dimanche 24 juin 2012


Ժ Խ Ո Ր Ը

Երեկոյան մեղմ անձրևը,
Ծովահայեաց մը նուիրեց,
Հորիզոնի վերջալոյսը,
Վերացական տեսք մը հիւսեց:

Արշալոյսի նուրբ շաղերով,
Ցնորքներէս սթափեցայ.
Կայծակներուն շանթահարումով,
Ողջ աշխարհը ես ետ դառձայ:

Մթնշաղ մը կը սայթաքի,
Լիալուսինը քօղարկած,
Յետահայեացք մը գողտրիկ
Յուշատետրիս էջերուն՝ դեղնած...:

Փխրուն երազներուս ժխորը,
Նման՝ ծովու մը ալեկոծ,
Յուշակապարիկ մը պահուած խորը,
Կը զարհուրէ սիրտն ու ծոց:

Այս սարսուռի արհաւիրքէն,
Սանձազատուած շռայլ հոգիս,
Հրաժարելով իր երդիքէն
Կը ծածանի առանց խարիսխ:

♥ Սիլվի Սրբուհի 
ՄԱՐԱԶԵԱՆ ♥