samedi 31 janvier 2015

♥ ՍԻՐՈՅ ♥ ԲԱՐԵԽՕՍ ╬ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

 ՍԻՐՈՅ  ԲԱՐԵԽՕՍ  ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ մեր հոգեկանին «սիրոյ բարեխօս» արտահայտութիւնը...:
 Մեր ազգային սիրահարներու օրն է Սուրբ Սարգիսի տօնը, որ կը տօնուի հազարամեակներէ ի վեր:  

Ակնթարթ մը հետևինք մեր անցեալի սուրբերուն առաջնորդութեանը, վերյիշելու համար իրենց աղօթքներուն զօրութիւնը, որոնք անուշահոտ խունկի նման Աստուծոյ սուրբ գահին առջև կը հասնին:

Ըստ սովորութեան, երիտասարդուհիները ալիւրով լի ամանը կը տեղադրէին տանը երդիքին, գիշեր մը առաջ, որպէսզի Սուրբ Սարգիսի սպիտակ ձին պայտին հետքը թողու իբր նշան իրենց երազանքներու կատարման:
Նաև գիշերը աղի բլիթ ուտելով, իրենց ծարաւի զգացումը առանց հագեցնելու կը քնանային որպէսզի երազէին այն երիտասարդը որ իրենց ջուր պիտի հրամցնէր ու կողակիցը դառնար:

Անձնական վկայութիւնս կը ցանկամ կիսել այստեղ. հայրենիքս ժամանած շրջանիս բախտաւորութիւնը ունեցայ ծանօթանալու՝ աղի բլիթը ճաշակելէ յետոյ երազած երիտասարդին հետ սրբալոյս ընտանիք կազմաող հաւատացեալ հայուհի «Թ» ին հետ: Աստուծոյ շնորհքներովը օժտուած այս երիտասարդ մայրը իր զօրաւոր հաւատքով առաջնորդուած էր Աստուծոյ գեղեցիկ կնիքը տեսնելու օրուայ աւարտին, արևմարի խաղաղութեանը ու պերճանքին համազօր, հոյակապ կողակիցին հանդիպելով: 
 
Ներկայիս, ցաւալի է վկայել երիտասարդութեան բարոյական անկումին և ինքնարդարացման հպարտութեանը, մեղքերի ծուղակը իյնալով: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը, դարձած են անձնասէր, ինքնակեդրոն, անպարկեշտ, ըսուածը սխալ հասկնալու հակամէտ, շատ շուտ վշտացող, առանց ընդունելու թէ այդ տեսակի զգայնութեան վիճակը հպարտութեան հետևանք է: Ոչ բանականութիւնը, ոչ ալ ներհայեցողութիւնը կրնան բաւարար լինել իրենց ներաշխարհի խուճապը խաղաղեցնելու:

Վերոյիշեալ
բարի օրինակը քաջալերանք մըն է սուրբերու առաջնորդութիւնը և բարեխօսութիւնը ներմուծելու մեր կեանքերէն ներս: Ներկայ սերունդը թերեւս պիտի չժառանգէ ծնողներուն տաղանդը, սակայն կրնայ ներշնչուիլ անոնց արժէքներէն ու սկազբունքներէն եթէ զանոնք հիմնուած են գիտութեամբ ու իմաստութեամբ շաղախուած սիրոյ ժայռերուն վրայ:
Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ ձեր կենաց ճանապարհը:

Բարին ընդ ձեզ՝ 

Սիլվի Սրբուհի Մարազեան








jeudi 29 janvier 2015

♥ ՍԻՐՈՅ ՀԷՔԻԱԹ ♥ ՍԻՊԻԼ ♫ ԱՆՏՐԷ


  ՍԻՐՈՅ ՀԷՔԻԱԹ

Թող սէրն իմ սրտի
Քեզ հէքեաթն իր պատմի,
Որ կայ աշխարհում
Մի զգացմունք, որը չի մարում։

Թող սէրն իմ հոգու
Քեզ տանի շատ հեռու,
Ուր կան մեծ յոյզեր
Մի աշխարհ, որ կոչւում է սէր։

Միասին անդադար այս կեանքը սիրելով,
Միասին մենք կ՚ապրենք մեր սէրը երգելով։
Գիշերուայ փայլող աստղերի նման անսահման լոյս սէրն է մեր,
Երկնքում վառուող արևի պէս ջերմ ենք, տես դու և ես։

Տիեզերքը մեզ,
Հարազատ լոյս մօր պէս
Իր օրօրն է երգում.
Սէրը մեր գովերգում է և օրհնում:

Տէր Աստուած
Սրտիս մէջ կայ հուր,
Ամենամաքուր,
Երկնքից իջած։

Տէր Աստուած
Վստահիր սրտիս,
Իմ հոգին պահիր
Միշտ սիրահարուած։

Թող սէրն իմ սրտի
Քեզ հէքեաթն իր պատմի,
Որ կայ աշխարհում
Մի զգացմունք, որը չի մարում։

Տէր Աստուած
Սրտիս մէջ կայ հուր,
Ամենամաքուր,
Երկնքից իջած։

Տէր Աստուած
Վստահիր սրտիս,
Իմ հոգին պահիր
Միշտ սիրահարուած։

Խօսք-Աւետ Բարսեղեան
Երաժշտութիւն-Արա Գէւորգեան
Երկձայնակցութիւն- Սիպիլ Բեքթորոսօղլու & Անտրէ Յովնանեան
Տեսանիւթի համադրում-Սիլվի Սրբուհի Մարազեան

samedi 27 décembre 2014

ԲԱՐԻ՜ ՆՈՐ ՏԱՐԻ


ԲԱՐԻ՛ ՆՈՐ ՏԱՐԻ՛
Մտայղացումերս Ամանորի, թոռան, ծոռան ու բոլորի...:
Սիրոյ և ներողամտութեան ճառագայթներէ շլացած հայացքով ողջունենք Աստուծոյ պարգեւած իւրաքանչիւր արշալոյսը այս տարի:
Բարելաւուած, գերազանց օրերու հաստատակամութեամբ, բարձր պահենք մեր տրամադրութիւնը այս տարի:
Հրաժարինք մեղանչելէ, բարեփոխելով մեր ամրապնդուած թանձրամիտ սովորութիւնները, մաքրամատոյց տաճարի վերածենք մեր մեղքերով ժանգոտած խառնիճաղանճ սիրտերը: Յիշելով սոյն առածը՝ «Սովորութիւններ կը սկսին սարդի ոստայնի պէս և կը վերջանան պողպատէ պարանի պէս»
Ժամանակ տրամադրենք մարմնային մարզանքի. առողջ մարմին մը ունենալու ողջամտութիւնը շաղախելով հոգևոր առաքինութեամբ՝ զտենք մեր ապրումներու խառնափնդոր շեղջակոյտը: Ինչպէս քամին աւազի հատիկներով բլուրներ կը կազմէ, մեր աննրբանկատ վերաբերմունքներն ալ մեղքի դէզեր կրնան կուտակել:
Ջանանք տիրապետել մեր վախերուն, բարկութեանը, մարսելով նաեւ մեր հպարտութիւնը:
Հեզութեան, ծառայութեան եւ համեստութեան ամենավսեմ շքանշաններով զարդարենք մեր բնազդը:
Խուսաբինք, բարոյական ապականութենէ, հոգսերու եւ մտահոգութիւններու հոգեհեղձուցիչ սրտաբեկութենէն և հարստութեան հրապոյրէն. որոնք կը ճնշեն ու կը գրաւեն մեր հոգին ի նպաստ փճացման:
Ընտրենք մեր կեանքի նշանաբանը. ցանկալով ի ձեռք բերել, անշահախնդիր ընկերութիւն, բարելաւուած հոգեվիճակ, դրական մտածելակերպ, լաւն ու բարին բաժնեկցելու առատաձեռնութիւն, նուազագոյնը ստանալու յօժարակամ ընդունելութիւն, ծո՜վ համբերութիւն, խղճի անդորրութիւն, սիրոյ և կարեկցութեան շռայլութիւն:
Հուսկ յետոյ, Աստուած երբ տարիները կ՛աւելցնէ մեր կեանքին խնդրենք Իրմէ որ կեանք աւելցնէ մեր տարիներուն:
Ի հոգւով կը մաղթեմ՝ ձեր սրտերուն ամենասուզած ցանկութիւնը իրականութիւն դառնայ այս տարի:
Բարւոք ընդ ձեզ՝
Սիլվի Սրբուհի Մարազեան


http://www.aztagdaily.com/archives/274885