dimanche 24 juin 2012

 ԿՈՏՐԱԾ, ԿՈԽԿՌՏՈՒԱԾ

Ձեռքէ ձեռք յափշտակուած,
Թառամած, թօշնած, կնճռոտած,
Ծանրակըշիռ յիշատակներով,
Ընկճուած, խորասուզուած,
Դիմաստուեր մըն է ան:

Ծալքերուն մէջ երազանքներ,
Տարապարտուց հալածանքներ,
Չիրականացած բաղձանքներ,
Պահուած, մի հին յուշատետր է ան:

Արտասուքը անձրևներով,
Պատրանքները մառախուղով,
Տենչանքները սօսափիւնով,
Ծածկուած ու  ծալլուած,
Մենաւոր սիրտ մըն է ան:

Յանկարծ՝

Սարեակ մ՛անգեղ թզենուն թառած,
Հալեցուց դող սիրտը, սառած.
Քաղցրահնչիւն դայլայլովը,
Քմահաճոյ ճախրանքովը...:

Պատուհանին մօտը, գողտրիկ,
Հմայիչ երգերովը մեղմիկ,
Անհրաւէր մի երաժիշտ,
Կը փարատէ ցաւերն ու վիշտ,
Վայելել ներկայութիւնդ
Թանկարժէք նուէր մ՛է միշտ:

♥ Սիլվի Սրբուհի 
                           ՄԱՐԱԶԵԱՆ ♥