ՀԱՅ ՀՕՐ ԽՐԱՏԸ
Սիրոյ ծաղիկ, իղձ հոգեթով, մտքիս անուշ ոլորտներով
Եկար ահա դուն մարմնացած, մոլորակներն անդին ձգած,
Արեւածին արիական, ընտիր ցեղէն արմէնական
Տունս քեզի տաք իջեւան, իմ հայ տղաս դուն պատուական
Հետդ բերիր խինդ ու հրճուանք, մերթ վարդ փշոտ, մերթ տուայտանք,
Շատ գիշերներ հոգի մաշող, քուն խանգարող լա՜ց սիրտ ճմլող,
Ամէն րոպէ հոգ մը առթող, բայց ես մօտդ եմ քեզ պարուրող,
Պաշտպանդ եմ միշտ հաշտ ու ներող, եւ անձուրաց, եւ համբերող:
Անմեղ, սիրուն քու աչերդ երբ կը դիտեմ, ի՜նչ գուշակեմ,
Կը մանկանամ պահ մը հոգւով, քեզի ընկեր կ'ըլլամ սիրո՛վ,
Քաղցր լուծդ ես կրելով՝ յար կ'ամբարեմ ուժ ու կորով,
Թեւ ու թիկունք պատրաստակամ, մինչեւ այն օրն՝ անկար դառնամ:
Այս բոլորը պիտի գիտնաս, ականջ որ տաս, լաւ հասկնաս,
Չկան մօտս արտ, ոսկիներ, ունիմ տալիք թանկ խրատներ,
Միշտ յիշէ որ դուն տիրացար շքեղ գանձին զուտ ու արդար,
Ազգէն ժառանգ հայ արիւնին, որ զայն պահես ուժեղ, անգին:
Այս նոր դարուն քեզ կը սպասեն շլացնող բիւր թակարդներ,
Թոյն սրսկող դաժան մտքեր, ապականող նորոյթ բարքեր,
Ազգ, ընտանիք քանդող ձեռքեր, պատուար կանգնէ դուն անվեհեր
Դրօշակակիր՝ պապենական անշեղ պատուին, սուրբ հաւատքին:
Հայութիւնդ քեզի աւանդ, ճակտիդ վրայ զարդ պարծանք
Մարդկութիւնն ալ յուզող տենդեր, քեզի թող տան խանդ ու խայծեր,
Ինչ որ առիր ինձմէ փոքրիկ՝ աւելցնես բիւրապատիկ,
Հուսկ դառնալով գործիդ վկան, օրհնութիւն տամ քեզ հայրական:
«ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ»
ԳԷՇ ՄԱՐԴԸ
Թէ ուրիշին փոս կը փորես,
Նայէ որ շատ կը խորես
Որ երբ մէջը գիլորուիս,
Ողջ մընաս, ողջ դուրս ելնես:
Խիկարն առածս երբ խօսէր,
Այս առակիկ կը պատմէր:
Մէկ չարասիրտ անիրաւ մարդ,
Չարիք գործէր միշտ շարունակ,
Սա աղքատիկ դըրկից ունէր,
Որ մէկ կովով տուն կը պահէր,
Բայց գէշ մարդը չար կը խորհէր,
Քանզի վաղուց աչք տընկած էր
Այդ մարդուն
Գէր կովուն:
Շատ մըտածեց, թէ ի՞նչ անէ,
Որ դիւր կերպով զայն ձեռք ձըգէ:
Ըրաւ չըրաւ
Հընար գըտաւ,
Առաւ օր մը բահն ու թին,
Ելաւ գընաց լեռան դին,
Բաւական խոր
Հոն փորեց հոր
Յետոյ դարձաւ
Ինքնին ըսաւ.
-Երբ դըրացիիս կովը անցնի,
Մէջ կ՛ընկնի կը սատակի.
Եւ քիչ օրէն յետոյ կուգամ,
Փորած փոսըս կը բանամ
Կովուն կաշին մորթը կ՛առնեմ,
Սուղ սուղ գընով կը վաճառեմ.
Բայց, եկ տես թէ ի՞նչպէս
Տէր Աստուած չարը պատժեց:
Այն ճամբէն երբ իր մանկիկ
Տուն կը բերէր իրենց կովիկ,
Մանկիկ ու կովիկ փոսը անկան,
Ու չարաչար հոնտեղ մեռան:
Ու վատ յուսով այս գէշ մարդը
Վազեց գընաց դէպի փոսը,
Յանկարծ տեսաւ
Կովն ու տըղեկ
Մեռած հոնտեղ
Շատ լացաւ,
Քարին զարկաւ իր գըլուխը
Թէեւ ուշ էր ժամանակը:
Ո՛վ զաւակներս, բարի եղէք
Ինչո՞ւ գէշ մարդ պիտի լինիք,
Հաւատացէք, թէ գէշութիւն
Ով թէ անէ, կ՛առնէ գըլխուն
Անպակաս
Պատուհաս:
«ՎԱՀԱՆ ՎՐԴ. ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ»

ՄՈՒՐՃԻ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ
Անդրիագործ մը անուանի՝ մարմար քար մը կը կոփէր,
Եւ նոյն ատեն անոր հետ մտերմօրէն կը խօսէր:
-Ի՞նչ է ցաւդ, ի՞նչ ունիս, ամէն մուրճի հարուածիս,
Կը դողդողաս տղու պէս ու ինծի դէմ կ՛ընդվզիս:
-Ի՞նչպէս կրնամ չդողալ, բախտիս վրայ չափսոսալ,
Երբ կը զարնես անխնայ մարմնիս վրայ իբրեւ սալ:
Եւ կտրոններ կը քաղես՝ ասդին անդին կը ցրուես,
Ո՞վ կարող է դիմանալ հարուածներուդ աղեկէզ:
-Անմի՛տ, պէտք է լաւ գիտնաս, ես քեզ մինչեւ չազատեմ,
Մարմար քարէն այս անտաշ, չըլլաս անդրի գեղադէմ.
Եւ չթովես աշխարհը՝ ծնունդովդ եզական,
Պարտաւոր ես դուն կրել մուրճիս զարկը տեւական:
Շատ հոգիներ կրեցին հարուածները փորձութեան,
Դարձան ապա մեծանուն՝ բարերարներ մարդկութեան:
«ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ՏԻՒԼԿԷՐԵԱՆ»
Հ Ա Յ Ա Ս Տ Ա Ն
Իմ հեռաւոր հայրենիք,
Իմ փառաւոր հայրենիք,
Աշխարհներու աննըման
Իմ անուշիկ Հայաստան:
Ո՞ր մէկ աշխարհ քեզ նըման
Կարօտ ունի մայրական,
Ովկեաններէն ալ անդին
Քեզ կը փնտռեմ անձկագին:
Ահա Մասիսն ու Սիփան
Ամպերու մէջ կ՛երեւան.
Մէջքիդ Երասխն է կամար,
Կուրծքիդ Սեւանն երկնաքար:
Ամէն հովիտ, ամէն սար
Խորան մ՛է սուրբ մեզ համար.
Ամէն մէկ քար՝ յուշարձան
Իմ հայրերուս քաջութեան:
Իմ հեռաւոր հայրենիք,
Իմ փառաւոր հայրենիք,
Աշխարհներու աննըման
Իմ անուշիկ Հայաստան:
«ՀԱՅՐ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ»
ՄԱՆՈՒԿ ԷԻ ԵՐԲ
Մանուկ էի.
կը յիշեմ դեռ, մամս հէքեաթ ինձ կը պատմէր
Հէքեաթն անուշ, հէքեաթն աղուոր պարիկներու,
Եւ երբ մեծցայ.
Խաբուսիկ, սին, երազներու պատրանքներու
քովէն անցայ, կեանքս հէքեաթներ միշտ ունեցաւ:
Ու պատմեցի
Հէքեաթն իմ ջինջ, միշտ իրական հերոսներու,
Հէքեաթն ամբողջ խեղճ մարդերու, պարզ մարդերու,
Եւ սիրեցի,
Հէքեաթը մեծ, այդ մարդերուն տառապանքին
ցաւին ամբողջ կսկիծովը
այդ պայքարին:
Պայքարեցայ
Ես ալ հպարտ, խառնուած անոնց վիշտերուն հետ:
Անոնց եւ մեր արցունքին մէջ վաղուան համար:
Քայքայեցի
Եւ բռունցքովս, երազները իշխաններու
Պերճ ու շքեղ, փառքի մոլի սին մարդերու:
Հիմայ ես ալ
Հէքեաթն եմ ամբոխներու մէկ մասնիկին
Ամբոխներու արեան գինով կսկծագին:
Եւ կը սպասեմ
Լոյսի ճամբուն, լոյսը կեանքին տաժանագին,
Յաղթանակի հպարտ յոյսով յաղթանակին:
«ԱՏՐԻՆԷ ՏԱՏՐԵԱՆ»
ԵՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԵՄ
Ես հնավայել,
Ես Հայաստա՛նը,
Ե՛ս եմ առաջին քարէ գութանը,
Որով, տքնութեամբ,
Հերկել եմ հողի խոպանութիւնը,
Ես բար, բարունակ,
Ես Հայաստա՛նը,
Ես եմ առաջին ճոխ այգեստանը,
Որով արեւն է իմաստաւորուել
Եւ բնութիւնը:
Ես գիր, գոյարան,
Ես Հայասա՛նը,
Ես եմ անցեալի այն հեռաստանը,
Որով, սեպագիր, յանձնել եմ քարին
Մարդու պատմութեան պահպանութիւնը:
Ես լայնաչ վրձնող,
Ես Հայասա՛նը,
Ես եմ զարդաշուք դարձըրել տառը,
Որով դարախօս մեր մատեանները
Փառաբանել են հանճարութիւնը:
Ես արդարամիտ,
Ես Հայասա՛նը,
Ժայռին ուսամբարձ իմ քարէ տանը,
Զուարթ օճախի ծխով կապուտակ
Ես եմ խնկարկել խաղաղութիւնը:
Ես հարուստ իմով,
Ես Հայասա՛նը...
Բայց վայրի ու հէն անապաստանը
Խլեց ինձանից իմ ապաստանը
Եւ ազգանըւէր անկախութիւնը:
Ես Թուր Կէծակին,
Ես Հայաստա՛նը,
Ու որոտաց իմ Բամ Փորոտանը...
Շող կպաւ նորից խոփին, ակօսին,
Եւ ծաղկեց իմ հին ուրախութիւնը:
Ես Հայաստա՛նն եմ,
Ես Հայաստա՛նը,
Ես եմ ամենից բարձրիկ ոստանը.
Ու ես պարզուած եմ, լեռնօրէ՜ն պարզուած
Դէպի արեւն ու անմահութիւնը:
«ԼԻՒԴՎԻԳ ԴՈՒՐԵԱՆ»