jeudi 15 octobre 2015

ԽԱԲՈՂԻՆ ԽԱԲՈՂ ՈՒ ԿԷՍ ♥ ՍԻՊԻԼ «ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ»


ԽԱԲՈՂԻՆ ԽԱԲՈՂ ՈՒ ԿԷՍ

Կարմիր բըբուկ, սեւ սեւ բիտեր,
Լանջքը կանաչ, վըրան կէտեր,
Գըլուխը վեր բռնած, յոխորտ,
Կտկտալով, կտկտալով,
Տան մ' աղբիւսին մէջ խորտուբորտ
Ինք իրմէ գոհ՝ կը ճեմէր վէս
Աքլոր մ' աղուոր ու ոսկեգէս,
Կտկտալով, կտկտալով:
Մէյ մ' ալ նայիս, կամաց-կամաց,
Գըլուխը կախ, սիրտը ցաւ,
Աղուէս մը չոր ոսկոր դարձած՝
Մեր աքլորին մօտեցաւ:

«Բարե՜ւ,- ըսաւ,- ո՜վ դուն, փիւնիկ հաւերու,
Այդ ի՜նչ շընորհք, այդ ի՜նչ պերճանք աչքառու.
Ուրկէ՞ գըտար այդ փետուրներդ արծաթէ,
Որոնց ծայրէն յակինթ, զմրուխտ կը կաթէ:
Բըբուկդ հապա՜, մետաքսէ ծոպ ծիրանի,
Հին քաջերու սաղաւարտին կը նմանի:
Կըտուցդ արդեօք արեւա՞կն է թանկագին,
Որ իր ձայնով բերկրանք կ'ազդէ աշխարհքին:
Ես չեմ ճանչնար թռչուն մ' աղուոր քեզ նման:
Կարապներն իսկ քեզմէ շատ վար կը մնան:
Մէկը միայն կը ճանչնայի, քու հայրդ էր,
Քեզ պէս սիրուն երգովն ըզմեզ կը կարթէր:
Բայց ձիրք մ' ունէր ան, զոր անշուշտ դուն չունիս
(Ինչպէ՜ս մոռնամ տաղանդն անուշ թռչունիս).
Երգած ատեն՝ աչքերը գոց կը կենար.
Այն ի՜նչ ձայն էր, սրի՞նգ, ջութա՞կ, վի՞ն, քընա՞ր:

Աքաղաղին անփորձ տըղան,
Հաւատալով անոր խօսքին,
Փակեց աչքերն ու բարձրաձայն՝
«Կուկուլիկ-կո՜ւ» պոռաց ուժգին:
Աղուէսն իսկոյն վըրայ հասաւ
Եւ խածնելով զայն ըշտապաւ:
Թեթեւ-թեթեւ ու սրընթաց
Շուտ մ' աղբիւսէն փախաւ գընաց:
Բայց հովիւներ դաշտին մէջ շէն,
Նըշմարելով արշաւն անոր խելագար,
Շուներուն հետ ինկան ընդհուպ ետեւէն՝
Բիրերով հաստ ու երկար:

Աքլորն յանկարծ, իր նեղ դիրքին հակառակ,
«Աղուէ՛ս եղբայր,- ըսաւ,- պոռա՜ սա շունին
Եւ սա տխմար հովիւներուն անճարակ
Թէ աքլորէդ իրենք բընաւ մաս չունին»:
Աղուէսն անվախ՝ տատանելով իր ագին,
Բըռնած որսին սիրովն արբշիռ, երջանիկ՝
Բացաւ բերանն, աղաղակեց զայրագին.
«Աքլորն իմս է, պարապ տեղը մի՛ յոգնիք»:
Բայց աքլորը ծառին կատարն էր թըռեր:
Չորքոտանին վեր նայեցաւ խենթի պէս.
Սմքած մընաց. սրտին մէջ բոց կը վառէր:
«Սա խեղճ, ապուշ կենդանիին աներես
Ի՞նչպէս ծուղակն ինկայ ես:
Վա՜յ այն բերնին,- գոչեց լալէն,-
Որ լըռելու տեղ կը խօսի»:
Եւ թռչունն ալ պոռաց վերէն.
«Վա՜յ այն աչքին, որ կ'ըլլայ քուն,
Մինչդեռ մընալ պէտք է արթուն»:

ԶԱՊԷԼ ԱՍԱՏՈՒՐ «ՍԻՊԻԼ»