dimanche 28 août 2011

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ


Աշխարհիս մէջ, ուր վարդը քիչ, շատ է փուշ,
Պէտք է քալել յուշիկ, վարուիլ միշտ զգուշ,
Քիչ խօսիլ եւ շատ ունկնդրել մեծերուն.
Խօսքն է արծաթ եւ ոսկի է լռութիւն:


ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍԷՆ

*Հոգեւոր արժէքներու մեծութիւնը նման է թանկագին մարգարիտի,
որ աղտ չունի իր փայլին մէջ:

* Մահը ժամանակաւոր է,
իսկ նահատակներու կենդանութիւնը՝ յաւիտենական:

* Ճշմարտութիւնը եւ առաքինութեան նահատակները
երբեք կարելի չէ ծածկուած պահել...:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԷՆ


* Թէեւ մենք փոքր ենք, թիւով՝ սահմանափակ,
Զօրութեամբ՝ տկար, ու շատ անգամ պարտուած օտար
թագաւորութիւններէ, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջն ալ կան
կատարուած գործեր, որոնք արժանի են գրաւոր յիշատակութեան:

* Քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է:
«Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»

* Իմաստութեամբ կարելի է յաղթել ուժին:

* Անգրագիտութիւնը մեծ չարիք է:

*Կրթութիւնը ամէն ինչ է: Կրթութիւնը հաւասարապէս պէտք
է ջամբել թէ՛ ազնուականներուն, թէ՛ շինականներուն,
նոյնիսկ հաւասարապէս տղամարդոց եւ կիներուն...:

* Ամուսնութիւնը սրբութիւն է: Ան պէտք չէ հիմնուի նիւթական
հարկադրանքի վրայ, այլ՝ փոխադարձ սիրոյ:

* Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած կամաւոր դաշինք է,
մարդկութեան բարոյական ամենաբարձր հիմքը:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԵՂԻՇԷԷՆ

*Լաւ է աչքով կոյր ըլլալ, քան՝ մտքով:

*Ամբողջ մարմնի կենդանութիւնը հոգին է,
իսկ մարմինն ու հոգին կառավարողը՝ միտքն է:

* Անոնք, որոնք անգամ մը աշակերտած են ճշմարտութեան,
այլեւս բնաւ ետ չեն դառնար անկէ:

*Միաբանութիւնը բարի գործերու մայրն է,
իսկ անմիաբանութիւնը՝ ծնողն է չար գործերու:

*Մահ ոչ իմացեալ մահ է,
մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻԷՆ


* Միայն մեր երկպառակութենէն եւ
դաւաճանութիւններէն վնասուած ենք մենք:

* Անդիմադրելի են երկու բան. սէրը եւ նախանձը:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բարի նպատակին մէջ
մարդը կրնայ հասցնել արքայութեան:

* Շտապէ՛, որովհետեւ յաւիտեան չէ կեանքը.
կրնայ պատահիլ, որ պատուաւոր անուն մը չհանած՝
կեանքէն հեռանաս անանուն եւ անպիտան մահով:

* Թագաւորը պէտք է իր աչքով տեսնէ, իր ականջով լսէ եւ խօսի իր բերանով,
եւ ոչ թէ ուրիշի աչքով տեսնէ,
ուրիշի ականջներով լսէ եւ ուրիշի բերնով խօսի:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹԷՆ


* Փիլիսոփայութիւնը պէտք է թափանցէ ճշմարտութեան
խորքը եւ օգնէ որ մարդը նմանի Աստուծոյ:

* Աստուած կը հոգայ բոլորին: Մարդն ալ,
ձգտելով նմանիլ Աստուծոյ, պէտք է հոգածու ըլլայ իր նմաններուն հանդէպ:

* Փիլիսոփայութեան նպատակը՝ մարդու գիտակցութենէն դուրս
գոյութիւն ունեցող աշխարհը ճանչնալն է:

mercredi 3 août 2011

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎՐԱՅ

* Պատուեցէ՛ք ձեր ծնողքը ձեր խօսքերով, ձեր գործերով եւ ամէն տեսակ առաքինութիւններով:
Ինչ որ ալ պատահի ինձ, թէ բարեյաջող եւ թէ տխուր, մտածումս կը դառնայ մօրս: Կը կարծեմ տեսնել զինքը, լսել, խօսիլ:
Այսպիսի մէկը՝ զոր մարդ այդքան կը յիշէ, բացակայ չէ:
Լամարդին

* Նմանիլ մօրս, անոր պէս հրաժարիլ ոչ միայն չար գործելէ, այլ մինչեւ անգամ չար բան մտածելէ:
Մարկոս Աւրելիոս

* Որդիական գութը կը բաղկանայ յարգանքէ, խանդաղատանքէ, երախտագիտութենէ:
Պառռօ

* Ձեր եղբայրներուն կը պարտիք գոնէ այնչափ մեծարանք, որչափ կը պարտիք ամէն մարդոց:
Սէն Լանպէռ

* Ինչպէս չկայ կրօնք առանց տաճարի, նոյնպէս չկայ ընտանիք առանց առտնին մտերմութեան:
Ժիւլ Սիմոն

*Տան տիկինը մայր մեղուն է, ուր որ կը գտնուի նա, հոն կը գտնուի նաեւ փեթակը. եթէ հեռանայ, մեղուները կը ցրուին, բջիջները կը խանգարուին, մեղրն անգամ իր անուշ համը կը կորսնցնէ:
Սոկրատ

ԽՂՃԻ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

*Ի՞նչ են մարմնոյ ցաւերը հոգւոյ տանջանքներուն քով. խղճի կրակին քով ո՞ր կրակը կրնայ բաղդատուիլ:
Շաթոպրիան

*Մարդուս համար մէկ ճշմարիտ դժբավտութիւն միայն կայ, որն է յանցանքի մէջ գտնուիլ եւ ունենալ բան մը յանդիմանուելու:
Լապրիւյէռ

* Հանգիստը ոչ ուրեք է, երբ մարդ զայն սրտին մէջ չունի:
Ժիւլ Գլարսի

* Խիղճը զմեզ չխաբեր, մարդուս ճշմարիտ առաջնորդն է, հոգւոյ նկատմամբ այն է, ինչ որ է բնազդը մարմնոյ նկատմամբ:
Վինէ

* Ուզենք չուզենք, խիղճը մեր մէջ, ի նպաստ մեր եւ մեզի դէմ վճիռներ կ՛արձակէ, որոնց դէմ անհնարին է մեզ բողոքել:
Լամարդին

*Գնա՛, ուր որ ուզես, հոն պիտի գտնես քու խիղճդ:
Տիտռոյ

* Քիչ խօսք եւ բազում բարի գործ, ահա աղէկութիւն ընելու միջոց:
Լանտռիէօյ

* Լաւ գործէ՛, նախանձոտներ պիտի ունենաս, լաւագոյն՝ գործէ՛ ամօթահար պիտի ընես զանոնք:
Ֆռանքլին

*Երբ քու խիղճդ զքեզ կ՛ամբաստանէ, զքեզ կը դատապարտէ, զքեզ կը պատժէ ամբողջ տիեզերք ոչ իրաւունք ունի ոչ իշխանութիւն զքեզ արձակուրդ տալու:
Ա. Գոգըռէլ

*Զգուշացի՛ր որ արեւը երկիրը դիտելով, մի՛ գուցէ կարենայ ըսել. ահաւասիկ վատ մը որ կը քնանայ:
Ֆռանքլին

ՈՒՍՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

* Կարդալ սիրելը, կեանքի մէջ ունենալիք ձանձրութեան ժամերը փոխանակել է հեշտալի ժամերու հետ:
Մոնթէսքիէօ

* Անկեղծութեամբ եւ փութով յառաջ տարուած ուսումը, սիրտը կը բարձրացնէ եւ կը մաքրէ, մինչ միանգամայն միտքը կը ճոխացնէ եւ կը զինէ կեանքի ամէն ասպարէզներու համար:
Կիզոյ

* Գաղափարներ ունենալով ամէն բան չլմննար, կարեւորն է զանոնք պահել:
Ժիւլ Սիմոն

* Պատմութեան ուսումը ամենէն հարկաւորն է մարդոց, ինչ որ ալ ըլլայ իրենց տարիքը եւ իրենց սահմանեալ ասպարէզը:
Տը Սէկիւռ

* Պէտք է ուսման նուիդել զանձն եւ պատուականագոյն գանձով զարդարել մեր հոգին, անով զոր մարդ չկրնար մենէ յափշտակել եւ որ կը պահպանուի թէ՛ կեանքին մէջ եւ թէ անկէ յետոյ:
Վիլմէն

* Չկայ բան մը որ աւելորդապաշտութիւնը արմատախիլ կ՛ընէ կամ կը խափանէ այնչափ լաւ կերպով ,որչափ հաստատուն կրթութիւն մը:
Ֆենելոն

* Միտքը հը սնանի եւ կը զօրանայ այն վսեմ ճշմարտութիւններով՝ զորս ուսումը կու տայ անոր:
Ռօլէն

* Աւելի լաւ է երկու անգամ կարդալ լաւ գործ մը քան թէ մէկ անգամ յոռի երկ մը:
Ժ.Պ.Սէ

* Ամէն վայրկեան կրթութիւնը ունի բարոյական ազդեցութիւն մը՝ որ վերջին աստիճանի բարեկրթիչ է, որ միտքը լուսաւորելով կ՛ուղղէ նաեւ հոգին:
Միշլէ

* Ուսումը կը վանէ ձանձրոյթը, կը փարատէ տրտմութիւնը, կը թմրեցնէ ցաւը, կը կենդանացնէ եւ կը շէնցնէ ամայութիւնը:
Գօնթ Տը Սէկիւր

ՊԱՐՏՈՒՑ ՎՐԱՅ

*Քայլ մը պարտաւորութենէ դուրս կրնայ զմեզ շատ հեռուները տանիլ:
Գոռնէյլ

*Մարդուս կեանքին այն միակ գործը՝ որ միշտ իր նպատակին կը հասնի, պարտուց կատարումն է:
Տիկին Տը Սթալ

*Կատարեալ արժանաւորութիւնն է ընել առանց ականատես վկայի, ինչ որ մարդ կարող պիտի ըլլար ընել ամէն մարդու առջեւ:
Լառոշֆուգօյ

*Լաւ վարմունք մը աւելի կ՛արժէ քան լաւ պաշտօն մը:
Ա.Վէսսիոյ

*Աղէկ ընթացք ունենալ պարտք մըն է առ մեր անձն եւ առ այլս:
Ա.Վէսսիոյ

*Հնազանդէ՛, եթէ կ՛ուզես որ օր մը քեզ հնազանդին:
Վօլթէռ

*Եթէ շիւղ մը մտնէ ձեր աչքին մէջ, իսկոյն կը հանէք:
Եթէ մոլութիւն մը մտնէ ձեր հոգւոյն մէջ, կ՛ըսէք.
«Գալ տարի կը մտածեմ ինքզինքս բժշկելու:»
Որատիոս

*Պէտք է ընել ոչ թէ այն՝ զոր մարդ կ՛ախորժի ընել,
այլ՝ ինչ որ ընելով գոհ պիտի ըլլայ մարդ:
Կոմսուհի Տիան

*Հնազանդիլը բան մըն է, բայց աւելի արժանիք կայ յօժարութեամբ հնազանդելուն մէջ:
Ժիռառդէն

ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

* Դատելու համար լաւագոյն կանոնն է սպասել:
Կրէսսէ

* Ով որ հեռու ճանապարհորդել կ՛ուզէ, կը խնայէ իր հեծած անասունին:
Ռասին

*Լաւ է իրաւախոհ ըլլալ քան թէ ժամանակը կորսնցնել դատ վարելով:
Խոհեմութիւնը կը կայանայ լուսաւորեալ բանականութեան մէջ,
անյեղլի իմաստութեան մէջ, եւ արդար խորհրդածութեամբ ինքզինք վարելու արուեստին մէջ:
Տէքարթ

*Պէտք չէ մարդերը դատել ըստ երեւոյթին եւ պէտք է միայն կապուիլ անոնց հետ,
որոնց վեհանձն եւ մաքուր հոգին ծանօթ է ձեզ:
Աղէղն ի զո՜ւր կը խղճայ երբ նետն արդէն արձակուած է:
Տէռուլէտ

*Երկու անգամ խորհէ՛ մէկ խօսելէ առաջ, եւ այսպէս երկու անգամ աւելի լաւ պիտի խօսիս:
Գ. Պէն

*Մարդ երբեք միջակ մէկը չէ, երբ ունի շատ ողջմտութիւն եւ բազում բարի զգացումներ:
Ժուպէռ

* Ես մէկ գործ միայն ունիմ, որն է ինքզինքս ուսումնասիրել, խորը մտնել եւ մանաւանդ յաղթել ինքզինքիս, զիս արժանի ընելու համար ճշմարտութեան հասնելու:
Ֆենելոն

*Մեծ առաւելութիւն մը չէ աշխոյժ միտք ունենալ, եթէ արդարախոհ չըլլայ:
Ժամացոյցի մը կատարելութիւնն է ոչ թէ արագ բանիլ, այլ կանոնաւոր:
Վովնարկ

*Կրպակէ մը բարձրանալ ապարանք մը, գեղեցիկ է եւ սակաւադէպ,
վրիպանքէ բարձրանալ ճշմարտութիւն, աւելի սակաւադէպ է եւ աւելի գեղեցիկ:
Վիկթոր Հիւկօ

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

*Առաքինութիւնը ծաղկանց պէս անոյշ բոյր կը ծաւալէ իր շուրջ:
Առանց առաքինութեան ի՞նչ կ՛արժէ մեծ հանճար մը:
Կրէսսէ

*Ձախողութիւնը առաքինութեան փորձն է:
Լէվիս

*Պէտք է յառաջանալու ջանալ արժանիքով եւ ոչ թէ պաշտպանութեամբ:
Միշտ առաջին կարգը դասեցէք սրտի ուղղութիւնը եւ հաւատարմութիւնը:
Կոմփուկիոս

*Երեք բաներ՝ որոնցմով մարդ կեանքին մէջ կը յառաջանայ.
առողջ մարմին, մշակեալ միտք, ազնիւ սիրտ:
Շթալ

*Չար սովորութեանց մարդ աւելի դիւրաւ կը յաղթէ այսօր քան վաղիւ:
Կոմփուկիոս