vendredi 13 janvier 2012

♥ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ♥


ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Դալար դաշտերը մեր հայրենիքի

մեղեդի ունին
մելամաղձութեան, տառապանքների,
ու սրսըփադող,
ու կողկողագին
ունին սուգերգում ուղեղը խայթող:

Լեռները մեր լուր, սառած, ալեւոր,

անդունդ խոհերի գաղտնիքներ ունին
եւ յիշատակներ
ողբերգութիւններ,
ծալ ծալ ժողոված, այնքա՜ն ահաւոր:

Մեր աղբիւրները ադամանդավառ,

ճառագայթաթոր կարկաչուն արեւ,
վշտի անհամար
ձայներով լեցուած,
եգեր են տանում, երգեր վայրապար
մեր հառաչանքի շեշտով դաշնակուած:

Մի ժանտ գաղտնիք կայ հեռանկարի,

ալեծուփ գծի ոլորումներում
եւ թաքնուած մի միտք երփներանգ լոյսի
արիւնռուշտ ողբի կայծակ ոստերում:

Այստեղ տանջանքներ,

յուսահատումներ
սուր ակռաներով սրտեր կրծեցին
այստեղ
յոյսի տեղ
սոսկումի օձեր
նենգոտ ոստերով պարեր բռնեցին.
այստեղ դժոխքի սեւ փողը հնչեց,
սեւ փողը ոռնացող կանչի,
պատռած միսերի ծնծղանը ձայնեց:
Այստեղ սողացին ստուերները մահի:

Մեր հայրենիքը, ահռելի՜ երկիր,

աղքատ ու վէրքոտ,
դժբախտ ու բորոտ,
սակայն այնպիսի, հրաշքների՜ երկիր,
մի զարմանահրաշ, վեհ հոգի ունի,
սուրբերուն յատուկ այնպիսի եռանդ,
ու հզօր սիրտ ադամանդագանդ՝
որ ոչ մէկ Քրիստոս կարող է անցնել,
խոպան դաշտերից,
ու սառ լեռներից,
առանց որ ասի, պէ՛տք է աղօթել,
ա՛յս է երկիրը մեծ տանջանքների,
երազ քանդակող ապագայ կրօնքի
եւ Աստուածաշունչ խօլ մարտիկների:

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ

ՀԱՅԵՐԷՆ


ՀԱՅԵՐԷՆ

Գարուն ձմեռ ազգապահ ծաղիկներդ կը բուրեն,

Բայց մի գանգատ ունես դու, իմ Արարատ հայերէն,
Ազգակորոյս տագնապներս էլ ո՞ւմ յոյսով համբերեմ,
Ամէն լեզուով խօսում են, բայց չեն խօսում հայերէն.
Հայ պապերիս գերեզմանն անհանգիստ է հայրօրէն,
Հայեր, մենք որ չխօսենք, էլ ո՞վ խօսի հայերէն:

Դեռ են գլխիս պատգամել՝ պատգամում եմ ես նորէն՝

Հայեր, դուք որ չծնուէք, էլ ո՞վ ծնուի հայերէն,
Հայրդ հայ է, մայրդ հայ, սարերդ էլ հայ պապեր են,
Որդիս, դու որ չխօսիս էլ ո՞վ խօսի հայերէն:

Տես, արծուենի ազգերում հայն էլ ազգ է արծուօրէն,

Դուստրս, դու որ չճախրես, էլ ո՞վ ճախրի հայերէն.
Մի նայիր այն հայերին, որոնք հայի վատերն են,
Դուստրս, դու որ չպարես, էլ ո՞վ պարի հայերէն:

Դու հայ ծիլը Մաշտոցի, դու հայ հողին հայ ցորեն՝

Ձագս, դու որ չծլես, էլ ո՞վ ծլի հայերէն,
Քո հայ հողում թաղուես էլ՝ հայ կը ծաղկես դու նորէն,
Հարսս, դու որ չպտղես, էլ ո՞վ պտղի հայերէն:

Քեզ ի՞նչ լեզուով պապերիդ ոգիները համբուրեմ,

Թոռս, դու որ չթոթուես, ո՞վ թոթովի հայերէն.
Էլ ինչո՞վ ես դու Հայկի, Վահագնի զարմն յամրօրէն,
Զարմս, դու որ չկռուես, էլ ո՞վ կռուի հայերէն.
Քիչ կտրեցին հայ լեզուն եաթաղաններն անօրէն,
Գալիք, որ դու չխօսես, էլ ո՞վ խօսի հայերէն.
Ի՞նչպէս լռեմ անգանգատ՝ կանթեղներդ կը մարեմ,
Աստղերի մէջ դու լուսաստղ, իմ ազգապահ հայերէն:

Էլ քեզ ինչպէս տուն կանչէ քո Մասիսն էլ մայրօրէն,

Սփիւռք, դու որ չտոկաս, էլ ո՞վ տոկայ հայերէն,
Այլոց լեզուն ծով չէ քեզ, յոյս մի կապէ ձկնօրէն,
Հայ ազգ, դու որ հայ չապրես, էլ ո՞վ ապրի հայերէն:

Հայքն է օրոցքն հայութեան, Մասիսն ու Արազն հայերէն,

Ազգ իմ, մենք որ չպահենք, ո՞վ հայ պահէ մեզ նորէն,
Թէ կլանեն մայր լեզուս՝ էլ ինչի՞ս է կեանքը շէն,
Շիրազ, դու որ չերգես, էլ ո՞վ երգի հայերէն,
Արարատիս ճակատին այս պատգամս կը գրեմ,
Այն ազգինն եմ յաւիտեան, ով խօսում է հայերէն:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

♥ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ♥


ՄԵՍՐՈՊԻԿԸ

Մեր դրացիին տղան էր Մեսրոպիկը: Հազիւ եօթը տարեկան, սեւ աչքերով, սեւ մազերով, խելացի մանչ մըն էր: Յաճախ մեր տունը կու գար, բայց բնաւ չարութիւն չէր ըներ: Պատկերազարդ գիրք մը կը խնդրէր եւ սենեակին մէկ անկիւնը քաշուած կը զբաղէր անով:

Մեսրոպիկ Հոկտեմբերին դպրոց պիտ երթար եւ այդ պատճառով շատ ուրախ էր:
- Դպրոցը կը սիրե՞ս, - հարցուցի օր մը:
- Հարկաւ կը սիրեմ,- պատասխանեց:
- Տեսնենք ինչպէս պիտի սորվիս:
- Լա՛ւ պիտի սորվիմ, որ մեծ մարդ դառնամ,- ըսաւ ինքնավստահ շեշտով մը:
Անոր հայրիկը՝ դերձակ Վահանը, տղուն համար արդէն գներ էր պայուսակ մը, քանի մը տետրակ, մատիտ, ռետին եւ առաջին կարգի համար հայերէնի դասագիրք մը: Գներ էր, որպէսզի տղան կամաց-կամաց գիրերը սորվի, իսկ ձեռքը գրելու վարժուի:
Մեսրոպիկին մայրը՝ տիկին Հայկուհին, որ ուսումնասէր կին մըն էր, իր ազատ ժամերը կը յատկացնէր տղուն այբուբեն սորվեցնելու:
Սակայն դժբախտ ու ցաւալի դէպքեր պատահեցան: Թշնամիները տեղահան ըրին հայերը, եւ Մեսրոպիկ փոխանակ դպրոց երթալու, իր ծնողքին հետ աքսորուեցաւ:
Աքսորի առաւօտեան, Ապրիլ ամսուն, Մեսրոպիկ իր պայուսակը առեր նստեր էր սայլը: Մայրը երբ հարցուց թէ ի՛նչ պիտի ընէ գիրքն ու տետրակը, տղան պատասխանեց.
- Ո՛ւր ալ տանին մեզ, պէտք է դպրոց երթամ, չէ՞...

Օ. Փանիկեան

«Մայրենի Լեզու»


♥ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ♥

ՄՈՒՍԹԱՇԸ
Անտանելի ցուրտ ձմեռ օդով մը, քանի մը ընկերներ՝ ամէնքս ալ ուսանող՝ կը պտտէինք Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ: Կերակուրի ժամանակ էր, և ընկերներէս ոմանք վազվզելով կը տաքցընէին իրենց ոտքերը, ոմանք կը զուարճանային խնդալով ու խօսակցելով և ես հացի փշրանքներ կը բաշխէի ճնճղուկներուն: Երբ գործս աւարտած՝ ընկերներուս հետ կը մեկնէի, տասերկուքէն տասերեք տարեկան պզտիկ աղջիկ մը, թեթեւ պատռտած հագուստներով, ձեռքն ու երեսը ցուրտէն կարմրած մեր դէմը ելաւ: Չուան մը բռնած էր, որուն ծայրը կապուած փոքրիկ շուն մը ուրախ զուարթ կը ցատկռտէր:
Վարանոտ, վայրկեան մը կանգ առնելէ ետկքը աղջիկը յանկարծ որոշումը տուաւ և մեզի մօտենալով սկսաւ բաներ մը մրմնջել: Ի՞նչ էր ուզածը: Անշուշտ ողորմութիւն: Ու մենք կը շարունակէինք մեր ճամբան: Բայց աղջիկը կը հետեւէր մեզի յամառութեամբ: Տեսակ մը յուզմունք կար իր աչքերուն մէջ, գրեթէ ցասում մը մեր անտարբերութեան դէմ: Ու ձայնը բարձրացնելով՝
-Պարոննե՜ր, պարոննե՜ր, կը թախանձէր:
Մօտեցանք իրեն: Խեղճը կորսնցուց իր համարձակութիւնը, գլուխը կախեց կուրծքն ի վար և աչուըները լեցան արցունքով:
-Մայրս հիւանդ է, ըսաւ, դրամի պէտք ունինք, ու գնող մը կը փնտռեմ շանս համար:
Ուսանողները ընդհանրապէս հարուստ չեն, բայց այնչա՜փ սրտաշարժ էր մեզի եղած առաջարկը, որ մեր մէջ հանգանակութիւն մը կատարեց: Աղջիկը գրպանեց դրամը, աչքերը սրբեց, չուանը յանձնեց ինծի ու ցեխոտ ջուրին մէջ գետինը ծունկի եկած՝ պահ մը գրկեց շունը, սկսաւ անհամար համբոյրներով համբուրել զայն, գլուխը, աչքերը, քիթը, բերանը: Իսկ շունը, թաթերը տիրոջը ուսերուն դրած կը լզուըռտէր զայն, պոչիկը երերցնելով:
Հրաժեշտի այդ ողջոյնները աւարտելէ վերջ՝
-Լա՛ւ խնամեցէք Մուսթաշը, ըսաւ:
Ու հեռուն երթալով նստարանի մը վրայ ելաւ և սկսաւ դիտել իր փոքրիկ բարեկամը որ չէր ուզէր մեզի հետեւիլ և զոր քաշկռտելով կը տանէինք դէպի ճաշարան:
Մուսթաշը՝ ամբողջ շաբաթը տխրութեամբ անցուց, և հակառակ մեր ջանքերուն, հազիւ քիչ մը բան կերաւ ու խմեց: Ինք ալ կը տառապէր անշուշտ իր տիրուհիին կարօտովը:
Աղջիկը ո՞ւր գնաց, ի՞նչ եղաւ: Ո՜վ գիտէ: Սակայն ամէնուս մտքին մէջ դրոշմուեցաւ հաստատ կերպով այն գիրկընդխառնութեան տեսարանը, որուն մէջ շունը իր կենդանիի հաւատարիմ ու ճշմարիտ սէրը դրած էր, և նորատի աղջիկ մը՝ իր ամբողջ անմեղութիւնն ու գորովը:
Այդ զոհողութիւնը զոր մատղաշ աղջիկը կ՛ընէր ընտանիքին պէտքերուն համար՝ իր սիրած մէկ էակէն բաժնուելով՝ վրաս խորապէս ազդեց:
Այդ պարզ դէպքը ինծի սորվեցուց զրկանքներ յանձն առնել գիտնալ:

Ե.ՄԵՆԻԿ

ՔԱՋԱՍԻՐՏ ԵՂԲԱՅՐԸ

Այն տարին՝ անանկ սաստիկ ձիւն եկած էր որ գիւղին բոլոր ճամբաները գոցուած էին: Տուները կիսովին ծածկուած էին ձիւնով և սաստիկ ցուրտ մը կը տիրէր չորս կողմը:
Առտու մը լուր ելաւ թէ գայլեր իջած են գիւղին մօտերը. բայց որովհետեւ ոչ ոք տեսած էր զանոնք, շուտով մոռցուեցաւ այդ լուրը: Երբոր ճամբաները քիչ մը բացուեցան, փայտահատ Սարգիս և իր կինը տունը թողուցին իրենց երկու զաւակները և անտառ գացին փայտ բերելու: Տղոցմէն մեծը՝ Մինաս՝ հազիւ տասերկու տարեկան կար ու պզտիկն ալ, Ազնիւ, տակաւին օրօրոցին մէջ կը գտնուէր:
Մինաս բազմոցին անկիւնը նստած, գիրք մը կը թղթատէր, երբ յանկարծ աղմուկ մը լսելով ասդին դարձաւ և սոսկալի աղաղակ մը արձակեց:
Տնակին կիսաբաց դռնէն գայլ մը ներս մտած էր և կը պատրաստուէր յարձակիլ օրօրոցին մէջ քնացող Ազնիւին վրայ:
Մինաս գիտէր թէ գայլերը երբ անօթի ըլլան, մարդաբնակ տեղեր կ՛իջնեն և պզտիկ տղաք՝ ինջպէս նաև ոչխարներ և ուրիշ ընտանի կենդանիներ յափշտակելով կը յօշոտեն:
Մինաս կրնար փախչիլ, բայց չփախաւ. քաջասիրտ տղայ մըն էր և կը սիրէր Ազնիւը: Չպիտի թողուր որ գայլը զայն տանի, նոյն իսկ եթէ ատոր համար ինք վիրաւորուէր:
Քաջասիրտ տղան այսպէս մտածեց և առանց ժամանակ ձգելու որ Ազնիւին մօտենար, գային վրայ յարձակեցաւ:
Կատաղի գազանը, որ կարծես այդ յարձակման կը սպասէր, իսկոյն բերանը բացաւ Մինասը խածնելու համար: Բայց Մինաս կռուփը սեղմեց և ամբողջ թևը գայլին կոկորդը մխեց:
Գայլը սկսաւ խղդուկ հռնդիւններ արձակել: Չէր կրնար շունչ առնել. պիտի խեղդուէր: Մինաս ազատ մնացած ձեռքովը անոր վզին կառչած էր, և միւս կողմէ ալ ամբողջ ուժովը կռուփը գայլին կոկորդը կը մխէր:
Այդպէսով գայլը մինչև պատը քշեց և երբ պատին կռթնցուց, ամուր մը կեցաւ, թող չտալով որ շարժի: Քիչ ետքը գայլը շնչահեղձ ըլլալով մեռաւ:
Բայց Մինասն ալ՝ որուն ամբողջ կորովը սպառած էր այդ կռուին մէջ, մարած ինկաւ յաղթուած գազանին քով:
Ժամ մը ետքը, երբ փայտահատ Սարգիս և իր կինը տուն վերադարձան, սոսկումով տեսան իրենց Մինասը, որ մեռած գայլին հետ քով քովի պառկած էր պատին տակը:
Նախ կարծեցին թէ Մինաս մեռած է, բայց իրենց խնամքներուն շնորհիւ տղան շուտ մը սթափեցաւ և հարցուց.
-Գայլը չկերաւ իմ պզտիկ քոյրս, անանկ չէ՞:
Ծնողները փառք տուին Աստուծոյ, և գորոով գրկեցին իրենց քաջասիրտ ու անձնուէր զաւակը:

«Աղբիւր՝Ընթերցարան-1933»

vendredi 6 janvier 2012

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՓՐԿՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ


ՓՐԿՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

Դեկտեմբեր 24, 1818, Ճոզէֆ քահանայ Մոհր, Ալպեան գիւղի մը մէջ՝ Յիսուսի Ծննդեան պատմութիւնը կը կարդար: Մէկը դուռը կը զարնէր. կին մըն էր. եկած էր լուր տալու որ գիւղին մէջ մանչ մը ծնած էր եւ կը խնդրէր որ քահանան գար եւ աղօթք մը ընէր: Հետեւելով կնկան, քահանան գնաց աղօթեց եւ տուն վերադարձաւ: Խորհուրդներու մէջ էր:

Ծնունդի ատեններ, մանչ մը ծնած էր: Ամէն կողմ լուռ էր ու խաղաղ: Եկեղեցիին երգեհոնը կոտրած էր եւ Ծննդեան պաշտամունքը, պարզ ըլլալու էր: Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած, գրեց Գերմաներէնով, Լուռ Գիշեր, Սուրբ Գիշեր, երգը: Կերպով մը, դպրոցի դասատու եկեղեցիին երգեհոնահար, Ֆրանց Կրուպըրին յանձնեց, ըսելով «Հաճիս, վաղուան համար, այս բառերը եղանակէ եւ երգենք, Ծնունդի պաշտամունքին, այս կիթառով:

Երգը երգուեցաւ, ժողովուրդը շատ սիրեց: Ամէն Ծնունդին կ՛երգուի եւ շատ լեզուներու թարգմանուած է:

ՓՐԿՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր,

Ծով ու ցամաք, քնով են խաղաղ,

Մեղմ կը փայլի աստղը Բեթլէհրմի,

Եւ հեռուէն շատ աչքեր կը գրաւէ,

Հոն ուր փրկիչը ծնաւ:

Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր,

Երգ մը ահա, հովտին վրայ

Հրեշտակներուն անթիւ խումբը կ՛երգէ

Երգ որ ցնծման, աւետիս կը բերէ:

«Տէրը փրկիչը եկաւ»:

Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր,

Ով դու երկիր, ա՛լ արթնցիր,

Քու օրհնութիւնդ, արդ վեր, թող ելլէ

«Փառք Աստուծոյ, ի բարձունըս» երգէ:

♥ ♥ ♥ ♥

«Եւ իսկոյն, այն հրեշտակին հետ, երկնային զօրքերու, բազմութիւն մը եղաւ, որոնք զԱստուած կ՛օրհնէին ու կ,ըսէին: Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք ու երկրի վրայ խաաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»:

Ղուկաս 2. 13-14

Լիտիա Տէր Եղիաեան

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ


ՅԻՍՆԱԿԱՑ ՊԱՀՔԻ ԵՒ
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս.Ծնունդի պատրաստութիւնները կը սկսին ծնունդէն յիսուն օրեր առաջ. Յիսնակեաց պահքով: Առաջին, չորրորդ եւ հինգերորդ շաբաթները, պահքի շաբաթներ են, աշխարհականներու համար. Պահքին նպատակը Աստուածային ներկայութիւնը մեր մէջ հաստատելն է: Յիսնակի շրջանին, կիրակմուտքի եօթը օրերուն ընթացքին մէյմէկ ծիրանագոյն մոմեր կը վառուին «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականին երգեցողութեամբ:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ. Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի:
Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհեմ քաղաքի. Որդիք մարդկան օրհնեցէք, զի վասն մեր մարմնացաւ: Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ. Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմացաւ:»

Յիսնակի շաբաթներու ընթացքին տօնածառ կը զարդարուի տուներուն մէջ, աղօթքներով եւ զԱստուած փառաբանող շարականներով: Տօնածառը որ ընդհանրապէս եղեւնի ծառն է, իր կանաչ գոյնով, խորհրդանիշն է մարդոց յաւիտենական յոյսին. Ծառին գագաթը զետեղուած աստղը երկնային խոստումն է, որ Աստուած խոստացած է Փրկչին աշխարհի համար, իր այդ խոստումին իրականացման նշանն է. Մոմը որ կը վառի ծառին վրայ, կը խորհրդանշէ Խաչը, որ աշխարհին լոյսն է. Երբ կը նայինք այդ մեծ լոյսին կը յիշենք, Յիսուս Քրիստոսը, որ իջած է աշխարհ, իր լոյսով:
Ծաղկեպսակը որ կը տեղաւորենք տօնածառին վրայ, կը խորհրդանշէ սիրոյ իսկական բնոյթը: Ճշմարիտ սէրը երբեք չի դադրիր, ինչպէս Աստուծոյ սէրը որ ո՛չ սկիզբ ունի ո՛չ ալ վերջ:
Կաղանդ պապիկը խորհրդանիշն է մեծահոգութեան եւ բարութեան որ մենք կը զգանք ամբողջ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին:
Փշարմաւի տերեւները խորհրդանիշն են անմահութեան. նման են այն փշեպսակին որ կրած է մեր Փրկիչը, կարմիր փշարմաւը Անոր արյան խորհրդանիշն է:
Շաքարէ ձեռնափայտը որ կը զետեղենք տօնածառի ճիւղերուն վրայ, կը նշանակէ հովիւին ձեռնափայտը, որուն հետ ան ետ կը վերադարձնէ մոլորուած ոչխարները:
Հրեշտակը որ կը զարդարէ տօնածառը, կը ներկայացնէ Աստուծոյ որդիին ծնունդը հայտարարող հրեշտակները որ երգեցին. «Փա՛ռք Աստուծոյ, աշխարհին խաղաղութիւն եւ բարիք մարդկանց»:
Տօնածառին վրայի զանգակը նշանն է Աստուծոյ ուղեցոյցին, եւ այն զանգակի ղօղանջին որուն շնորհիւ կորսուած գառնուկները ետ եկան, . Ան կը խորհրդանշէ առաջնորդութիւնը ու վերադարձը: Յիշեցնելով մեզի թէ, բոլորս ալ Աստուծոյ համար թանկագին ենք:
Յիսնակի վերջին շաբաթը անուշապուր «քաղցրապուր» կը պատրաստուի, որուն աւանդական սովորութիւնը մեզի հասած է դարերէ առաջ:
Մեր նախահայրերը երբ տակաւին բնական երեւոյթներու պատճառները չէին կրնար բացատրել, «ինչո՞ւ կ՛անձրեւէ, ինչպէ՞ս գետնէն ջուր կը բղխի, ինչպէ՞ս ծիլը կը ծաղկի, ծառը կը մեծնայ ու քաղցրահամ պտուղներ կուտայ...» հետեւաբար կը խորհէին թէ, այս բոլորին մէջ գերբնական մէյմէկ էակ կ՛ապրի, այսինքն ամենուն մէջ աստուած մը գոյութիւն ունի: Այս աստուածները պաշտելու համար կուռքեր շինած էին եւ իրենց զոհաբերութեան մասնաւոր օրերուն այդ կուռքերուն զոհեր կը մատուցանէին. Անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Այդ աստուածներէն մէկն էր Վանատուր կոչուածը, որ Ամանորի, պտղաբերութեան, եւ արդիւնաբերութեան աստուածն էր:
Վանատուրի յատուկ զոհաբերութեան օրը կը զուգադիպէր տարուան առաջին ամսուան, Նաւասարդի առաջին օրուան. Նաւասարդը մեր այսօրուան օգոստոսին կը համապատասխանէ: Տօնի այդ օրը ժողովուրդը Բագաւան գիւղը կը հաւաքուէր, գետին եզերքը, դաշտին վրայ, վրաններ կը լարէին, անթիւ ուխտաւորներ կուգային փառաբանելու, ծաղիկներ նուիրելու Ամանորի աստուածին որ իրենց առատ հունձք եւ բարիքներ պարգեւէ: Կը պարէին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, աղաւնիներ կը թռցնէին, փողեր կը հնչեցնէին ու որսի կ՛երթային:
Ժողովուրդը այդ օրը հետը կը բերէր իր հունձքէն Վանատուրին համար զատած բաժինը, որմէ քուրմերուն ալ կը նուիրէին, իսկ իրենք, տեղւոյն վրայ, հողի այլազան բերքերէն անուշապուր կը պատրաստէին: Աւանդական այս սովորութիւնը յարգելու համար, մենք ալ նոր տարիի առթիւ կը պատրաստենք այս տօնական քաղցրեղէնը:
Ըստ աւանդութեան՝ անուշապուրը պատրաստելէ գիշեր մը առաջ, ցորենը կը խաշեն եւ սանը սենեակին մէջտեղը տեղաւորելով վրան մաքուր ճերմակ լաթով մը կը ծածկեն ու կափարիչը կը գոցեն. Յետոյ տան անդամներուն, յաջորդ օրուայ հագուելիք զգեստները զգուշութեամբ սանին վրայ կը դիզեն:
Առաւօտուն, տունին երեցը, կանչելով բոլոր տան բնակիչները իր քով, կը բաժնէ իրենց հագուստները. Յետոյ խաչակնքելով՝ կը բանայ սանին կափարիչը եւ մէջէն քանի մը ցորենի հատիկ առնելով դրամապնակին մէջ կը տեղաւորէ. ճոխութեամբ ու բարգաւաճութեամբ դիմաւորելու եւ անցնելու համար նոր տարին:
Կաղանդի գիշերը, ժամը ճիշդ տասնըերկուքին, տան բոլոր լոյսերը կը վառեն եւ ծորակները կը բանան որպէսզի առատութիւն հոսի եւ լոյս տեղայ տունէն ներս: Նոր տարիին առաջին վայրկեաններուն տունին հայրը նուռ մը կը պայթեցնէ դրան սեմին, որուն հատիկները նոյնպէս ճոխութիւն ու առատութիւն կը պարգեւէն ընտանիքին:
* «Հայկական աւանդութիւն մը կ՛ըսէ թէ, պահ մը դադար կայ անհետացող տարուան յետին պահուն եւ սկսող տարուան առաջին վայրկեաններուն միչեւ: Այդ դադարին ատեն երկինքի դուռները կը բացուին եւ առատութեան հեղեղ մը կը տեղայ մեր մոլորակին վրայ:
Բոլոր աղերսանքները կ՛ընդունուին եւ եթէ մէկը սափորը տանի դնէ աղբիւրին տակ, ոսկիներով կը լեցուի»:
Ճրագալոյսի գիշերը, այսինքն 5 յունուարին, մայրամուտին, եօթը ծիրանագոյն մոմերը միասին կը վառին, ընտանիքը կը հաւաքուի տօնասեղանին շուրջ: Յաջորդ առաւօտ, եկեղեցի երթալով, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան պատարագին կը մասնակցին. Քանի որ Յիսուս Քրիստոս ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի յետոյ, նոյն օրը մկրտուած է, Յորդանան գետը, Սուրբ Ծննդեան պատարագէն վերջ կը կատարուի ջրօրհնենքի արարողութիւնը: Ջուրը կ՛օրհնուի, սուրբ Խաչով, սուրբ Աւետարանով եւ սրբալոյս Միւռոնով. Յետոյ ժողովուրդին կը բաժնուի:
Սուրբ պատարագի ընթացքին եւ յաջորդ ութ օրերուն, ողջոյն կը փոխանակուի. Ըսելով՝

«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ- Օրհնեալ է Ծնունդը Քրիստոսի»

 *Մինաս Չերազ«Քաղեց եւ պատրաստեց՝ ՍԻԼՄԱՐԺԱՆ»