ԵՐԿԻՒՂ
Երկիւղ մը կայ սրտիս մէջ,
Որ կը տանջէ զիս անվերջ,
Կիզիչ անապատի նման,
Ան չունի սահման ու վերջ:
Սոսկալի փոթորիկ մը
Նման ալեկոծ ծովի,
Անտանելի մեծ ժխոր,
ՈՒ կաթիլ մը ջուր լեղի:
Այս ի՛նչ սարսափ, այս ի՛նչ վախ,
Վազվզուկ մը աջ ու ձախ,
Ահաւասիկ սիրտ մը ձեզ,
Որ նման է մարած ջահ:
♥ Սիլվի Սրբուհի ՄԱՐԱԶՅԱՆ ♥
«Սիլմարժան»