jeudi 30 décembre 2021

Շնորհաւոր Նոր Տարի: Նոր Տասնամեակը բարին թող բերէ մեր ժողովուրդին

Ամանոր՝ ինծի համար դուն տակաւին անգոյն, դիմակաւոր «բան» մըն ես:

Մարդիկ քեզ այսպէս՝ Ամանոր անուանած են, որովհետեւ իսկապէս նոր, անծանօթ ու մեծ կասկածելի մըն ես իրենց համար:

Որովհետեւ դո՛ւն, քու ծնած վայրկեանիդ, թէեւ անմեղ ես եւ ձիւնի առաջին փաթիլներուն նման՝ մաքուր եւ անբիծ, սակայն յանկարծ կրնաս փոխուիլ ու դառնալ խաբուսիկ:

Գիտցի՛ր. հակառակ անոր որ դուն երէկի զաւակ ես, վաղուան երազներով արդէն լեցուն ես:

Մէկ խօսքով, նորածին մանուկ անցորդ մըն ես, որուն՝ մարդիկ մեծ ու շատ յոյսեր կապած են: Քու բոլոր ճամբաներդ տակաւին անյստակ են, մերթ արեւոտ կամ ձիւնոտ, մերթ հովերով ու փոթորիկներով լեցուն, սակայն միշտ անստոյգ եւ անորոշ վախէ մը կախուած:

Ամանոր:

Եկար կրկին, հիներուն նման:
Ու մենք, իբրեւ պարզ մահկանացուներ, քու շնորհիւ ծնունդ պիտի տանք գեղեցիկին ու խորհրդաւորին, չարին ու բարիին:

Անկասկած, որ յառաջիկայ օրերէն եւ ամիսներէն կրկին անգամ պիտի լսուին ռումբերու ձայներն ու խաղաղութեան աղաղակները: Մարդիկ կրկին անգամ պիտի ծամեն յաղթանակներու խորհուրդը: Անոր համար ալ շատեր քեզ պիտի սիրեն կամ ատեն:

Սակայն հակառակ այս բոլորին, սիրելի Ամանոր, բարի՜ եկար:

Եկար մանկական ժպիտո՛վ, եւ տակաւին չմկրտուած՝ լուսաւոր գեղեցկութիւններ ու նոր խռովքներ քեզ շրջապատեցին:

Շատեր, քեզմէ սարսափելով, նոյնիսկ իրենց հոգիները ինքնածին ու անգիտակ դառնութիւններով լեցուցին:

Ամանոր, դո՛ւն որ բոլորիս համար յոյսի աղբիւր, եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ յուսախաբութեան ամբար ես, արդեօ՞ք կը գիտակցիս քու այս անօրինակ իրավիճակիդ, կամ արդեօք տեղեա՞կ ես քու այս հակասական տարբերակներուդ:

Չեմ զարմանար, եթէ հազարաւոր մահկանացուներ քեզ օծեն կամ դիմաւորեն զանազան անէծքներով, կամ ալ ուրիշներ, բախտաւոր պարագային, ոսկի ձայներով գալուստդ աւետեն:

Սակայն, ինչ որ ալ ըլլան քու մասիդ դրական կամ ժխտական տարաձայնութիւնները, դո՛ւն, սիրելի Ամանոր, դուն՝ իբրեւ նոր արշալոյս եւ նոր զաւակ, նոյն այդ բամբասողները քեզ ալ այս աշխարհի բախտին պիտի յանձնեն:

Յստակ է, թէ արեւու տաք ու պայծառ ճառագայթներու կողքին, պիտի ունենաս նաեւ ամպի ծուէններ, եւ աւելին՝ յաղթանակներուն կողքին, ընկերային վատութիւններով շաղախուած ժամեր պիտի ապրիս, մարդկային գռեհկութեան ու տառապանքի հետ միատեղ՝ անհատնում սէրերու եւ ուրախութեան նուիրումի ծաղիկներ պիտի ստանաս:

Անոր համար, դուն պարտաւո՛ր ես լսել բոլոր յոգնատանջ ցաւերը, վիրաւոր սրտերը, իրենց ցաւէն գալարուող ողորմուկ աղաղակներն ու մրմունջներու արձագանգը, տանջուած հոգիներուն աղերսը, խաբուած սէրերէն ծնող անշշուկ լացերը, որոնք արդէն տառապանքի մէկական կոթողներ դարձած, սոսկում կը պատճառեն բոլորիս:

Բայց գիտցի՛ր նաեւ, ո՜վ անծանօթ Ամանոր. մէջդ է նաեւ այն մեծ ու լուսաւոր յոյսը, որ ամէն գիշեր մարդոց միտքերով կը յղիանայ, ու անոնց երազներով կը սնանի:

Յո՛յս ըսի, ու կը կրկնե՛մ:

Սիրելի՜ Ամանոր, քեզի ու մանաւանդ քու բերելիք օրերուդ համար, դո՛ւն ես մեր բոլորին ակնկալած յոյսին առաջին ու վերջին՝ միա՛կ ձայնն ու բաղձանքը։

Անոր համար, դուն պիտի ըլլաս ու մնա՛ս նաեւ մեր երջանկութեան կամ դժբախտութեան ծանօթ ու անծանօթ պատճառը, եւ այն անհերքելի իրականութիւնը, որ մեր երազները պիտի զարդարէ բացայայտօրէն:

Մի՛ աճապարեր:

Մնա՛ մեզի հետ:

Չեմ ուզեր քեզ ալ տեսիլքներուս յաճախանքով դիմաւորել:

Հիմա, կամ քիչ ետք, երբ եղբայրանաս արեւուն կամ ամպերուն հետ, երբ լուսինը կրկին անգամ իր աստղածածկ մուշտակը բռէ երկնքի թատերաբեմին վրայ, երբ յոգնատանջ մարդիկ, կրկի՛ն երջանկութեան երազներով լեցուն, իրենց տուները վերադառնան յոյսերու կծիկով կամ տառապանքի եւ խաչելութեան վայրկեաններով յուսախաբ կամ նո՛յնքան յուսալի, գիտցի՛ր, որ դուն ես դարձեալ մարդոց երազին մէջ, նոր ու բարի միակ երազը:

Ասկէ մեկնած, այս վայրկեանին է, որ սիրտս պիտի քանդէ բոլոր հին ու նոր սէրերուս տաճարներն ու խորանները: Յետոյ, ան պիտի կտրէ նաեւ յուզումներուս, պաշտամունքներուս արմատները ու նոյնիսկ պիտի փորձէ ցամքեցնել տառապանքի աղբիւրներուս ակերը:

Արդ, ջերմապէս կը խնդրեմ քեզմէ, հաճի՜ս, յստակ տարբերութիւնը դիր այսօրուան եւ վաղուան միջեւ, որպէսզի մարդիկ քեզ կրկի՛ն անգամ հաճոյքով դիմաւորեն ու հանգիստ ապրին:

Մարդիկ, այլ խօսքով՝ բոլոր անոնք, որոնք քեզմէ յուսացին բարին եւ լաւը, եւ աղերսեցին յոյսի գութը, մխիթարական զգացումներով ապրեցան ժամերդ ու օրերդ, հաճի՜ս անոնց մտքերէն ու հոգիներէն ջնջէ երէկի ապրուած ունայնութիւնները:

Անոնց կեանքերուն նոր լուսանցքներ բաց, որպէսզի իրենց հոգիները շարունակեն մաքուր խոյանքը դէպի ազատութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն:

Յետոյ,

Աշխարհին հագցուր իր անմեղ ու սիրական երազներուն շրջազգեստը, որպէսզի ան կարենայ ստեղծել իր գոյութեան պայմանները:

Բայց մանաւանդ հայրենիքիս ժողովուրդին, սիրելի Ամանոր, ձգէ՛, որ կրկին անգամ մարդոց շրթներուն վրայ քանդակուի յոյսի երգը: Կրկի՛ն անգամ աղաղակէ երկար ատենէ սպասուած լռութիւնը, յանուն սիրոյ, արդարութեան եւ հաւատքին:

Վատութիւնն ու անիշխանութիւնը վանէ անոնց ժամերէն ու օրերէն:
Թող անոնց թաղուած ու մոխրացած սէրերու, յոյսերու եւ երազներու բանաստեղծութիւնը յանգաւորուի բոլորին դողահար շրթներուն վրայ:

Թող չհեգնուի լռութեան աղաղակը, որպէսզի մարդիկ չատեն մարդոց իրաւունքը ու չկալանաւորեն անոնց ազատութիւնը:
Եւ որպէսզի արդարութիւնը առանձին չմնայ, չմսի եւ մարդիկ զինք չբզկտեն…։ 
Հաճի՜ս, այս բոլորը, իբրեւ մեծ ընծայ, իրենց բեր, որպէսզի իրենց կեանքը դառնայ յոյսերով լի՝ իրենց հոգիներուն միակ եւ մեծագոյն ապաստանը:

Հաճի՜ս:

Ուստի, գալուստդ բարի՛:


 
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ