mardi 17 mars 2009

ԳԵՂԵՑԻԿԸ


ԳԵՂԵՑԻԿԸ

Գեղեցիկ է ան որ ժպիտ ունի,
Ծիծաղը՝ կարկաչ, ձայնը գեղեցիկ
Նայուածքը քաղցրիկ որպէս եղնկի,
Շունչը՝ մեղմածուփ հով մը պարանցիկ:

Գեղեցիկ է ան զոր կը սիրեմ ես,
Սիրտս ամէնուն հաւասար է բաց,
Որ գան ծաղկիլ հոն թարմ, խնդումերես,
Անկիւն մը կայ դեռ ոչ մէկը հպած...

ԳՈՒՐԳԷՆ ԹՐԵՆՑ

ՄԻ ԴՊԻՔ


ՄԻ ԴՊԻՔ

Գիտէ՞ք որքան թախիծ կայ
Հոգիին խորն այդ տղուն,
Մի դպիք, թող քրքջայ,
Խենդին քրքիջն է բեղուն...

Հոգիին խորն այդ տղուն,
Իջեր եմ ես ու տեսեր,
Երազ մը ծեր նուաղուն,
Ու անկիւն մը փլած սէր:

Ահ՛, մի դպիք այդ տղուն,
Խենդը մինակ կը թողուն:

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

dimanche 15 mars 2009

ՍԻՐԵՑԷՔ ԶՄԻՄԻԵԱՆՍ


ՍԻՐԵՑԷՔ ԶՄԻՄԻԵԱՆՍ

Վարդակարմիր Գողգոթային վեհ գագաթ
Միշտ փալփլող սիրոյ անշէջ ճառագայթ,
Դեռ կ՛ըսպասե՞ս թափել սրտից քու սըլաք,
Զո՞վ կը հսկես, վի՞հ եւ անդունդ թէ՞ կըմախք,
Որ սեւ ժայռից մէջ մարեցաւ այն բեկբեկ
Բարբառն վըսեմ թէ «ըզմիմիեանս սիրեցէք»:

Տնակին դամբանը կ'անհետի ոտնակոխ,
Տնակին մէջ մարի առկայծ կանթեղն հող
Այն մութին մէջ նօթի տըղեկք կը հեծեն.
Դըղեակն խրախ մինչեւ լոյս ջահք կը հիւծեն
Հարուստին կառք ժխորով կ'անցնի սըրարշաւ,
Հէգին դագաղն իւր գերեզմանն լուռ իջաւ:

Գեթսեմանին իջնող հրեշտակն դալկահար՛'
Որ գեղ' ծաղիկ' արցունք ու փառք չը ճանչնար,
Նորա ցուրտ գոգն աղքատ սոսկ կ'ըսփոփի,
Ճոխն եւ տընանկ պատանքին մէջ կ'ըլլան մի.
Կայծակնաթեւ թէ մըրմընչեն մըրրիկներ,
Թէ «սիրեցէք զիրար» հէգն հոս չեն սիրեր:

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ