mercredi 3 août 2011

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎՐԱՅ

* Պատուեցէ՛ք ձեր ծնողքը ձեր խօսքերով, ձեր գործերով եւ ամէն տեսակ առաքինութիւններով:
Ինչ որ ալ պատահի ինձ, թէ բարեյաջող եւ թէ տխուր, մտածումս կը դառնայ մօրս: Կը կարծեմ տեսնել զինքը, լսել, խօսիլ:
Այսպիսի մէկը՝ զոր մարդ այդքան կը յիշէ, բացակայ չէ:
Լամարդին

* Նմանիլ մօրս, անոր պէս հրաժարիլ ոչ միայն չար գործելէ, այլ մինչեւ անգամ չար բան մտածելէ:
Մարկոս Աւրելիոս

* Որդիական գութը կը բաղկանայ յարգանքէ, խանդաղատանքէ, երախտագիտութենէ:
Պառռօ

* Ձեր եղբայրներուն կը պարտիք գոնէ այնչափ մեծարանք, որչափ կը պարտիք ամէն մարդոց:
Սէն Լանպէռ

* Ինչպէս չկայ կրօնք առանց տաճարի, նոյնպէս չկայ ընտանիք առանց առտնին մտերմութեան:
Ժիւլ Սիմոն

*Տան տիկինը մայր մեղուն է, ուր որ կը գտնուի նա, հոն կը գտնուի նաեւ փեթակը. եթէ հեռանայ, մեղուները կը ցրուին, բջիջները կը խանգարուին, մեղրն անգամ իր անուշ համը կը կորսնցնէ:
Սոկրատ

ԽՂՃԻ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

*Ի՞նչ են մարմնոյ ցաւերը հոգւոյ տանջանքներուն քով. խղճի կրակին քով ո՞ր կրակը կրնայ բաղդատուիլ:
Շաթոպրիան

*Մարդուս համար մէկ ճշմարիտ դժբավտութիւն միայն կայ, որն է յանցանքի մէջ գտնուիլ եւ ունենալ բան մը յանդիմանուելու:
Լապրիւյէռ

* Հանգիստը ոչ ուրեք է, երբ մարդ զայն սրտին մէջ չունի:
Ժիւլ Գլարսի

* Խիղճը զմեզ չխաբեր, մարդուս ճշմարիտ առաջնորդն է, հոգւոյ նկատմամբ այն է, ինչ որ է բնազդը մարմնոյ նկատմամբ:
Վինէ

* Ուզենք չուզենք, խիղճը մեր մէջ, ի նպաստ մեր եւ մեզի դէմ վճիռներ կ՛արձակէ, որոնց դէմ անհնարին է մեզ բողոքել:
Լամարդին

*Գնա՛, ուր որ ուզես, հոն պիտի գտնես քու խիղճդ:
Տիտռոյ

* Քիչ խօսք եւ բազում բարի գործ, ահա աղէկութիւն ընելու միջոց:
Լանտռիէօյ

* Լաւ գործէ՛, նախանձոտներ պիտի ունենաս, լաւագոյն՝ գործէ՛ ամօթահար պիտի ընես զանոնք:
Ֆռանքլին

*Երբ քու խիղճդ զքեզ կ՛ամբաստանէ, զքեզ կը դատապարտէ, զքեզ կը պատժէ ամբողջ տիեզերք ոչ իրաւունք ունի ոչ իշխանութիւն զքեզ արձակուրդ տալու:
Ա. Գոգըռէլ

*Զգուշացի՛ր որ արեւը երկիրը դիտելով, մի՛ գուցէ կարենայ ըսել. ահաւասիկ վատ մը որ կը քնանայ:
Ֆռանքլին

ՈՒՍՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

* Կարդալ սիրելը, կեանքի մէջ ունենալիք ձանձրութեան ժամերը փոխանակել է հեշտալի ժամերու հետ:
Մոնթէսքիէօ

* Անկեղծութեամբ եւ փութով յառաջ տարուած ուսումը, սիրտը կը բարձրացնէ եւ կը մաքրէ, մինչ միանգամայն միտքը կը ճոխացնէ եւ կը զինէ կեանքի ամէն ասպարէզներու համար:
Կիզոյ

* Գաղափարներ ունենալով ամէն բան չլմննար, կարեւորն է զանոնք պահել:
Ժիւլ Սիմոն

* Պատմութեան ուսումը ամենէն հարկաւորն է մարդոց, ինչ որ ալ ըլլայ իրենց տարիքը եւ իրենց սահմանեալ ասպարէզը:
Տը Սէկիւռ

* Պէտք է ուսման նուիդել զանձն եւ պատուականագոյն գանձով զարդարել մեր հոգին, անով զոր մարդ չկրնար մենէ յափշտակել եւ որ կը պահպանուի թէ՛ կեանքին մէջ եւ թէ անկէ յետոյ:
Վիլմէն

* Չկայ բան մը որ աւելորդապաշտութիւնը արմատախիլ կ՛ընէ կամ կը խափանէ այնչափ լաւ կերպով ,որչափ հաստատուն կրթութիւն մը:
Ֆենելոն

* Միտքը հը սնանի եւ կը զօրանայ այն վսեմ ճշմարտութիւններով՝ զորս ուսումը կու տայ անոր:
Ռօլէն

* Աւելի լաւ է երկու անգամ կարդալ լաւ գործ մը քան թէ մէկ անգամ յոռի երկ մը:
Ժ.Պ.Սէ

* Ամէն վայրկեան կրթութիւնը ունի բարոյական ազդեցութիւն մը՝ որ վերջին աստիճանի բարեկրթիչ է, որ միտքը լուսաւորելով կ՛ուղղէ նաեւ հոգին:
Միշլէ

* Ուսումը կը վանէ ձանձրոյթը, կը փարատէ տրտմութիւնը, կը թմրեցնէ ցաւը, կը կենդանացնէ եւ կը շէնցնէ ամայութիւնը:
Գօնթ Տը Սէկիւր

ՊԱՐՏՈՒՑ ՎՐԱՅ

*Քայլ մը պարտաւորութենէ դուրս կրնայ զմեզ շատ հեռուները տանիլ:
Գոռնէյլ

*Մարդուս կեանքին այն միակ գործը՝ որ միշտ իր նպատակին կը հասնի, պարտուց կատարումն է:
Տիկին Տը Սթալ

*Կատարեալ արժանաւորութիւնն է ընել առանց ականատես վկայի, ինչ որ մարդ կարող պիտի ըլլար ընել ամէն մարդու առջեւ:
Լառոշֆուգօյ

*Լաւ վարմունք մը աւելի կ՛արժէ քան լաւ պաշտօն մը:
Ա.Վէսսիոյ

*Աղէկ ընթացք ունենալ պարտք մըն է առ մեր անձն եւ առ այլս:
Ա.Վէսսիոյ

*Հնազանդէ՛, եթէ կ՛ուզես որ օր մը քեզ հնազանդին:
Վօլթէռ

*Եթէ շիւղ մը մտնէ ձեր աչքին մէջ, իսկոյն կը հանէք:
Եթէ մոլութիւն մը մտնէ ձեր հոգւոյն մէջ, կ՛ըսէք.
«Գալ տարի կը մտածեմ ինքզինքս բժշկելու:»
Որատիոս

*Պէտք է ընել ոչ թէ այն՝ զոր մարդ կ՛ախորժի ընել,
այլ՝ ինչ որ ընելով գոհ պիտի ըլլայ մարդ:
Կոմսուհի Տիան

*Հնազանդիլը բան մըն է, բայց աւելի արժանիք կայ յօժարութեամբ հնազանդելուն մէջ:
Ժիռառդէն

ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

* Դատելու համար լաւագոյն կանոնն է սպասել:
Կրէսսէ

* Ով որ հեռու ճանապարհորդել կ՛ուզէ, կը խնայէ իր հեծած անասունին:
Ռասին

*Լաւ է իրաւախոհ ըլլալ քան թէ ժամանակը կորսնցնել դատ վարելով:
Խոհեմութիւնը կը կայանայ լուսաւորեալ բանականութեան մէջ,
անյեղլի իմաստութեան մէջ, եւ արդար խորհրդածութեամբ ինքզինք վարելու արուեստին մէջ:
Տէքարթ

*Պէտք չէ մարդերը դատել ըստ երեւոյթին եւ պէտք է միայն կապուիլ անոնց հետ,
որոնց վեհանձն եւ մաքուր հոգին ծանօթ է ձեզ:
Աղէղն ի զո՜ւր կը խղճայ երբ նետն արդէն արձակուած է:
Տէռուլէտ

*Երկու անգամ խորհէ՛ մէկ խօսելէ առաջ, եւ այսպէս երկու անգամ աւելի լաւ պիտի խօսիս:
Գ. Պէն

*Մարդ երբեք միջակ մէկը չէ, երբ ունի շատ ողջմտութիւն եւ բազում բարի զգացումներ:
Ժուպէռ

* Ես մէկ գործ միայն ունիմ, որն է ինքզինքս ուսումնասիրել, խորը մտնել եւ մանաւանդ յաղթել ինքզինքիս, զիս արժանի ընելու համար ճշմարտութեան հասնելու:
Ֆենելոն

*Մեծ առաւելութիւն մը չէ աշխոյժ միտք ունենալ, եթէ արդարախոհ չըլլայ:
Ժամացոյցի մը կատարելութիւնն է ոչ թէ արագ բանիլ, այլ կանոնաւոր:
Վովնարկ

*Կրպակէ մը բարձրանալ ապարանք մը, գեղեցիկ է եւ սակաւադէպ,
վրիպանքէ բարձրանալ ճշմարտութիւն, աւելի սակաւադէպ է եւ աւելի գեղեցիկ:
Վիկթոր Հիւկօ

ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

*Առաքինութիւնը ծաղկանց պէս անոյշ բոյր կը ծաւալէ իր շուրջ:
Առանց առաքինութեան ի՞նչ կ՛արժէ մեծ հանճար մը:
Կրէսսէ

*Ձախողութիւնը առաքինութեան փորձն է:
Լէվիս

*Պէտք է յառաջանալու ջանալ արժանիքով եւ ոչ թէ պաշտպանութեամբ:
Միշտ առաջին կարգը դասեցէք սրտի ուղղութիւնը եւ հաւատարմութիւնը:
Կոմփուկիոս

*Երեք բաներ՝ որոնցմով մարդ կեանքին մէջ կը յառաջանայ.
առողջ մարմին, մշակեալ միտք, ազնիւ սիրտ:
Շթալ

*Չար սովորութեանց մարդ աւելի դիւրաւ կը յաղթէ այսօր քան վաղիւ:
Կոմփուկիոս



jeudi 28 juillet 2011

Ա Ռ Ա Ծ Ն Ե Ր

ԱՌԱԾ կը կոչուի դատում մը, վճիռ մը որ մէկ քանի բառով խորունկ ճշմարտութիւն մը կ՛արտայայտէ, եւ սովորութեամբ ընդունուած է: Առածները ժողովրդային շատ հին ստեղծագործութիւններ են որոնք, տարիներու փորձառութեամբ յղկուած ու բիւրեղացած իմաստուն խօսքեր են, որոնք բերնէ բերան, սերունդէ սերունդ փոխանցուած են, ինչպէս՝

* Քիչ բեռցի՛ր, շուտ դարձիր- այսինքն՝ քիչ խոստացիր, բայց խոստումդ կատարէ:

* Ամանէ թափած եղը չի լեցուիր նորէն տեղը- այսինքն՝ երբ մէկը վիրաւորած ենք, չենք կրնար զայն դարմանալ:

* Մ՛անցնիր ագահին կամուրջէն,
Թո՛ղ հեղեղը տանի քեզ,
Մի՛ նստիր շուքն աղուէսին.
Թո՛ղ առիւծը ուտէ քեզ:

*Բարիքի դէմ բարիք՝ ամէն մարդու գործ.
Չարիքի դէմ բարիք՝ ազնիւ մարդու գործ:

*Գիշերը պաղ, ցորեկն անձրեւ, հունձքին աւեր,
Մեծը կեցած, փոքրը խօսի, տունին աւեր:

* Եկեր պատեր
Ճարն է հատեր:

*Ուր տեղ հաց,
Այնտեղ կա՛ց:

*Աչքէ հեռու,
Սրտէ հեռու:

*Նախ քննէ անձը,
Յետոյ տուր գանձը:

*Բարտին բարձր է բայց միրգ չունի:

* Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր:

* Մէկ վարդով գարուն չի գար:

* Եթէ սնուցիր, կշտացո՛ւր:
Եթէ զարկիր, մահացո՛ւր:

* Մէկ եզով արօր չ՛ըլլար:

* Ով ալարի, ոչ դալարի:

* Մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ:

* Ամէն բանին բարակը կը կոտրի, մարդուն՝ հաստը:

* Հագուստն ըսաւ. դուն զիս պահէ՝ ծրարին մէջ
Ես քեզ պահեմ մարդոց մէջ:

* Փորձուած թանը լաւ է քան անփորձ մածունը:

* Բարտին չի տար սին, ոչ ալ ուռը՝ նուռ:

* Ձեռքը զոր չես կարող կտրել
Պէտք է պագնել ճակատիդ դնել:

*Մէկը լաւ է, երկուքը բաւ է, երեքը ցաւ է:

* Պարտքը տալով, մեղքը լալով:

* Թէ ուղտին փուշ հարկաւոր է,
Ճիտը ծռել պարտաւոր է:

* Էշն ի՞նչ գիտէ նուշը,
Կ՛երթայ կ՛ուտէ կարծր փուշը:

* Շրջող աղուէսը, նիրհող առիւծէն լաւ է:

* Երբ ընես ուզածդ, կը պահես չուզածդ:

* Այօրուան հաւկիթը, վաղուան հաւէն լաւ է:

* Փարչի՛կ, քեզ ըսեմ, կժի՛կ, դու լսէ՛:

*Օձին ձագը հաւի ձագ չ՛ըլլար:

* Մէկ կայ հազար կ՛արժէ, հազար կայ մէկ չ՛արժէր:

* Շատ ընողին շալ շապիկ, քիչ ընողին շար շապիկ:

*Ձուին գողը ձի ալ կը գողնայ:

* Շատ մի՛ սիրեր. ատել կայ, շատ մի՛ ատեր, սիրել կայ:

* Գող՝ սիրտը դող:

* Հաջան շունը մարդ չի խածներ:

* Կատակին կէսը կռիւ է:

* Լոյսը փուշ է, մութն անուշ է:

*Օտար ձեռքով ձուկ չեն բռներ, փուշ կը բռնեն:

* Ծանր քարը իր տեղը կը մնայ:

*Քացախը երբ բարկ է, իր ամանը կը ծակէ:

* Շարունակ հաջող շունը, կը բերէ գայլն իր տունը:

* Բանը՝ մէկ օրուան՝ հոգը՝ մէկ տարուան:

* Ամէնուն ծով, լոկ ինծի՞ սով:

* Ծիտն ի՞նչ է որ եղն ի՞նչ ըլլայ:

*Սեւը օճառն ի՞նչ ընէ, խեւը խրատն ի՞նչ ընէ:

*Մինչեւ գայ աղը, կ՛երթայ մատաղը:

*Ջուրը ինկողը անձրեւէ չի վախնար:

* Կոյրին ի՞նչ փոյթ թէ մոմը սուղ է:

*Կաթին հետ մտածը, հոգւոյն հետ դուրս կ՛ելլէ:

* Մինչեւ խելօքը մտածէ, խենդը գործը տեսած է:

*Լեզուն լագ լագ, գլուխը ծակ ծ

* Ես գանձ կ՛ըսեմ, ան տանձ՝:

*Անջուր ջաղաց, անկրակ բաղարջ:

*Ահը շատ է քան մահը:

* Ամէն օր, ամէն գիշեր, ջուրը գերան չի բերէր:

* Ամպոտ օդ, մութ փոթորիկ, գայլը կ՛ընէ հարսանիք:

* Ընողը կը պրծի, ըսողը չի պրծիր:

* Տունէ տուն՝ տուն կ՛աւերի,
Գեղէ գեղ՝ գեղ կ՛աւերի:

* Ջուրը ինքնիրեն արտ չի գար, քրտինքով կու գայ:

*Չգիտնալը ամօթ չէ, չհարցնելը ամօթ է:

* Գործը վարպետէն կը վախնայ ոչ թէ վարպետը գործէն:

* Կաթէն բերանն է այրեր, մածունը փչելով կ՛ուտէ:

* Առանց կրակի մուխ չ՛ըլլար:

* Ուրիշին պարանովը հոր մ՛իջներ:

*Աղուէսը խաղողին չհասաւ «Դեռ խակ է» ըսաւ:

* Մի՛ փքուիր, կը չքուիս:

* Մինչեւ աղն եկաւ, մատաղը վերջացաւ:

* Արդարութիւնը գեղեցիկ վարդ մըն է որ միշտ փուշերուն մէջ կը պահուըտի:
* Պարտէզդ ջրելու համար, անձրեւի մի՛ սպասեր*Գլորող քարը մամուռ չի բռներ:

* Ամանդ ինչ փրթես, դգալդ այն կու գայ:

* Մարդ կրնայ պատժական օրէնքէն փախչիլ բայց խղճի պատիժէն երբեք:

*Լաւ է այսօրուան հաւը, քան վաղուան կաքաւը:

* Կուտը մեզմէ կ՛ուտէ, հաւկիթը ձեզի կ՛ածէ:

* Աստուած աշխատութիւնը պահապան կարգեց առաքինութեան:

* Անիծուած է անիկա որ իր հայրն ու մայրը կ՛անարգէ:

*Համերաշխ հօտին համար, գայլն ալ անզօր է:

* Սողալու համար ծնածը, չի կրնար թռչիլ:

* Կովը կը մեռնի, կաշին կը մնայ, մարդը կը մեռնի, անունը կը մնայ:

* Աշխատանքը մայրն է ամէն բարիքի, ծուլութիւնը՝ չարիքի:

* Խօսիլը արծաթ է, լռելը ոսկի:

* Ինչ որ մարդ կրնայ ինքնիրեն, թող չսպասէ ուրիշներէն:

* Մի՛ ըլլար ուրագի պէս միշտ դէպի քեզ, միշտ դէպի քեզ,
Այլ եղիր սղոցի պէս, մէկ դէպի քեց մէկ դէպի մեզ:

* Ո՞ր բանալին կը ցոլայ,
Ա՛ն որ անդուլ կը գործէ.
Մարդ երջանիկ ե՞րբ կ՛ըլլայ,
Երբոր չի փախչիր գործէ:

* Աշխարհը ծով է, իսկ մենք՝ ծարաւ:

* Սուրի պատճառած վէրքը կը լաւանայ,
լեզուի պատճառած վէրքը չի լաւանար:

* Ամէն կարդացող գիտուն չի դառնար:

*Շունը շան միս չ՛ուտեր:

* Ջուրը պատէն վեր մի՛ հաներ:

* Բաղնիք մտնողը կը քրտնի:

* Առջը անտառէն վշտացեր է, անտառը լուր չունի:

*Աչքէ հեռու՝ սրտէ հեռու:

* Յօնք շտկելու տեղ՝ աչք կը հանէ:

* Նիզակը տոպրակի մէջ չի մտներ:

* Խունկ ու մոմ էի սուրբերուն,
Ձիւթ-ծամոն դարձայ լիրբերուն:

* Այն օձը որ զիս չի խայթեր՝ թող հազար տարի ապրի:

* Հոն ուր շատ աքլորներ կան՝ գիշերը չի լուսնար:

* Ոսկին փոքր է, գինը ծանր է:

*Ջուրն իր անցած տեղէն դարձեալ կ՛անցնի:

*Աղքատին հացը ուտողը չի կշտանար:

* Փտած կոճղը ինչքան ալ վառես՝ չի տաքցներ:

* Երեխան չծնած՝ անուն չեն դներ:

*Ածան հաւը կչկչան կ՛ըլլայ:

* Ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ:

* Գիտունին հետ քար կրէ. անգէտին հետ փիլաւ իսկ մի ուտեր:

*Ձուկը գլխէն կը հոտի:

* Արդէն շիլ էր, արեւն ալ զարկաւ՝ կոյր դարձաւ:

* Ուղտին հարցուցին՝ «Վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է»: Ըսաւ.
«Ի՞նչս ուղիղ է, որ վիզս ուղիղ ըլլայ»:

* Որ ջուրը որ զիս խեղդէ՝ ես անոր ծով կ՛ըսեմ:

* Լեզուն ոսկոր չունի. որ կողմը որ ուզես՝ այն կողմ կը դարձնես:

* Կատուին խաղը մուկին մահն է:

*Ամէն մարդ՝ իրեն տունը,
Հաւն ալ՝ իրեն բունը:

*Քամիին բերածը՝ քամին ալ կը տանի:

*Հագուստը չէ, որ մարդը մարդ կ՛ընէ:

* Քանի հատ լեզու գիտես՝ այնքան մարդ կ՛արժես:

* Վախկոտ մուկն իսկ, ի՛ր ծակին մէջ առի՛ւծ կը կտրի:

* Ճանճը բան մը չէ, բայց միտք կը պղտորէ:

* Ոչ մեղուին տուած մեղրը, ոչ ալ անոր խայթոցը:

* Թէ՛ փոքր մրջիւնին, թէ՛ հսկայ փիղին վերջը նոյնն է:

* Այսօրուայ գործը վաղուան մի՛ ձգեր:

* Գողը գողէն գողացաւ,
Աստուած տեսաւ՝ զարմացաւ:

* Ինչ որ ցանես՝ ա՛յն կը հնձես:

* Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք:

* Երկու չարեաց փոքրագոյնը:

*Ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի:

* Բարեկամը գլուխդ կը նայի, թշնամին՝ ոտքիդ:

*Բարիք ըրէ, ծովը նետէ:
Ուշ կամ կանուխ՝ անոր օգուտը կը քաղես:

*Տեղ կու տաս կողքիդ, կը նստի գլխիդ:

* Սուտ խենդ կը ձեւանայ, վանքին հաւերը կ՛ուտէ:

* Դուռդ լաւ գոցէ, դրացիդ գող մի՛ բռներ:

*Ծաղիկը ծաղիկին նայելով կը բացուի:

*Ուղիղ քանակէն ծուռ գիծ չ՛ելլեր:

* Ամէն փայլուն բան ոսկի չէ:

* Խօսքը՝ մեծին, ջուրը՝ պզտիկին:

* Անուշ խօսքը օձը ծակէն կը հանէ:

* Մուկը ծակը չէր մտներ, ցախաւելը պոչին կապեցին:

*Բերնէ բերան՝ կ՛ըլլայ գերան:

*Պտուկը գլորեցաւ, իր կափարիչը գտաւ:

*Մեծ պատառ կեր, մեծ մի՛ խօսիր:

* Մարդ կայ, որ կ՛ուտէ ապրելու համար:
Մարդ ալ կայ, որ կ՛ապրի ուտելու համար:

* Վերմակիդ համեմատ ոտքդ երկնցուր:

* Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար:

* Առանց փուշի վարդ չ՛ըլլար:

* Տասը չափէ, մէկ ձեւէ:

* Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ:

* Բամբասանքը տունը կը քանդէ:

* Աւելի լաւ է, որ մէկու մը աչքը ելլէ, քան թէ՝ անունը:



:




ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

* Երբ ձեռքդ չի կրնար, սիրտդ պէտք է ողորմութիւն տայ:
Փասքիք Քէնէլ

* Աիրելի՛ ըրէք ձեր անձը ձեր կեանքին օրինակովը:
Սէն Վէնսան տէօ Փօլ

* Մեր առաջին պարտականութիւնը աշխատանքն է. երկրորդը՝ բարութիւնը:
Ֆրանսիս Սարսէ

* Ճիգը ունայն է եթէ յարատեւ չըլլայ:
Փսքալ

*Ճշմարիտ երջանկութիւնը խղճի հանդարտութեան մէջ կը կայանայ:
Սենեկա

* Ձանձրոյթը աշխարհ մտած է ծուլութեան միջոցաւ:
Լա Պրիւնեէռ

* Հնազանդէ՛, եթէ կ՛ուզես որ օր մը քեզ հնազանդին:
Վօլթէր

* Լաւ վարմունքը աւելի կ՛արժէ, քան լաւ պաշտօնը:
Ա. Վէսիոյ

* Չարերը տեսնել եւ մտիկ ընել անոնց, արդէն չարութեան սկզբնաւորութիւն մըն է:
Կոմփիւկիոս

* Բարին դանդաղ է, վասնզի վարէն վեր կը բարձրանայ, չարը արագ է վասնզի վերէն վար կ՛իյնայ:
Ա. Տիւմա Հայր

* Ձեր երջանկութեան վրայ մի՛ խօսիք մարդու մը հետ, որ ձեզմէ նուազ երջանիկ է:
Պիւթակոր

*Երեք տեսակ տգիտութիւն կայ. անգիտանալ ինչ որ պէտք է գիտնալ. գիտցածը լաւ չգիտնալ. պէտք չեղածը գիտնալ:
Լա Ռօշֆուքօ

*Երբ ներքին հաճոյք մը կ՛զգաս քու ընկերդ սխալի մէջ գտնելով, դուն անկէ աւելի լաւ չես:
Շթալ

*Պէտք է արժանանալ գովեստներու եւ խոյս տալ անոնցմէ:
Ֆէնէլոն

* Լռութիւնը տխմարներուն սրամտութիւնը՝ եւ իմաստուններուն առաքինութիւններէն մէկն է:

* Չկայ թշնամի մը որ՝ այնքան սպառնայ մարդուս մտքին, որքան բարկութիւնը:

* Լոկ մէկ վայրկեանի հաճոյք վատառողջ՝ կը թունաւորէ մեր կեանքը ամբողջ:

* Փորձառութիւնն է մեծարժէք գոհար
Չեն բաւեր անոր գանձեր անհամար,
Քանի որ զայն ձեռք ձգելու համար
Պէտք է ըսպառել ջանք ու կեանք երկար:

*Ամէնէն հզօր միտքը ան է որ իր տկարութիւնը կը ճանչնայ:
Լամընէ

*Մի՛ պահանջեր որ ուրիշ մը կրէ այն բանը որուն դուն չես կարող հանդուրժել:
Բ. Սիրիւս

samedi 23 juillet 2011

ԱԽԹԱՄԱՐ ԿՂԶԻԻՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ



Ա Խ Թ Ա Մ Ա Ր

Ծիծաղախիտ Վանա ծովի
Փոքրիկ գյուղից առափնյա
Ծովն է մտնում գաղթագողի
Ամեն գիշեր մի տըղա:
Ծովն է մըտնում առանց նավակ,
Բազուկներով առնացի
Ջուրը ճողփում, լող է տալի
Դեպի կըղզին դիմացի:
Խավար կըղզուց պարզ ու պայծառ
Մի լույս կանչում է նըրան,
Մի վառ փարոս նըրա համար,
Չըմոլորի իր ճամփան:
Սիրուն Թամարն ամեն գիշեր
Այնտեղ կըրակ է անում,
Եվ ըսպասում է անհամբեր
Այնտեղ` մոտիկ դարանում:
Ծփում է ծովն ալեծածան,
Ծըփում է սիրտը տըղի,
ոռում է ծովն ահեղաձայն,
Նա կըռվում է կատաղի:
Եվ Թամարը սըրտատըրոփ
Արդեն լսում է մոտիկ
Ջըրի ճողփյուն, ու ողջ մարմնով
Սիրուց այրվում է սաստիկ:
Լըռեց: Ծովի խավար ափին
Կանգնեց սեւ-սեւ մի ըստվեր...
Ահա եւ նա... իրար գըտան...
Խորհրդավոր լուռ գիշեր...
Միայն ալիքը Վանա ծովի
Մեղմ դիպչում են եզերքին.
Եվ հեղհեղուկ հեռանում են
Շըշունջներով անմեկին:
Նըրանք ասես փըսփըսում են...
Ու աստղերը կամարից
Ակնարկելով բամբասում են
Լիրբ, անամոթ Թամարից...
Բամբասում են կուսի սըրտում...
Ժամ է արդեն... ու կըրկին
Մինն ալեկոծ ծովն է մըտնում,
Մյուսն աղոթում եզերքին...
Բայց մի անգամ չարկամ մարդիկ
Նըրանց գաղտնիքն իմացան,
Լույսը հանգցրին սեւ ու սաստիկ
Մի մութ գիշեր դիվական:
Մոլորվեցավ խավար ծովում
Լողորդ տըղան սիրահար,
Ու բերում է հողմը, բերում
Հառաչանքներն - “Ախ, Թամար...”
Մոտ է ձայնը, սեւ խավարում,
Ժայռերի տակ սեպացած,
Ուր ամեհի ծովն է գոռում,
Մերթ կորչում է խըլացած
Ու մերթ լըսվում ուժասպառ.
“Ախ, Թամար...”
Առավոտյան ծովը ծըփաց,
Ափը ձըգեց մի դիակ.
Նըրա շուրթին, պաղ, կարկամած,
Ասես մեռած ժամանակ
Սառել էին երկու բառ.
“Ախ, Թամար...”
Այն օրվանից սըրա համար
Կըղզին կոչվեց “Ախթամար”