mercredi 2 mai 2012

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ

Դո՛ւն առաջին վանկ շրթունքիս, առաջին վանկ իմ հոգւոյս,
Նախկի՛ն հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս, իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՛կ բարբառ, ողջո՜յն քեզ:

Քու բառերէդ արևէն վառ ու բիւրեղէն ալ վըճիտ՝
Իմ հոգւոյս մէջ բոց մը կաթեց մշտակէզ,
Հուր ծարաւ մը անհունութեան, բարւոյն, մեծին ճշմարիտ.
Ո՜վ մանկութեանս ազնիւ լեզուն, կ՛օրհնե՛մ քեզ:

Տարիներով թափառական օտար երկիր ու վայրեր,
Զուրկ մնացի ընտանիքէս, տընակէս.
Այլ քու կարօտդ անդարման ցաւն եղաւ սրտիս կարիվէր,
Ո՜վ մանկութեանս ազնիւ լեզուն, կ՛օրհնե՛մ քեզ:

Զարմանահրաշ վըսեմ թարգման դուն սրբութեանց անմատոյց
Դուն արձագանգ հայ անցեալին կեանքին վէս,
Տիտաններու, քերթողներու անմահ փառքին ապացոյց,
Ո՜հ վեհ բարբառ իմ հայրերուս, պատի՛ւ քեզ:

Ալեծաղիկ կատարներու անմահ զաւակ դարաւոր,
Ծոցէդ անշէջ ճառագայթներ կը ժայթքես.
Մշտափթիթ գարուն մ՛անանց կը պսակէ դէմքդ աղուոր,
Անզուգական քնքուշ լեզուս, հանբո՜յր քեզ:

Դուն Մեսրոպին ու Սահակին շունչին թրթռումը ոսկի,
Որ հայրենի յուշերն անդուլ  կ՛եղերգես.
Իր պաշտելի աւանդութեանց, նշխարներուն սուրբ ըսկի,
Ո՜վ աննման չքնաղ լեզու, բուրվառ քեզ:

Ծով ծիածան որ կը գըլես լայն կոհակներդ այգաբեր,
Մերթ գոհարներ ծաւալելով, մերթ բեհեզ.
Մերթ սաղմոսներ ծփծփալով, մերթ վէպեր,
Ո՜վ հայ լեզուս իմ պաշտելի, ողջո՜յն քեզ:

Դուն թրթռացիր անտառներու սօսիներուն տակ ըստվէպ,
Հայ աշուղին քնարին պարծանքն եղար վէս.
Հիմա կ՛երգես զաւակներուդ Նժդեհ, կեանքը երաշխէպ,
Քերթողներու անմահ բարբառ, բիւր փառք քեզ:

Օրհնե՛լ ըլլան մեր հայրերը, որոնք թէև ցիրուցան,
Մութ օրերուն՝ մոլորած չոր շիւղին պէս,
Մոռցան իրենց տունն ու տեղը, զաւակներին ուրացան,
Իրենց անձն ալ, բայց չը մոռցան երբեք քեզ:

Օրհնեա՛լ ըլլան մեր մայրերը, որոնք ըզքեզ սընուցին,
Իրենց շունչովն ու աղօթքով սրակէզ.
Խարխուլ, փըլած կըտուրին տակ, կարօտ պատառ մը հացին,
Գուրգուրանքով պահպանեցին միշտ ըզքեզ:

Թո՛ղ որ ես ալ, մեր հայրերու յետին զաւակը թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ.
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սիրտէս կայծ մը խանդավառ
Հոգւով պաշտեմ ու քընարովս օրհնեմ քեզ:
1912-ՍԻՊԻԼ