vendredi 13 janvier 2012

♥ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ♥

ՄՈՒՍԹԱՇԸ
Անտանելի ցուրտ ձմեռ օդով մը, քանի մը ընկերներ՝ ամէնքս ալ ուսանող՝ կը պտտէինք Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ: Կերակուրի ժամանակ էր, և ընկերներէս ոմանք վազվզելով կը տաքցընէին իրենց ոտքերը, ոմանք կը զուարճանային խնդալով ու խօսակցելով և ես հացի փշրանքներ կը բաշխէի ճնճղուկներուն: Երբ գործս աւարտած՝ ընկերներուս հետ կը մեկնէի, տասերկուքէն տասերեք տարեկան պզտիկ աղջիկ մը, թեթեւ պատռտած հագուստներով, ձեռքն ու երեսը ցուրտէն կարմրած մեր դէմը ելաւ: Չուան մը բռնած էր, որուն ծայրը կապուած փոքրիկ շուն մը ուրախ զուարթ կը ցատկռտէր:
Վարանոտ, վայրկեան մը կանգ առնելէ ետկքը աղջիկը յանկարծ որոշումը տուաւ և մեզի մօտենալով սկսաւ բաներ մը մրմնջել: Ի՞նչ էր ուզածը: Անշուշտ ողորմութիւն: Ու մենք կը շարունակէինք մեր ճամբան: Բայց աղջիկը կը հետեւէր մեզի յամառութեամբ: Տեսակ մը յուզմունք կար իր աչքերուն մէջ, գրեթէ ցասում մը մեր անտարբերութեան դէմ: Ու ձայնը բարձրացնելով՝
-Պարոննե՜ր, պարոննե՜ր, կը թախանձէր:
Մօտեցանք իրեն: Խեղճը կորսնցուց իր համարձակութիւնը, գլուխը կախեց կուրծքն ի վար և աչուըները լեցան արցունքով:
-Մայրս հիւանդ է, ըսաւ, դրամի պէտք ունինք, ու գնող մը կը փնտռեմ շանս համար:
Ուսանողները ընդհանրապէս հարուստ չեն, բայց այնչա՜փ սրտաշարժ էր մեզի եղած առաջարկը, որ մեր մէջ հանգանակութիւն մը կատարեց: Աղջիկը գրպանեց դրամը, աչքերը սրբեց, չուանը յանձնեց ինծի ու ցեխոտ ջուրին մէջ գետինը ծունկի եկած՝ պահ մը գրկեց շունը, սկսաւ անհամար համբոյրներով համբուրել զայն, գլուխը, աչքերը, քիթը, բերանը: Իսկ շունը, թաթերը տիրոջը ուսերուն դրած կը լզուըռտէր զայն, պոչիկը երերցնելով:
Հրաժեշտի այդ ողջոյնները աւարտելէ վերջ՝
-Լա՛ւ խնամեցէք Մուսթաշը, ըսաւ:
Ու հեռուն երթալով նստարանի մը վրայ ելաւ և սկսաւ դիտել իր փոքրիկ բարեկամը որ չէր ուզէր մեզի հետեւիլ և զոր քաշկռտելով կը տանէինք դէպի ճաշարան:
Մուսթաշը՝ ամբողջ շաբաթը տխրութեամբ անցուց, և հակառակ մեր ջանքերուն, հազիւ քիչ մը բան կերաւ ու խմեց: Ինք ալ կը տառապէր անշուշտ իր տիրուհիին կարօտովը:
Աղջիկը ո՞ւր գնաց, ի՞նչ եղաւ: Ո՜վ գիտէ: Սակայն ամէնուս մտքին մէջ դրոշմուեցաւ հաստատ կերպով այն գիրկընդխառնութեան տեսարանը, որուն մէջ շունը իր կենդանիի հաւատարիմ ու ճշմարիտ սէրը դրած էր, և նորատի աղջիկ մը՝ իր ամբողջ անմեղութիւնն ու գորովը:
Այդ զոհողութիւնը զոր մատղաշ աղջիկը կ՛ընէր ընտանիքին պէտքերուն համար՝ իր սիրած մէկ էակէն բաժնուելով՝ վրաս խորապէս ազդեց:
Այդ պարզ դէպքը ինծի սորվեցուց զրկանքներ յանձն առնել գիտնալ:

Ե.ՄԵՆԻԿ

ՔԱՋԱՍԻՐՏ ԵՂԲԱՅՐԸ

Այն տարին՝ անանկ սաստիկ ձիւն եկած էր որ գիւղին բոլոր ճամբաները գոցուած էին: Տուները կիսովին ծածկուած էին ձիւնով և սաստիկ ցուրտ մը կը տիրէր չորս կողմը:
Առտու մը լուր ելաւ թէ գայլեր իջած են գիւղին մօտերը. բայց որովհետեւ ոչ ոք տեսած էր զանոնք, շուտով մոռցուեցաւ այդ լուրը: Երբոր ճամբաները քիչ մը բացուեցան, փայտահատ Սարգիս և իր կինը տունը թողուցին իրենց երկու զաւակները և անտառ գացին փայտ բերելու: Տղոցմէն մեծը՝ Մինաս՝ հազիւ տասերկու տարեկան կար ու պզտիկն ալ, Ազնիւ, տակաւին օրօրոցին մէջ կը գտնուէր:
Մինաս բազմոցին անկիւնը նստած, գիրք մը կը թղթատէր, երբ յանկարծ աղմուկ մը լսելով ասդին դարձաւ և սոսկալի աղաղակ մը արձակեց:
Տնակին կիսաբաց դռնէն գայլ մը ներս մտած էր և կը պատրաստուէր յարձակիլ օրօրոցին մէջ քնացող Ազնիւին վրայ:
Մինաս գիտէր թէ գայլերը երբ անօթի ըլլան, մարդաբնակ տեղեր կ՛իջնեն և պզտիկ տղաք՝ ինջպէս նաև ոչխարներ և ուրիշ ընտանի կենդանիներ յափշտակելով կը յօշոտեն:
Մինաս կրնար փախչիլ, բայց չփախաւ. քաջասիրտ տղայ մըն էր և կը սիրէր Ազնիւը: Չպիտի թողուր որ գայլը զայն տանի, նոյն իսկ եթէ ատոր համար ինք վիրաւորուէր:
Քաջասիրտ տղան այսպէս մտածեց և առանց ժամանակ ձգելու որ Ազնիւին մօտենար, գային վրայ յարձակեցաւ:
Կատաղի գազանը, որ կարծես այդ յարձակման կը սպասէր, իսկոյն բերանը բացաւ Մինասը խածնելու համար: Բայց Մինաս կռուփը սեղմեց և ամբողջ թևը գայլին կոկորդը մխեց:
Գայլը սկսաւ խղդուկ հռնդիւններ արձակել: Չէր կրնար շունչ առնել. պիտի խեղդուէր: Մինաս ազատ մնացած ձեռքովը անոր վզին կառչած էր, և միւս կողմէ ալ ամբողջ ուժովը կռուփը գայլին կոկորդը կը մխէր:
Այդպէսով գայլը մինչև պատը քշեց և երբ պատին կռթնցուց, ամուր մը կեցաւ, թող չտալով որ շարժի: Քիչ ետքը գայլը շնչահեղձ ըլլալով մեռաւ:
Բայց Մինասն ալ՝ որուն ամբողջ կորովը սպառած էր այդ կռուին մէջ, մարած ինկաւ յաղթուած գազանին քով:
Ժամ մը ետքը, երբ փայտահատ Սարգիս և իր կինը տուն վերադարձան, սոսկումով տեսան իրենց Մինասը, որ մեռած գայլին հետ քով քովի պառկած էր պատին տակը:
Նախ կարծեցին թէ Մինաս մեռած է, բայց իրենց խնամքներուն շնորհիւ տղան շուտ մը սթափեցաւ և հարցուց.
-Գայլը չկերաւ իմ պզտիկ քոյրս, անանկ չէ՞:
Ծնողները փառք տուին Աստուծոյ, և գորոով գրկեցին իրենց քաջասիրտ ու անձնուէր զաւակը:

«Աղբիւր՝Ընթերցարան-1933»