mercredi 14 janvier 2009

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ' ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ


Երազեցի, թէ հարցազրոյց մը կը կատարեմ Աստուծոյ հետ:
«Ուրեմն կ'ուզես հարցազրոյց մը ընել հետս» հարց տուաւ Աստուած:
«Եթէ ժամանակ ունիք«, ըսի:
Աստուած ժպտաց'
«Իմ ժամանակս յաւերժութիւնն է , ի՞նչ հարցումներ ունիս մտքիդ մէջ»:
  • «Մարդկութեան մասին ի՞նչն է, որ ամէնէն աւելի կը զարմացնէ ձեզ»:Աստուած պատասխանեց.
  • «Թէ անոնք կը ձանձրանան մանկութենէ, կը փութան մեծնալու, իսկ յետոյ կը տենչան մանուկներ դառնալ վերստին»,
  • «Թէ կը կորսնցնեն իրենց առողջութիւնը դրամի տիրանալու համար, եւ յետոյ' կը կորսնցնեն իրենց դրամը առողջութիւնը վերագտնելու համար»,

  • «Թէ տագնապելով ապագային մասին' կը մոռնան ներկան, եւ այսպիսով, ո՛չ ներկային մէջ կ՛ապրին եւ ոչ ապագային»,
  • «Թէ կ'ապրին այնպէս, որ կարծես երբեք պիտի չմեռնին եւ կը մահանան այնպէս մը, որ կարծես բնաւ չեն ապրած»:
Աստուած ձեռքս բռնեց ու պահ մը լուռ մնացինք, ապա հարցուցի,
«Որո՞նք են կեանքի կարգ մը դասերը, զորս, իբրեւ ծնող, կ'ուզես որ զաւակներդ սորվին».
  • Աստուած ժպտալով պատասխանեց.
  • «Գիտնալ, թէ կարելի չէ ստիպել ոեւէ մէկուն, որ սիրէ զիրենք, այլ կարելի է միայն իրենց անձը սիրելի դարձնել»,
  • «Գիտնալ, թէ լաւ չէ իրեն անձը բաղդատել ուրիշներուն հետ»,
  • «Գիտնալ, թէ հարուստ անձը ան չէ, որ ունի ամէնէն աւելին, այլ ան, որ ունի նուազագոյն կարիքները»:
  • «Գիտնալ, թէ քանի մը երկվայրկեան կ'առնէ միայն սիրած անձի մը խոր վէրքեր պատճառելը, իսկ այդ վէրքերը բուժելը կ'առնէ տարիներ»,
  • «Գիտնալ, թէ ի՛նչ է ներելը' ներելով ուրիշներուն»,
  • «Գիտնալ, թէ անձեր կան, որոնք խորապէս կը սիրեն զիրենք, բայց պարզապէս չեն գիտեր ինչպէս արտայայտել կամ ցոյց տալ իրենց սէրը»,
  • «Գիտնալ, թէ երկու հոգի կրնան նայիլ միեւնոյն բանին եւ զայն տեսնել տարբեր ձեւով»,
  • «Գիտնալ, թէ ՛յաճախ բաւարար չէ ներել ուրիշներուն, այլ պէտք է նաեւ ինքզինքնին ներել»,
  • «Եւ գիտնալ, թէ հոս եմ... մի՛շտ»: