vendredi 8 juin 2012

ԼՈՒՍՆԱԿ  ՔՈՒՐԻԿՍ

Ա

Երէկ գիշեր մոռցեր էիր,
Լո՜ւսնակ, գիտե՞ս,
Երէկ գիշեր մոռցեր էիր պատուհանիկս իմ համեստ,
Պատուհանիկս իմ անտես՝
Ուր մութ մը գորշ վիժակի պէս էր կախուեր,
Հոգ չէր, այդ մութն ըրի խորան հսկումի՝
Ուր պաշտանքի ո՛չ մէկ ծաղիկ կը թոռմի,
Ուր մութի տակ լոկ նինջ մը կայ լուսանուէր,
Երէկ գիշեր անցար գովէս,
Անցար գո՜ւցէ անգիտակ,
Անցար՝ և ես
Քու հեռաւոր պերճանքներուդ շլացքին տակ՝
Ջուրի ցայտքի մը պէս զըւարթ՝ հծծեցի
Օ՜հ, պարտէզը չէ՜ մոռցեր,
Եւ աւիշն ու սարբինան
Իր լուսերովն է օծեր
Ու նայեցայ հանդիպակաց ծաղկաստանին ալ վըրան,
Լիլակներու վրայ կապոյտ,
Չքնաղ, պչրոտ ու անփոյթ՝
Դաստակդ էիր երկարեր:
Ու դիտեցի,
Չէ՛իր մոռցեր սա ծըխանն ալ դըրացի,
Չէ՛իր մոռցեր և ճամբաներն ամայի,
Չէ՛իր մոռցեր...
Չէ՛, այսօր ալ զիս մոռնայիր.
Եթէ այդպէս պէտք էր ըլլար, որպէս զի
Արծաթէիր շուրջս անխըտիր:
Ամէն դալար ու ծաղիկ:
Որովհետև ես քեզի
Մտքիս թև՜ովն ալ կը հասնիմ երջանիկ
Քանզի նոյն իսկ եթէ ըլլաս
Ամպին ետին ալ պահուած՝
Ես կը հասնիմ անկասկած
Քո՜ւ պերճ կայքիդ՝ հէք երերուն համար անհաս:
Ես կը հասնիմ անկասկած
Քեզի՜, քեզի՜ քոյր աստուած,
Եթէ երբեք իմ հոգւոյս,
Լուսախորշին մէջ պահուած
Վերջին նըշոյլն ալ անլոյս
Խոռոչի մը ծոցն իյնայ.
Վերջին նըշոյլն այն ցոլքերէն զոր գիշերներն իմ ժողված,
Լիալուսնին արծաթաշող գիշերնե՜ր...

Բ

Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն
Սարսռացի լոյսիդ մէջ երանական.
Եւ հոգիիս մէջ ինկան,
Խայտանքի նոր թիթեռներ.
Ծիածանի սանդուխէն վեր՝
Նոր երանգներ տարօրէն:
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն
Մոռցըւած երգի ծըւէն,
Կամ անուն,
Անյուշութեան ոլորտներուն
Միգամածին մէջ կորսըւած՝
Դուն ծաղիկներ ցնծութեան
Նըշուլեցիր յեղակարծ,
Հոգւոյս մէկ փըլուզակին վերև,
Հինաւուրց որմի մը բացատքէն:
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն,
Մէկ լուսեղէն վայրկեանով,
Տարագրեց հոգւոյս մըռայլն համօրէն:
Օ՜հ, աս ի՜նչ ճախրակ, օ՜հ աս ինչ գորով,
Այս գիշեր, նորէն
Պատուհանէս ներս սահեցար յուլօրէն,
Շօշափեցիր վարագոյրներն ըսպիտակ
Եւ աշտանակն արոյրէ,
Եւ հայլիին մէջ վառեցիր նոր ճըրագ:
Եւ ամէն մէկ կըպումիդ
Հոգի՜ս էր որ ինկաւ լազուարթ ձեռքիդ տակ
Ներէ՜, ա՜հ, ներէ՜,
Որ վայրկեան մը վերջ, հիմայ
Սեղանին վրայ նիւթէ լամպարս եմ վառեր
Ըսելու համար թէ քեզ չե՛մ մոռնար, թէ քեզ չեմ մոռցեր:

♥ ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ ♥