Ի ՀԱՆԴԷՊ...
Հոգիս մոխիր մըն է այրած,
Հացի կտոր մը փշրուած,
Ալիւրի պէս մաղէ անցած,
Հալած, մաշած, բզկտուած:
Սէրս ջահ մըն է բոցակէզ,
Հրաբուխ մը՝ բիւր, հրակէզ,
Շողակն է քիմքիս քմահաճ,
Յորդառատ ակ մը բարեհաճ:
Կարօտս անհուն է, անսահման,
Կիրքերուս պէս պինդ, անսասան,
Չքնաղ, դիւթիչ, անզուգական,
Սրտահատորս իմ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
♥ Սիլվի Սրբուհի
Հոգիս մոխիր մըն է այրած,
Հացի կտոր մը փշրուած,
Ալիւրի պէս մաղէ անցած,
Հալած, մաշած, բզկտուած:
Սէրս ջահ մըն է բոցակէզ,
Հրաբուխ մը՝ բիւր, հրակէզ,
Շողակն է քիմքիս քմահաճ,
Յորդառատ ակ մը բարեհաճ:
Կարօտս անհուն է, անսահման,
Կիրքերուս պէս պինդ, անսասան,
Չքնաղ, դիւթիչ, անզուգական,
Սրտահատորս իմ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
♥ Սիլվի Սրբուհի
ՄԱՐԱԶԵԱՆ ♥