samedi 25 décembre 2021

🌟ԱՍՏՂ ՏՂԱՆ🌟

ԱՍՏՂ ՏՂԱՆ
 
Հազարաւոր տարիներ առաջ, Փետուր անունով իշխանուհի մը կար: Ան գեղեցիկ ու բաձրահասակ էր ու փետուրի պէս թեթեւ. աչքերը փայլուն աստղերու կը նմանէին:
Առտու մը Փետուր իշխանուհին շատ կանուխ արթնցաւ, երկինք նայեցաւ ու տեսաւ Առաւօտեան Աստղը, որ մարելու վրայ էր:
-Նայէ աս աստղին, ըսաւ քրոջը, ինչպէս կը փայլի առտուան մշուշին մէջ: Ես այս աստղին հետ կ՛ուզէի ամուսնանալ:
-Կախարդական բաներ շատ լսեր եմ, պատասխանեց քոյրը, բայց աստղի հետ ամուսնանալ...բնաւ չեմ լսած:
-Աստղերը մարդոցմէ աւելի գեղեցիկ կ՛երեւին հառաչեց Փետուր իշխանուհին ու լռեց:
Անշուշտ Փետուր իշխանուհին իր ըսածները մոռցաւ: Այդ ամառ, իշխանուհիին ցեղախումբը մեծ լիճերու մօտ տեղ մը կը գտնուէր: Երբ հովը կը փչէր ծառերուն ճիւղերը կարծես կուլային: Իմաստուն մարդիկ մտիկ կ՛ընէին, գլուխնին կը շարժէին: Փորձանք պիտի պատահի, կամ ալ...հրաշք կ՛ըսէին:
Փետուր իշխանուհին կը սիրէր առտու կանուխ ելլել եւ թռչուններուն երգերը մտիկ ընել: Ան մօտակայ առուակին եզերքը կը նստէր ու մտիկ կ՛ընէր հոսող ջուրին ձայնը: Օր մըն ալ, ան լսեց մեղմ հառաչ մը.
-Փետուր իշխանուհի...ես Առաւօտեան Աստղն եմ:
Փետուր իշխանուհին վեր նայեցաւ ու սկսաւ դողալ: Դիմացը, առուակին ճիշդ մէջտեղը կեցած էր նուրբ, բարձրահասակ երիտասարդ մը, լոյսի եւ մշուշի շրջանակի մէջ:
-Չե՞ս յիշեր, ըսաւ երիտասարդը, կ՛ուզէիր հետս ամուսնանալ...:
Ան արծուի փետուր մը դրաւ իշխանուհիին մազերուն մէջ եւ ցոյց տալով խոշոր տերեւ մը, ըսաւ.
-Աչքերդ գոցէ ու այս տերեւին վրայ կոխէ:
Մէկ վայրկեանէն Փետուր իշխանուհին երկինք փոխադրուեցաւ: Երբ աչքերը բացաւ, ան Արեւին եւ Լուսնին դիմացը կեցած էր, Առաւօտեան Աստղին քով: Արեւը զբաղած էր. դէպի աշխարհ ճամբայ պիտի ելլէր: Առաւօտեան Աստղին մայրը՝ Լուսինը ազատ էր. ան Փետուր իշխանուհին շատ սիրեց:
Իշխանուհին ամուսնացաւ Առաւօտեան Աստղին հետ եւ շատ երջանիկ եղաւ: Մանչ զաւակ մի ունեցան. անոր անունը դրին Աստղ Տղայ:
Օր մը մայր Լուսինը Փետուր իշխանուիին ըսաւ.
-Սիրելիս, պէտք է աշխատիս. ահաւասիկ փորելիք գործիք: Ամէն տեղ կրնաս փորել, ամէն տեղ կրնաս ցանել, ամէն տեղ կրնաս երթալ բայց...կը տեսնե՞ս շողգամի սա մեծ տունկը՝ դրան դիմաց: Չըլլայ, չըլլայ որ այնտեղ փորես... մեծ չարիք՝ կրնայ պատահիլ:
Փետուր իշխանուհին ամէն օր շողգամի տունկին քովէն կ՛անցնէր, Աստղ Տղան կռնակի տոպրակին մէջ, բայց տունկին մօտենալու կը վախնար: Ատեն մը ետք, ան ուզեց գետնալ թէ ինչ կար շողգամի տունկին տակը: Սրտին մէջ վախ չմնաց: Փետուր իշխանուհին փորեց ու փորեց ու շողգամի տունկը գետնէն հանեց: Խոշոր ծակ մը բացուեցաւ. երբ ան ծակէն վար նայեցաւ, իր գիւղն ու վրաները տեսաւ: Երախաները կը խաղային ու կը պարէին, կիները կ՛աշխատէին ու կ՛երգէին: Փետուր իշխանուհին յիշից իր առաջուայ հեանքը ու շատ տխրեցաւ: Ընտանիքին ու հողին կարօտը մեծցաւ սրտին մէջ:
-Դուն շողգամը տեղէն հանեցիր ու վար՝ երիր նայեցար, ըսաւ ամուսինը՝ Առաւօտեան Աստղը: Այլեւս հոս՝ երկինքին մէջ երջանիկ չես կրնար ըլլալ:
Ան Փետուր իշխանուհիին ձեռքէն բռնեց ու միասին գացին շողգամի ծակին քով:
-Ուշադրութիւն ըրէ, սիրելիս, ըսաւ Առաւօտեան Աստղը: Երախան հետդ է. տասնըհինգ օր ոտքը հողին պէտք չէ դպնայ, ապա թէ ոչ աստղի կը վերածուի եւ ետ՝ երկինք կը վերադառնայ: Վրանիդ վրայ նշան մը դիր որպէսզի ամէն առտու քովէդ անցնիմ:
Փետուր իշխանուհին ու իր Աստղ Տղան երկինքէն վար՝ երկիր իջան, աստղերու լուսաւոր ճամբէն. այն ճամբէն ուրկէ մարդոց հոգիները երկինք կ՛ելլեն ու երկինքէն ալ՝ վար՝ երկիր կ՛իջնեն: Փետուր իշխանուիին ընտանիքն ու ազգականները շատ ուրախացան:
-Այսքան երկար ատեն ո՞ւր էիր, հարցուց մայրը:
Փետուր իշխանուհին չկրցաւ պատասխան տալ: Տասնչորս օր Աստղ Տղուն ուշադրութիւն ըրաւ: Մուշտակէ օրօրոցին մէջ դրաւ զինքը ու չձգեց որ երախային ոտքը գետին՝ հողին դպնայ, ինչպէս որ Առաւօտեան Աստղը պատւիրած էր: Տասնհինգերորդ օրը մայրը ըսաւ.
-Փետուր աղջիկս, առուակէն դոյլով ջուր կը բերե՞ս:
Փետուր իշխանուհին յիշեց Առաւօտեան Աստղին հետ իր առաջին հանդիպումը. արդեօք կրկին կը տեսնե՞մ, մտածեց: Ան մօրը պատուիրեց որ երախան գետին չձգէ, բայց մայրը չէր գիտեր որ երախան կախարդուած էր. ձգեց որ ան գետինը խաղայ: Երբ Փետուր իշխանուհին վերադաձաւ երախան մէջտեղը չկար: Աստղ Տղան ետ՝ երկինք ելած էր, աստղերու լուսաւոր ճամբէն:
Այդ գիշեր Փետուր իշխանուհին վեր՝ երկինք նայեցաւ: Բոլորովին նոր աստղ մը կը փայլէր երկինքի վրայ, շողգամին տունկին տեղը: Ան հասկցաւ թէ իր երախան ինչ եղած էր, բայց լուռ մնաց:
Այսպէս մենք ունեցանք Հիւսիսային Աստղը: Ամերիկայի հնդիկները զայն Հիւսիսի Գամ կը կոչեն որովհետեւ ան բնաւ իր տեղէն չի շարժիր միւս աստղերուն նման:

«Ամերիկեան-Հնդկական հէքեաթ»