1918-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ հիմնովին փոխեց հայ ժողովուրդի քաղաքական մտածելակերպը:
Հայաստանը, իբրև միջազգային, քաղաքական և իրաւական միաւոր, կը ներկայացնէր մեր ամբողջ ժողովուրդի բաղձանքը-անկախ ըլլալ:
Առանց հասկնալու պետականութեան արժէքը, աւելի արժէք կու տան վարչաձևին, քան պետականութեան գոյութեան փաստին: Վարչաձևերը չեն, որ կը բնորոշեն ազգերու գոյութիւնը. ասոնք կառավարելու եղանակներ են, որոնք կը փոխուին, իսկ՝ ազգը և երկիրը գոյութիւն ունին, կը մնան: Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, հայ ժողովուրդին տուած է ազգային պետականութեան իրաւունք: Վարչաձևերը կը փոխուին, կ՛անցնին, բայց Հայաստանի պետութիւնը կը մնայ և այս խոշոր երևոյթ մըն է, հայոց պատմութեան կարևորագոյն մէկ ապացոյցը:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ