dimanche 8 février 2009

ԳԻՒՏԻՆ ՓԱՌՔԸ- Սիամանթօ


Ճանաչել զիմաստութիւնն եւ զխրատ,
իմանալ զբանն հանճարոյ
«Հայերէն գրուած առաջին խօսքը, Սուրբ Մեսրոպի ձեռքով»

ԳԻՒՏԻՆ ՓԱՌՔԸ

ՄԵՍՐՈ՛Պ Մեր դարերուն դիմաց կեցող՝
Դուն ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող,
Գիտակցութեանց անգիւտ փարոս...
Դուն որուն կոփիւնը կռանին,
Ժամերուն պէս, րոպէի հետ անդադար,
Իմացական թանգարանին արձանները մեզ կը ձուլէ...
Դո՛ւն աննինջ հսկող, դուն տիտանեան Տեսանող,
Դուն օրօրոցէն մինչ գերեզման,
Մեր մէն մի խօսքին, մէն մի շունչին
Գեղեցկաձայն բացատրիչ...
Դուն բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն անբաւ բաւիղ տևողութեան,
Դուն գոյացութեան արգաւանդ հայր,
Դուն լոյսի անիւ, դուն հաւատքի հրաւէր,
Դուն բնավայրի հողին վրայ մրրիկին պէս բարձրացող
Անտառ անհուն, անտառ սրտի,
Որուն մէն մի հաստատաբուն ծառերն հսկայ,
Մէկ մէկ քնար, մէկ մէկ փանդիռ են մեր շունչին...
Մէկ մէկ շեփոր մեր հագագին ոսկեձայն,
Մէկ մէկ պատմէշ ճակատագրի պատուհասին...
Դուն անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն ձրի՛ հաց
Դուն հունձք հարուստ, և դուն հնձան հրաշէկ,
Դուն արբեցութեանց և գինիի աւազան,
Որուն մէջ ե՛ս ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր...
Արևներու ծարաւէս խենթ...

ԴՈՒՆ մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն ե՛ւ հանճարեղ ե՛ւ հրավառ,
Ու աշխարհակալ մեծ Հռոմի որդիներէն
Ու հրապաշտ Պարսիկներէն դրացի,
Մայր-բարբառիդ հիմնաքարովը յակինթ,
Մեր պապերուն դարաւոր շառաւիղն ազատեցիր...:

Դուն երկրո՛րդ Աստուած,
Եւ մտածման Դուն առաջին արարիչ...:
Դուն բեղուն բարիք, սրտի աղբիւր,
Գոյներու գանձ, գթութեանց գահ,
Դուն թռչող դարերը մէկզմէկու կամարող՝
Կամուրջ անգիծ, ուրկէ ցեղդ միլիոններով
Կեանքէն ի մահ կուգայ կ՛անցնի...:

ԴՈՒՆ Հելլէններէն հռչակուած,
Մեծատիտղոս Ակումիդ,
Ո՜վ մենակեաց, ո՛վ Մագիստրոս, ահաւասիկ,
Երկու Հայքերն «Ովսաննա՛յ քեզ» կը գոռան...
Եւ ովսաննայ Վաղարշապատի Հայրապետին
Սահակ Պարթև զուգակշիռ արբանեակիդ,
Եւ Վռամշապուհ Արքային,
Որովհետև քու մեծ գիւտիդ զօրավիգ,
Մէկն իր Խաչին, միւսն իր սուրին համազօր
Քու քայլերուդ հետ քալելով՝
Արարատեան արշալոյսին,
Դպրութեանց դուռը մեզ բացին...:

Ա՜Հ ամբողջ աւիւնը Քու ուղեղիդ,
Ի՜նչ տենդերէ որպիսի՛ տենդ,
Եւ սարսուռներէ ի՜նչ սարսուռ,
Ի՜նչ գեհենական գալարումէ գալարում,
Եւ վարանքէ վարանք, և վարկածէ ի վարկած,
Եւ ծովային ծփանքներէ ի ծփանք,
Այլակերպիչ նժարէ մը ուրիշ նժար,
Եւ կշիռէ ի կշիռ, զքե՛զ տարաւ...

Ու մէն մի հիւլէն քու հոգիիդ,
Մէն մի ճաճանչըն քու աչքերուդ,
էն մի կաթիլը քու հանճարեղ կայծերուն,
Հողմային հեւքդ, և խօլ թափը թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն,
Քառասուն օր տիւ և գիշեր,
Մենութեանդ մէջ, մեռեալի մը պէս մենաւոր,
Զքեզ՝ դէպի Տեսիլքդ տարին...:

 ԵՒ անուրջին մէջ ծնանող ծաղկի ծիլէն
Ու բողբոջէն դեռ անբոյս,
Դուն մարող լոյսէն, դուն տեսլական ստուերէն,
Անգոյն գծէն, և երազի վսեմ վարդէն,
Դուն ծածանող և անարմատ ծուէններէն
Մեր լեզուին Ալփափետան ստեղծեցիր...
Եւ Չորրորդ դարու Ոսկի Սեմէն,
Մինչև մեր դարը, մինչև մեր օրերը՝
Ահաւասիկ Հայ հանճարը բազմալար
Քու ձևերուդ մէջ կը ձուլուի...:

 Ո՛Վ անլուծելի առեղծուած՝
Ո՛վ ջղերո՛ւ կայծակէ խուրձ,
Անուրջներու անբիծ ծաւալ,
Ո՛վ զարմանալի և տևական զգայախաբ,
Քնարական ահեղաբիբ քիմեռատես,
Դուն Աստուածագիծ ծիածան...
Հաշտութեան հուրը մեզ բերող,
Դուն տարակոյսին և տարտամին տիրապետ,
Դուն տարօրինակ և տարագիծ գմբէթ...
Դուն մեծ կրքերու կրօնաւոր,
Ա՛յր Աստուծոյ, մտքի՛ եղբայր, քնարի քոյր,
Քու բաժակէդ թոյլ տուր որ ես ալ ըմպեմ...:

ԵՒ այսօր, քու սրբութեամբդ սնած՝
Ես ապաժամ քնարահար,
Եւ անվճար ու անարժան երախտագէտ,
Ես՝ քու ցեղիդ հոգիին՝ հայելին քեզ կը բերեմ...
Աչքերուս մէջ անոր աչքէն հուր առի...
Եւ իմ խօսքերս անոր սրտէ՛ն եմ քաղեր,
Եւ ի՛նչ որ կարդաս ճակտիս վրան,
Ինչ որ կարդաս ժպիտիս մէջ,
Անոր յոյսո՛վն եմ ես գրած...:
Եւ թոյլ տուր այսօր, ո՛վ Մեսրոպ,
Որ՝ հողէն մինչև աստղերը հասնող,
Քու ոսկիէ սանդուխէդ վեր բարձրանամ,
Եւ հաստատաքայլ, աստիճանէ աստիճան,
Ու պսակէ ի պսակ, և լոյսէ ի լոյս,
Իբր զաւակ մը մտածումիդ
Ես ի քե՛զ գամ, իմ այս երգս երգելու...:

ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ»