jeudi 8 janvier 2009

ԵՐԿՈՒ ՄԱՆՐԱՎԷՊԵՐ


  • Մեղու մը հպարտօրէն հարցուց օր մը մարդուն. «կրնաս ըսել թէ ո՝րն է ինձմէ աւելի օգտակար կենդանին ձեզի համար .անշուշտ պատասխանեց մարդը, ոչխարն է, այս անասունին բուրդը եւ կաթը անհրաժեշտ են, իսկ քու տուած մեղրդ հաճելի»
Պէտք է միշտ նախընտրել անհրաժեշտը, քան թէ հաճելին: Ինչպէս որ շաքարը հաճելի է,բայց աղը անհրաժեշտ:



  • Ճանճ մը որ տեղաւորուած էր ձուլի մը կոտոշներէն մէկուն վրայ, մտածելով թէ ծանրութիւն կ'ըլլար անոր, հպարտօրէն հարցուց. «Պարոն ձուլ, եթէ ծանրութիւնովս անհանգիստ կ'ընեմ քեզ, ըսէ, մի քաշուիր, անմիջապէս կը թռիմ»:Հսկայ կենդանին անտարբերութեամբ պատասխանեց. «Քու ներկայութենէդ տեղեակ նոյնիսկ չեմ, պիտի չզգամ նաեւ մեկնումդ, հետեւաբար կարելի չէ որ զիս անհանգստացնես ծանրութիւնովդ:

Այս զոյգ մանրավէպերէն կրնանք հետեւցնել թէ, հպարտը միշտ ինքզինքը անհրաջեշտ ու կարեւոր կը զգայ, մինչդեռ շատ անգամ ուշադրութիւն նոյնիսկ գրաւելու չ'արժանանար: