ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ
Ներբողալից պտոյտի մը հոգեկան դիւթիչ գոհացումին
ականջալուր ըլլալ կը հրաւիրեմ ձեզ՝ վայելելով հմայքն ու
արբեցումը հայ գրական ճոխութիւններուն:
Առօրեայ ու անձանձրոյթ հիւրընկալութեամբ կ՛ըմբոշխնեմ հայոց լեզուի բառարաններու եւ գրական քուլիսներու պերճանքն ու աննախընթաց պաշարը՝ թեւածելով նիւթ առ նիւթ, մէն մի առինքնող գրառումներու շարքէն ներս: Շնորհիւ՝ ինքնորոյն ոճի ու ճաշակի տէր վաստակաշատ հեղինակի մը, որ քաղցր ու մտերմիկ շարահիւսութեամբ, գեղահունչ մեներգութեանց նման յօրինուած հետաքրքրական յօդուածներովը՝ վերացումի կ՛ենթարկէ ներաշխարհս:
Հոգեպարար ուխտագնացութիւն մը ինչպէս կը յագեցնէ հոգեւոր ծարաւը, նոյնպէս ալ գրական ընթերցումը կը սնուցանէ մտքի եւ շունչի քաղցը: Հետեւաբար, ընթեռնուլ այս գիրքերը կը նշանակէ մերթ ճախրել գրական արժէքներու կենաց ճանապարհին սքօղուած նրբանցքներէն ներս. մերթ ոստոստել հայոց լեզուի թաքնուած ու գեղահիւս բառամթերքի կենաց ծառին ճիւղերէն: Շռայլօրէն ճաշակել հոգու առօրեայ սնունդը՝ «Հայ գրականութիւնը»:
Այս փառապանծ հեղինակին գրիչէն հոսող գիրն ու բառը կը վերածուի մեղրածոր վտակէ մը ժայթքող յորդառատ մտային մթերքի, որ ովկիանոսի ալիքներու փրփուրներուն նման կը փայփայէ ու կը թրթռացնէ սրտիս ամենանրբեն լարերը:
Կ՛ընկլուզիմ քերթողներու ու գրագէտներու չնաշխարհիկ ապրումներուն պատրանքածին աշխարհին ընդմէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ Պարոյր Սեւակի՝ Սուլամիթայի կողքին, բարեւել Դուրեանը Սկիւտարի զառիվարէն իջած պահուն, ժամանակը կանգնեցնել Ռուբէն Սեւակի պսպղուն հայեացքին սեւեռումով, երբ ան կ՛ըսէ՝ «Սէրը ճերմակ անհունին մէջ կոյր աչք է»:
Ականատես ըլլալ Զապէլ, Հրանդ Ասատուր ամոլին գերադաս սիրոյն, քայլ առ քայլ հետեւիլ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի ներաշխարհային անտրամադրութեան ու սիրային ելեւէջներուն, ունկնդրել Զապէլ Եսայեանի դասախօսութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի սրահներէն: Գրական ասուլիսի մը ընթացքին կրկին անգամ մտիկ ընել Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութիւնները…

«Ծիրկաթին մըն է սէրը, Աստղազարդ գիշերներու բացօթեայ տարփանքներէն ցայտած»:
Մելամաղձիկ հետեւիլ Ռուբէն Որբերեանի անհետացած հետքերուն՝
«Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման»:

Յանկարծ սթափիլ Գէորգ Էմինի բողոքով՝
«Անարդար աշխարհ,
Այս ի՞նչ կարգ է ,Տէր,
Որ….աչքը թաղուի,
Ակնոցը մնայ,
Ձեռքերը թաղուեն
Ձեռնոցը մնայ,
Ոտքերը թաղուեն,
Կօշիկը մնայ,
Գլուխը թաղուի
Գլխարկը մնայ
Այս ի՞նչ կարգ է, Տէր…»
«Անարդար աշխարհ,
Այս ի՞նչ կարգ է ,Տէր,
Որ….աչքը թաղուի,
Ակնոցը մնայ,
Ձեռքերը թաղուեն
Ձեռնոցը մնայ,
Ոտքերը թաղուեն,
Կօշիկը մնայ,
Գլուխը թաղուի
Գլխարկը մնայ
Այս ի՞նչ կարգ է, Տէր…»
Յետոյ՝ մտածել Թրենցի, Մեծարենցի,Կառվարենցի
քերթուածներուն մասին…: Տակառենցը տեսնել Իշխանաց կղզիներէն
մէկուն նաւահանգիստը կանգնած, օրուան «Մարմարա» թերթը ձեռին,
ծխամորճը շրթներուն:
Ինտրայի թախծոտ «Նոճաստան»ը, Մնձուրիին համեմունքով լի Արմտանը այցելել, բառամթերքի զգլխիչ ճոխութիւնը համտեսելով:
Սրտառուչ հանդիպում մը ունենալ աչազուրկ Մարգարին տաղանդաւոր դուստրը Հայկանուշ (Թօփուզեան) Մառքին «Ծփանքներ կեանքէս» եւ «Ծուլութեան պահերէս» հաւաքածոյներուն ընդմէջէն, երբ յանկարծ «Ո՞ւր կ՛երթայ յոյսը» խորագիր յօդուածը աչք կը քթթէ հեգնալից…
«Ով որ կը յուսայ, արթուն է, կը խիզախէ, կորովը կ՛ոգեւորէ զինքը, յոգնութիւն չի գիտեր, կ՛ուռի ըլլալիքներուն հեռանկարով, եւ քաջառողջ է: Արեւի պէս լուսաւոր է դէմքը եւ ժպիտը կը փայլեցնէ աչքերը:
«Ահա թէ ինչու արդի մարդկութիւնը առողջ չէ: Իր աչքերը քունով ծրարուած են, վասնզի յոյսը չէ բացխփեր զանոնք:
«Այո՛, մեր զմայլելի ժամանակակիցները յուսահատ են, որովհետեւ բանի չեն հաւատար, որովհետեւ սկեպտիկ են, ջղաթոյլ, յոգնած, հետեւաբար եւ, անգոյն»:
Հեռաւո՜ր, այլ ափերէն, Անգլիոյ կղզիներէն փչող զեփիւռի մը շունչով կրկին ու կրկին անգամ լսել «Կռունկ»ը Կոմիտաս Վարդապետի ձայնէն, երբ անգլիացի ամոլին խնդրանքը չմերժելով՝ դաշնակին գլուխը անցաւ եւ թփռտացուց նոյնիսկ օտարազգի կնոջ սրտին լարերը:
Հոգու աչքերով ականատես ըլլալ Վահան Տէրեանի սիրային կեանքի բախտախնդրութիւններուն. յափշտակուիլ այս խառնաշփոթ ապրումներուն անկայունութենէն, տպաւորուիլ խորիմաստ երկերուն զուսպ պատկերացումէն՝

«Օրհնուած էք դուք, սէր, ցնորք ու ցաւ,
Օրհնուած էք դուք, երկիր, երգ ու կեանք…»:
Արբեցութեամբ ականջալուր ըլլալ Չարենցի սիրային գայթակղութիւններուն եւ խոնարհութեամբ ծունկի գալ՝ ստեղծագործութիւններուն առջեւ՝
«Բայց աղջիկը նրան չշոյեց,
Չվերցրեց անգամ նրա վարդը»:

Վարդ մը, որ նուիրուած է սիրուհիի մը, 1913 թուականին եւ
զգուշութեամբ պահպանուած է մինչեւ 1988, այսինքն 75 տարիներու
ընթացքին այս գերզգայուն սիրուհիին կողմէ:
Երուանդ Օտեանին այցելել Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրատան եւ թռիչք մը տալով դէպի Եգիպտոս՝ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խնբագրատան աշխատասենեակները՝ մտի ունենալով, թէ այս առհասարակ երգիծաբանն ու գրագէտը երեք տարուան տարագրութենէ վերադարձող աքսորեալ մըն է:
Հպարտութեամբ վկայել երազանքի մը իրականացման մասին, որն էր Րաֆֆիի «Խենթ» վէպին հերոսին՝ Վարդանի երազանքը.- «Ապագայ ու շատ երջանիկ ազատ, անկախ Հայաստան մը», որուն փա՜ռք տիրոջ տիրացած ենք:
Խորասուզուած՝ հայ գրական արժէքներու, գերաշխարհիկ ներապրումներուն ընդմէջ, սրտատոչոր՝ հանդիպիլ եղեռնազոհ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին, «Ծեր կռունկը» բանաստեղծութեամբ՝

Գետափին վրայ, կռունկներու շարքին մէջ,
Ան իր գլուխը ծռեց,
Դրաւ կտուցը թեւին տակ, ու ծեր, խոնջ,
Նուաղկոտ բիբով սպասեց
Իր վերջին սեւ վայրկեանին:
Երբ ընկերները ալ մեկնիլ ուզեցին,
Ան չկրցաւ անոնց թռիչքին միանալ:
Ան իր գլուխը ծռեց,
Դրաւ կտուցը թեւին տակ, ու ծեր, խոնջ,
Նուաղկոտ բիբով սպասեց
Իր վերջին սեւ վայրկեանին:
Երբ ընկերները ալ մեկնիլ ուզեցին,
Ան չկրցաւ անոնց թռիչքին միանալ:
Ընդոստ՝ հետապնդել շքեղազարդ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը,
Հրաչեայ Աճառեանին առընթեր. ժպիտով մը լուսաւորուիլ, իր
սրամտութիւններէն մին կարդալով՝ «Անգամ մը փողոցը քալելու
ընթացքին ո՜վ գիտէ ուր կը նայէր, ինչ կ՛ընէր, որ իր բարեկամներէն
մէկը կը հարցնէ՝
— Ի՞նչ կը փնտռես Հրաչեայ:
Գիտնականը կը պատասխանէ՝
— Բառի մը արմատը կորսնցուցի, այդ կը փնտռեմ:

Անմոռանալի ժամադրութիւններ երեւակայել շռնդալից փառքի
արժանի «Գրական քառոտանի»ի ստեղծագործական երախայրիք
պտուղներով լի այգիին մէջ:
Եւ այլ շահեկան ու շլմորիչ հանդիպումներ վայելելով՝ անձանձիր ճաշակել կաթնաղբիւր վտակներէ հոսող ջուրերու նման երկերը, լուսաղբիւր յարդգողէ սփռուող բիւրեղեայ աստղերու նման քերթուածները, քիմքս ու միտքս հմայող հազարումէկ բանաստեղծական հիւսուածքները…:
Բոլոր այս եթերային ապրումներուն ակն ու աղբիւրը եղող «Պտոյտ»ներուն վսեմաշուք հեղինակը՝ Ռոպէր Հատտէճեանին պարտիլ մի հոգաչափ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ…:
Ման գալով հայոց լեզուի բառարաններու եւ գրական քուլիսներու մտերմութեան մէջ, մանկութենէս ի վեր մտքիս, շունչիս եւ ներաշխարհիս ներքեւ հիմնաւորուած, պաշտելի մայրենիիս պերճաշուք բառապաշարը կը թարմացնեմ օրէցօր. կը վերակենդանացնեմ, կ՛արգասաւորեմ, կը շոյեմ ու կը գգուեմ:
Դարձուածքներու, ըսելաձեւերու, ասութիւններու, առածներու, բանաստեղծութիւններու, կենսագրական դրուագներու եւ այլ գրական ճոխութիւններու գեղաթոյր բուրաստանին, շողշողուն լուսնապարտէզին մէջ ոգեզմայլ պտոյտներ կ՛իրականացնեմ:
Այս անսկիզբ ու անվերջանալի լուսաշաւիղ գնացքէն հմայուող մտածումի աշխարհս ու հոգեկան ապրումներս կը յափշտակուին, կը տպաւորուին ու կը հրապուրուին հեղինակին նրբաճաշակ ու համահունչ ներդաշնակութեամբ յօրինուած գրաւիչ գրառումներէն:
Սրտիս լարերը այսքան խորերէն թրթռացնող, շունչս ու միտքս գերող ու այս անհամեմատելի գրական համերգը հրամցնող շնորհաշատ անձնաւորութիւն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ, յայտնի մտաւորական ու հոգեհարատազ գրչի մշակ Ռոպէր Հատտէճեանին կրկին ու կրկին անգամ կը ցանկամ յայտնել երախտիքս ու համակրանքս:
Նաեւ վաստակաշատ ուսուցչուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին, յարգարժան Արի եւ Այգուն Հատտէճեան եղբայրներուն, ժրաջան Նաիրա Սիւզմէին եւ այս հոյակապ գիրքերը կեանքի նուիրող խմբագրատան ու Մուրատ օֆսէթ տպարանի աշխատանքային կազմին:
Հուսկ յետոյ սրտանց կը մաղթեմ հեղինակին ու աշխատակիցներուն բարօրութիւն եւ մշտատեւ բարձր տրամադրութիւն: Յօդուածներուն եւ գիրքերու շարքին երկարաշունչ թարմացում, Աստուծոյ երկնառաք ու լիառատ օրհնանքին ողողումով:
Հազար փառք ու շնորհակալութիւն այս մշակոյթի ծառաներուն, որոնք կ՛ոգեւորեն մեր հայեցի ինքնութիւնը՝ պաշտպանելով եւ պահպանելով ազգային գոյատեւման ու զարգացման հիմնաքարը եղող մեր հազարագանձ

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ:
Նոյեմբեր 13, 2017- Փարիզ
http://azator.gr/?p=7487