mercredi 24 avril 2019

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ...


ԽԱՂՈՂԻ ՈՂԿՈՅԶԻՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդի դէմ կազմակերպուած ցեղասպանութեան ծրագրի գործադրութեան նպատակով, 1915 թուականին դէպի սուրիական անապատները քշուող կարաւաններէն մէկուն մաս կազմած էր երիտասարդ Տիկին Մարիամը, որուն աչքերուն առջեւ սպաննուած էր իր ամուսինը:
Բազմատեսակ ու անմարդկային չարչարանքներու դիմանալէ ետք, ան հրաշքով կրցած էր ազատիլ ու ապաստանիլ Հալէպ, ուր Մարիամը եղած էր Մարի: Հալէպի մէջ կրցած էր գտնել Նիւեորքաբնակ իր մէկ մօտիկ ազգականին հասցէն եւ թղթակցիլ անոր հետ: Մի քանի ամիս յետոյ ազգականը բարի գտնուած էր իրեն ուղարկելու բաւարար գումար եւ անհրաժեշտ փաստաթուղթեր, որոնց շնորհիւ Տիկին Մարին կրցած էր մեկնիլ Նիւ Եորք՝ իր ազգականին մօտ:
Նիւեորքաբնակ իր ազգականը՝ Կարապետ, եղած էր Կէրի, պատահմամբ իմացած էր, թէ ամերիկացի նորապսակ ամոլ մը պէտք ունէր սպասուհիի մը եւ յաջողած էր Տիկին Մարին ընդունիլ տալ Ճէյմս եւ Փամելա Քրու նորապսակ զոյգին մօտ՝ որպէս սպասուհի:


Արեւմտեան Հայաստանի մէկ գիւղէն եկած այս երիտասարդ կինը՝ Մարին, որ կոչեցին Մէյրի, անգլերէն չէր գիտեր, բայց շնորհիւ իր 24 տարուայ աշխատասիրութեան, ուշիմութեան, մաքրասիրութեան, շուտով շահեցաւ համակրանքը իր գործատէրերուն, որոնք օգնեցին ու քաջալերեցին, որ ան կարճ ժամանակի ընթացքին սորվի անգլերէն, որպէսզի դիւրութեամբ կրնան իրար հասկնալ:
Ճէյմս ու Փամելա պաշտօնեաներ էին. հետեւաբար ցերեկը կը մեկնէին աշխատանքի եւ երեկոյեան կը վերադառնային տուն: Մի քանի անգամ Մէյրի անակնկալ ըրաւ իրենց. երեկոյեան ընթրիքին փոխանակ սովորական սուփ ու սթէյքը սեղան բերելու, իրենց հրամցուց հայկական կերակուրներ: Նախ կասկածով նայեցան, անհամարձակ համտեսեցին ու սիրեցին այն աստիիճան, որ իրենք խնդրեցին Մէյրիէն՝ յաճախ հայկական խոհանոցի գաղտնիքները բանալ իրենց առջեւ: Այսպիսով Մէյրի դարձաւ նաեւ անոնց խոհարարը:
Շատ ուրախ էին Ճէյմս եւ Փամելա՝ Մէյրիի նման ձեռներէց, ճարպիկ սպասուհի մը ունենալնուն համար: Ան դարձած էր ընտանիքին մէկ անդամը եւ շատ երջանիկ էր նման ազնիւ եւ մարդասէր զոյգի մը ծառայութեան մէջ մտած ըլլալուն: Սակայն Մէյրի այս երջանիկ վիճակին մէջ իսկ տխուր էր: Անցեալի տառապալից կեանքը միշտ ներկայ էր իր յիշողութեան մէջ: Այս պարագան չէր խուսափած Ճէյմսի եւ Փամելայի տեսողութենէն եւ անոնց բազմաթիւ հարցումներուն ի պատասխան՝ կարգ մը դրուագներ պատմած էր, առանց սակայն շատ մը մանրամասնութիւններ յիշելու: Հետեւաբար, անոնք նաեւ կարեկցանք ու մասնաւոր գուրգուրանք ցոյց տուին Մէյրիի վիրաւոր սիրտը ամոքելու համար:
Անցան երեք տարիներ: Փամելա յղի մնաց: Մէյրի գթառատ մօր նման խնամեց զինք: Տեղի ունեցաւ ծննդաբերութիւնը. աշխարհ եկաւ իրենց անդրանիկ մանչ զաւակը, աննկարագրելի ուրախութիւն պարգեւելով ծնողքին եւ իրենց ծնողներուն:
Հիւանդանոցի սենեակին մէջ, Փամելայի մահճակալին շուրջ հաւաքուած հայր, մեծ հայր, մեծ մայրեր ու Մէյրի, ծաղկեփունջերով ու նուէրներով եկած, կը համբուրէին ու կը շնորհաւորէին Փամելան իր «ստեղծագործութեան» համար: Ներս մտաւ հիւանդանոցի քարտուղարուհին ու հարց տուաւ, թէ ի՞նչ անունով պիտի արձանագրէ նորածինը տոմարներուն մէջ: Անակնկալիի եկած՝ Ճէյմս եւ Փամելա իրարու նայեցան յանկարծ դրուած այս հարցումէն պահ մը շփոթած, հակառակ որ նախապէս որոշած էին անունը: Մէյրի, նորածինին ծնողաց պատասխանէն առաջ, ցած ու անհամարձակ ձայնով, խնդրեց որ զայն անուանեն Ճոն: Բոլորը զարմացած նայեցան Մէյրիին ու արցունք տեսան անոր աչքերուն մէջ: Ճէյմս զգաց , որ Մէյրիի արտայայտած ցանկութեան մէջ պահուած էր գաղտնիք մը: Շատ մեղմ ձայնով հարցուց.
- Մէյրի, ինչո՞ւ կ՛ուզես որ տղաս Ճոն անունը կրէ:
Մէյրի թրթռացող շրթունքներով պատասխանեց.
- Իմ կորսնցուցած տղուս անունը Յովհաննէս էր, որ անգլերէնով կը կոչուի Ճոն:
Այնպիսի՜ սրտաճմլիկ հնչեղութեամբ մը արտասանած էր այդ քանի մը բառերը, որ անոնք տապարի ծանրութեամբ իջան ներկաներուն վրայ: Մէյրի նախապէս չէր պատմած, որ ինք զաւակ կորսնցուցած է եւ թէ ինչ պայմաններու մէջ բաժնուած է անկէ՝ մահագանցքի «կայարանին» մէջ: Ճէյմս զգաց Մէյրիի վիրաւոր սրտէն բխած մաղթանքին սրբութիւնը եւ առանց կնոջը հաւանութեան սպասելու, դարձաւ կողքին կեցող հիւանդանոցի քարտուղարուհիին եւ ըսաւ.
- Խնդրեմ, տղուս անունը արձանագրեցէք Ճոն Քրու:
Ոչ ոք առարկեց:
Նորածինը երբ տուն բերին, Մէյրի դարձաւ անոր որդեգիր մայրը: Իր սրտին մէջ կուտակուած մայրական սէրը ամբողջութեամբ նուիրեց իր «նորածին Յովհաննէս»ին:
Մէյրի, որ տան սպասուհին ու խոհարարն էր, եղաւ նաեւ Ճոնին baby-sitterը: Տունը լեցուած էր երջանկութեան նոր հոսանքով մը: Օրերն ու տարիները իրար կը յաջորդէին ուրախութեամբ, ընտանեկան ջերմ սերտակցութեամբ: Կեանքը կը սահէր երջանկութեան թեւերով:
Ճոն արդէն չորս տարեկան էր. մանկական սիրով կապուած էր Մէյրիին, որուն ներկայութիւնը աւելի կը փնտռէր, քան՝ հարազատ մօրը: Երջանկութեան գնացքը, սակայն, գնաց մտաւ դժբախտութեան կայարանը: Ձմեռնային եղանակ էր: Ճէյմս ու Փամելա ուշ գիշերին տուն կը վերադառնային բարեկամներու մօտ տարեդարձի մը տօնակատարութենէն: Շատ ցուրտ էր, մթնոլորտը՝ մշուշապատ: Ճամբուն եզերքը կուտակուած ձիւնէն գոյացած ջուրը սառած էր: Յանկարծ ինքնաշարժը սկսաւ պարել, անիւները սառած մակերեսին վրայ չէին ենթարկուեր Ճէյմսի ղեկավարումին: Բաւականին արագ թաւալող ինքնաշարժին ընթացքը թեթեւցնելու համար Ճէյմս ոտքը տարաւ արգելակին: Այդ շարժումը եղաւ ճակատագրական: Ինքնաշարժը սահեցաւ ու զօրաւոր ոստումով գնաց բախեցաւ երեկտրական սիւնին: Ճէյմս ու Փամելա ծանրօրէն վիրաւորուած էին: Փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր հոգին աւանդեց Փամելա: Բժիշկներ կրցան փրկել Ճէյմսը: Ան ունեցած էր մի քանի տեղերէ ոսկորներու կոտրուածք եւ վէրքեր: Երկար ատեն մնաց հիւանդանոց եւ ապա տան մէջ բժշկական խնամքի ենթարկուեցաւ: Այս արկածին բերած դժբախտութիւնը ծանր կշռեց Ճէյմսի հոգիին վրայ: Ինքզինք պատասխանատու կը զգար եղածին համար: Ճէյմս չներեց ինքզինքին եւ այնուհետեւ չվերամուսնացաւ: Մէյրիի պաշտօններուն վրայ աւելցաւ ուրիշ մըն ալ. ան դարձաւ նաեւ տունը կառավարող տանտիկինը: Ճէյմս տան բոլոր հոգերը վստահեցաւ Մէյրիին: Մէյրի այնպիսի նուիրումով եւ ձեռներէցութեամբ կը կատարէր գործերը, որ Ճէյմս ու իր ազգականները հիացումով կը գովաբանէին զինք ու ամէն առիթի նուէրներբվ կը յայտնէին իրենց երախտագիտութիւնը: Մէյրի դարձած էր ոչ միայն տան, այլեւ՝ շրջապատին փնտռուած ու սիրուած անդամը: Փոքրիկն Ճոն Մէյրիի խնամքին ու գուրգուրանքին ի պատասխան շատ մեծ սիրով կապուած էր ու «Մամա Մէյրի» կը կանչէր զայն:
Անցան տարիներ: Ճոն գնաց դպրոց, ապա համալսարան եւ ստացաւ մեքենագէտ-ճարտարագէտի վկայական, շարունակեց ուսումը եւ մասնագիտացաւ քարիւղի արդիւնաբերութեան մեքենական սարքաւորումներու գիտութեան մէջ: Ան պաշտօնի կանչուեցաւ շատ կարեւոր ընկերութեան մը մէջ: Երեկոյ մը Ճոն տուն վերադարձաւ շատ ուրախ տրամադրութեամբ, գրկեց Մամա Մէյրին ու ըսաւ.
-Մի քանի օր է կ՛աշխատինք մեծ ծրագրի մը վրայ: Հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ մեկնիմ Մերձաւոր Արեւելք՝ քարիւղի նոր հորեր բանալու ծրագրի ուսումնասիրութեան:
Մէյրի ու Ճէյմս հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին Ճոնի խանդավառ բացատրութիւնները եւ ծրագրի ծաւալի, շահաւէտութեան եւ ապագայի հեռանկարներու մասին:
Ճոն մեկնեցաւ Մերձաւոր Արեւելք, ուր մնաց մէկ ամիս ու վերադարձաւ: Մէյրի զինք գտաւ բաւականին փոխուած: Ան աւելի առնականացած էր, մորթը՝ կարմրած, խօսքերը՝ աւելի լուրջ: Ամբողջովին նոր աշխարհի մը գրաւիչ ու ծիծաղելի կողմերը հաճելի կատակներով զարդարուած պատմեց հօրը եւ Մամա Մէյրիին: Ըսաւ, թէ հոն հանդիպած է նաեւ գերմանացի մասնագէտներու, որոնք իր պատկանած ընկերութեան եւրոպացի գործընկեր կազմակերպութիւնը կը ներկայացնեն եւ որոնց հետ գործակցաբար պիտի կատարեն գործը: Ըսաւ նաեւ, թէ այդ գերմանացիներու խումբին մէջ գտած էերիտասարդ, ուշիմ եւ համակրելի անձ մը, որուն հետ բարեկամացած է:
Մի քանի ամիս ետք, երեկոյեան, ընթրիքի սեղանին շուրջ, Ճոն յայտնեց , թէ ինք մօտ օրէն պիտ մեկնի Գերմանիա, որպէսզի հոն իր վերջնական ու միացեալ վիճակին բերեն բազմակողմանի ու բարդ ծրագիրը, որու հիման վրայ սկսի գործադրութիւնը: Կեցաւ, պահ մը, նայեցաւ մօրը տխուր դէմքին, ենթադրելով որ իր կարօտն է, որ կը տխրեցնէ զինք, ըսաւ.
- Մամա Մէյրի, եկուր միասին երթանք: Այսպիսով, ոչ դուն կը կարօտնաս զիս եւ ոչ ալես՝ քեզ: Դուն շատ յոգնեցար, երթանք, կ՛ուրախանաս: Ազատ պահերուս կը պտըտինք, իսկ աշխատանքի ժամերուս գերմանացի բարեկամիս մայրը կը զբաղի քեզմով: Հաննէսը ըսաւ, որ իր մայրը լաւ անգլերէն կը խօսի, դժուարութիւն չես ունենար:
Ճոնի այս անակնկալ հրաւէրը ցնցեց Մէյրին: Ելեկտրական հոսանք մը կարծես մղեց զինք ընդունելու այդ հրաւէրը: Արտառոց նախազգացում մը պատեց զինք: Եկաւ օրը:
Ճոն եւ Մէյրի մեկնեցան Գերմանիա: Պեռլինի Թեմփըլհոֆ օդակայանին մէջ անցագրային եւ մաքսային գործողութիւնները կատարելէ ետք, երբ դուրս եկան սպասման սրահ, երեք երիտասարդներ ընդառաջ եկան բարի գալուստ մաղթելու եւ զիրենք պանդոկ առաջնորդելու: Անոնց մէջ էր Ճոնի բարեկամը: Ծանօթացման ձեւակերպութիւններու պահուն, Մէյրի նայեցաւ դիմացը գտնուող թխադէմ երիտասարդին, որ ձեռքը երկարած ինքզինք կը ներկայացնէր. Հաննէս Քէօլնըր: Ձգողական անդիմադրելի մղումով Մէյրի առաւ երիտասարդին ձեռքը իր ափերուն մէջ, գրկեց, համբուրեց այտերէն ու պահ մը չբաժնուեցաւ անկէ. գերմանացի իրիտասարդը քիչ մը անյարմար զգաց այս շեշտուած սիրոյ ցուցադրութենէն ու քաղաքավար ժպիտով մը ըսաւ.«Ճոն, մայրդ զիս շատ սիրեց, երեւի շատ լաւ բաներ ըսած ես իրեն իմ մասին»: Մեկնեցան հիւրանոց, ուր ընկերութիւնը իրենց համար suite մը վերապահած էր:


Ընկերութեան փրոթոքոլի երկու պաշտօնեաները մեկնեցան, իսկ Հաննէս Քէօլնըր Մէյրիին խնդրանքին վրայ մնաց «միասին սուրճ մը առնելու»: Սուիթի հիւրասենեակին մէջ նստան, հեռախօսով սուրճը ապսպրեցին ու սկսան ուրախ զուարթ խօսիլ: Մէյրի գնաց նստաւ Հաննէսին քովը, ձեռքը առաւ իր ձեռքին մէջ, սկսաւ հարց ու փորձ ընել առողջութեան, գործին, ծնողներուն ու վարած կեանքին մասին, մերթ ընդ մերթ շոյելով երիտասարդին մազերը, գգուելով դէմքը ու յաճախ կրկնելով՝ my lovely boy (իմ անուշիկ տղաս): Հաննէս կը կարմրէր, Մէյրիի աքցանէն դուրս ելլելու մեղմ փորձ կ՛ընէր, պաղատական նայուածքով Ճոնին կը նայէր, թէ «ազատէ զիս այս փորձանքէն»: Իսկ Ճոն զարմանքով կը դիտէր իր մօրը անբացատրելի վարուելակերպը այս օտար երիտասարդին հետ ու խնդալով կ՛ըսէր.
- Մամա, հանգիստ ձգէ Հաննէսը: Հաննէս շատ նրբամիտ կատակով ըսաւ.
- Ճոն, երեւի մամադ սիրահարեցաւ ինծի,- ու ոտքի ելաւ, աւելի ինքզինք ազատելու քան մեկնելու:
- Դուք երկար ճամբորդութենէ յոգնած կրնաք ըլլալ: Հանգստացէք քիչ մը: Երեկոյեան կու գամ ու ձեզ կ՛առաջնորդեմ մեր տունը, կը ծանօթանաք մօրս ու հօրս եւ միասին կ՛ընթրենք,- ըսաւ ու քաղաքավարութեամբ համբուրելէ ետք Մէյրիին ձեռքը, մեկնեցաւ:
- Մամա, երեւի շատ սիրեցիր այս երիտասարդը,- ըսաւ կատակով,- կ՛ուզե՞ս որ իր ձեռքը խնդրեմ քեզի համար,- ու քահ-քահ խնդաց իր սրամտութեան վրայ:
Մէյրի չնեղուեցաւ տղուն այս անշնորհք կատակէն, այլ ներողամիտ ժպիտով մը պատասխանեց:
Երեկոյեան եկաւ Հաննէս եւ զիրենք տարաւ, տուն, ուր հայրն ու մայրը ջերմօրէն ընդունեցին զիրենք: Ծանօթացաւ Պարոն Քոնրատին, Տիկին Ինկրիտ Քէօլնըրին: Հաննէս առաջարկեց ընթրիքէն առաջ ախորժաբեր խմիչք առնել: Գացին տեղաւորուեցան հիւրասենեակը: Մէյրի դարձեալ գնաց նստաւ Հաննէսին մօտ ու խօսակցութեան ընթացքին սկսաւ գգուել իր lovely boyը: Տնեցիներուն համար արտառոց թուեցաւ այս «պառաւ կնոջ վաւաշոտ» մօտեցումը իրենց երիտասարդ տղուն: Ժպիտով, կատակով, նրբամիտ ակնարկներով փորձեցին զգացնել Մէյրիին, թէ կարելի չէ այս ձեւով վարուիլ, թէ պէտք է արժանավայել ընթացք որդեգրէ: Ոչինչ օգնեց: Մէյրի միշտ ժպիտով կ՛ընկալէր եղած անուղղակի ակնարկները ու կը շարունակէր իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Հաննէսի վրայ: Բայց Հաննէս այն աստիճան անյարմար դրութեան էր մատնուած, որ յանկարծ ոտքի ելաւ եւ շատ քաղաքավար սակայն խիստ թոնով ըսաւ.
- Տիկին, դուք իմ բարեկամին մայրն էք, կը յարգեմ ձեզ եւ կը խնդրեմ, որ զիս նեղ դրութեան չմատնէք:
Հաննէսին մայրը, Տիկին Ինկրիտ յանդիմանեց տղան՝ կոպիտ վարմունքին համար: Մթնոլորտը ելեկտրականացած էր: Ճոն տխուր ժպիտ մը դէմքին, չէր գիտեր ինչպէս վարուիլ: Մէյրի շատ հանդարտ, ժպիտը դէմքին, առանց ուշադրութիւն դարձնելու արտասանուած խիստ խօսքերուն՝ մեղմ ձայնով ըսաւ.
- Յովհաննէս, տղաս, դուն իմ հարազատ զաւակն ես...:
Հաննէս չսպասեց որ ան ամբողջացնէ իր խօսքը: Ան անակնկալ էր բոլորին համար եւ ըսաւ խնդալով.
- Բայց, Տիկին Մէյրի, ես ձեր զաւակը չեմ: Իմ մայրս ու հայրս հոս նստած են: Դուք երեւի զիս մէկու մը նմանցուցած էք: Իմ անունը Եօհաննէս չէ, այլ Հաննէս:
Մէյրի բնաւ չայլայլեցաւ Հաննէսի միջամտութենէն ու շարունակեց.
- Տղաս, ես քեզ կը սիրեմ ու կը գգուեմ մայրական ամենամաքուր սիրով ոչ թէ սեռային ցանկութեամբ:
Մէյրի այս ըսելով հանդարտօրէն ոտքի ելաւ եւ խօսքը ուղղելով շուարած երիտասարդին, որ մինչ այդ արդէն ոտքի էր կանգնած, մեղմօրէն խնդրեց.
- Տղաս վար առ տաբատդ եւ ցոյց տուր մեզի յետոյքդ, որուն ձախ բարձին վրայ խաղողի ողկոյզ մը փորագրած է բնութիւնը ծնունդէդ իսկ առաջ:
Մէյրիի այս խօսքերուն վրայ մեքենաբար իրենց նստած տեղէն վեր ցատկեցին Հաննէսին հայրն ու մայրը եւ դէպի առաջ շարժում ընելու իրենց ցանկութեան մէջ քարացած մնացին:Բոլորը անձկութեամբ ու վախով կը դիտէին Մէյրիի ժպտադէմ, բայց ինքնավստահ արտայայտութեամբ դէմքը:
Հաննէս, Քոնրատ, Ինկրիտ գիտէին, ճիշդ է այս կնոջ ըսածը: Հաննէս իսկապէս յետոյքին ձախ բարձին վրայ ունէր ողկոյզի մը տպագրուած նկարը, որ իրենց ու բժիշկներուն համար եղած էր հանելուկային: Բայց ինչպէ՞ս այս կինը կրնար իմացած ըլլալ այդ տպագրուած ողկոյզին գոյութիւնը եւ անոր ճիշդ տեղը, քանի որ ան գալով հեռաւոր Նիւ Եորքէն, առաջին անգամ ըլլալով եւ հազիւ քանի մը ժամ է որ ծանօթացած է: Արդեօ՞ք այս կինը կախարդական զօրութիւն ունէր:
Մէյրի զգաց ու տեսաւ իր խօսքերուն ստեղծած շփոթը, ու դարձեալ կրկնեց իր խնդրանքը, որ Հաննէս իջեցնէ տաբատը եւ ցոյց տայ յետոյքը: Հաննէս ցասումով բողոքեց այս անփափկանկատ առաջարկին դէմ: Խոստովանեցաւ , որ ինք իսկապէս իր յետոյքին ձախ բարձին վրայ ունի ողկոյզի նշանը, բայց ինք վստահ է, որ Մէյրի կը սխալի, թէ ինք ունի հարազատ հայր ու մայր, որոնց հանդէպ ինք ունի անհուն սէր...
Մէյրի, փարատելու համար ստեղծուած շփոթը, անհրաժեշտ սեպեց բացատրել առեղծուածային այդ ողկոյզին գոյութիւնը եւ փաստելու համար, որ Հաննէս իսկապէս իր հարազատ զաւակն է, հանդարտօրէն նստաւ իր տեղը ու սկսաւ պատմել:
- Ես ամերիկացի չեմ: Ես հայ եմ: Մեր հայրենի գիւղին մէջ, երբ ես յղի մնացի, ծննդաբերութեանս վերջին օրերն էին եւ ձիւնը պատած էր ամէն կողմ, ես անդիմադրելի ցանկութիւն ունեցայ խաղող ուտելու: Այդ եղանակին կարելի չէր խաղող ճարել, հետեւաբար կարելի չեղաւ յագուրդ տալ իմ ցանկութեանս: Երբ ծնաւ զաւակս, իր յետոյքի ձախ բարձին վրայ արձանագրուած գտանք իմ չգոհացուած ցանկութիւնը. սա այդ կնիքին բացատրութիւնն է:


«Տղաս մկրտեցինք հայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մէջ եւ անունը դրինք Յովհաննէս, ամուսնոյս հօրը անունով: Դուն, Հաննէս, տղաս, երեք տարեկան էիր երբ ծայր տուաւ Համաշխարհային Պատերազմը: Թուրքիա Գերմանիոյ կողքին մտաւ պատերազմի եւ սկսաւ ջարդել հայերը: Հրաման ելաւ հայերը տեղահան ընել ու աքսորել մեզի համար անծանօթ ուղղութեամբ: Գիւղի բոլոր հայերը կը զգային մօտալուտ վտանգը: Ես ու ամուսինս վստահ էինք, թէ մենք պիտի սպաննուինք: Հաշտուած էինք մեր ճակատագիրին հետ, սակայն մենք ճար կը փնտռէինք փրկելու մեր զաւակը: Մենք գիտէինք, թէ մեր շրջաններուն մէջ եւրոպացի մարդասէր ու հայասէր միսիոնարներ գոյութիւն ունին: Առինք անոնց հասցէն ու գիշերով, ամուսինս եւ ես գաղտնի լեռնային ճամբաներով գացինք գտանք գերմանացի միսիոնարներ: Աղաչեցինք-պաղատեցանք, որ իրենք իրենց մօտ պահեն մեր անմեղ տղան, փրկեն զայն ստոյգ մահէ եւ քեզ, Յովհաննէս, տղաս, յանձներցինք այդ բարի մարդոց: Աքսորի ճամբուն վրայ սպաննեցին ամուսինս, որուն դիակին վրայ լալու իրաւունքն անգամ զլացան մարդակերպ այդ գազանները ու քշեցին կարաւանը դէպի առաջ, արեւուն կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Ես նախ ուզեցի անձնասպան ըլլալ, աւելի երկար չենթարկուելու համար սեւ ճակատագրին հայերուս համար վերապահած նորանոր տառապանքներուն: Սակայն զաւկիս անդիմադրելի սէրը, զաւակս վերագտնելու ցանկութիւնը, իմ աչքերուս առաջ սպաննուած ամուսնոյս վրէժխնդիր արիւնը՝ իմ սիրտը լեցուցին գոյատեւելու, դիմանալու, դիմադրելու կրակով եւ ես դիմացայ բոլոր չարչարանքներուն, ամէն տեսակի փորձութեանց: Հասայ մինչեւ Եփրատ գետը, ուր հազարաւոր հայ կիներ ու աղջիկներ փրկուելու համար թուրք գազաններու ձեռքէն, չյանձնուելու համար թուրք վայրենիներու պարտադրած անպատուութեան, նետուեցան գետը եւ ջրամոյն եղան: Ես դիմադրեցի նաեւ այդ փորձութեան: Աստուած պահեց զիս, տարաւ հասցուց մինչեւ Նիւ Եորք ու յանձնեց այս տղուն ազնիւ ու մարդասէր ծնողներուն: Հոն ես իմ կրոսնցուցած զաւկիս՝ Յովհաննէսին փոխարէն ունեցայ Ճոնը: Իր ծնողքը իմ Յովհաննէսիս անգլերէն անունովը կոչեցին զինք: Ես իմ հոգիի ամբողջ ուժովը սիրեցի Ճոնը, սակայն ոչ մէկ վայրկեան մոռցայ իմ Յովհաննէսը: Իմ ամէնօրեայ աղօթքներուս մէջ ջերմօրէն կը խնդրէի Աստուծմէ, որ պահէ-պահպանէ իմ Յովհաննէսը: Ես հոգեկան այնպիսի կապով էի կապուած քեզի հետ, տղաս, Յովհաննէս, որ յաճախ գիշերները երազիս մէջ տեսիլքի նման կը տեսնէի քու տարուէ տարի մեծնալը, հասակ նետելը: Ես գիտէի, որ դուն կաս. սակայն չէի գիտեր, թէ դուն ո՞ւր ես: Քու գեղեցիկ պատկերը ունէի երեւակայութեանս մէջ ու ես կը հաւատայի , թէ օր մը, տեղ մը ես պիտի հանդիպիմ քեզի: Երբ քեզ առաջին անգամ տեսայ օդակայանին մէջ, ես ինծի ըսի՝ նոյն ինքն է: Դուն հեռուէն քաշեցիր զիս դէպի քեզ ու տարիներով պահուած սէրս, երկար տարիներու կարօտը զիս մղեցին գրկելու եւ շոյելու քեզ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու պատշաճութեանց: Բնական է որ իմ վարմունքը անբացատրելի էր ձեզի համար:
Պահ մը լռեց ու նայեցաւ շուրջիններուն, որոնց աչքերուն մէջ արցունք կար: Ինք չէր կորսնցուցած իր ժպիտը, որ ճաճանչող դէմքին վրայ բացառիկ անուշութիւն մը ունէր:
Առաջին հակազդեցութիւնը եկաւ իր որդեգիր զաւկէն՝ Ճոնէն: Ճոն խանդաղատանքով եկաւ գրկեց իր Մամա Մէյրին, համբուրեց այտերէն, փղձկեցաւ ու չկրցաւ խօսիլ:


Մէյրիի պատմութիւնը սիքլոնի նման փոթորկած էր բոլորին սրտերը ու փլցուցած էր Ինկրիտի հոգիին մէջ ամէն բան: Տիկին Ինկրիտ այն աստիճան կապուած էր իր տղուն՝ Հաննէսին, որ մոռցածէր նոյնիսկ, թէ ինք զայն ծնող մայրը չէ: Հաննէսը իր եւ ամուսնոյն երջանկութիւնն ուհպարտութիւնն է, պաշտամունքի առարկան է ու յանկարծ այս կինը կու գար զայն իրմէ խլելու: Պահ մը ընդվզածէր այս մտքին դէմ, սակայն տառապած կնոջ պատմութիւնը այնքան ցաւալի էր, որ անմարդկային պիտի ըլլար նոր ցաւերով խոցոտել անոր վիրաւոր սիրտը: Արցունքոտ աչքերով իր այնքան սիրած տղուն «երթաս բարով» ըսելու պէս եկաւ ու մեղմօրէն գրկեց իր լսածին չհաւատացող Հաննէսը, որ կը բողոքէր ու մօրը վկայութեան կը դիմէր, ըսաւ.
- Տղաս, մի զայրանար, այս տիկնոջ ըսածը ճիշդ է: Ես քեզ ծնող մայրը չեմ: Մենք քեզ որդեգրեցինք գերմանացի միսիոնարէ մը: Մենք երբ ամուսնացանք ու տարիներ անց զաւակ չունեցանք, գացինք ենթարկուեցանք բժշկական քննութեանց, որոնց արդիւնքը եղաւ այն՝ որ մենք չէինք կրնար զաւակ ունենալ: Մենք այդ օրերուն լսած ու կարդացած էինք թրքական դժոխքի մասին, ուր հայերը կը տառապէին: Մենք որդեգրեցինք քեզ: Մեզի ըսին որ անունդ Եոհաննէս էր, մենք քեզ անուանեցինք Հաննէս: Մեզի ըսին, այն ատեն , թէ քու հարազատ ծնողքը ջարդուած են...,- Ինկրիտ փղձկեցաւ ու չկրցաւ շարունակել:


Հաննէսին հայրը՝ Քոնրատ, փլած էր բազկաթոռին վրայ ու շշմած՝ չէր կրնար հաւատալ տեսածին ու լսածին. կարծես վատ երազ կը տեսնէր: Փաստօրէն պապանձած էր:Հաննէս, լսելէ ետք մօրը՝ Ինկրիտին խոստովանութիւնը, եկաւ ծնրադրեց հարազատ մօրը առջեւ, համբուրեց ձեռքերը, ներողութիւն խնդրեց իր վարմունքին համար ու սկսաւ կրկնել. - Սիրելի մայրս, տառապած մայրս, դուն իմ մայրն ես, այսուհետեւ չեմ ձգեր , որ դուն հեռանաս մօտէս, դուն մեզ մօտ պիտի մնաս...:Մէյրի լաւապէս կը զգար իր պատճառով տեղի ունենալիք դժբախտութեան հետեւանքները: Հետեւաբար, խանդաղատանքով իրմէ հեռացուց իր երկու զաւակները, ոտքի ելաւ, գնաց մեղմօրէն գրկեց Ինկրիտը, որ բազկաթոռին վրայ կքած կու լար, համբուրեց անոր արցունքոտ այտերը ու հանգստացնելու համար անոր ալեկոծող սիրտը ըսաւ.
- Սիրելի քոյրս, ես շատ տառապած մայր եմ, շատ լաւ գիտեմ տառապանքին համը եւ միշտ ըսած եմ՝ թող թշնամիներս անգամ չտեսնեն դժբախտութեան համը: Ես եկած չեմ ձեզի ցաւ պատճառելու: Ես անսահմանօրէն երախտապարտ եմ ձեզի: Դուք իմ զաւակը ոչ միայն փրկեցիք, այլ նաեւ մայրական սիրով նուիրուեցաք իրեն, որ միայն հարազատ մօր մը յատուկ է եւ որ միայն մայրերը կրնան գնահատել: Դուք եւ Քոնրատը զինք ձեր որդին դարձուցիք, խնամեցիք, ուսում տուիք եւ ան այսօր ձեր հպարտութիւնն է, ձեր երջանկութիւնը եւ ձեր կեանքի նպատակը: Ճիշդ է, որ ես ծնայ զինք, բայց դուք եղաք անոր մայրը եւ դուք պիտի շարունակէք մնալ անոր սիրելի ու պաշտելի մայրը եւ Քոնրատը՝ հայրը:«Այս պահուն ես այնքան երջանիկ եմ, որ ունիմ երկու մանչ զաւակ: Մին ես չեմ ծնած, բայց ամբողջ էութեամբս սիրեցի զինք՝ որպէս զաւակս: Ճակատագիրը զայն յանձնեց ինծի: Միւսը՝ Հաննէսը, ես ծնած եմ, սակայն ճակատագիրը յանձնեց ձեզի ու դուք իրեն տուիք ձեր ամբողջ սիրտն ու սէրը, հոգին ու էութիւնը: Մենք մօտաւորապէս նոյնանման ճակատագիրով իրար կապուած երկու քոյրեր ենք: Մեզ իրար միացնող կապը անքակտելի է: Հաննէսը ձեր զաւակն է. ան ձեր երջանկութիւնը պիտի մնայ: Ես՝ իր մօրաքոյրը, հեռաւոր Նիւ Եորք բնակող, զինք խենթի նման սիրող մօրաքոյրը: Ճոնը պիտի ըլլայ իմ զաւակը եւ իմ երջանկութեան աղբիւրը, Հաննէսի հարազատ եղբայրը, իսկ դուք՝ Ինկրիտ , անոր մօրաքոյրը: Մենք այսօրուընէ սկսեալ մէկ ընտանիք ենք: Մենք միշտ իրար հետ յարաբերութեան մէջ պիտի ըլլանք, իրար այցելենք եւ իրարմով ուրախանանք: Այժմ ես կը հրաւիրեմ բոլորս նստիլ սեղանին շուրջ եւ տօնել այս հրաշապատում հանդիպումը»:
Բոլոր դէմքերը պայծառացան:


 ՎԱՀՐԻՃ ՃԷՐԷՃԵԱՆ