդ»ը:
Յիշատակելի այս օրէն դեռ շաբաթներ առաջ կ՛երդայինք մեզմէ աւելի մեծ, հասուն պատանիներու հետ դափնիի պուրակները և մասնագէտի աչքերով մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ընտրէր Կաղանդի օրը վառելիք իր դափնեոստը: Նախընտրելի էր որ ոստը ըլլար ուղղաձիգ, միջակ հաստութեամբ և առատ տերեւներով: Ոստի վրայի տերեւները և փոքր ճիղերը կը մաքրէինք և միայն ոստին ծայրը առատ փունջ մը տերեւ կը պահուէր: Կաղանդի առտուն ոստին ծայրը պահուած այդ տերեւափունջն էր որ պիտի վառէինք՝ հասարակաց հսկայ խարոյկի մը վրայ, անցնող հին տարին վառած ըլլալու հաստատ համոզումով:

Արշալոյսը բացուելու վրայ է: Դուրսը, քաղցր երազի մը հանգոյն ձիւնը կը մաղուի՝ իր մայրական գիրկին մէջ առնելով երդիկ ու բակ, ծառ ու պարտէզ, լեռ ու անտառ: Շատոնց արդէն տնեցիները արթնցուցած եմ և մայրս փառաւոր կրակ մը պատրաստած է: Թէեւ շատ հաճելի է կրակի մտերմութիւնը նման պաղ առաւօտ մը, սակայն իմ աչքերս դուրսն են: Հարազատ բնութիւնը զիս իր գոգը կը հրաւիրէ: Մաքիի նոր կթուած թարմ կաթը կը խմեմ, վերարկուս ու կրկնակօշիկներս կը հագնիմ և գրկելով սենեակին անկիւնը երկարած դափնեոստը դուրս կը նետուիմ:

- Ո՞վ պիտի բռնկեցնէ կրակը,- կը սկսին հարց տալ ամէն կողմէ: Մարդ չի ժպրհիր առաջ անցնիլ:
- Գրաճ պապուկը ո՞ւր է, Գրաճ պապուկը ո՞ւր է,- կը ձայնեն քանի մը հոգի:
Գրաճ պապուկը 60ը անց, կարճահասակ ծերուկ մըն է: Ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ գիւղին մէջ իբր պատրաստաբան ու հանրանուէր անձ: Ընդհանրապէս անոր կը վիճակուի Կաղանդի խարոյկը բռնկեցնելու պատիւը: Սակայն այս առտու կը բացակայի ան:
Վերջապէս գիւղի եիկիտներէն Սարգիսը յառաջ կը նետուի խարոյկը վառելու հաստատ վճռակամութեամբ: Անոր աչքերը հանդիպեր էին խումբ մը ընկերուհիներու հետ Ադամենց բակը կայնած նշանածին՝ գեղանի Վարդուշի սաստող ակնարկին: Ալ ի՞նչպէս կարող էր տեղը կենալ:
Սարգիսի խիզախումը հսկայական ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ և տասնեակներով դափնեոստեր վեր բարձրանալով կը շառաչեն անոր գլխուն վրայ: Սարգիս վերարկուն կը քաշէ գլխուն և միաժամանակ քանի մը ոստերու գլուխը կոտրելով կը յառաջանայ դէպի չոր փայտի և խոտի դէզը: Սակայն հարուածները այնքան կը սաստկանան գլխուն, կռնակին, ուր որ հանդիպին, որ կը ստիպուի ընկրկիլ՝ յիշոցներ արձակելով ձախ ու աջ:
Մինչ այդ ձիւնը դադրած է արդէն եւ սուր ցուրտը կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները: Սակայն որո՞ւն հոգը:
- Քէքիւտ տէտը հիգստուն (*), ճամբայ տուէ՛ք ինծի: Ես պիտի վառեմ Կաղանդը,- կը գոչէ յանկարծ Խաթուն հօրքուրը ներկաները հրմշտկելով և ճգնելով ճամբայ բանալ դէպի չոր փայտի դէզը: Ժամկոչի կատակասէր բարի պառաւին ալ չեն խնայեր: Ընդհանուր հարա-հրոցի ու ծիծաղներու մէջ դափնեոստերը անխնայ կը հարուածեն անոր ճերմկած գլուխը: Երկու ձեռքերով գլուխը պաշտպանելով՝ հազիւ թէ ինքզինք ժողովուրդին մէջ կը նետէ Խաթուն հօրքուրը:
Մէկէն պատանիի մը խանդավառ բացագանչութիւնը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
- Հէ՜յ, Գրաճ պապուկը կու գա՜յ:
Ամէն մարդ գլուխը ետ կը դարձնէ: Արդարեւ եկեղեցիի քովի թաղէն վար կ՛իջնէ, աւելի ճիշդը կը գլտորի Գրաճ պապուկը: Անիկայ հագած է մինչեւ ոտքերը հասնող վերարկու մը և գլուխը կը ծածկէ հսկայ փափախ մը, որ կ՛իջնէ մինչեւ ականջները: Յատկապէս ինքնապաշտպանութեան բոլոր նախազգշութիւնները ձեռք առած է: Գրաճ պապուկ խանդավառ ծափերու և կատակախառն ակնարկութիւններու տարափի մը տակ տեղ կը հասնի:
- Գրաճ պապո՛ւկ, ո՞ւր մնացիր: Եթէ դուն չգայիր, Կաղանդը վառող պիտի չգտնուէր այսօր:
- Գրաճ պապո՛ւկ, եկո՛ւր, բռնկեցո՛ւր նայինք սա խարոյկը: Ճահելներուն ձեռքը ինկեր էյինք այսօր:
Գրաճ պապուկ ծաղրածուի արտայայտութիւն մը տալով դէմքին՝ կը հարէ.
- Պրէ՜ հէրիֆնե՛ր, կրակ մը չէք կրնար բռնկեցնել: Գրաճ պապուկի մեռնելէն ետք, կ՛երեւի թէ Կաղանդը վառող պիտի չգտնուի այլեւս:
Երկարաձիք տարիներ այսօր մեզ կը բաժնեն սրտառուչ ժողովրդային մեղեդիի մը պէս քաղցր ու բարի այն օրերէն: Մեզմէ անդարձ հեռացած սիրելի, մտերիմ դէմքերու ու վայրերու և կեանքի ու հողի իմաստութեամբ շնչող լքուած տոհմիկ սովորութիւններու տխուր յաճախանքն է որ Նոր Տաուան սեմին կը համակէ իմ հոգիս և ափսոսանք մը կը պոռթկայ շրթներէս՝ մտածելով թէ որքան ճիշդ դուրս եկաւ բարի ու աննման Գրաճ պապուկի մարգարէական նախատեսութիւնը. «Կ՛երեւի թէ մահէս ետք մարդ պիտի չվառէ այլեւս Կաղանդը»:
Այո՛, սիրելի Գրաճ պապուկ, այսօր մարդ չի վառեր այլեւս Կաղանդը:
***
(*) Տարիքոտ կիներու բերնին մէջ անմեղ յիշոց մը:
 
 ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ

lundi 20 décembre 2021

Maléna - Qami Qami - WINNER - LIVE - Armenia 🇦🇲 - Junior Eurovision 2021

 

Երեկ ավարտվեց «Մանկական Եվրատեսիլը», Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալենան «Քամի, քամի» երգով զբաղեցրեց առաջին հորիզոնականը: Ինչպես ասում են. «սառույցը տեղից շարժվեց» նախատոնական ունեցանք առաջին հաղթանակը🙏
Հաջորդ տարի «Մանկական Եվրատեսիլը» կկայանա Հայաստանում։

lundi 13 septembre 2021

samedi 17 juillet 2021

ՊԱԼԸԽՃԻ ՄԻՐԻԿԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԻՐ ՆՇԱՆԱԾԻՆ✉️

Իմանըմ աղջիկ, պալ խայմախ շէքէր,
Միսի կտոր չէ, եիւրէքտիր չէքէր.
Աս գիրըս Սուրբիկ առնելուդ կիպի,
Կիտցիր Միրիկն ալ հիսար տիպի.
Հիչ գործ մը չունի ղալաթիոյ ժամը,
Կոտըրտէ պիւդիւն խաֆանէր, ճամը.

Տահա երէկ էր, գէօրին մէյհանէն,
Խապար առի քիմ ծառքէ պիտ հանէն,
Հայուն ժամերը, աւետարան, խաչ,
Դպրատուն, պսակ, սիւրիւ մը խապ խաչ.
Թօհաֆ անուն մը կայ, նէ չէ ըսըրկան,
Չէ կեցիր նայիմ, հա.. թավշան սըխան:

Ան վո՞ւր է, կայ նէ մատ մը պօյերնին,
Պէլլիսիզ ճինսը, իման սօյերնին,
Արշըն մը սեւ լաթ կապած ճիտերնին,
Լախըրտը մըն ալ չըլլար հետերնին.
Ծուռ ծուռ, շաբխալը քիւֆէ կ'ըլմանին,
Որուն քով հիչ է շաքարճը Եանին,
Ան ալ ինքնուն վըրայօք եան մը,
Լեզունին ըսես, պամ պաշխա պան մը.

Իշտէ սա մարդիկ, հեռու տեղերէ,
Պոլիս եկեր են, հեռոս եղեր են,
Քա Սուրբիկ, չիտես, կտրեցայ կրակ,
Ծառքիս պակաս էր, սալտըրման մինակ,
Նասըլ քի մասային զարկի նէ «շրախ»
Մասային վրայ չմնաց պարտախ:

Ծօ որո՞ւն մալը կուտաքկոր որու,
Մենք շատ փըչեր ենք ատ պիչիմ պօռու,
Խաֆաս փէք տառցաւ, հէլէ նէ իսէ...
Պէրէքէդ վէրսին օ թաթլը սէսէ,
Քէմանի Ալին առնելուն կիպի,
Պէսդէնիք եարէն պըրաքտըմ իփի,

Սէրի սէպէպն ալ դուն ես քա աղջիկ,
Ինչո՞ւ այսպէս ենք պիւթիւն պալըխճիք,
Արսլան մարդիկ ենք, ծով, թիփի, պօռա,
Հիչ փապուճնիս չէ, կը քաշենք հօռա,
Ամա աղջկան պըռնուեցանք մի...
Արապն ալ մոռցիր...շէքէրն ալ Շամի,

Իլլէ րախըին կլոխ քէմանին,
Երբոր պաշլայէ ղազէլըն, մանին,
Աման եարապպիմ...ո՞ւր է ծօ պինլիք,
Ամանըմ եարէյ, ամանըմ Սուրբիք,
Խաչվըկայ թէ չիտես, Սուրբիկ ինչ կ'ըլլամ,
Նաղարա մը նետեմ, չէնի մի հոն կամ:

Ո՞ւր պաշլայեցի, ո՞ւր տեղուանք եկայ,
Ես կ'ըսեմ նորէն խաֆաս խելք չըկայ.
Ան օրէն քի քեզ բէնճէրէն տեսայ,
Ես քեզ հարս ըսի, դուն ինծի փեսայ.
Ծառքըդ սեղմեցի, հէյ կիտի կիւնլէր...
Հադըրա կէլիր ահ.. պազը նէլէր...
Վէսսէլամ Սուրբիք ,ելայ եկայ տուն,
Հիչ չգնացայ էդ օր, լուս առտուն,
Շիբ շիտակ կացի մեր Սուրբ Գէորգին,
Հէյ Աստուած ըսի, աս մարդոց ձեռքին,
Ես քեզի ասլա չի ցգեմ պիտոր,
Ըլլալըս գիտնամ թէ կտոր կտոր,
Դուրս ելայ չելայ, թամ ժամուն բակը,
Դիմացըս չելլայ տայը Միսակը,
Ան ալ պիտ ղազապ թըբխը ինծի պէս,
Ետեւ նետեր է, թուլումպաճի ֆէս,
Աչքերը կրակ, կտրեր է նէֆէս,
Խըշմով մը ինծի չքաշէ՞ր թեւէս,
Ծօ խեր է Միսաք խըզմիշ եղեր էս,
Լախըրտըն պէրանս խաչոր մնաց կէս:

...Տահա կեցեր ես, լախըրտը կ'ընես,
Հայ էս նէ ախպար եկուր ետեւէս,
Ծանըս կըտրեցի, կացի ետեւէն,
Իջանք ու ելանք խէր մը մէրտիվէն,
Խանէ մը մտանք, ելանք օրթա խաթ,
Օտա մը պացաւ, ինծի ներս խոթեց,
Ետեւէս տուռը սըխը մը կոցեց:

Մէյ մ'ալ կը նայիս ,աղա մը եկաւ,
Պարեւը տուաւ, խօլթուխը նստաւ,
Ինծի նայէ՛ ծօ,ախբարիկ ըսաւ.
Այսօր մենծ օր է, իմացար հարկաւ,

Ղալաթիոյ ժամը ,այսօր, ցորեկին,
Տէր պիտի ըլլան, ժամուն բանլիքին,
Էյսօր Հայէսնէ ժամըդ կը սիրես,
Պէտք է հոն երթաս, շաբխալըն ծեծես,
Առ սաւիկա ալ, երկու թէք նետէ,
Կացէք ճիվաններ ձեզ տեսնեմ՛ հայտէ՛
Ինտոր ներս մտանք, անանկ դուրս ելանք.
«Սանտըխպուրնու»ի կողմը երկընցանք,

Իշտէ աս կիրըս կը խաւրէմ հոնկէց,
Պէլքի Սուրբիկ, ուտելնիքէն ծեծ,
Խաֆայիս պան մը կ'իջեցընէն տէ,
Պէլքի պաշխասը կիպի միլլէթէ,
Նահատակ կ'ըլլամ, ան ալ հոգըս էր...
Իզմիր ալ իջան Քէշիշօղլուներ,
Ասխըն հա՛ մէրախ չ'ընէս քա Սուրբիք,
Բաբուճնիս ի վար, թիւֆէկնիս տիպճիկ,

Անոնք շաբխալը են,հոս պալըխճը ենք
Օլտըխճա մենք ալ վախտին տեսեր ենք
Մէթէլիկ չենք տար, եալլահ ըսելնուն,
Ունինք ՛ կիտէ՞ս, հէմ ալ ինչ անուն...

Սուրբիք սօն խօսք մը՝ այսօր պան մ'ըլլամ,
Երկու, երեք օր հիչ օէթա չ'ելլամ
Սախըն հայրիկիս, մայրիկիս չ'ըսես.
Հէլպէթ Աստուծոյ աղօթքովը ես,
Կը թէմուզցունէմ անոնց ամէնքը,
Կ'առնէմ միլլէթին տուվա, օրհնէնքը.
Պարէ անոնք ալ, Միրիկ մը տեսնան,
Իրար չ'անցունեն նէ տին ,նէ իման.

Պիպէռ աչքերէդ, պէրնէդ աղուորիկ,
Պաչիկներ առնող ՊԱԼԸԽՃԸ ՄԻՐԻԿ:

Գրեմ Սիմոն