mardi 28 décembre 2021

Ծխէ՛, Ծխէ՛, Ո՜վ Բուխարիկ Հայրենի

Ծխէ՛, Ծխէ՛, Ո՜վ Բուխարիկ Հայրենի

Եթէ մարդուս կեանքը պատմուածք մըն է, Նոր Տարին այդ պատմուածքի այս կամ այն պարբերութեան մէջ միջակէտ մըն է կամ կեանքի հեւիհեւ վազքը շատ կարճ ժամանակով ընդմիջել մը, ոչ՝ վերջացնել մը, որովհետեւ դեռ ըսելիքը կամ ընելիքը չէ վերջացած: Արուեստական դադար մը, որուն իմաստը ընթերցողին կամ ապրողին շունչ մը առնելու, իր թափին մէջ ինքզինք զսպելու, ինքն իրմով, իր շրջապատով հետաքրքրուելու առիթ մը ընծայելն է:
 
Ուրեմն, Նոր Տարին չափահասներու համար սոսկ կերուխումի, յղփացումի, առատօրէն դրամ վատնելու, զիրար գերազանցելու մրցավազք մը չէ, ոչ ալ փոքրերուն համար խաղալիկներու հեղեղի մը տակ թաղուելու, խեղդուելու պահ մը: Նոր Տարին պարզապէս առօրեան, ժամանակի մը համար, անկիւն մը հրելու եւ անցնող տարին վերլուծելու, ինքն իրմով, ընտանիքով, շրջապատով հետաքրքրուելու, իրարմով ուրախանալու, զիրար ուրախացնելու, զիրար վայելելու առիթ մըն է: Ամէն ժողովուրդ այդ առիթը տօնախմբելու իր իւրայատուկ ձեւը, սովորութիւնը ունի: Մեր ժողովուրդի պարագային մեզմէ խլուած է մեր պետականութեան տակ հաւաքաբար ապրելու իրաւունքը, հետեւաբար մեր ապրած երկիրներու սովորութիւններէն ազդուելով կորսնցուցած ենք մեր իւրայատուկ միաձեւ տօնախմբութեան սովորութիւնները:
***
Փորձեմ ամփոփ ձեւով ներկայացնել, թէ Քէսապի մէջ ինչպէս կը դիմաւորուէր Նոր Տարին:
Ձիւն, ձմեռ. մէկ գիւղէն միւսը կամ շրջակայ գիւղերէն Քէսապ տանող ճամբաները՝ սարերու, ձորերու մէջէն թիզ մը լայնքով արահետներ, գիշերները կը դառնային գրեթէ անանցանելի. հետեւաբար, քէսապցին տարբեր կը դիմաւորէր Նոր Տարին, շրջակայ գիւղացին՝ տարբեր: Քէսապի դպրոցները տօնածառ կը զարդարէին, Կաղանդ պապան դիմաւորելու երգեր կը սորվեցնէին: Կաղանդ պապան դպրոցները կ՛այցելէր, աշակերտներուն նուէր կը բերէր (ընդհանրապէս գրենական պիտոյք կամ քաղցրաւենիք): Նոր Տարուան գիշերն ալ, ամբողջ գիւղին չափահասները յատուկ յայտագիրով պատրաստուած հանդիսութեամբ մը, նոյն սրահին մէջ կը դիմաւորէին Նոր Տարին: Ժամը 12ին, բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները միաբերան կ՛աւետէին Նոր Տարուան գալուստը. հանդիսականները զիրար կը շնորհաւորէին ու կը ցրուէին:
 
Շրջակայ գիւղերու բնակիչները զրկուած էին այդ բոլորէն: Ամէն մարդ իր ընտանիքին հետ, ինչպէս թուխսը իր ճուտերուն, ճարճատող կրակին առջեւ, մամիկներու ու մայրերու օրհնաբեր ձեռքերով ու շնորհահոս մատներով պատրաստուած ուտելիքներով բեռնաւոր «սոֆրա»ին (հազիւ մէկ ոտք բարձրութեամբ տախտակէ ճաշասեղան) շուրջ բոլորուած կը ցնծային, սպասելով, մեծերը՝ Նոր Տարիին, փոքրերը՝ Կաղանդին: Մէյ մըն ալ տեսար բուխարիկէն ֆէս մը կ՛օրօրուէր կրակին վրայ եւ ծխնելոյզէն ձայն մը կը լսուէր՝ «Շնորհաւոր ձեր Կաղանդը» (Շընֆիւր ձիր Կաղունտը): Տնեցիք կաղանդչէքը կը դնէին ֆէսին մէջ եւ կը ձայնէին. «Բարի Կաղանդ գայ վրանիդ»:
Գիւղերու մէջ սովորութիւն կար, որ գիւղի պատանիները խումբ-խումբ կ՛երթային բուխարիկներէն ֆէս կախուեցնելու: Երբեմն կատակներ ու չարութիւններ ալ կը խառնուէին այդ սովորութեան: Տնեցին փոխանակ կաղանդչէքի՝ կայծ կը դնէր ֆէսին մէջ, ատոր հակադարձելով, վերէն կրակին մէջ աղ կը թափէին, որ պայթուցիկի պէս կրակին կայծերը կը տարտղնէր սենեակին մէջ: Տնեցիները այդ անպատեհութեան առաջքը առնելու համար «սաճ»ը (երկաթէ կլոր գոգաւոր թերթ մը, որուն վրայ գիւղացին, անհրաժեշտութեան պարագային հաց կ՛եփէր) կը դնէին կրակին վրայ: Յակոբ Օշական իր «Տօքսանը» պատմուածքին մէջ այդպէս սովորութիւն մը կը յիշատակէ, սակայն հոն «ֆէս կախուեցնելու» տեղ դռնէն «գօտի կը նետէին», որուն մէջ տնեցին իր կաղանդչէքը կը դնէր:
 
Յունուար մէկին, գիւղին լաճերը խմբակ առ խմբակ տուները կ՛այցելէին եւ իրենց բաժին կաղանդչէքը կը հաւաքէին: Կը սկսէին այն տուներէն, որոնք հաւանաբար նարինջ պիտի տային: Գիւղին մէջ նարինջ չէր աճեր՝ պաղին պատճառով. նարինջը ծովեզերեայ շրջանէն կու գար: Նարինջէն ետք յարգի էին՝ ընկոյզը, նուռը, եւ շրջապտոյտը այդ ակնկալութեամբ կը շարունակուէր: Թուզն ու չամիչը ամէնէն անտեսուած կաղանդչէքերն էին, որովհետեւ ամէնուն սնտուկները տակաւին լեցուն էին անոնցմով: Դրամ տալու սովորութիւն չկար. չկար նաեւ ձեռք պագնելու սովորութիւն: Ընտանիքի անդամները գրկընդխառնումով զիրար կը համբուրէին: Ընտանեկան կաղանդչէքերը ընդհանրապէս մեծ քոյրիկներու կամ մայրիկներու ձեռքով մանուած ու հիւսուած ոչխարի բուրդէ գուլպայ կամ ձեռնոց մըն էր, զոր կը ներկէին ընկոյզի կամ նուռի կեղեւով. երբեմն գրենական պիտոյք մըն ալ կրնար կաղանդչէք ըլլալ, բայց խաղալիկ մը՝ երբեք: Ոչ անոր համար, որ մեծերը չէին ուզեր, որ պզտիկները խաղան, այլ՝ որովհետեւ ամբողջ Քէսապի մէջ խաղալիկի
խանութ չկար: Քաղաքէն ձեռք ձգուած գնդակ մը Ափրիկէէն եկած ադամանդի չափ արժէք ունէր: Ամէն մանուկ իր գնդակը ինք պիտի շինէր կամ հին լաթի կտորներ իրար փաթթելով կամ կովու կռնակէն փրցուած մազով, իսկ ամէնէն յարգին՝ բուրդէ հինցած հագուելիքի մը թելերը իրար միացնելով: Խաղալիկ շինելու համար կաւ ալ չկար: Կաւի տեղ կը գործածուէր աղբիւրի մօտէն եկած գունդ մը ցեխ, որ սակայն շուտով կը չորնար: Աւելի ճարպիկները, որոնք սուր դանակ մը ունէին, մայրիի կեղեւը կ՛օգտագործէին կաւի տեղ: Գիւղի մանուկը պիտի խաղայ, պիտի ստեղծէ այն խաղերը, որոնց խաղալիկները պէտք է կարենայ ինք յօրինել:
 
Մեծերն ալ տունէ տուն կ՛երթային զիրար շնորհաւորելու: Ամէն տուն կ՛երթային զիրար շնորհաւորելու: Ամէն տուն, Կաղանդի գիշերուան սեղանը բաց կը պահէր մինչեւ մեռելոցի իրիկունը: Ամբողջ շաբաթը կարելի էր, ըստ յարմարութեան շնորհաւորանքի երթալ: Եկող հիւրը պարտաւոր էր տան սեղանէն նուազագոյնը պատառ մը վերցնել կամ ումպ մը խմել: Շնորհաւորանքը երբեմն կերուխումի կը վերածուէր, երբեմն ալ ոտքի վրայ կ՛անցնէր:
***
Կաղանդը, առհասարակ առիթ է նաեւ, որ մարդիկ հեռաձայնով, քարդերով, թերթերով եւ այլ ձեւերով զիրար շնորհաւորեն, իրարու բարեմաղթութիւններ ընեն: Առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորեմ բոլոր ընթերցողներս եւ կ՛ուզեմ անոնց հետ քանի մը մտածումներ բաժնել:
Նորերը պէտք է գիտնան, թէ իրենց մեծերը ինչպէս անցուցին իրենց մանկութիւնը, որպէսզի կապը չկտրուի սերունդներուն միջեւ: Ազգերը կը կազմուին, նախ՝ իրար յաջորդող սերունդները իրար կապող յիշողութեան, հոգեկան, զգացական կապերով: Ժողովուրդներու անցեալն ու ներկան իրար կապողը պատմութիւնն է, եւ առանց այդ պատմութեան ազգեր չեն կայանար:
Անշուշտ կեանքը չի կրնար սառիլ, անշարժանալ, յարատեւ փոփոխութիւնն է, որ կեանք կը կոչուի. անշարժութիւնը մահն է, այսուհանդերձ որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ձեւով մը հիմնուի հինին վրայ: Եթէ ծաղիկը նորութիւն, փոփոխութիւն է ձմրան մերկ ոստերուն յարաբերաբար, սակայն հաստատուած է նոյն ոստերուն վրայ, եւ երկուքն ալ իրենց աւիշը կ՛առնեն նոյն ծառի արմատներէն: Մեր կենցաղային փոփոխութիւններն ալ ոչ թէ ընդօրինակութիւնը պէտք է ըլլան մեր շրջապատին, այլ առանց իսկութիւն փոխելու, պէտք է պատշաճեցուին շրջապատին:
Բացարձակապէս կասկած չունիմ, որ ամէն ծնող ջերմօրէն կը սիրէ իր զաւակները եւ ոգի ի բռին կ՛աշխատի անոնց լաւութեան համար, մանաւանդ, երբ անոնք մանուկ են ու պատանի: Սակայն մանուկը սիրել երբեք չի նշանակեր անոր բոլոր ցանկութիւններուն ու քմայքներուն առջեւ տեղի տալ: Մանուկն ու պատանին իրենց տարիքին, իրենց հոգեկան ու զգացական աշխարհին իսկ բերումով անկարող են լաւն ու վատը, յարմարն ու անյարմարը զատելու: Ծնողքը իր վարուելակերպով, իր թելադրանքներով ու բացատրութիւններով վստահութիւն պէտք է ներշնչէ իր զաւակին, որ ծնողքին կարգադրութիւնները միշտ լաւագոյններն են: Կեանքին հետ քայլ պահել չի նշանակեր շրջապատի հոսանքին հետեւիլ: Ամէն ծնողք իր սեփական դատումներն ու սկզբունքները պէտք է ունենայ: Պէտք է ո՛չ ըսել գիտնայ, եթէ պէտք է, թէ՛ զաւկին, թէ՛ շրջապատին:
 
Զաւակներուն վրայ շատ դրամ ծախսելը անպայման ուղիղ չի համեմատիր զաւակը շատ սիրելուն հետ: Ամէն ամիս զաւակին նոր կօշիկ առնելով, զաւակին քալելու կարողութիւնը չի բարելաւուիր, ոչ ալ «պասքէթ»ի սուղնոց կօշիկները՝ հագնողը մարզիկ կը դարձնեն: Առջեւնիս Կաղանդ է. բազմաբնոյթ ու բազմաթիւ խաղալիկները մանուկներուն ուրախութիւնը չեն բազմապատկեր, այլ՝ շաբաթը չվերջացած՝ մեր կառատուներն ու մառանները խաղալիկներու դագաղներու գերեզմանատուն կը դարձնեն: Շռայլութիւնը առատաձեռնութիւն չէ. առատաձեռն ըլլալու շատ, շատ տեղեր կան:
Կեանքը միշտ ծաղկեփունջերով չէ, որ կը դիմագրաւէ մեզ. զաւակներու դաստիարակութեան մէկ բաժինն ալ անոնց փշոտ օրերու յիշեցումն ու վարժեցումը պէտք է ըլլայ: Ժուժկալութիւն, սակաւապէտ ապրելակերպ, յարատեւութիւն, տոկունութիւն՝ լաւագոյն կեանքի, լաւագոյն առաջնորդները կրնան ըլլալ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
 
 ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ