vendredi 24 novembre 2017

Շնորհաւոր Ուսուցչաց Օր

ԼՈՒՍԱՓԹԻԹ ՀԵՏՔԵՐ
 Սիլվի Սրբուհի Մարազեան

Դէպքեր կան որ սպիներ կը գոյացնեն հոգւոյն խորերը: Անձեր կան որ լուսափթիթ հետքեր կը թողուն սրտին ամենաջերմ անկիւնը:
Ուսանողի մը կեանքին մէջ, մանաւանդ մանկութեան շրջանի յուշերը մնայուն հետքեր կը ձգեն մաշկին վրայ, կը թափանցեն հոգւոյն խորերը, երեւան կ՛ելլեն պատեհ առիթներով, թռչող տարիներ չեն աղօտեր անոնց հայեացքը:
Նախակրդարանի շրջանը խիստ հակամէտ է յիշատակներու ամբարումի տեսակետէ: Աշակերտի մը համար մօրմէն յետոյ, լաւն ու բարին  սորվեցնող երկրորդ իգական սեռի ներկայացուցիչն է ուսուցչուհին:
Բնազդային ներհայեցողութեամբ տղուն այնպէս կը թուի թէ այս բարձրագոյն բարոյական արժէքներու տէր պարմանուհին ամէն ինչ գիտէ, աշխարհին ամէնէն իմաստուն անձն է:
Մատղաշ ուղեղը յափշտակուելով նորանոր գիտելիքներու հորիզոնէն, օրէ օր ալ աւելի սխրանքով մտիկ կ՛ընէ իր պաշտելի ուսուցչուհին: Ան է որ կ՛ուսուցանէ, կը հիմնաւորէ աշակերտին մտքին մէջ կամքն, աշխատանքն ու կորովը՝ իբր յաջողութեան նշանաբան. դպրոցն ու ընտանիքը՝ իբր բարոյական սկզբունքներու հիմք, հայ գրականութիւնը՝ իբր միտքի ու քիմքի մեղրածոր աղբիւր:
Այս լուսափթիթ հետքերու նախագիծը կերտող արժանաշնորհ ուսուցչուհիներէն մին ալ շնորհաշատ Օր. Մաքրուհի Պ.Յակոբեանն է. զորս երիտասարդ տարիքին իր համալսարանի ուսանողութեան առընթեր ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօնը:
Ան ներմուծած է աշակերտներուն սրտերուն՝ հայ երգը, հոգիներուն՝ հայաշունչ բանաստեղծութիւնը, միտքերուն՝ մայրենիի հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը:
Շնորհիւ այս սեւաչեայ, գանգռահեր, վայելուչ ուսուցչուհիին, վեցերորդ դասարանի տղան առաջին անգամ ըլլալով լսած է հայ  աշուղական երգի մեղեդիները, ըմբոշխնած է ժողովրդական երաժշտութիւնը. սովորած է Սարմենի երրեակը.
«Երգ սիրեցէք կեանքի բոլոր վայելքներից աւելի
Երգն է բուժիչ բալասանը անդընդախոր ցաւերի
Երգ հիւսեցէք, առանց երգի վիշտն աշխարհը կ՛աւերի»
Առաջին անգամ ըլլալով ճաշակած է Յ.Թումանյանէն «Անուշ» օփէրային հատուածներէն «Աղբիւրի Երգ»ը, եւ հոգւոյն հետ հիւսած հեշտալուր ներդաշնակութեամբ հմայուած է հայ երգի գեղեցկութենէն:
 Զուսպ կեցուածքով, սահուն հայերէնով, վճիտ առոգանութեամբ, կատարեալ հայուհիի մը տիպարը եղող երիտասարդ ուսուցչուհի, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան եղած է նաեւ սերմնացանը փոքրիկ հոգիներու. ոտանաւորի տաղաչափական եւ յանգային հիւսուածքէն դէպի բանաստեղծութեան զգայաշունչ գեղեցկութիւններուն, քնարային տաղերու փայփայիչ ոլորտին, հոգին ազնուացնող երգին ու տաղին սիրոյ սերմերը ցանելով նորաբողբոջ աշակերտներուն սրտին:
Առած-ասացուածքներու, իմաստուն խօսքերու, հայ գրականութենէ ընտրուած գեղահիւս նմոյշներու հետ ծանօթացած է միջնակարգի աշակերտը, ըմբռնելով լեզուին ոգին ու գիտական օրէնքները միաժամանակ:
«Յարատեւող ճիգին առջեւ չկայ բան մ՛որ դիմանայ, դժարը դիւր՝ անկարելին հնարաւոր կը դառնայ» (Ռ.Պէրպէրեան)-ի այս  իմաստուն միտքը սորվեցուցած է աշակերտներուն Օր. Մաքրուհի Յակոբեան, ընդգծելով յարատեւ աշխատանքի կարեւորութիւնը կեանքի բոլոր փուլերէն ներս:
Հայ գիրի ու լեզուի անթերի գործածութիւնը ամենօրեայ դրութեամբ զարգացնել, պահպանել ու փոխանցել ջանացող այս անխոնջ աշխատանքի ջատագող շնորհառատ ուսուցչուհին մօտաւորապէս սերունդի մը աշակերտութեան հայկականութիւն ու ոգի ներմուծած է:
Մայրենի լեզուին հանդէպ բնածին հմտութեամբ օժտուած, փոքր հասակէն գրական ընթերցումներու հմայքով միտքն ու հոգին շաղախուած Օր Մաքրուհի Յակոբեան քսանըմէկ տարիներու ընթացքին ուսուցչութեան ասպարէզը ի գործ դրած է բազմաթիւ վարժարաններու մէջ, հարիւրաւոր աշակերտներու զարգացման:
Հայ գրականութեան դասաւանդութիւններու յարակից, իր ուսման մասնագիտութիւնը եղող  հոգեբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասեր ալ ուսուցանած է լիսէի մակարդակի ուսանողներուն այս գերընտիր ուսուցչուհին:
1986-ին ուսուցչական ասպարէզէն հանգստեան կոչուելու իրաւունքը ստանալով, ծառայութեան ուղղութիւնը փոխած,  մայրենին ժողովուրդին մէջ կենսունակ պահելու նկատմամբ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհիի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է:
Մինջեւ օրս Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կը շարունակէ հայ գիրին գոյատեւման ծառայելու, մայրենիին հանդէպ հոգածութեան նահանջին դէմ պայքարելու *մեղուի փեթակի խմբագրատան մէջ:


**Հարցազրոյցի մը ընթացքին Մաքրուհի Պ. Յակոբեան սապէս յայտնած է լրագրական ասպարէզի մասին:
 «Լրագրական ասպարէզը աւելի գրաւիչ թուեցաւ ինծի ո՛չ թէ անոր համար որ ես լրագրող ըլլալու մասնաւոր ցանկութիւն ունէի, այլ անոր համար որ ունէի խոր պաշտամուք եւ սէր՝ իմ մայրենիիս նկատմամբ: Ծնողքս մեզի, այս կարգին ինծի, յաջողած էր խորապէս սիրցնել մեր լեզուն եւ մշակոյթը: Ներշնչած էր մեզի հայ ծնած ըլլալու եւ հայ ապրելու արդար հպարտութիւնը»:
Մաքրուհի Յակոբեան նոյն հարցազրոյցի ընթացքին Մարմարա օրաթերթի վաստակաշատ խմբագրապետ Ռ.Հատտէճեանի մասին ալ հետեւեալը ըսած է զրոյցը կատարող Պր. Վ.Օտապաշեանին հարցումին պատասխանելով:

«Պրն. Հատտէճեանի հետ աշխատիլ եւ գործակցիլ ո՛չ միայն պատիւ եւ բարեբախտութիւն, այլ նաեւ անբացատրելի հաճոյք է: Պրն. Հատտէճեան այնպիսի անձ մըն է, որ յաջողած է իր մէջ կուտակել մարդ արարածի շնորհուած բոլոր բարեմասնութիւնները: Չափազանց խելացի, այլասէր, ազնիւ, ազգասէր, վստահելի, մէկ խօսքով՝ խղճի եւ մտքի տէր, հաւասարակշռեալ անձ մըն է: Մարմարայի անձնակազմի բոլոր անդամներուն հետ անխտիր՝ կը վարուի մեղմօրէն, քաղաքավարութեամբ, երէց եղբօր մը գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ: Խիստ զգայուն եւ փափկանկատ է: Եթէ զգայ որ իր մէկ անմեղ քննադատութեամբ իսկ վշտացուցած է իր դիմացինը, այդ անձին շուրջը կը դառնայ, անոր սիրտը գրաւել կը ջանայ: Մեծամտութիւն կամ հպարտութիւն չունի բնաւ: Քաջատեղեակ է իր կարողութիւններուն, բայց ան իր այդ կարողութիւններուն ապաւինելով երբեք չ՛ուզեր ստորադասել ուրիշները: Ամէմէն հասարակ մարդն ու  ամէնէն հեղինակաւոր մարդը հաւասարապէս սիրելի են իրեն համար, որովհետեւ ան ամէն անձի մէջ կը փնտռէ թաքուն արժանիքներ եւ կ՛ուզէ ի յայտ բերել այդ արժանիքները:
Պրն. Հատտէճեանի մօտ ամէնէն յատկանշական գիծը, իր յամառ աշխատասիրութիւնն է: Ան կ՛աշխատի արագօրէն, մարդամեքենայի մը արագութեամբ եւ ճշգրտութեամբ: Մտածումները իր գրիչէն եւ բերնէն կը  հոսի հեղեղանման արագութեամբ, եւ այդ արագութեան մէջ իսկ անպատում հմայքով եւ գրաւչութեամբ: Բացի թերթին մէջ հրատարակուածներէն, իր լեռնակուտակ գիրքերը կը վկայեն այդ մասին: Ոչ ոք կրնայ համոզել զիս, եթէ ըսէ թէ աշխարհի վրայ իրմէ աւելի արագ, աւելի շատ արտադրող գրչի մարդ գոյութիւն ունի: Ան կը գրէ գիշեր ու ցերեկ անդադար, առանց իր գրութիւններուն մէջ որակի տեսակետէ զիջողութիւններ ընելու:  Ան կը գրէ առանձնութեան մէջ, իր տունը, բայց կրնայ գրել նաեւ Խմբագրատան մէջ, նոյնիսկ եթէ իր շուրջ քսան անձեր շարունակ աղմկեն, խօսելով ուրիշ նիւթերու մասին: Կը գրէ զինուորի կարգապահութեամբ, օրը ո՛վ գիտէ քանի ժամ: Իր բոլոր գրութիւններուն մէջ կ՛արտացոլան իր պայծառ մտքին եւ իր ունեցած ընդհանուր լայն մշակոյթին փայլատակումները: Եւ իր մտածումները կը տեղան ինքնաբուխ արագութեամբ: Ամէն նիւթի մասին անպայման յանկարծակի խօսք կրնայ արտասանել: Այնպէս որ, օրաթերթ մը պատրաստելը մեծ բան չէ իրեն նման հանճարեղ մարդուն համար: Միայն թէ ասիկա անշուշտ քիչ մը կը դժուարացնէ իր շուրջիններուն գործը: Եթէ շուրջիններէն մէկը չկարենայ աշխատանք ցուցաբերել իրեն չափ արագ, իրեն չափ արդիւնաւէտ, իրեն չափ բարձրամակարդակ, այն ատեն կրնայ պատահիլ որ շուրջինները անհանգստանան,  մտածելով որ Պրն. Հատտէճեան գուցէ նոյնը պիտի սպասէ իրենցմէ: Ասիկա Պրն. Հատտէճեանի հետ աշխատելու դժուար կողմն է: Իսկ դիւրին կողմն ալ այն է, թէ Պրն. Հատտէճեան միշտ ալ կայծակնային արագութեամբ եւ մեծ սիրով կը լրացնէ այն ինչ որ պակաս մնացած է իր շուրջիններուն գրչին տակ»:
Վսեմաշուք ուսուցչուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեան ուսուցչագործական պաշտօնէն հանգստեան կոչուելէ յետոյ, մօտ քառասուն տարիներէ ի վեր կը վարէ Մարմարա Օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհիի եւ Ս. Փրկիչ Անսաթերթի խմբագրապետուհիի կրկնակ պատասխանատուութիւնները:

Հայ գիրը, բառը, խօսքը անթերի կերպով կիրարկող այս բազմատաղանդ ուսուցչուհին ունի նաեւ իր հեղինակած գիրքերը, մանկական գրականութեան թարգմանութիւններ: Շնորհք Արք. Գալուստեան պատրիարքի յուշագրութիւններուն խմբագրութիւնը կատարած է. Արեւմտահայերէնի վերածելով հրատարակած է Հայստանցի Սերկէյ Վարդանեանի «Արեւածաղիկ» մանկական պատմուածքներու հատորը:  Գիրքի ձեւով լոյս տեսած են իր Հայաստանեան տպաւորութիւնները «Ողջագուրումներու եւ բաժանումներու յաւերժական ճամբուն վրայ 1995թ» խորագրով: Լոյս տեսած են նաեւ «Մանկութեանս փողոցներուն մէջ-2010թ» եւ «Անվերջակէտ զրոյց՝ մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ-2013թ» խորագրով հեղինակած գիրքերը: Խմբագրած է նաեւ կրթական մշակներու նուիրուած յուշամատեաններ: 
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան արժանացած է մրցանակներու եւ շքանշաններու:
Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ «Մայրենի Լեզուի մէջ քաջալաւ Հայուհի» մրցանակ-1989թ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու Միութեան կողմէ Պատուոյ Գիրեր:
Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ՝ «Ս.Սահակ Մաշտոց-Ս.Մեսրոպ» շքանշան: 2010թ
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեանի ձեռամբ՝ 20-ամեակի Յոբելանական պատուոյ շքանշան եւ վկայական 2012թ
Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի ձեռամբ «Ոսկեայ Գրիչ» շքանշան 2013թ
Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ «Մովսէս Խորենացի» շքանշան 2013թ
Հայաստանի Գրողներու Միութեան լիիրաւ անդամ է 30 Մայիս 2013-էն ի վեր
Հ.Հ. Սփիւռքի Նախրարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի ձեռամբ «Ուիլիամ Սարոյան» շքանշան 2017թ
Այս մեղվաջան գիրի ու լեզուի մշակին աշակերտած ըլլալու բախտաւորութիւնը վայելողներէն մէկը ըլլալով հպարտութեամբ կրնամ ըսել թէ իրեն կը պարտիմ մայրենիիս հանդէպ ունեցած սիրոյս ամրապնդումը եւ բարելաւումը:

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան միշտ ըսած ու կրկնած է «Կեանքի մէջ իբր ռահվիրայ պէտք է ընդունիլ, կամք, աշխատնք ու կորովը:» քաջալերելով աշխատանքով շաղախուած քրտինքի սրբութիւնը:
Սրտի անհուն երախտազգացութեամբ կը ծնրադրեմ կենաց ճանապարհի ուղեցոյցս բազմաբեղուն ուսուցչուհիս Օր. Մաքրուհի Յակոբեանի առջեւ ուսուցիչներու օրուան կապակցութեամբ:
Յիշատակելով բոլոր վեհանձն դասատուներս, խնկաբոյր աղօթքով յարգանքի տուրքս կը մատուցանեմ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ երկնային լուսաւոր օթեւաններուն արժանացած են ինչպէս՝ առաքինազարդ տնօրէնուհի Էլիզ Մանաս, վաստակաւոր ուսուցչուհի Շաքէ Յակոբեան, քաղրաբարոյ Տիկ. Ֆուլեանէ Սիլահլը:
Երախտամտութեամբ ու համակրանքով կ՛ողջունեմ բոլոր հայ գիրին սպասարկող, հայ շունչը ներմուծող նուիրեալ ուսուցիչ ու ուսուցչուհիները, մաղթելով արեւաշատ օրեր,  սրբալոյս ընտանեկան օճախ և երկարաշունչ ներկայութիւն հայ դպրոցի երդիքին տակ:

*Յակոբ Մնձուրի «Մեղուի փեթակ» անուանած է Մարմարա օրաթերթի խմբագրատունը եւ տպարանը:

**Գեղարդ եռամսեաթերթ-Գանատահայ մամուլ-թիւ 160 Յուլիս-Օգոստոս-Սեպտեմբեր 2001թ 

Սիլվի Սրբուհի Մարազեան