jeudi 28 avril 2011

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՂԵՐ- ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ



ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ «1908-1981»
Բաղէշցի «Պիթլիս» գաղթական ընտանիքի զաւակ Ուիլիամ Սարոյեան ծնած է 31 օգոստոս 1908-ին Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ: Անգլերէնով գրող եւ միջազգային համբաւ ունեցող արձակագիր է: Իր առաջին պատմուածքները լոյս տեսած են 1933-ին .«Հայրենիք Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ: Հետզհետէ հրատարակած է պատմուածքներու բազմաթիւ հաւաքածոներ, ինչպէս՝ «Խիզախ պատանին թռչող ճօճացողի վրայ», «Անունս Արամ», եւ ուրիշներ: Գրած է նաեւ թատերախաղեր, ինչպէս՝ «Իմ սիրտս լեռներուն մէջ է», «Կեանքիդ ժամանակը», «Հէ՛յ, ով կայ այդտեղ»,«Քարանձաւի մարդիկ«, «Կոտորածը Մանկանց», «Խաղողի Այգին» եւ ուրիշներ: Հեղինակած է վիպակներ, որոնցմէ ամենէն ճանչցուածը «Մարդկային կատակերգութիւն»ն է:
Ուիլիամ Սարոյեան ներշնչուած է իր հայկական միջավայրէն, «հին հայրենիք»ի կարօտէն, համամարդկային ազնիւ զգացումներէն: Իր գործերը միշտ լաւ ընդունելութիւն գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու:
Սարոյանի գրական ձեաւորման մէջ մեծ դեր կատարած է՝ ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը, հարազատ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի, աւանդութիւններու, պատմութեան տարրերու ժառանգումը՝, հայկական շրջապատի ազգային ինքնատիպութիւնը:
Ամերիկացի քննադատ Բ. Ռասկոն սապէս կ՛ըսէ Սարոյեանի մասին «Սարոյեան բուռն է, պոռթկուն եւ խելացի, ան թախծոտ է, քնքոյշ ու մարդկային, ան միամիտ կը ձեւանայ սակայն բնաւ չէ...Ան կ՛ատէ դաժանութիւնը իր բոլոր դրսեւորումերով՛ ան կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնը ու հպարտութիւնը:»
Սարոյեան, 1960-ական թուականներուն սկսած է գրել յուշագրական գործեր, յատկապէս Պ, Շոուին, Չ. Չաբլինին, Թ. Էլիոդին, Ե. Չարենցին նուիրուած էջերը, հեղինակին մտածումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ:
Սարոյեանի գրական անունն է Սիրակ Գորյեան, մահացած է 18 մայիս 1981-ին Ֆրէզնօ. աճիւնին մէկ մասը թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:
Երեւանի մէջ կան Սարոյեանի անուանումով դպրոց եւ համալսարան:

https://mail.google.com/mail/?ui=2&ik=20b6772e03&view=att&th=12fa5ba7ddd4f1a8&attid=0.1&disp=inline&realattid=f_gn4cj0bh0&zw
«Կ’ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը, որուն պատմութիւնը վէրջ գտած է, իսկ պատերազմները՝ յաղթուած, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը՝ չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ՝ չեն պատասխանուած:

Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել այս սերունդը: Սեպեցէ՛ք, թէ դարձեալ 1915-ի համաշխարհային պատերազմն է, քանդեցէ՛ք Հայաստանը, տեսէք թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք իրենց տուներէն դէպի անապատները, ձգեցէ՛ք առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս պիտի վերածնին: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս կրկին պիտի խնդան:

Տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք զիրենք կեցնել աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելէ, դուք, շան լակոտներ, համարձակեցէ՛ք բնաջնջել զիրենք»:

https://mail.google.com/mail/?ui=2&ik=20b6772e03&view=att&th=12fa5ba7ddd4f1a8&attid=0.2&disp=inline&realattid=f_gn4cj8xn1&zw

«Հայերէնը հայուն խորհուրդն է:

Ես հայ եմ. եւ դուք գիտէք թէ ի՛նչ դժուար ու միաժամանակ ի՛նչ հրաշալի բան է այդ: Հայ ժողովուրդի ազնուութիւնը, քաջութիւնը, ուշիմութիւնը, հեգնանքն ու սրամտութիւնը ժառանգականութիւնն են բոլոր ճշմարիտ հայերուն: Ես չեմ կրնար իմ ինքնութեանս մասին մտածել հայութենէ դուրս: Ասի ինծի համար այնքան հիմնական է, որքան առաջին շունչը կեանքին:»

Ա՛Խ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Որսորդ մը թակարդով շատ գեղեցիկ թռչուն մը բռնեց. այնքան գեղեցիկ, որ ինքնիրեն մտածեց. «Մեղք է այսպիսի արարածի մը կեանքին վերջ տալ: Տուն կը տանիմ, անոր համար լաւ վանդակ մը կը շինեմ, կեր ու ջուր կու տամ եւ ամբողջ սրտովս կը սիրեմ, քանի որ ասոր պէս ուրիշ թռչուն չեմ տեսած»:

Ան թակարդէն ազատեց թռչունը, շոյեց անոր փետուրները. քնքուշ ու սիրալիր խօսքեր ըսաւ անոր եւ տուն տարաւ զայն: Շինեց գեղեցիկ վանդակ մը, մէջը դրաւ թռչունը եւ կեր ու ջուր տուաւ անոր: Ամբողջ տարի մը այսպէս խնամեց զայն, բայց ամէն երեկոյ, երբ տուն կու գար եւ կը մօտենար վանդակին. կը լսէր թռչունին հառաչը. «Ա՛խ հայրենիք»:

-Թռչո՛ւն, ըսէ՛, ո՞ւր է հայրենիքդ, որուն կարօտը կը քաշես դուն:

-Երթանք, քեզի ցոյց տամ.- պատասխանեց թռչունը: Որսորդը ամբողջ ամիս մը հետեւեցաւ թռչունին. մինչեւ որ թռչունը հասաւ այնպիսի ամայի, տաք, ժայռոտ ու չոր տեղ մը, որ կարծես աշխարհի ծայրը ըլլար: Թռչունը թառեցաւ փոքրիկ ու չոր ծառի մը վրայ, որ փուշերով եւ փոքր ու փխրուն տերեւներով ծածկուած էր. եւ ըսաւ որսորդին.

-Ահա, ա՛յս է իմ հայրենիքս:


1926 ին Սան-ֆրանչիսկոյի մէջ, երբ տասնեւութը տարեկան էի, տեսայ մարդ մը, որ փողոցին մէջ բեռնակառքի մը վրայ ծաղիկ կը ծախէր: Անմիջապէս հասկցայ որ ան հայ էր:
Այն օրուընէ տասը տարի ետք ան մեր տունը եկաւ եւ մայրս զայն մեզի ներկայացոգց իբրեւ Սարոյան ընտանիքին մէկ հին ծանօթը, Վարդան Մուրատեանաը:

Փոքրիկ գաւաթներով մայրս սուրճ հրամցուց մեզի եւ այցելուն քանի մը ումպ խմելէ յետոյ, ըսաւ ինծի-« Դուք գրող էք: Եթէ միայն գիտնայիք թէ ուղեղիս մէջ ինչե՛ր կ'անցնին կը դառնան, պիտի կարենայիք անոնցմով խոշոր գիրք մը գրել»:
Պատասխանեցի թէ վստահաբար անոր կեանքն ու մտածումները ինքնուրոյն կրնային ըլլալ, ու շատ կարեւոր: «Ա՛հ, հա՛ բացագանչեց ան, իբրեւ թէ կարդար հայ լեզուն դպրոցի մը մէջ, հոն ուր ես չէի կրցած յաջողիլ: Ա՛յնքան շատ բան կայ ըսելիք, որ չեմ գիտեր թէ ո՞ւրկէ սկսիմ:
Առաջին- ես հայ եմ եւ դուք գիտէք թէ ի՛նչ դժուարին եւ միանգամայն ի՛նչ հրաշալի բան է այդ:
Երկրորդ- ես Պիթլիսցի եմ եւ ամէն մարդ գիտէ թէ Պիթլիսցիները ինչ անհանգիստ, անհամբեր, իրենք իրենցմէ դժգոհ բայց զարգացումի հետամուտ մարդիկ են:
Երրորդ- ես Մուրատեան մըն եմ եւ թէեւ հեռաւոր, բայց արենական կապով ազգյին Սարոյաններուն: Այս կը նշանակէ որ մենք բանաստեղծ ենք, նշանաութիւն չունի թէ ի՞նչ ձեւով կը շահինք մեր կեանքը: Ես ամէն օր քերթուած մը կ'ապրիմ: Հարցուցի իրեն թէ ինք կը գրէ՞ր իր քերթուածները. եւ ան պատասխանեց - Անոնցմէ մէկ քանին միայն, եւ ոչ լաւագոյնները: Ես ծաղկավաճառ մը չեմ: Այդ գործը կ'ընեմ պարզապէս ընտանիքիս պէտք եղած դրամը շահելու համար: Բաճկոնին ներքին գրպանէն թուղթի կտոր մը հանեց ան բացաւ, եւ առանց այլ եւ այլի կարդաց քերթուած մը, զոր ինք գրած էր: Շատ լաւ էր:

Մինչ ան կը կարդար, ես սկսայ հասկնալ թէ ինչո՛ւ ան միշտ կը շարժէր իր շրթունքները ամէն անգամ որ առանձին ըլլար: Եւ ես կը սքանչանայի հայ լեզուի գեղեցկութեան վրայ, այդ լեզուին անմասն բանաստեղծութեան վրայ: Գուցէ ,կը մտածէի, հայերէնի ճոխութեան պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ իւրաքանչիւր հայ բանաստեղծ էր, անոր ամբողջ կեանքը տեսակ մը քնարերգական բանաստեղծութիւն էր:
Որքան տարիներ անցան՝ ես զգացի թէ այդ էր ճշմարտութիւնը:

ՈՒԻԼԵԸՄ ՍԱՐՈՅԱՆ

Այո...իւրաքանչիւր հայ բանաստեղծ մըն է... անոնցմէ մին...փոքրիկ աշխատանքը կը ներկայացնէ, համեստ...խոհեմ... անկեղծ...արենական ազգային ջինջ սէրով...



dimanche 10 avril 2011

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՂԵՐ ♥ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄՆԱԵԱՆ


Ամենան Հայոց Բանաստեղծը «1869-1923»
Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական-հասարակական գործիչ: Ծնած է 1869 Փետրուար 19-ին՝ Դսեղ գիւղը որ կը գտնուի Լոռիի շրջանը. զաւակն է քահանայի մը: Իր ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսէսեան վարաժարանին մէջ,ուրկէ առանց աւարտելու ելած է՝ նիւթական ծանր պայմաններու պատճառաւ: Պատանի տարիքէն մտած է կեանքի ասպարէզի ու նուիրուած է գրականութեան: 1890-ին հրատարակած է քերթուածերու իր առաջին հատորը: Թումանեան առաջին օրէն իսկ միշտ ժողովուրդին հետ է, ժողովուրդով կ՛ապրի, կը գրէ, կը սնանի: Հայրենի բնութիւնն է որ զինքը կը ներշնջէ, կը գովէ գիւղը, ան իր կեանքը, միտքը եւ հոգին դրած է իր բոլոր գրութիւններուն մէջ եւ անոր համար ալ զինքը անուանած են «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»:
Մինչեւ 1921, Թումնաեան դարձաւ արտայայտիչը, հայ հոգիին, հայ հողին, հայ ցաւին, երջանկութեան եւ ժողովրդային առաքինութիւններուն ու արժէքին: Ան ունեցաւ ազգային գործնէութիւններ ալ: 1921-ին հիմնած ու ղեկավարած է Հայարտունը «Հայ Արուեստի Տուն», որ մեծ դեր կը կատարէ Թիֆլիս ապրող հայ գրողներն ու արուեստագէտները համախմբելու ուղղութեամբ: Իր անդուլ գործնէութեան համար Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները իրեն կը շնորհեն Ժողովրդական Բանաստեղծի կոչում եւ կը նշանակեն պետական թոշակ:
Ափսոս որ քաղցկեղը զինքը կ՛ընկճեցնէ անկողին եւ կը վախճանի Մոսկուա՝ 1923 Մարտ 23-ին: Թաղուած է Խոջիվանքի գերեզմանատունը, որ ներկայիս Վրացական կառավարութեան կարգադրութեամբ վերածուած է Հայ Մշակոյթի Գործիչներու Պանթէոնի:
Թումանեան մեծաշնորհ թարգմանիչ էր: Ան գրեց քնարական բանաստեղծութիւններ, աւանդազրոյցներ, հէքեաթներ, պատմուածքներ, եղաւ վիպերգի չգերազանցուած վարպետը մեր մէջ: Գրեց գրական-հրապարակախօսական գործեր, դարձաւ հայ մանուկին սիրուած գրողը:
«Անուշ» վիպերգի հիման վրայ ստեղծուած է համանուն օփերան, իսկ «Թմկաբերդի Առումը» նիւթ տուած է «Ալմաստ» օփերային: «Գիքորը» եւ «Տէրն ու Ծառան» գործերը վերածուած են ֆիլմերու:
Գլխաւոր գործերը եւ ժողովածոները-*վիպերգներ՝ Մարօն, Լօռեցի Սաքօն, Հառաչանք, Անուշ, Թմբկաբերդի Առումը, Սասունցի Դաւիթը. * աւանդազրոյցներ՝ Շունն ու Կատուն, Ախթամար, Փարւանա, Լուսաւորչի Կանթեղը, Մի Կաթիլ Մեղր, Աղաւնու Վանքը, Թագաւորն ու Չարչին. *արձակ գործերէն՝ Ոսկի Քաղաք, Տէրն ու Ծառան, Քաջ Նազար, Գիքորը, Մերոնք. *Երկերու ժողովածոներ՝ 1890-1892-ին՝ Մոսկուա 1903-ինԹիֆլիս, 1908-ին՝ Պաքու, 1922-ին՝ Պոլիս, 1926, 1934, 1938-ին Երեւան. *Երկերու ժողովածոյ 6 հատորով 1940-59, *Երկեր 2 հատորով 1958, *Երկերու ժողովածոյ 4 հատորով 1969:
Յովհաննէս Թումանեան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ իր ժամանակուան մտաւորական կեանքէն ներս՝ Ղազարոս Աղայանի, Աւետիք Իսահակեանի, Լեւոն Շանթի, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ ուրիշներու հետ կազմած գրական խմբակով, Լեւոն Շանթի «Լուսաբեր» դասագրքերու շարքի պատրաստութեան մէջ գործօն մասնակցութեամբ եւ բազմաթիւ այլ ձեւերով:


ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ


Վաղուց թէեւ իմ հայեացքը Անյայտին է ու հեռւում
Ու իմ սիրտը իմ մտքի հետ անհուններն է թափառում,
Բայց՝ կարօտով ամէն անգամ երբ դառնում եմ դէպի քեզ՝
Մղկըտում է սիրտըս անվերջ քո թառանչից աղեկէզ,
Ու գաղթական զաւակներիդ լուռ շարքերից ուժասպառ,
Ե՛ւ գիւղերից, եւ շէներից՝ տխո՛ւր, դատա՛րկ ու խաւա՛ր,
Զարկուա՛ծ հայրենիք,
Զրկուա՛ծ հայրենիք:

Խռնըւում են մտքիս հանդէպ բանակները անհամար,
Տրորում են քո երեսը, քո դաշտերը ծաղկավառ,
Ու ջարդարար վոհմակները աղաղակով վայրենի,
Աւարներով, աւերներով, խնջոյքներով արիւնի,
Որ դարձըրին քեզ մշտական սեւ ու սուգի մի հովիտ,
Խեղճ ու լալկան քո երգերով, հայեացքներով անժպիտ,
Ողբի՛ հայրենիք,
Որբի՛ հայրենիք:

Բայց հին ու նոր քո վէրքերով կանգնած ես դու կենդանի,
Կանգնած խոհո՛ւն, խորհրդաւոր ճամբին նորի ու հնի.
Հառաչանքով սրտի խորքից խօսք ես խօսում Աստծու հետ
Ու խորհում ես խորին խորհուրդ տանջանքներում չարաղէտ.
Խորհում ես դու էն մեծ խօսքը, որ տի ասես աշխարհքին
Ու պիտ դառնա էն երկիրը, ուր ձգտում է մեր հոգին-
Յոյսի՛ հայրենիք.
Լոյսի՛ հայրենիք:

Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,
Հազա՛ր հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,
Ու երկնահաս քո բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,
Կենսաժպիտ իր շողերը պիտի ժպտան առաջին,
Ու պոէտներ, որ չեն պղծել իրենց շուրթներն անէծքով.
Պիտի գովեն քո նոր կեանքը նոր երգերով նոր խօսքով:
Իմ նո՛ր հայրենիք.
Հըզօ՛ր հայրենիք...


ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

«Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան ու էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»:

«Պատմութիւնը մի լուսատու լապտեր է, որ ամէն մի ժողովուրդ ձեռքին պէտք է ունենայ ,իր ճամբան անմոլոր գնալու համար»:


«Գնա՛ս բարով, ա՛յ ուխտաւոր,
Երանի քեզ, Հայ ուխտաւոր,
Որ կարօտով ու սիրառատ
Ուխտ ես գնում դէպ Այրարատ»


ՄԵՐ ՈՒԽՏԸ

Մենք ուխտ ունինք՝ միշտ դէպի լոյս,
Ու գնում ենք մեր ճամբով,
Մրրիկներով պատած անյոյս,
Սեւ խաւարով, մութ ամպերով:

Մենք անցեր ենք արեան ծովեր,

Սուր ենք տեսեր ու կրակ,
Մեր ճակատը դէմ ենք տուեր
Մրրիկներուն հակառակ:


Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ

Մեր դրօշը սրբազան,

Ու մենք չունենեք տեղ ու դադար
Երկրէ- երկիր ցիր ու ցան.

Բայց գնում ենք մենք անվեհեր

Զարկերի տակ չար բախտին,
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր՝
Դէպի լոյսը մեր ուխտին:
 
 
Վերջին օրը

Եփրատի ափին դէմուդէմ եկած՝
Զարկւում էին խիստ, զարկւում ու զարկում
Աննահանջ ու քաջ խմբերը հայի
Եւ քուրդն ու թուրքը կիտւած արենխում։
Երբ որ յոգնեցին երկար զարկւելուց,
Երբ որ յոգնեցին բազուկները կուռ,
- «Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ խմբապետն արի,
Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ, բարձրացի՛ր շուտով,
Բարձրացի՛ր Հայոց բարձր լեռների
Ամենից բարձր գագաթն ու նայի՛ր,
Որտե՞ղ է, մի տե՛ս, վերջը թշնամու...»։

Բարձրացաւ ջլուտ հայդուկը հայի,
Բարձրացաւ բարձր գագաթը լեռան
Ու յոգնած ձեռքը դրեց ճակատին.
- «Խմբապե՛տ, ասաւ, ընկեր խըմբապետ,
Տեսնում եմ հեռու հորիզոնները մութ
Եփրատի դալար հովիտներն ի վար՝
Մինչեւ Տավրոսի լեռները կապուտ,
Մինչեւ մշուշոտ Պարը Պոնտոսի,
Մինչեւ բարձրաբերձ ժայռերը Մոկաց...
Ծուխ է բարձրանում Մուշի հովիտից,
Ծուխ է բարձրանում Սասմայ սարերից,
Ծուխ է բարձրանում Վանայ կողմերից,
Ծուխ է բարձրանում Աբաղա դաշտից,
Կրակ է կանգնած Զէյթունի վրայ...
Ամէն կողմերից թշնամին գունդ-գունդ
Շարժւում է մեր դէմ, ու չի երեւում,
Չեմ տեսնում վերջը նրա շարքերի...»։

- «Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ խմբապետն այնժամ,
Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ, յետ նայիր հապա,
Յետ նայի՛ր, մի տե՛ս, հայերը հեռւից
Չե՞ն գալիս արդեօք մեզի օգնութեան...»։

Ու յոգնած ձեռքը դրեց ճակատին,
Կտրիճ հայդուկը նայեց դէպի յետ.
- «Խմբապե՛տ, ասաւ, ընկեր խմբապետ,
Տեսնում եմ ահա, ինչպէս ափիս մէջ,
Սեւ ծովից մինչեւ ծովը Վրկանայ,
Մինչեւ Կովկասի պատնէշը ձիւնոտ.
Գալիս են խումբ-խումբ հայերը ճեպով,
Գալիս են ճեպով մեզի օգնութեան։
Իջնում են Սիւնեաց մութ-մութ սարերից,
Ելնում Գուգարքի խոր-խոր ձորերից,
Շիրակի դաշտից մինչեւ Այրարատ,
Ու ողջ ափերը Անուշ Արաքսի
Անվերջ տագնապով իրար են անցնում...
Գալիս են ամէն կողմից Կովկասի,
Գալիս են հեռո՜ւ, հեռու կողմերից,
Գալիս են կարօտ պանդուխտներն ամէն,
Գալիս են ցրւած տղերքը նորից,
Գալիս են՝ պարզած դրօշն հայրենի...»։

- «Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ խմբապետը փորձ,
Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ, սուր աչք ունիս դու,
Նայի՛ր դէպ հիւսիս, աւելի հեռու,
Չի՞ շարժւում արդեօք հիւսիսը հզօր...»։

Ու նայեց հայդուկն աւելի հեռու,
Նայեց սրատես աչքով արծւենի։
- «Խմբապե՛տ, ասաւ, ընկեր խմբապետ,
Աչքս չի կտրում՝ որտեղից մինչ ուր՝
Շարժւում է, ահա, հիւսիսն ընդհանուր.
Յորձանք է տալիս ծովն ռուսական,
Յորձանք է տալիս ծանր ու ահաւոր,
Դէպի ամէն կողմ - ափերն հեռաւոր.
Եւ, հուր ու շոգի շնչելով ուժգին,
Գնացքը կտրած գնացքի յետեւ,
Ու, գալարւելով հովիտից հովիտ,
Գալիս են, ինչպէս վիշապներ սեւ-սեւ...»։

- «Հէ՜յ, ընկե՜ր, կանչեց խմբապետն արի,
Հէ՜յ, ընկե՜ր, կանչեց, դէ՛ ցած եկ արագ,
Առ հրացանդ, դաշտն իջիր շուտով,
Իջի՛ր Սրբազան ափը Եփրատի.
Հին պատերազմի վերջին զարկն է սա,
Հին ոճրագործի հոգեվարքն է սա...»։
- «Խմբապե՛տ, կանչեց, ընկեր խմբապետ,
Խմբապե՛տ, կանչեց հայդուկը ջահէլ,
Հայոց երկնահաս լեռների վրայ
Խո՜ր, խորհրդաւոր ձայներ են լսւում.
Դղրդում է խուլ երկինքը վերից
Էն անհուն, անքուն, անթիւ ձայներից...»։

- «Հէ՜յ, ընկե՜ր, կանչեց խմբապետը հին,
Հէ՜յ, ընկե՜ր, կանչեց, խաչ հա՛ն երեսիդ.
Էդ կեանքում տանջւած, տանջանքով մեռած
Անթիւ, անհամար, անբախտ հայերի
Հոգիներն են հէգ, որ լաց ու կոծով,
Արեան մրրիկով երկինք վերացան։
Փոթորկում են դեռ Աստծու առաջին,
Բողոքում անհուն երկնքովը մին.
Նրանց բողոքի աղմուկն է անլուռ,
Հասնում է ներքեւ՝ հայի ականջին...
Հէ՜յ, ընկե՜ր, ասաւ, խաչ հա՛ն երեսիդ,
Առ հրացանդ, դաշտն իջիր շուտով,
Իջի՛ր Սրբազան ափը Եփրատի,-
Մեծ տառապանքի վերջին օրն է սա...»։