dimanche 28 août 2011

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ


Աշխարհիս մէջ, ուր վարդը քիչ, շատ է փուշ,
Պէտք է քալել յուշիկ, վարուիլ միշտ զգուշ,
Քիչ խօսիլ եւ շատ ունկնդրել մեծերուն.
Խօսքն է արծաթ եւ ոսկի է լռութիւն:


ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍԷՆ

*Հոգեւոր արժէքներու մեծութիւնը նման է թանկագին մարգարիտի,
որ աղտ չունի իր փայլին մէջ:

* Մահը ժամանակաւոր է,
իսկ նահատակներու կենդանութիւնը՝ յաւիտենական:

* Ճշմարտութիւնը եւ առաքինութեան նահատակները
երբեք կարելի չէ ծածկուած պահել...:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԷՆ


* Թէեւ մենք փոքր ենք, թիւով՝ սահմանափակ,
Զօրութեամբ՝ տկար, ու շատ անգամ պարտուած օտար
թագաւորութիւններէ, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջն ալ կան
կատարուած գործեր, որոնք արժանի են գրաւոր յիշատակութեան:

* Քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է:
«Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»

* Իմաստութեամբ կարելի է յաղթել ուժին:

* Անգրագիտութիւնը մեծ չարիք է:

*Կրթութիւնը ամէն ինչ է: Կրթութիւնը հաւասարապէս պէտք
է ջամբել թէ՛ ազնուականներուն, թէ՛ շինականներուն,
նոյնիսկ հաւասարապէս տղամարդոց եւ կիներուն...:

* Ամուսնութիւնը սրբութիւն է: Ան պէտք չէ հիմնուի նիւթական
հարկադրանքի վրայ, այլ՝ փոխադարձ սիրոյ:

* Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած կամաւոր դաշինք է,
մարդկութեան բարոյական ամենաբարձր հիմքը:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԵՂԻՇԷԷՆ

*Լաւ է աչքով կոյր ըլլալ, քան՝ մտքով:

*Ամբողջ մարմնի կենդանութիւնը հոգին է,
իսկ մարմինն ու հոգին կառավարողը՝ միտքն է:

* Անոնք, որոնք անգամ մը աշակերտած են ճշմարտութեան,
այլեւս բնաւ ետ չեն դառնար անկէ:

*Միաբանութիւնը բարի գործերու մայրն է,
իսկ անմիաբանութիւնը՝ ծնողն է չար գործերու:

*Մահ ոչ իմացեալ մահ է,
մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻԷՆ


* Միայն մեր երկպառակութենէն եւ
դաւաճանութիւններէն վնասուած ենք մենք:

* Անդիմադրելի են երկու բան. սէրը եւ նախանձը:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բարի նպատակին մէջ
մարդը կրնայ հասցնել արքայութեան:

* Շտապէ՛, որովհետեւ յաւիտեան չէ կեանքը.
կրնայ պատահիլ, որ պատուաւոր անուն մը չհանած՝
կեանքէն հեռանաս անանուն եւ անպիտան մահով:

* Թագաւորը պէտք է իր աչքով տեսնէ, իր ականջով լսէ եւ խօսի իր բերանով,
եւ ոչ թէ ուրիշի աչքով տեսնէ,
ուրիշի ականջներով լսէ եւ ուրիշի բերնով խօսի:

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹԷՆ


* Փիլիսոփայութիւնը պէտք է թափանցէ ճշմարտութեան
խորքը եւ օգնէ որ մարդը նմանի Աստուծոյ:

* Աստուած կը հոգայ բոլորին: Մարդն ալ,
ձգտելով նմանիլ Աստուծոյ, պէտք է հոգածու ըլլայ իր նմաններուն հանդէպ:

* Փիլիսոփայութեան նպատակը՝ մարդու գիտակցութենէն դուրս
գոյութիւն ունեցող աշխարհը ճանչնալն է: