vendredi 30 janvier 2009

ԴՈՒ

ԻՄ ԱՆՆՄԱՆ ԵՐԵՎԱՆ


ԻՄ ԱՆՆՄԱՆ ԵՐԵՎԱՆ

Հոգեհատոր իմ քաղաք,
Որքա՛ն սիրել եմ ես քեզ,
Դո'ւն իմ բաղձանք, իմ պարծանք,
Սրտիս անգին մի ժանեակ,
Խռովել եմ առանց քեզ.

Աղբիւրներով անհամար,
Կապոյտ մի երկինք պայծառ,
Վճիտ ջուրով, մաքուր օդով,
Ծիրանագոյն երկնակամար.
Տառապել եմ առանց քեզ:

Յուշարձանը յաւերժական,
Մեծ Եղեռնի զոհերուն,
Թանգարանը անզուգական,
Մեր պապերի գործերուն,
Ծոցիդ մէջ դուն կը պահես,
Գորովալից մօր մը պէս:

Մարմինով քեզմէ անջատ,
Միտքով, սիրտով եւ շունչով,
Հետդ ապրող մի անհատ,
Դուն իմ մարմնի ուղեծուծ,
Դուն իմ սրտի շնչերան,
Թանկարժէք մայրաքաղաք,
Իմ աննմամ Երեվան:

ՄԵՐ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ



vendredi 16 janvier 2009

Ո'Վ ՀԱՅ


Ո'վ Հայ,երբ տեսնես կշիռ մը որուն մէկ նժարը ծանրացուցած են թշուառութիւնը, տգետութիւնն ու բռնութիւնը, նետէ՛ միւս թաթին մէջ.
Գորո՛վդ ու կորովդ' եթէ ազգասէր ես.
Գա՛նձդ' եթէ հարուստ ես.
Սուի՛նդ' եթէ զինւոր ես.
Հոգի՛դ' եթէ մայր ես.
Ուղե՛ղդ' եթէ հանճար ես.
Գաղափա՛րդ' եթէ փիլիսոփայ ես.
Խա՛նդդ' եթէ քերթող ես.
Գրի՛չդ' եթէ հրապարակագիր ես.
Լեզո՛ւդ' եթէ պերճախօս ես.
Սլա՛քդ' եթէ երգիծաբան ես.
Նրբամտութի՛ւնդ' եթէ քաղաքագէտ ես.
Բա՛հդ' եթէ մշակ ես.
Մո՛ւրճդ եթէ գործաւոր ես:

ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ


Չըգիտեմ ինչո'ւ, դեռ պատանեկիկ,
Համբուրում էի խաչքարերն այնպէ'ս,
Երբ մայրիկիս հետ ես՝ ոտաբոպիկ՛'
Վանքի սարն էի ելնում գառի պէս:

Հիմա էլ սրտանց համբուրում եմ դեռ,
Բայց հիմա գիտեմ, թէ ինչո'ւ համար,
Ես համբուրում եմ, ո'վ նախահայրեր,
Քարից լոյս կերտող ձեր ձեռքը ճարտար,

Որ վայրի ու բիրտժայռերի վըրայ
Ոգու տարերքն է հրաշագործել,
Եւ համբուրելով սուրբ հետքը նըրա՛
Անմահութիւնն եմ համբուրում ես ձեր...

mercredi 14 janvier 2009

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ' ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ


Երազեցի, թէ հարցազրոյց մը կը կատարեմ Աստուծոյ հետ:
«Ուրեմն կ'ուզես հարցազրոյց մը ընել հետս» հարց տուաւ Աստուած:
«Եթէ ժամանակ ունիք«, ըսի:
Աստուած ժպտաց'
«Իմ ժամանակս յաւերժութիւնն է , ի՞նչ հարցումներ ունիս մտքիդ մէջ»:
  • «Մարդկութեան մասին ի՞նչն է, որ ամէնէն աւելի կը զարմացնէ ձեզ»:Աստուած պատասխանեց.
  • «Թէ անոնք կը ձանձրանան մանկութենէ, կը փութան մեծնալու, իսկ յետոյ կը տենչան մանուկներ դառնալ վերստին»,
  • «Թէ կը կորսնցնեն իրենց առողջութիւնը դրամի տիրանալու համար, եւ յետոյ' կը կորսնցնեն իրենց դրամը առողջութիւնը վերագտնելու համար»,

  • «Թէ տագնապելով ապագային մասին' կը մոռնան ներկան, եւ այսպիսով, ո՛չ ներկային մէջ կ՛ապրին եւ ոչ ապագային»,
  • «Թէ կ'ապրին այնպէս, որ կարծես երբեք պիտի չմեռնին եւ կը մահանան այնպէս մը, որ կարծես բնաւ չեն ապրած»:
Աստուած ձեռքս բռնեց ու պահ մը լուռ մնացինք, ապա հարցուցի,
«Որո՞նք են կեանքի կարգ մը դասերը, զորս, իբրեւ ծնող, կ'ուզես որ զաւակներդ սորվին».
  • Աստուած ժպտալով պատասխանեց.
  • «Գիտնալ, թէ կարելի չէ ստիպել ոեւէ մէկուն, որ սիրէ զիրենք, այլ կարելի է միայն իրենց անձը սիրելի դարձնել»,
  • «Գիտնալ, թէ լաւ չէ իրեն անձը բաղդատել ուրիշներուն հետ»,
  • «Գիտնալ, թէ հարուստ անձը ան չէ, որ ունի ամէնէն աւելին, այլ ան, որ ունի նուազագոյն կարիքները»:
  • «Գիտնալ, թէ քանի մը երկվայրկեան կ'առնէ միայն սիրած անձի մը խոր վէրքեր պատճառելը, իսկ այդ վէրքերը բուժելը կ'առնէ տարիներ»,
  • «Գիտնալ, թէ ի՛նչ է ներելը' ներելով ուրիշներուն»,
  • «Գիտնալ, թէ անձեր կան, որոնք խորապէս կը սիրեն զիրենք, բայց պարզապէս չեն գիտեր ինչպէս արտայայտել կամ ցոյց տալ իրենց սէրը»,
  • «Գիտնալ, թէ երկու հոգի կրնան նայիլ միեւնոյն բանին եւ զայն տեսնել տարբեր ձեւով»,
  • «Գիտնալ, թէ ՛յաճախ բաւարար չէ ներել ուրիշներուն, այլ պէտք է նաեւ ինքզինքնին ներել»,
  • «Եւ գիտնալ, թէ հոս եմ... մի՛շտ»:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐՏՈՎ