dimanche 24 juin 2012


ՍԱՆՁԱԶԱՏԸ

Երկիւղած հոգւոյս տենչովը

Շլմորած է միտքս,
Զուլալ ջուրերուն արծաթովը,
  Ջնարակուած է քիմքս:

Բուրաստան մ՛է աշխարհ

Երկերով գեղերփնուած,
Մարդկային միտքն ու հոգին,
Երազանքներով շղարշուած:

Մատղաշ միտքը կ՛օրօրուի,

Քերթուածային յափշտակումով,
Տենդոտ հոգին կը մոլորի,
Քաղցրահնչիւն մեղեդիով:

Երփնագեղ երեւակայութիւնը,

Կը գերէ միտքն ու հոգին,
Քնարային երաժշտութիւնը
Կը տիրապետէ դիրքին:

Բանաստըղծը կ՛երազէ

Ծիր-Կաթին մը տեղադրել
Տաղերուն մէջ բոցավառ
Ներդաշնակութիւն շարադրել:

♥ Սիլվի Սրբուհի 
ՄԱՐԱԶԵԱՆ ♥