Սիամանթօ, բուն անունով Ատոմ Եարճանեան, մեծատաղանդ բանաստեղծ ծնած է 1878 Յունուար 1-ին Ակն քաղաքը: Նախնական ուսումը ստացած է տեղի Ներսեսեան վարժարանը, 1891-ին հօրը հետ տեղափոխուած է Պոլիս եւ ուսանած է Գում Գաբուի Միրիճանեան, յետոյ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ: 1895-ի ջարդերուն հետեւանքով, մեկնած է նախ Կահիրէ յետոյ Եւրոպա. Ժընեւ, Փարիզ ուր հետեւած է Սորպոնի գրական բաժնին, որպէս ազատ ունկնդիր: Սիամանթօ,
առաջին անգամ ըլլալով կիրարկած է տաղաչափութեան նոր ձեւ մը, տեսակ մը արձակ տաղաչափութիւն, որ շատ հեղ զուրկ չէ շնորհէ, եւ որ մեծ թիւով հետեւողներ ունեցած է, թէեւ ամէնքն ալ շատ աննշան՝ բաղդատմամբ մանաւանդ իրենց նախատիպին:
Ուժգին ու ցնցող են իր տաղերը յաճախ Նարեկացիի աւիւնով:
Գրական ստեղծագործութիւններն են, «Հայորդիներ», «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» քնարական մատեանը, 1909-ին գրած է «Հայերէնի Հրաւէր» նամակաշարը, հայ գիրերու գիւտին համազգային տօնին լոյս տեսած է «Սուրբ Մեսրոպ»ը, որ հերոսական հիմքն է մեծ գիւտարարին: Բանաստեղծութիւններու առաջին ժողվածուն 1902-ին լոյս տեսած է: Բոլոր գործերը հաւաքուած ու ամփոփուած են «Սիամանթօ», «Ամբողջական Գործեր» անունով ստուար հատորի մը մէջ որ հրատարակուած է 1910-ին:
Սիամանթօ 1913-ին այցելած է Թիֆլիս եւ Էջմիածին, 1914-ին վերադարձած է Պոլիս, 1915-ին արեւմտահայ մտաւորականներու հետ սպաննուած է թուրքերու կողմէ:
Սիամանթօ կը նկատուի դիւցազներգակ, խորհրդապաշտ քերթողը իր սերունդին:
Անոր քերթուածները՝ մեծագոյն մասը դիւցազներգութիւններ , լի են մարտնչումի, տառապանքի եւ իտէալական զոհաբերութեան ցնցող դրուագներով:
Իր բանասեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած են ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլիերէնի եւ գերմաներէնի:
Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի: Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր Դրօշը պիտի ապրին՝որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս անպարտելի: Մեր սուրը պիտի ապրի,
կեանքը ստեղծելու ու մահը անգամ մըն ալ մեռցնելու համար...Մեր սուրը պիտի ապրի՝ փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր՝ կեանքին համար, յոյսին համար, արգասաբեր հողին եւ մայրական Հայաստանին համար:
***
*ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ*
Եւ մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի, հովիտներուն մէջ իմ գիւղիս,
Քայլերս էին թեթեւ ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն...
Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ՛ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն,
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի...
Կ՛երգէի... Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն արփիագեղ.
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում.
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնչափ նման,
Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին...
Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, Ը՛վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս՝ յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար...:
***
* ՏԵՍԻԼՔԸ *
Ո՛վ ՀՐԱՇԱԼԻՔ, ո՛վ հաւատքի աննիւթական հուր,
Ո՛վ զարմանագործ զօրութիւն,
Ո՛վ բոցեղէն բժժանք, ո՛վ անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ Քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքո՛վն լուսագիծ՝
Ակնթարթ մը՝ մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց...:
Յանկարծ՝ Սուրբը մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարժ՝
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով,
Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադերց...: