jeudi 28 avril 2011

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՂԵՐ- ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ



ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ «1908-1981»
Բաղէշցի «Պիթլիս» գաղթական ընտանիքի զաւակ Ուիլիամ Սարոյեան ծնած է 31 օգոստոս 1908-ին Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ: Անգլերէնով գրող եւ միջազգային համբաւ ունեցող արձակագիր է: Իր առաջին պատմուածքները լոյս տեսած են 1933-ին .«Հայրենիք Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ: Հետզհետէ հրատարակած է պատմուածքներու բազմաթիւ հաւաքածոներ, ինչպէս՝ «Խիզախ պատանին թռչող ճօճացողի վրայ», «Անունս Արամ», եւ ուրիշներ: Գրած է նաեւ թատերախաղեր, ինչպէս՝ «Իմ սիրտս լեռներուն մէջ է», «Կեանքիդ ժամանակը», «Հէ՛յ, ով կայ այդտեղ»,«Քարանձաւի մարդիկ«, «Կոտորածը Մանկանց», «Խաղողի Այգին» եւ ուրիշներ: Հեղինակած է վիպակներ, որոնցմէ ամենէն ճանչցուածը «Մարդկային կատակերգութիւն»ն է:
Ուիլիամ Սարոյեան ներշնչուած է իր հայկական միջավայրէն, «հին հայրենիք»ի կարօտէն, համամարդկային ազնիւ զգացումներէն: Իր գործերը միշտ լաւ ընդունելութիւն գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու:
Սարոյանի գրական ձեաւորման մէջ մեծ դեր կատարած է՝ ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը, հարազատ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի, աւանդութիւններու, պատմութեան տարրերու ժառանգումը՝, հայկական շրջապատի ազգային ինքնատիպութիւնը:
Ամերիկացի քննադատ Բ. Ռասկոն սապէս կ՛ըսէ Սարոյեանի մասին «Սարոյեան բուռն է, պոռթկուն եւ խելացի, ան թախծոտ է, քնքոյշ ու մարդկային, ան միամիտ կը ձեւանայ սակայն բնաւ չէ...Ան կ՛ատէ դաժանութիւնը իր բոլոր դրսեւորումերով՛ ան կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնը ու հպարտութիւնը:»
Սարոյեան, 1960-ական թուականներուն սկսած է գրել յուշագրական գործեր, յատկապէս Պ, Շոուին, Չ. Չաբլինին, Թ. Էլիոդին, Ե. Չարենցին նուիրուած էջերը, հեղինակին մտածումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ:
Սարոյեանի գրական անունն է Սիրակ Գորյեան, մահացած է 18 մայիս 1981-ին Ֆրէզնօ. աճիւնին մէկ մասը թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:
Երեւանի մէջ կան Սարոյեանի անուանումով դպրոց եւ համալսարան:

https://mail.google.com/mail/?ui=2&ik=20b6772e03&view=att&th=12fa5ba7ddd4f1a8&attid=0.1&disp=inline&realattid=f_gn4cj0bh0&zw
«Կ’ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը, որուն պատմութիւնը վէրջ գտած է, իսկ պատերազմները՝ յաղթուած, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը՝ չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ՝ չեն պատասխանուած:

Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել այս սերունդը: Սեպեցէ՛ք, թէ դարձեալ 1915-ի համաշխարհային պատերազմն է, քանդեցէ՛ք Հայաստանը, տեսէք թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք իրենց տուներէն դէպի անապատները, ձգեցէ՛ք առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս պիտի վերածնին: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս կրկին պիտի խնդան:

Տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք զիրենք կեցնել աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելէ, դուք, շան լակոտներ, համարձակեցէ՛ք բնաջնջել զիրենք»:

https://mail.google.com/mail/?ui=2&ik=20b6772e03&view=att&th=12fa5ba7ddd4f1a8&attid=0.2&disp=inline&realattid=f_gn4cj8xn1&zw

«Հայերէնը հայուն խորհուրդն է:

Ես հայ եմ. եւ դուք գիտէք թէ ի՛նչ դժուար ու միաժամանակ ի՛նչ հրաշալի բան է այդ: Հայ ժողովուրդի ազնուութիւնը, քաջութիւնը, ուշիմութիւնը, հեգնանքն ու սրամտութիւնը ժառանգականութիւնն են բոլոր ճշմարիտ հայերուն: Ես չեմ կրնար իմ ինքնութեանս մասին մտածել հայութենէ դուրս: Ասի ինծի համար այնքան հիմնական է, որքան առաջին շունչը կեանքին:»

Ա՛Խ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Որսորդ մը թակարդով շատ գեղեցիկ թռչուն մը բռնեց. այնքան գեղեցիկ, որ ինքնիրեն մտածեց. «Մեղք է այսպիսի արարածի մը կեանքին վերջ տալ: Տուն կը տանիմ, անոր համար լաւ վանդակ մը կը շինեմ, կեր ու ջուր կու տամ եւ ամբողջ սրտովս կը սիրեմ, քանի որ ասոր պէս ուրիշ թռչուն չեմ տեսած»:

Ան թակարդէն ազատեց թռչունը, շոյեց անոր փետուրները. քնքուշ ու սիրալիր խօսքեր ըսաւ անոր եւ տուն տարաւ զայն: Շինեց գեղեցիկ վանդակ մը, մէջը դրաւ թռչունը եւ կեր ու ջուր տուաւ անոր: Ամբողջ տարի մը այսպէս խնամեց զայն, բայց ամէն երեկոյ, երբ տուն կու գար եւ կը մօտենար վանդակին. կը լսէր թռչունին հառաչը. «Ա՛խ հայրենիք»:

-Թռչո՛ւն, ըսէ՛, ո՞ւր է հայրենիքդ, որուն կարօտը կը քաշես դուն:

-Երթանք, քեզի ցոյց տամ.- պատասխանեց թռչունը: Որսորդը ամբողջ ամիս մը հետեւեցաւ թռչունին. մինչեւ որ թռչունը հասաւ այնպիսի ամայի, տաք, ժայռոտ ու չոր տեղ մը, որ կարծես աշխարհի ծայրը ըլլար: Թռչունը թառեցաւ փոքրիկ ու չոր ծառի մը վրայ, որ փուշերով եւ փոքր ու փխրուն տերեւներով ծածկուած էր. եւ ըսաւ որսորդին.

-Ահա, ա՛յս է իմ հայրենիքս:


1926 ին Սան-ֆրանչիսկոյի մէջ, երբ տասնեւութը տարեկան էի, տեսայ մարդ մը, որ փողոցին մէջ բեռնակառքի մը վրայ ծաղիկ կը ծախէր: Անմիջապէս հասկցայ որ ան հայ էր:
Այն օրուընէ տասը տարի ետք ան մեր տունը եկաւ եւ մայրս զայն մեզի ներկայացոգց իբրեւ Սարոյան ընտանիքին մէկ հին ծանօթը, Վարդան Մուրատեանաը:

Փոքրիկ գաւաթներով մայրս սուրճ հրամցուց մեզի եւ այցելուն քանի մը ումպ խմելէ յետոյ, ըսաւ ինծի-« Դուք գրող էք: Եթէ միայն գիտնայիք թէ ուղեղիս մէջ ինչե՛ր կ'անցնին կը դառնան, պիտի կարենայիք անոնցմով խոշոր գիրք մը գրել»:
Պատասխանեցի թէ վստահաբար անոր կեանքն ու մտածումները ինքնուրոյն կրնային ըլլալ, ու շատ կարեւոր: «Ա՛հ, հա՛ բացագանչեց ան, իբրեւ թէ կարդար հայ լեզուն դպրոցի մը մէջ, հոն ուր ես չէի կրցած յաջողիլ: Ա՛յնքան շատ բան կայ ըսելիք, որ չեմ գիտեր թէ ո՞ւրկէ սկսիմ:
Առաջին- ես հայ եմ եւ դուք գիտէք թէ ի՛նչ դժուարին եւ միանգամայն ի՛նչ հրաշալի բան է այդ:
Երկրորդ- ես Պիթլիսցի եմ եւ ամէն մարդ գիտէ թէ Պիթլիսցիները ինչ անհանգիստ, անհամբեր, իրենք իրենցմէ դժգոհ բայց զարգացումի հետամուտ մարդիկ են:
Երրորդ- ես Մուրատեան մըն եմ եւ թէեւ հեռաւոր, բայց արենական կապով ազգյին Սարոյաններուն: Այս կը նշանակէ որ մենք բանաստեղծ ենք, նշանաութիւն չունի թէ ի՞նչ ձեւով կը շահինք մեր կեանքը: Ես ամէն օր քերթուած մը կ'ապրիմ: Հարցուցի իրեն թէ ինք կը գրէ՞ր իր քերթուածները. եւ ան պատասխանեց - Անոնցմէ մէկ քանին միայն, եւ ոչ լաւագոյնները: Ես ծաղկավաճառ մը չեմ: Այդ գործը կ'ընեմ պարզապէս ընտանիքիս պէտք եղած դրամը շահելու համար: Բաճկոնին ներքին գրպանէն թուղթի կտոր մը հանեց ան բացաւ, եւ առանց այլ եւ այլի կարդաց քերթուած մը, զոր ինք գրած էր: Շատ լաւ էր:

Մինչ ան կը կարդար, ես սկսայ հասկնալ թէ ինչո՛ւ ան միշտ կը շարժէր իր շրթունքները ամէն անգամ որ առանձին ըլլար: Եւ ես կը սքանչանայի հայ լեզուի գեղեցկութեան վրայ, այդ լեզուին անմասն բանաստեղծութեան վրայ: Գուցէ ,կը մտածէի, հայերէնի ճոխութեան պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ իւրաքանչիւր հայ բանաստեղծ էր, անոր ամբողջ կեանքը տեսակ մը քնարերգական բանաստեղծութիւն էր:
Որքան տարիներ անցան՝ ես զգացի թէ այդ էր ճշմարտութիւնը:

ՈՒԻԼԵԸՄ ՍԱՐՈՅԱՆ

Այո...իւրաքանչիւր հայ բանաստեղծ մըն է... անոնցմէ մին...փոքրիկ աշխատանքը կը ներկայացնէ, համեստ...խոհեմ... անկեղծ...արենական ազգային ջինջ սէրով...