dimanche 11 octobre 2015

♥ ՏԵՍԻԼՔԸ ♥ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ «Սիամանթօ»

ՏԵՍԻԼՔԸ
Ո՛Վ ՀՐԱՇԱԼԻՔ, ո՜վ հաւատքի աննիւթական հուր,
Ո՜վ զարմանագործ զօրութիւն,
Ո՜վ բոցեղէն բժժանք, ո՛վ անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ Քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքո՛վն լուսագիծ՝
Ակնթարթ մը՝ մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց...:
Յանկարծ՝ Սուրբը մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարժ՝
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն և տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով,
Որմին առջև անհունօրէն ծնրադրեց...:

 
 

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ
ներբողական

ՕՇԱԿԱՆԻ ամենասո՛ւրբ գերեզման,
Հանճարի հող՝ ուրկէց այսօր,
Տասնևհինգ երկար դարերու,
Պատմութիւն մը պերճաշուք,
Արևելքէ Արևմուտք, երկու Հայքն բովանդակ,
Դէպի զՔեզ, ազատօրէն աղօթելու կը շարժէ...:

ՕՇԱԿԱՆԻ անհո՛ւն մեռեալ,
Դուն բիւրաւոր ճիւղերով,
Ոսկեհոս գե՛տ գիտութեան,
Մտքի Փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի Կեդրոն,
Դուն անվախճա՜ն փոշիացեալ,
Դուն ջահերու անմարելի շտեմարան,
Որկէց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,
Ես աղքատօրէն եկայ վառել...:

ՕՇԱԿԱՆԻ վսեմական վարդապետ,
Դուն վեհիմաստ վանական և Աստծո՛յ բաժակ,
Դուն Յիսուսի բազմաբուրեան պատմուճան,
Խօսքի՛ աղբիւր, բանի՛ բարձունք,
Կարողութեանց անվե՛րջ կատար.
Դուն իմաստի աւազան և աղօթքի կապոյտ անձրև
Ափ մը հողէդ, ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ...:

ՕՇԱԿԱՆԻ Դուն անկորուստ կրօնական,
Անապատին մէ՛ջ մխրճուող ճգնաւոր,
Դուն անբասիր և մեհենական մենակեաց
Խունկի՛ անտառ, կեդրուկներո՛ւ բուրաստան,
Քրիստոսի ազնիւ խօսքին դուն տիրական տարածիչ
Եւ կրանիտեայ ուղղափառ սիւն.
Եւ մտքի գմբեթ և հոգիի անծայրածիր հորիզոն,
Դուն շնորհքի աշնանային շատրուան,
Քու հաւատքէ՛դ հաւատացեալ՝ ե՛ս ալ լացի...:

ՕՇԱԿԱՆԻ մէջ անմա՜հօրէն մահացեալ,
Անճառելի և անդրանիկ դաստիարակ,
Ես՝ երազային երախայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա՛ ինձ, ո՜վ հայրո՜ւթիւն...
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ...
Եւ լսէ՛ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի,
Շուշան-մարմին մանուկներէն՝
Մինչև ծերերն հողաբոյր,
Քու Սուրբ անունդ կ՛օրհներգեն...:

ՕՇԱԿԱՆԻ հանճարանի՛ստ հողակոյտ,
Եկեղեցւոյ խորանին քով անշուք՜օրէն մրափող
Եւ Եհովայի պատգամախօս մեծ Մատեանին,
Դուն սրբագիր թարգմանիչ,
Ոսկեդարու ադամանդեա՜յ բանալի,
Դուն Հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ,
Դուն լեզուի կաճառ, գեղեցկութեան իջևան,
Դուն ճեմարան մարմարա՜յին մտածումի.
Ներէ՛ որ քու աշակերտդ այս արբեցեալ,
Տասնևհինգ դարեր յետոյ, զքե՛զ պաշտէ...:

ՕՇԱԿԱՆԷՆ ի մեզ հսկող Մտքի Աստուած,
Դուն հասողութեան հիմնաքար,
Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհատիկ աշտարակ,
Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի...
Դուն մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դուն Տարօնածին հսկա՜յ Մովսէս,
Դուն անհպելի մատենագիր մայր-բարբառի,
Թո՛ղ իմ գանկս, վերջալոյսիս,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս՝ խնկատուփի մը փոխարէն,
Հողակոյտիդ վրան վառեն...:

ՍԻԱՄԱՆԹՕ