vendredi 13 février 2009

ՍԷՐ


Ս Է Ր

Երանութեան արեւուն տակ, ի՞նչ է պայման- Սէրը միայն,
Ի՞նչ բան ըզմեզ ամենէն շատ կ'ընէ թմուառ- Սէրն անպատճառ.
Մեզ այս երկիր, ի՞նչ բան դրախտ մ'ընել կրնայ- Սէրն աներկբայ.
Ի՞նչ ամէն ժամ մեզ անիծել կուտայ զարեւ- Սէրն արդարեւ.

Ի՞նչ բան վարդի պէս քեզ հաճոյ կ'ընծայէ փուշ- Սէրը անուշ.
Հաճոյքին մէջ իսկ քեզ ի'նչ բան գտնել տայ թոյն- Սէրն քաղցրագոյն.
Ի՞նչ բան թափել տայ մեր աչաց ցօղքն էն հեշտին,- Սէր մեր սրտին.
Մեր էն լիղի արցունքն ի'նչ բան կը վազցունէ,- Անշուշտ սէրն է.

Եթերասլաց թեւեր ո'վ տայ մեր հոգիին,- Աէրն Երկնային.
Ո՞վ գլխիվար ըզմեզ յանդունդ գլորէ մըթին,- Սէրն կրկին.
Թէպէտ ալ մեր, ո՞վ մեզ առոյգ պահէ յաւէտ,- Սէրն կենսաւէտ.
Ո՞վ կ'ընէ որ կտրիճն իբր ծեր դողդոջէ,- Ոհ սէրը չէ՞

Ի՞նչ բան կ'ընէ որ մահուան գիրկն իսկ կ'ապրի,- Սէրը արի.
Ի՞նչ բան կեանքի մէն մի րոպէն մահ մը կ'ընէ,- Դարձեալ սէրն է.
Կենաց պայմանն, երանութեան գաղտնիքն է այն,
Մեր դառնագոյն ցաւոց, աւաղ, աղբիւր սակայն.

Սիրելւոյն հետ շնչել, ժպտիլ ու լալ ինչ բախտ,
Սիրելիէն ետքը ապրիլ ու լալ ինչ լախտ,
Հոգեհատորդ առ յաւէտ քեզ պահեն երկինք,
Ու անծանօթ մնան քեզ ընդ միշտ սիրոյ դառինք: