vendredi 13 janvier 2012

♥ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ♥


ՄԱՅՐԻԿԻՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ

Ցուրտ ձմեռ էր, կը ձիւնէր: Հիւանդ մանուկ մը կու լար ու ծաղիկ մը կ՛ուզէր:
Խեղճ մայրիկը ինքն ալ կ՛ուզէր, բայց ուրկէ՞ ցտնել ծաղիկ մը:
Բայց զաւակն էր, ու անպատճառ կ՛ուզէր գոհացնել զանիկա:

Դուրս ելաւ՝ ծաղիկ գտնելու համար, ելաւ դաշտերն ու բլուրները: Ամէն կողմ ծածկուած էր ձիւնով ու սառով:
Քալէ, քալէ, բայց վերջապէս յուսահատ որ ծաղիկ մ՛ալ չի կրնար գտնել իր ձագուկին համար, կռթնեցաւ բարակ ճիւղերով թուփի մը ու լացաւ:

Բոյսը լսեց մայրիկին վշտին ձայնը. ամէն մէկ արցունքի կաթիլ, փոխուեցաւ ոսկեղէն ծաղիկի մը, ու բոյսը զարդարուեցաւ ոսկեգոյն բուրումնաւէտ ծաղիկներով:

Մայրը ուրախութեամբ զաւկին տարաւ ծաղիկները. ու ան երջանիկ՝ առողջացաւ:
Այն օրէն ի վեր բաժակածաղիկը ձմեռ ատեն կը բանայ իր ծաղիկները:

«Ընթերցարան-1933»

Ա՜Խ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ


Որսորդ մը թակարդով շատ գեղեցիկ թռչուն մը բռնեց. այնքան գեղեցիկ, որ ինքիրեն մտածեց. «Մեղք է այսպիսի արարածի մը կեանքին վերջ տալ: Տուն կը տանիմ, անոր համար լաւ վանդակ մը կը շինեմ, կեր ու ջուր կու տամ եւ անբողջ սրտովս կը սիրեմ, քանի որ ասոր պէս ուրիշ թռչուն չեմ տեսած»:


Ան թակարդէն ազատեց թռչունը, շոյեց անոր փետուրները. քնքուշ ու սիրալիր խօսքեր ըսաւ անոր եւ տուն տարաւ զայն: Շինեց գեղեցիկ վանդակ մը, մէջը դրաւ թռչունը եւ կեր ու ջուր տուաւ անոր: Ամբողջ տարի մը խնամեց զայն, բայց ամէն երեկոյ, երբ տուն կու գար և կը մօտենար վանդակին, կը լսէր թռչունին հառաչը. »Ա՜խ հա՛յրենիք»:

-Թռչուն. ըսէ՛, ո՞ւր է հայրենիքդ. որուն կարօտը հը քաշես դուն:
-Երթանք. քեզի ցոյց տամ- պատասխանեց թռչունը:
Որսորդը ամբողջ ամիս մը հետեւեցաւ թռչունին. մինչև որ թռչունը հասաւ այնպիսի ամայի, տաք, ժայռոտ ու չոր տեղ մը, որ կարծես աշխարհի ծայրը ըլլար՝
Թռչունը թառեցաւ փոքրիկ ու չոր ծառի մը վրայ, որ փուշերով եւ փոքր ու փխրուն տերեւներով ծածկուած էր, եւ ըսաւ որսորդին.
-Ահա՛, ա՛յս է իմ հայրենիքս:

«Ուիլիամ Սարոյեան»