ԳԻՇԵՐԸ
Գիշերն անուշ է,
Գիշերն հեշտագին,
Պատրանքներու բերկրալի ողողումով
Կ՛ընծայէ բիւրեղէն յոյսեր թանկագին:
Գիշերն անբիծ է,
Գիշերը խրախուսիչ,
Լիառատ աստղերու շողիւններով՝ ամոքիչ,
Երեւակայութեան ճախրանքներով լի,
Միտքն ու հոգին հմայիչ:
Գիշերն անուշ է,
Գիշերը հրապուրիչ:
Սիլվի Սրբուհի ՄԱՐԱԶՅԱՆ
Գիշերն անուշ է,
Գիշերն հեշտագին,
Պատրանքներու բերկրալի ողողումով
Կ՛ընծայէ բիւրեղէն յոյսեր թանկագին:
Գիշերն անբիծ է,
Գիշերը խրախուսիչ,
Լիառատ աստղերու շողիւններով՝ ամոքիչ,
Երեւակայութեան ճախրանքներով լի,
Միտքն ու հոգին հմայիչ:
Գիշերն անուշ է,
Գիշերը հրապուրիչ:
Սիլվի Սրբուհի ՄԱՐԱԶՅԱՆ
«Սիլմարժան»