dimanche 11 janvier 2009

ՀՕՐ ՄԸ ԽՐԱՏՆԵՐԸ


Հայր մը մահուան սեմին, իր քով կանչելով զաւակները, ուզեց անոնց կեանքի մասին խրատներ տալ.
«Տղաքս» ըսաւ, «սիրեցէք զիրար, իրարու հետ միշտ հաշտ ու համերաշխ ապրեցէք, մտիկ ըրէք մեծերուն խրատները, օգտուեցէք անոնց փորձառութիւններէն, այս ձեւով կրնաք յաղթել կեանքի դժուարութիւնները եւ կուրծք կը դնէք վշտերուն հանդէպ»
«Յարգեցէք տարեցները, թշուառներուն եւ որբերուն օգնութեան հասէք, առատաձեռն եղէք անոնց դէմ, նեցուկ կանգնեցէք չքաւորներուն ու դժբախտներուն»:
«Խուսափեցէք սնափառութենէ, ագահ ու կծծի մի ըլլաք, չի ճնշէ բարկութիւնը ձեր նուրբ զգացումներուն, որ կորուստի կը մատնէ ձեզ»
«Աշխատեցէք, շարունակ աշխատեցէք, որովհետեւ աշխատութիւնը, ազնուութիւն եւ ազատութիւն կը պարգեւէ մարդուն, երբէք մի վարժուիք ծուլութեան, ան ձեզի մոլութիւններու եւ թշուառութեան գերի կը դարձնէ»:
«Սիրելի զաւակներս, ձեզմէ բաժնուելէս յետոյ, շատ աւելի գուրգուրացէք ձեր մօր վրայ. հոգացէք անոր պէտքերուն, երբեք մի մոռնաք թէ ան ձեզի կեանք տուած, ձեզ մեծցուցած, ձեր վրայ հոգ տարած, ձեզ համար եւ ձեզ հետ վիշտեր ու ուրախութիւններ ապրած է:»
«Երկրին կառավարական օրէնքները յարգեցէք, կարգի եւ կանոնի պատուիրաններուն հնազանդեցէք:»
« Մի մոռնաք նաեւ սա խօսքերս, այն անձը որ իրեն չի պատկանողին տէր կը դառնայ, գող մըն է:Իրեն հանդէպ գործուած բարիքները
ուրացողը ապերախտ մը, եւ ծնողքին նեցուկ ու պաշտպան չի դարձողը անպատիւ մըն է. հեռացէք այսպիսիներէ:»
«Սխալները չ'ընդունելով միշտ իրաւունք պնդողը համառ ու անմիտ է, խուսափեցէք անկէ: Ազգն ու հայրենիքը ուրացողը դրուժան կը դառնայ, երբէք մի նմանիք անոնց:»
«Տղաքս, մահուընէս յետոյ, ջանացէք մխիթարել ձեր մայրը, վստահ եղէք որ, ես կատարեալ կերպով ձեզ հասցուցի եւ ձեր ամէն մէկը շատ սիրեցի:»