ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ԿԱՐՄԻՐ ԽՆՁՈՐԸ
1943 ին, Գերմանական Նացի Կեդրոնական բանտի մը փշաթել ցանկապատին ետեւ, ցնցոտիներ հագած հրեայ պատանի մը կը ճեմեր յուսահատ: Յանկարծ ան հեռուէն քալող գեղջուհի մը նշմարեց: Ակամայ անոնց աչքերը իրարու հանդիպեցան: Տղան համաձակութեամբ հարցուց. «Բան մը ունի՞ս ուտելու»:
Աղջիկը զգուշութեամբ գրպանէն խնձոր մը հանեց եւ նետեց: Անօթի տղուն սիրտը ուրախութեամբ խայտաց, երբ փայլուն կարմիր խնձորը օդին մէջէն ձեռքին մէջ ինկաւ, սնունդ եւ յոյս բերելով իրեն հետ:
«Վաղը նորէն եկուր», ըսաւ ու աղջիկը ժպտեցաւ:
Յաջորդ օրը, նոյն ժամուն, ան եկաւ եւ դարձեալ խնձոր մը նետեց: Այս գաղտնի ժամադրութիւնը շարունակուեցաւ եօթը ամիսներ, որոնց ընթացքին այս աղջիկը դարձաւ բանտարկեալին աչքին լոյսը եւ հոգիին յոյսը, որուն պատճառով կրցաւ տոկալ բանտի տառապանքին եւ առանձնութեան:
Օր մը, բանտարկեալ պատանին լսեց թէ պիտի տեղափոխուէին այդ վայրէն: Ան կոտրած սրտով գոյժը հաղորդեց պատանուհիին, որուն սիրուն աչքերը տխրեցան: Յաջորդ օրը, բանտարկեալները ուրիշ վայր մը փոխադրեցին: Այս որբ պատանին յաճախ կու լար ցաւատանջ մղձաւանջներ ունենալով:
Անոր միակ մխիթարութիւնը գեղջուհի աղջկան աչքերն էին ու իրենց գաղտնի հանդիպումներուն յիշատակը, որ սրտին խորքը պահած էր: Վերջապէս պատերազմը դադրեցաւ եւ Ռուսական բանակը ազատագրեց այս բանտարկեալները:
Տարիները անցան ու այս հրեայ երիտասարդը Նիւ Եորք գաղթեց: Օր մը ծանօթացաւ գաղթական օրիորդի մը, որուն հետ ճաշարան մը երթալու ատեն, աղջիկը հարցուց թէ ինք ու՞ր էր պատերազմի ժամանակ: Երիտասարդը ըսաւ թէ Գերմանական Կեդրոնական բանտի մը մէջ էր այդ ահռելի շրջանին: «Իսկ դու՞ն» հարցուց աղջկան: «Ես ու ընտանիքս խնայուեցանք հալածանքէ եւ Գերմանական ագարակի մը մէջ աշխատեցանք»: Յանկարծ աղջկան աչքերը սառեցան եւ ան յիշողութեան փոշոտած էջերը դարձնելով ըսաւ. «Մեր պարտէզին մօտ Գերմանական բանտ մը կար, ուր պատանի բանտարկեալի մը հանդիպեցայ: Թէեւ գրեթէ չէինք խօսիր, բայց ակնյայտ էր որ զիրար կը սիրէինք անմեղութեամբ: Ես ամէն օր խնձոր մը կը նետէի անոր: Բայց օր մը ան փոխադրուեցաւ: Կը խորհիմ որ մեռաւ, բայց անոր յիշատակը կը պահեմ սրտիս խորքը:»
«Այդ տղան ցնցոտինե՞ր հագած էր: Եւ օր մը քեզի ըսա՞ւ որ այլեւս մի՛ գար, որովհետեւ պիտի փոխադրուէին:» «Այս բոլորը ու՞րկէ գիտես», հարցուց օրիորդը զարմացած: Տղուն սիրտը պիտի պայթեր կարծես՝ մինչ ապշած աղջկան ձեռքը բռնեց եւ ինքզինք հաւաքելով ըսաւ. «Զիս կերակրեցիր, երբ անօթի էի եւ յուսադարեցիր՝ երբ անյոյս էի: Դուն էիր որ իմ կեանքս ազատեցիր: Աստուած մեզ դարձեալ միաւորեց: Այս անգամ ազատ ենք: Բանտի փշաթելերը մեզ չե՛ն բաժներ եւ չեմ ուզեր երբեք զատուիլ քեզմէ: Կուզե՞ս հետս ամուսնանալ...» Առանց վարանումի՝ օրիորդը ըսաւ «Այո՛ կ՛ուզեմ:»
«Ան որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ:»
«Հաւատք, յոյս, սէր. այս երեքը: Ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է:»
Աղբիւր «Օրհնաբեր Նռնենին»