ԿԱՂԱՆԴԸ ՊԻՏԻ ՎԱՌԵՆՔ
(ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՅՈՒՇԵՐ)
Մուսա Լերան փէշերուն թառած հայրենի իմ գիւղի մանկական ոսկէ յուշերուս համաստեղութեան մէջ անմոռանալի ու քաղցրօրէն հմայիչ կոչուած է մնալ Կաղանդը՝ հին արի ու բարի օրերու հայկական Ամանորը:
Օրեր շարունակ՝ դպրոցէն ներս, թէ՛ տուներու մէջ մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը, անրջանքներու միակ առարկան Կաղանդը կ՛ըլլար: Կ՛երազէինք յատկապէս Ամանորի առաւօտը, ուր ընդհանուր խանդավառութեան մէջ պիտի «վառէինք Կաղանդ»ը:
Յիշատակելի այս օրէն դեռ շաբաթներ առաջ կ՛երդայինք մեզմէ աւելի մեծ, հասուն պատանիներու հետ դափնիի պուրակները և մասնագէտի աչքերով մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ընտրէր Կաղանդի օրը վառելիք իր դափնեոստը: Նախընտրելի էր որ ոստը ըլլար ուղղաձիգ, միջակ հաստութեամբ և առատ տերեւներով: Ոստի վրայի տերեւները և փոքր ճիղերը կը մաքրէինք և միայն ոստին ծայրը առատ փունջ մը տերեւ կը պահուէր: Կաղանդի առտուն ոստին ծայրը պահուած այդ տերեւափունջն էր որ պիտի վառէինք՝ հասարակաց հսկայ խարոյկի մը վրայ, անցնող հին տարին վառած ըլլալու հաստատ համոզումով:
Արշալոյսը բացուելու վրայ է: Դուրսը, քաղցր երազի մը հանգոյն ձիւնը կը մաղուի՝ իր մայրական գիրկին մէջ առնելով երդիկ ու բակ, ծառ ու պարտէզ, լեռ ու անտառ: Շատոնց արդէն տնեցիները արթնցուցած եմ և մայրս փառաւոր կրակ մը պատրաստած է: Թէեւ շատ հաճելի է կրակի մտերմութիւնը նման պաղ առաւօտ մը, սակայն իմ աչքերս դուրսն են: Հարազատ բնութիւնը զիս իր գոգը կը հրաւիրէ: Մաքիի նոր կթուած թարմ կաթը կը խմեմ, վերարկուս ու կրկնակօշիկներս կը հագնիմ և գրկելով սենեակին անկիւնը երկարած դափնեոստը դուրս կը նետուիմ:
- Ո՞վ պիտի բռնկեցնէ կրակը,- կը սկսին հարց տալ ամէն կողմէ: Մարդ չի ժպրհիր առաջ անցնիլ:
- Գրաճ պապուկը ո՞ւր է, Գրաճ պապուկը ո՞ւր է,- կը ձայնեն քանի մը հոգի:
Գրաճ պապուկը 60ը անց, կարճահասակ ծերուկ մըն է: Ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ գիւղին մէջ իբր պատրաստաբան ու հանրանուէր անձ: Ընդհանրապէս անոր կը վիճակուի Կաղանդի խարոյկը բռնկեցնելու պատիւը: Սակայն այս առտու կը բացակայի ան:
Վերջապէս գիւղի եիկիտներէն Սարգիսը յառաջ կը նետուի խարոյկը վառելու հաստատ վճռակամութեամբ: Անոր աչքերը հանդիպեր էին խումբ մը ընկերուհիներու հետ Ադամենց բակը կայնած նշանածին՝ գեղանի Վարդուշի սաստող ակնարկին: Ալ ի՞նչպէս կարող էր տեղը կենալ:
Սարգիսի խիզախումը հսկայական ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ և տասնեակներով դափնեոստեր վեր բարձրանալով կը շառաչեն անոր գլխուն վրայ: Սարգիս վերարկուն կը քաշէ գլխուն և միաժամանակ քանի մը ոստերու գլուխը կոտրելով կը յառաջանայ դէպի չոր փայտի և խոտի դէզը: Սակայն հարուածները այնքան կը սաստկանան գլխուն, կռնակին, ուր որ հանդիպին, որ կը ստիպուի ընկրկիլ՝ յիշոցներ արձակելով ձախ ու աջ:
Մինչ այդ ձիւնը դադրած է արդէն եւ սուր ցուրտը կը թափանցէ մինչեւ ոսկորները: Սակայն որո՞ւն հոգը:
- Քէքիւտ տէտը հիգստուն (*), ճամբայ տուէ՛ք ինծի: Ես պիտի վառեմ Կաղանդը,- կը գոչէ յանկարծ Խաթուն հօրքուրը ներկաները հրմշտկելով և ճգնելով ճամբայ բանալ դէպի չոր փայտի դէզը: Ժամկոչի կատակասէր բարի պառաւին ալ չեն խնայեր: Ընդհանուր հարա-հրոցի ու ծիծաղներու մէջ դափնեոստերը անխնայ կը հարուածեն անոր ճերմկած գլուխը: Երկու ձեռքերով գլուխը պաշտպանելով՝ հազիւ թէ ինքզինք ժողովուրդին մէջ կը նետէ Խաթուն հօրքուրը:
Մէկէն պատանիի մը խանդավառ բացագանչութիւնը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէ:
- Հէ՜յ, Գրաճ պապուկը կու գա՜յ:
Ամէն մարդ գլուխը ետ կը դարձնէ: Արդարեւ եկեղեցիի քովի թաղէն վար կ՛իջնէ, աւելի ճիշդը կը գլտորի Գրաճ պապուկը: Անիկայ հագած է մինչեւ ոտքերը հասնող վերարկու մը և գլուխը կը ծածկէ հսկայ փափախ մը, որ կ՛իջնէ մինչեւ ականջները: Յատկապէս ինքնապաշտպանութեան բոլոր նախազգշութիւնները ձեռք առած է: Գրաճ պապուկ խանդավառ ծափերու և կատակախառն ակնարկութիւններու տարափի մը տակ տեղ կը հասնի:
- Գրաճ պապո՛ւկ, ո՞ւր մնացիր: Եթէ դուն չգայիր, Կաղանդը վառող պիտի չգտնուէր այսօր:
- Գրաճ պապո՛ւկ, եկո՛ւր, բռնկեցո՛ւր նայինք սա խարոյկը: Ճահելներուն ձեռքը ինկեր էյինք այսօր:
Գրաճ պապուկ ծաղրածուի արտայայտութիւն մը տալով դէմքին՝ կը հարէ.
- Պրէ՜ հէրիֆնե՛ր, կրակ մը չէք կրնար բռնկեցնել: Գրաճ պապուկի մեռնելէն ետք, կ՛երեւի թէ Կաղանդը վառող պիտի չգտնուի այլեւս:
Երկարաձիք տարիներ այսօր մեզ կը բաժնեն սրտառուչ ժողովրդային մեղեդիի մը պէս քաղցր ու բարի այն օրերէն: Մեզմէ անդարձ հեռացած սիրելի, մտերիմ դէմքերու ու վայրերու և կեանքի ու հողի իմաստութեամբ շնչող լքուած տոհմիկ սովորութիւններու տխուր յաճախանքն է որ Նոր Տաուան սեմին կը համակէ իմ հոգիս և ափսոսանք մը կը պոռթկայ շրթներէս՝ մտածելով թէ որքան ճիշդ դուրս եկաւ բարի ու աննման Գրաճ պապուկի մարգարէական նախատեսութիւնը. «Կ՛երեւի թէ մահէս ետք մարդ պիտի չվառէ այլեւս Կաղանդը»:
Այո՛, սիրելի Գրաճ պապուկ, այսօր մարդ չի վառեր այլեւս Կաղանդը:
***
(*) Տարիքոտ կիներու բերնին մէջ անմեղ յիշոց մը:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ