vendredi 25 mai 2012

Սոյն գրութիւնները 1918 Մայիս 28-ի պատմական արժէքի մասին յայտնուած մտածումներ են, մարդոց կողմէ, որոնք ժամանակակից ու մասնակից էին Սարդարապատի հերոսամարտին ու Հայաստանի անկախութեան կերտումին՝ իբրև զինւորական, կուսակցական ու պետական գործիչներ:

Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելուն համար չէ, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը. կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը չունենալնուն համար: Եթէ հայութիւնը դիմացեր է այսքան դարեր, իր դիմադրութեամբն է դիմացեր, դիմադրելով որ չկլանուի, դիմադրելով որ ազատուի: Եթէ իր անկախութեան համար մաքառիլը մահ բերէր, հայութիւնը արդէն տասնեակ անգամներ պէտք է մեռած ըլլար: Կամքը ո՛ւժ է, մե՛ծ ուժ, շա՛տ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծուի: Սրե՛նք մեր կամքերը բոլոր միջոցներով. ատիկա է այն միակ զէնքը, որ իրապէս կը պաշտպանէ մեզի մահէն, ատիկա է այն միակ սուր զէնքը, որ մեր բարձրացման ու մեր զարգացման առջևը ճամբայ կը բանայ:
Կռուի մէջ նետուողը ե՛ւ կը վիրաւորուի ե՛ւ կրնայ մեռնիլ: Բայց մեռնելէ վախցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ ո՛չ ալ իրաւունք ունի ապրելու, իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախը ան չ՛ազատիր մեռնելէ. միայն կը մեռնի քաշքշուելով, հիւծուելով, արհամարհուելով ու ոտքի տակ երթալով:
Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատւութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ