vendredi 30 janvier 2009
ԻՄ ԱՆՆՄԱՆ ԵՐԵՎԱՆ
ԻՄ ԱՆՆՄԱՆ ԵՐԵՎԱՆ
Հոգեհատոր իմ քաղաք,
Որքա՛ն սիրել եմ ես քեզ,
Դո'ւն իմ բաղձանք, իմ պարծանք,
Սրտիս անգին մի ժանեակ,
Խռովել եմ առանց քեզ.
Աղբիւրներով անհամար,
Կապոյտ մի երկինք պայծառ,
Վճիտ ջուրով, մաքուր օդով,
Ծիրանագոյն երկնակամար.
Տառապել եմ առանց քեզ:
Յուշարձանը յաւերժական,
Մեծ Եղեռնի զոհերուն,
Թանգարանը անզուգական,
Մեր պապերի գործերուն,
Ծոցիդ մէջ դուն կը պահես,
Գորովալից մօր մը պէս:
Մարմինով քեզմէ անջատ,
Միտքով, սիրտով եւ շունչով,
Հետդ ապրող մի անհատ,
Դուն իմ մարմնի ուղեծուծ,
Դուն իմ սրտի շնչերան,
Թանկարժէք մայրաքաղաք,
Իմ աննմամ Երեվան:
Հոգեհատոր իմ քաղաք,
Որքա՛ն սիրել եմ ես քեզ,
Դո'ւն իմ բաղձանք, իմ պարծանք,
Սրտիս անգին մի ժանեակ,
Խռովել եմ առանց քեզ.
Աղբիւրներով անհամար,
Կապոյտ մի երկինք պայծառ,
Վճիտ ջուրով, մաքուր օդով,
Ծիրանագոյն երկնակամար.
Տառապել եմ առանց քեզ:
Յուշարձանը յաւերժական,
Մեծ Եղեռնի զոհերուն,
Թանգարանը անզուգական,
Մեր պապերի գործերուն,
Ծոցիդ մէջ դուն կը պահես,
Գորովալից մօր մը պէս:
Մարմինով քեզմէ անջատ,
Միտքով, սիրտով եւ շունչով,
Հետդ ապրող մի անհատ,
Դուն իմ մարմնի ուղեծուծ,
Դուն իմ սրտի շնչերան,
Թանկարժէք մայրաքաղաք,
Իմ աննմամ Երեվան:
vendredi 16 janvier 2009
Ո'Վ ՀԱՅ
Ո'վ Հայ,երբ տեսնես կշիռ մը որուն մէկ նժարը ծանրացուցած են թշուառութիւնը, տգետութիւնն ու բռնութիւնը, նետէ՛ միւս թաթին մէջ.
Գորո՛վդ ու կորովդ' եթէ ազգասէր ես.
Գա՛նձդ' եթէ հարուստ ես.
Սուի՛նդ' եթէ զինւոր ես.
Հոգի՛դ' եթէ մայր ես.
Ուղե՛ղդ' եթէ հանճար ես.
Գաղափա՛րդ' եթէ փիլիսոփայ ես.
Խա՛նդդ' եթէ քերթող ես.
Գրի՛չդ' եթէ հրապարակագիր ես.
Լեզո՛ւդ' եթէ պերճախօս ես.
Սլա՛քդ' եթէ երգիծաբան ես.
Նրբամտութի՛ւնդ' եթէ քաղաքագէտ ես.
Բա՛հդ' եթէ մշակ ես.
Մո՛ւրճդ եթէ գործաւոր ես:
Գորո՛վդ ու կորովդ' եթէ ազգասէր ես.
Գա՛նձդ' եթէ հարուստ ես.
Սուի՛նդ' եթէ զինւոր ես.
Հոգի՛դ' եթէ մայր ես.
Ուղե՛ղդ' եթէ հանճար ես.
Գաղափա՛րդ' եթէ փիլիսոփայ ես.
Խա՛նդդ' եթէ քերթող ես.
Գրի՛չդ' եթէ հրապարակագիր ես.
Լեզո՛ւդ' եթէ պերճախօս ես.
Սլա՛քդ' եթէ երգիծաբան ես.
Նրբամտութի՛ւնդ' եթէ քաղաքագէտ ես.
Բա՛հդ' եթէ մշակ ես.
Մո՛ւրճդ եթէ գործաւոր ես:
ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ
Չըգիտեմ ինչո'ւ, դեռ պատանեկիկ,
Համբուրում էի խաչքարերն այնպէ'ս,
Երբ մայրիկիս հետ ես՝ ոտաբոպիկ՛'
Վանքի սարն էի ելնում գառի պէս:
Հիմա էլ սրտանց համբուրում եմ դեռ,
Բայց հիմա գիտեմ, թէ ինչո'ւ համար,
Ես համբուրում եմ, ո'վ նախահայրեր,
Քարից լոյս կերտող ձեր ձեռքը ճարտար,
Որ վայրի ու բիրտժայռերի վըրայ
Ոգու տարերքն է հրաշագործել,
Եւ համբուրելով սուրբ հետքը նըրա՛
Անմահութիւնն եմ համբուրում ես ձեր...
Հիմա էլ սրտանց համբուրում եմ դեռ,
Բայց հիմա գիտեմ, թէ ինչո'ւ համար,
Ես համբուրում եմ, ո'վ նախահայրեր,
Քարից լոյս կերտող ձեր ձեռքը ճարտար,
Որ վայրի ու բիրտժայռերի վըրայ
Ոգու տարերքն է հրաշագործել,
Եւ համբուրելով սուրբ հետքը նըրա՛
Անմահութիւնն եմ համբուրում ես ձեր...
mercredi 14 janvier 2009
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ' ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ
Երազեցի, թէ հարցազրոյց մը կը կատարեմ Աստուծոյ հետ:
«Ուրեմն կ'ուզես հարցազրոյց մը ընել հետս» հարց տուաւ Աստուած:
«Եթէ ժամանակ ունիք«, ըսի:
Աստուած ժպտաց'
«Իմ ժամանակս յաւերժութիւնն է , ի՞նչ հարցումներ ունիս մտքիդ մէջ»:
«Որո՞նք են կեանքի կարգ մը դասերը, զորս, իբրեւ ծնող, կ'ուզես որ զաւակներդ սորվին».
«Ուրեմն կ'ուզես հարցազրոյց մը ընել հետս» հարց տուաւ Աստուած:
«Եթէ ժամանակ ունիք«, ըսի:
Աստուած ժպտաց'
«Իմ ժամանակս յաւերժութիւնն է , ի՞նչ հարցումներ ունիս մտքիդ մէջ»:
- «Մարդկութեան մասին ի՞նչն է, որ ամէնէն աւելի կը զարմացնէ ձեզ»:Աստուած պատասխանեց.
- «Թէ անոնք կը ձանձրանան մանկութենէ, կը փութան մեծնալու, իսկ յետոյ կը տենչան մանուկներ դառնալ վերստին»,
- «Թէ կը կորսնցնեն իրենց առողջութիւնը դրամի տիրանալու համար, եւ յետոյ' կը կորսնցնեն իրենց դրամը առողջութիւնը վերագտնելու համար»,
- «Թէ տագնապելով ապագային մասին' կը մոռնան ներկան, եւ այսպիսով, ո՛չ ներկային մէջ կ՛ապրին եւ ոչ ապագային»,
- «Թէ կ'ապրին այնպէս, որ կարծես երբեք պիտի չմեռնին եւ կը մահանան այնպէս մը, որ կարծես բնաւ չեն ապրած»:
«Որո՞նք են կեանքի կարգ մը դասերը, զորս, իբրեւ ծնող, կ'ուզես որ զաւակներդ սորվին».
- Աստուած ժպտալով պատասխանեց.
- «Գիտնալ, թէ կարելի չէ ստիպել ոեւէ մէկուն, որ սիրէ զիրենք, այլ կարելի է միայն իրենց անձը սիրելի դարձնել»,
- «Գիտնալ, թէ լաւ չէ իրեն անձը բաղդատել ուրիշներուն հետ»,
- «Գիտնալ, թէ հարուստ անձը ան չէ, որ ունի ամէնէն աւելին, այլ ան, որ ունի նուազագոյն կարիքները»:
- «Գիտնալ, թէ քանի մը երկվայրկեան կ'առնէ միայն սիրած անձի մը խոր վէրքեր պատճառելը, իսկ այդ վէրքերը բուժելը կ'առնէ տարիներ»,
- «Գիտնալ, թէ ի՛նչ է ներելը' ներելով ուրիշներուն»,
- «Գիտնալ, թէ անձեր կան, որոնք խորապէս կը սիրեն զիրենք, բայց պարզապէս չեն գիտեր ինչպէս արտայայտել կամ ցոյց տալ իրենց սէրը»,
- «Գիտնալ, թէ երկու հոգի կրնան նայիլ միեւնոյն բանին եւ զայն տեսնել տարբեր ձեւով»,
- «Գիտնալ, թէ ՛յաճախ բաւարար չէ ներել ուրիշներուն, այլ պէտք է նաեւ ինքզինքնին ներել»,
- «Եւ գիտնալ, թէ հոս եմ... մի՛շտ»:
dimanche 11 janvier 2009
ՀՕՐ ՄԸ ԽՐԱՏՆԵՐԸ
Հայր մը մահուան սեմին, իր քով կանչելով զաւակները, ուզեց անոնց կեանքի մասին խրատներ տալ.
«Տղաքս» ըսաւ, «սիրեցէք զիրար, իրարու հետ միշտ հաշտ ու համերաշխ ապրեցէք, մտիկ ըրէք մեծերուն խրատները, օգտուեցէք անոնց փորձառութիւններէն, այս ձեւով կրնաք յաղթել կեանքի դժուարութիւնները եւ կուրծք կը դնէք վշտերուն հանդէպ»
«Յարգեցէք տարեցները, թշուառներուն եւ որբերուն օգնութեան հասէք, առատաձեռն եղէք անոնց դէմ, նեցուկ կանգնեցէք չքաւորներուն ու դժբախտներուն»:
«Խուսափեցէք սնափառութենէ, ագահ ու կծծի մի ըլլաք, չի ճնշէ բարկութիւնը ձեր նուրբ զգացումներուն, որ կորուստի կը մատնէ ձեզ»
«Աշխատեցէք, շարունակ աշխատեցէք, որովհետեւ աշխատութիւնը, ազնուութիւն եւ ազատութիւն կը պարգեւէ մարդուն, երբէք մի վարժուիք ծուլութեան, ան ձեզի մոլութիւններու եւ թշուառութեան գերի կը դարձնէ»:
«Սիրելի զաւակներս, ձեզմէ բաժնուելէս յետոյ, շատ աւելի գուրգուրացէք ձեր մօր վրայ. հոգացէք անոր պէտքերուն, երբեք մի մոռնաք թէ ան ձեզի կեանք տուած, ձեզ մեծցուցած, ձեր վրայ հոգ տարած, ձեզ համար եւ ձեզ հետ վիշտեր ու ուրախութիւններ ապրած է:»
«Երկրին կառավարական օրէնքները յարգեցէք, կարգի եւ կանոնի պատուիրաններուն հնազանդեցէք:»
« Մի մոռնաք նաեւ սա խօսքերս, այն անձը որ իրեն չի պատկանողին տէր կը դառնայ, գող մըն է:Իրեն հանդէպ գործուած բարիքները
ուրացողը ապերախտ մը, եւ ծնողքին նեցուկ ու պաշտպան չի դարձողը անպատիւ մըն է. հեռացէք այսպիսիներէ:»
«Սխալները չ'ընդունելով միշտ իրաւունք պնդողը համառ ու անմիտ է, խուսափեցէք անկէ: Ազգն ու հայրենիքը ուրացողը դրուժան կը դառնայ, երբէք մի նմանիք անոնց:»
«Տղաքս, մահուընէս յետոյ, ջանացէք մխիթարել ձեր մայրը, վստահ եղէք որ, ես կատարեալ կերպով ձեզ հասցուցի եւ ձեր ամէն մէկը շատ սիրեցի:»

vendredi 9 janvier 2009
jeudi 8 janvier 2009
ԵՐԿՈՒ ՄԱՆՐԱՎԷՊԵՐ
- Մեղու մը հպարտօրէն հարցուց օր մը մարդուն. «կրնաս ըսել թէ ո՝րն է ինձմէ աւելի օգտակար կենդանին ձեզի համար .անշուշտ պատասխանեց մարդը, ոչխարն է, այս անասունին բուրդը եւ կաթը անհրաժեշտ են, իսկ քու տուած մեղրդ հաճելի»
- Ճանճ մը որ տեղաւորուած էր ձուլի մը կոտոշներէն մէկուն վրայ, մտածելով թէ ծանրութիւն կ'ըլլար անոր, հպարտօրէն հարցուց. «Պարոն ձուլ, եթէ ծանրութիւնովս անհանգիստ կ'ընեմ քեզ, ըսէ, մի քաշուիր, անմիջապէս կը թռիմ»:Հսկայ կենդանին անտարբերութեամբ պատասխանեց. «Քու ներկայութենէդ տեղեակ նոյնիսկ չեմ, պիտի չզգամ նաեւ մեկնումդ, հետեւաբար կարելի չէ որ զիս անհանգստացնես ծանրութիւնովդ:
Այս զոյգ մանրավէպերէն կրնանք հետեւցնել թէ, հպարտը միշտ ինքզինքը անհրաջեշտ ու կարեւոր կը զգայ, մինչդեռ շատ անգամ ուշադրութիւն նոյնիսկ գրաւելու չ'արժանանար:
mercredi 7 janvier 2009
vendredi 2 janvier 2009
Հայերէն բանաստեղծութիւններու կայքէջ
jeudi 1 janvier 2009
ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ
Inscription à :
Articles (Atom)