samedi 29 juin 2019

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ

ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ԽՆՁՈՐԸ

Ժամանակին կար ու չկար թագաւոր մը կար, որ երեք չափահաս զաւակներ ունէր: Իր պալատը շրջապատուած էր գեղեցիկ պարտէզներով ուր շատ մը պտղատու ծառերու կարգին կար նաեւ անմահական պտուղներով խնձորենի մը:
Օր մը թագաւորը իր քով կը կանչէ մեծ տղան ու կ՛ըսէ.
-Տե՛ս, զաւակս. մեր պարտէզի անմահական խնձորենիին պտուղները ամէն տարի անծանօթ գողերու կողմէ կը գողցուին ու մենք այդ պատճառաւ միշտ կը զրկուինք այդ պտուղներէն. ի՞նչ ընենք, ինչպէ՞ս բռնենք այդ գողերը:
-Հայրի՛կ, եթէ թոյլատրես, ես այս տարի կը պահպանեմ անմահական խնձորենին ու կը բռնեմ գողը: Մեծ տղան կ՛առնէ իր նետն ու աղեղը ու կ՛երթայ կը նստի խնձորենիին տակ, որպէսզի տեսնէ ու բռնէ անծանօթ գողը:
Օրերով այսպէս սպասելէ վերջ, երբ այլեւս խնձորները հասունցած էին ու յաջորդ առաւօտ պիտի քաղէին, չար բախտէն տղուն քունը կը տանի: Ճիշդ այդ միջոցին ահա եօթըգլխանի հսկայ վիշապ մը գալով բոլոր խնձորներն ալ կ՛ուտէ ու կը փախչի:

Յաջորդ առաւօտ երբ տղան կ՛արթննայ, կը տեսնէ թէ գողը եկած ու բոլոր խնձորները տարած է. ամօթահար պալատ կը դառնայ:
Թագաւորին միջնեկ տղան կը խոստանայ յաջորդ տարի ինք պաշտպանել անմահական խնձորենիին պտուղները: Ու իսկապէս ալ երբ խնձորները հասուննալ սկսած էին, կ՛առնէ իր նետն ու աղեղը ու կ՛երթայ խնձորենիին տակ, հսկելու համար այնտեղ:
Այսպէս գիշեր ցերեկ անքուն սպասելէ վերջ, երբ օր մը մնացած էր հասունցած խնձորները քաղելու համար, իր ալ քունը կը տանի ու արթննալէ վերջ կը տեսնէ թէ ծառին վրայ հատ մը իսկ խնձոր չէ մնացած: Ինք ալ ամօթահար պալատ կը դառնայ

Կարգը եկած էր փոքր տղուն. ան ալ կը խոստանայ անպայման բռնել անծանօթ գողը ու իր հօր բերել անմահական խնձորները: Առնելով նետն ու աղեղը, կ՛երթայ ու կը նստի խնձորենիին տակ: Որպէսզի իր ալ քունը չտանի, կը կտրէ բթամատը ու վրան աղ կը ցանէ, այսպէսով ցաւէն արթուն կը մնայ:
Իսկապէս ալ վերջին գիշերը երբ անքուն կը սպաէր, կը տեսնէ թէ եօթըգլխանի հսկայ դեւ մը գաղտագողի կը մօտենայ ծառերուն եւ կը փորձէ ուտել խնձորները:
Ճիշդ այդ միջոցին թագաւորին քաջ տղան քաշելով նետը, դեւը ծանրապէս կը վիրաւորէ: Գազանը որ միայն մէկ գլխէն վիրաւորուած էր եւ չէր մեռած, սարսափահար կը փախչի դէպի իր որջը, որ հեռաւոր տեղ մըն էր:
Տղան չ՛ուզէր թողուլ դեւը, որովհետեւ գիտէր թէ ան մեռած չըլլալով, կարճ ատենէն պիտի բուժուէր ու վրէժ լուծելու համար շատ մը չարիքներ պիտի հասցնէր իրեն: Այդ պատճառաւ կ՛ուզէ անպայման ձեռք անցընել ու սպաննել չար դեւեր:
Այսպէս տղան հետապնդելէ ու տեսնելէ վերջ դեւին որջը, որ ջրհոր մըն էր, կը վերադառնայ պատէզ ու անմահական խնձորները քաղելով կը տանի հօրը: Հայրը շատ կ՛ուրախանայ, կը գրկէ ու կը համբուրէ զինքը: Միւս կողմէ թագաւորը կը հրամայէ նաեւ իր զաւակներուն, որ միասնաբար երթան ու գտնեն չար դեւը, ու որպէս զի յառաջիկային իրենց չարիք մը չհասցնէ, սպաննեն զայն:
Երեք եղբայրներ հնազանդելով իրենց հօր հրամանին խմբովին կը մեկնին: Բաւական երթալէ վերջ կը հասնին այն ջրհորին քով, ուր մտած էր չար դեւը: Որովհետեւ հօրը շատ խորունկ էր մեծ եղբայրը չի համարձակիր մէջը մտնել: Անկէ աւելի վախկոտ էր միջնեկ եղբայրը. որ հորին մօտենալ անգամ չէր ուզեր: Փոքր եղբայրը ամենէն քաջն էր, կ՛երթայ պալատ ու հաստ չուան մը կը բերէ. զայն ամրօրէն կը կապէ իր մէջքին ու կը պատուիրէ եղբայրներուն որ չուանին ծայրէն բռնելով զինքը դէպի հոր իջեցնեն, ուր պահուըտած էր դեւը:

Երկու եղբայրները շատ կ՛ուրախանան այս կարգադրութեան համար. որովհետեւ կերպով մը ազատուած կ՛ըլլային վտանգաւոր գործի մը ձեռնարկելէ: Իրականութեան մէջ վախկոտ էին եւ չէին համարձակեր դեւին հետ կռուիլ:
Այսպէս գոհ սրտով, կը թողուն որ իրենց փոքր եղբայրը այս վտանգաւոր գործը ձեռք առնէր, չուանին կապուած իրենց եղբայրը կը սկսին կամաց կամաց հորին մէջ իջեցնել: Հորը շատ խորունկ էր եւ գրեթէ օր մը ամբողջ աշխատեցան: Ի վերջոյ տղան հորին յատակը կը հասնի, նախ մութէն բան մը չի կրնար տեսնել: Աւելի վերջ աչքերը մութին կը վարժուին կը տեսնէ դուռ մը, ուր բանալով զայն ներս կը մտնէ: Այնտեղ ինքզինքը կը գտնէ սենեակի մը մէջ ուր նստած է շատ գեղեցիկ աղջիկ մը: Աղջիկը զարմացած կը հարցնէ տղուն.
-Այստեղ երկինքի թռչունները ու գետնի օձերն անգամ չեն կրնար գալ, դուն ինչպէ՞ս եկար: Շո՛ւտ հեռացիր այստեղէն, թէ ոչ ծունկիս վրայ պառկած սա դեւը քեզ կը սպաննէ:
-Ես այստեղ եկած եմ այդ չար դեւը սպաննելու համար, կը պատասխանէ տղան, ու սուրի մէկ հարուածով կը սպաննէ դեւը: Աղջիկը շատ կ՛ուրախանայ, որ ազատուած է չար դեւէն ու կ՛ըսէ.
-Ա՛յ, տղայ, եթէ այսքան քաջ եւ ուժով ես, գնա՛ քովի սենեակը, այնտեղ կայ դեւին միւս եղբայրը, որ իր քով բանտարկած է միջնեկ քոյրս. եթէ ան ալ ազատես շատ երախտապարտ կ՛ըլլանք քեզի:
Տղան իսկոյն կ՛երթայ քովի սենեակը եւ կ՛ազատէ նաեւ միջնեկ քոյրը, որ բանտարկուած էր դեւին կողմէ: Երկու քոյրերը կ՛աւելցնեն թէ, քովի սենեակին մէջ ալ իրենց ամենափոքր քոյրը բանտարկուած է: Տղան ան ալ կ՛ազատէ: Փոքր քոյրը որ շատ գեղեցիկ էր, սապէս կ՛ըսէ:
-Մենք թագաւորի մը երեք աղջիկներն ենք, քանի որ մեզ ազատեցիր, ես պիտի ամուսնանամ քեզի հետ,՝ իսկ միւս քոյրերս ալ միւս եղբայրներուդ հետ: Ուրեմն վեր ելլենք:
Երեք աղջիկներն ու տղան, անմիջապէս կը հաւաքեն դեւերուն գանձերը, ու զանոնք տոպրակներու մէջ լեցնելով կու գան հորին տակ: Վարէն փոքր եղբայրը վերը սպասող եղբայրներուն կը բացատրէ ամէն բան: Անոնք ալ շատ կ՛ուրախանան ու կը սկսին վեր քաշել երեք աղջիկները: Սակայն չար նախանձով մը, չեն ուզեր վեր քաշել իրենց եղբայրը, որպէս զի դեւերուն բոլոր հարստութիւնը իրենց մէջ բաժնեն: Նոյնպէս կ՛որոշեն իրենց հօր ըսել, թէ իրենք սպասած են չար դեւերը: Փոքր քոյրը որ չէր երեւակայէր թէ երկու եղբայրները իրենց փոքր եղբօր համար այսպիսի չարութիւն մը կրնային խորհիլ, ի զուր կը սպասէ որ փոքր տղան ալ վեր քաշեն:

Մինչ այդ կ՛ուրախանայ խորհելով թէ, ինք իր նշանածին նախապէս թուղթի կտոր մը տուած էր, պատուիրելով որ որեւէ նեղութեան ենթարկուած պահուն, այրէ այդ թուղթը ու իր ուզածը անմիջապէս կը կատարուի: Նոյնպէս վստահ էր թէ իր նշանածը շատ խելացի ու քաջ մէկն էր եւ շուտ մը կ՛ազատէր:
Տղան կը հասկնայ իրեն պատահածը: Ասդին անդին պտտելէ վերջ կը տեսնէ երեք ոչխարներ որոնք ջուր կը խմէին: Անմիջապէս կը յիշէ իր նշանածը որ ըսած էր: Եթէ այստեղ մնաս դէմդ պիտի ելլեն երեք ոչխարներ, կարմիր, ճերմակ եւ սեւ:
Եթէ ճերմակին վրայ նստիս, ան քեզի դուրս կը հանէ, իսկ եթէ սեւին վրայ նստիս, ան քեզի մութ աշխարհ կը տանի: Տղան կը փորձէ ճերմակ ոչխարին վրայ նստիլ, սակայն սխալմամբ սեւին վրայ կը նստի ու ան ալ զինքը կը տանի մութ աշխարհ մը:Մութ աշխարհին մէջ բաւական շրջագայելէ վերջ, հեռուն կը տեսնէ տնակ մը, ուր կը բնակէր ծերուկ կին մը: Պառաւը սիրով կը հիւրասիրէ զինքը: Տղան կը տեսնէ թէ պառաւին խմելու ջուրը շատ պղտոր է ու կը հարցնէ պատճառը:
-Պատճառը, սա է, կը պատասխանէ պառաւը. մեր երկրի աղբիւրին քով կայ չար դեւ մը որ միշտ կը պղտորէ մեր ջուրը. ամէն օր անոր աղջիկ մը կը տանինք որպէս զի ուտէ, եւ թողու որ քաղաք ջուր գայ: Ալ աղջիկ չմնաց, կարգը թագաւորին աղջկան եկած է:

Տղան երբ այս խօսքերը կ՛իմանայ, անմիջապէս սուրը առնելով աղբիւրին մօտ կ՛երթայ, ազատելու համար թագաւորին մանկամադր աղջիկը: Իրաւ ալ աղբիւրին գլուխը կը տեսնէ եօթըգլխանի չար դեւը, որ կը պատրաստուէր ուտել թագաւորին աղջիկը: Ճիշդ այդ պահուն տղան քաշելով սուրը, մէկ հարուածով կը թռցնէ եօթը գլուխներն ալ ու սպաննելով դեւը կ՛ազատէ աղջիկը: Թագաւորին աղջիկը ազատուած ուրախ զուարթ պալատ կը վերադառնայ ու քաղաքն ալ մաքուր ջուր կ՛ունենայ: Թագաւորը իր աղջիկը կորսուած կը նկատէր, երբ իր դէմ կը տեսնէ զայն, շատ կ՛ուրախանայ ու կը հարցնէ թէ ո՞վ ազատեց զինքը: Աղջիկը կը պատմէ պատահածը. այն ատեն թագաւորը պալատին առջեւ կանչել կու տայ իր երկրին բոլոր երիտասարդները, որպէս զի աղջիկը անոնց մէջէն գտնէ զինքն ու քաղաքը չար դեւէն ազատող քաջ երիտասարդը: Աղջիկը կը ճանչնայ ու կը ներկայացնէ իր հօրը: Թագաւորը տղուն կ՛ըսէ թէ ի՛նչ որ ուզէ պիտի տայ իրեն: Տղան կ՛ուզէ լոյս աշխարհ երթալ:
Թագաւորը կը պատասխանէ ըսելով թէ, ինք այդ կարողութիւնը չունի: Միայն թէ իր անտառին մէջ կայ Զմրուխտ Թռչունը որ կրնայ իր ուզածը ընել: Սակայն այնտեղ ալ չար դեւ մը Զմրուխտ Թռչունին ձագուկները միշտ կ՛ուտէ, եթէ չար դեւն ալ սպաննէ, այն ատեն Զմրուխտ Թռչունը զինքը դիւրութեամբ լոյս աշխարհ կը տանի: Տղան կ՛երթայ անտառ, կը գտնէ չար դեւը ու սուրի մէկ հարուածով կը սպաննէ զայն: Զմրուխտ Թռչունը շատ կ՛ուրախանայ ու կը խոստանայ կատարել իր ուզածը:

Մինչ այդ Զմրուխտ Թռչունը տղայէն կը պահանջէ քառասուն տիկ մաքուր ջուր ու քառասուն հատ ալ ոչխարի դիմակ, որպէս զի ճամբու ընթացքին, որ քառասուն օր պիտի տեւէր, ուտէ ու ուժ ամբարէ: Տղան անմիջապէս կը կատարէ Զմրուխտ Թռչունին ուզածը: Կը հեծնէ Զմրուխտ Թռչունին քամակը ու կը սկսի թռչիլ: Այսպէս քառասուն օր ու քառասուն գիշեր թռչելէ վերջ կը հասնին տղուն հօր երկիրը: Տղան թռչունին շնորհակալութիւն կը յայտնէ, զինքը լոյս աշխարհ բերած ըլլալուն համար:
Տղան երբ իր հօրը երկիրը կը հասնի, իր դէմ կ՛ելլէ հովիւ մը: Տղան չ՛ուզէր անմիջապէս հօրը պալատը երթալ ու կ՛ուզէ հասկնալ թէ, իր եղբայրները իր մասին ի՞նչ ըսած են իրենց հօր: Ուստի կ՛որոշէ ծպտուելով շրջագայիլ քաղաքին մէջ:

Աղքատիկ հովիւին կու տայ իր իշխանական զգեստները ու անկէ կ՛առնէ հովիւի խեղճուկ հագուստներն ու գլխանոցը, որպէսզի զանոնք հագուելով անճանաչելի դառնայ:
Մինչ այդ չար եղբայրները իրենց հօր այնպէս հաւատացուցած էին թէ, իրենք սպաննած էին չար դեւը ու իրենց փոքր եղբայրնին ալ կորսուած: Պալատականներուն բոլոր փնտռտուքները պարապ ելած էին անշուշտ:
Տղան քաղաքին մէջ բաւական շրջագայելէ վերջ կը կենայ ոսկերիչի խանութի մը առջեւ ու խանութպանէն կը խնդրէ որ իբրեւ աշկերտ ընդունի զինքը: Ոսկերիչը կ՛ընդունի զինքը իր խանութին մէջ ու այնուհետեւ տղան կը սկսի աշխատիլ այնտեղ:
Այդ միջոցներուն պալատականները, որոնք չէին կրցած գտնել փոքր տղան, կ՛առաջարկեն թագաւորին, որպէսզի, երբ կորսուած է անիկա, գոնէ ամուսնացնէ իր միջին ու մեծ զաւակները: Թագաւորը կը յօժարի: Փոքր աղջիկն ալ կ՛ուզէ սակայն ամուսնացնել իր նախարարապետի տղուն հետ
Աղջիկը ճարահատ կ՛ընդունի, սակայն վստահ ըլլալով որ իր նշանածը ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնայ, ժամանակ շահելու համար, սա պայմանները կ՛առաջարկէ թագաւորին:
-Հաճեցէք ինծի նուիրել հետեւեալ իրեղէնները. երեք հատ ոսկի ափսէներ, որոնց մէջ պիտի գտնուին նոյնպէս ոսկիէ շինուած երկու կաքաւներ, ոսկիէ աքաղաղ մը ու հաւ մը ու ոսկիէ աղուէս մը ու շուն մը որոնք գտնուին այդ ափսէներուն մէջ:

Թագաւորը կը հաւանի ու անմիջապէս պալատ կը հրաւիրէ իր ոսկերչապետը ու կը պատուիրէ երեք օրուան մէջ պատրաստել ուզուածները, ու կու տայ պէտք եղած ոսկին:
Խեղճ ոսկերչապետը որ թագաւորին փոքր տղուն վարպետն էր, տրտում տխուր կը վերադառնայ խանութ, վստահ ըլլալով որ եթէ թագաւորին հրամանը չկարենայ կատարել, դահիճները իր գլուխը կը կտրեն: Երբ այսպէս կը խորհէր, տղան կը մօտենայ ու կը հարցնէ պատճառը. վարպետը մանրամասնօրէն կը պատմէ ամէն բան. այն ատեն կը պատասխանէ ըսելով թէ, մտահոգուելու բան չկայ ու ինք թագաւորին ուզածները այս գիշեր իսկ կրնայ պատրաստել ու վաղը կարելի է զանոնք թագաւորին յանձնել:

Ոսկերչապետ անշուշտ, չէր հաւատար իր աշերտին խօսքերուն. տակաւին նորեկ այդ աշկերտը ինչպէ՛ս մէկ գիշերուան մէջ պիտի պատրաստէր այդ ապսպրանքները: Տղան սակայն շատ լաւ գիտէր իր ընելիքը. այդ առարկաները տեսած էր դեւին որջին մէջ, աղջիկներուն սենեակը. անմիջապէս գրպանէն կը հանէ իր նշանածին տուած թուղթը, համաձայն անոր պատուէրին կ՛այրէ զայն ու մտքէն կը կրկնէ այն բաները, զոր թագաւորը ուզած էր ոսկերչապետէն:

Իրաւ ալ առաւօտուն երբ վարպետը մտահոգ խանութ կու գար, զարմացմամբ կը տեսնէ թէ իր աշկերտը թագաւորին բոլոր ուզածները պատրաստած էր. իրականութեան մէջ տղան մոգական թուղթը այրելով իրականացուցած էր իր փափաքները: Ոսկերչապետը անմիջապէս պալատ կը տանի թագաւորին ուզածները ու թագաւորն ալ զանոնք կը յանձնէ աղջկան: Աղջիկը ի տես ասոնց, կը հասկնայ թէ զանոնք ղրկողը իր նշանածն է, սակայն առարկութիւն չի կրնար ընել:
Մինչ այդ պալատին մէջ հարսանեկան պարաստութիւնները կը տեսնուէին, ամուսնացնելու համար երեք տղաքն ու աղջիկները: Թագաւորին փոքր տղան սակայն, կը տեսնէ թէ կորսնցնելու ատեն չկայ. կ՛այրէ իր նշանածին տուած մոգական փետուրը ու անմիջապէս քովը կու գան իր հրեղէն ձին ու իշխանական հագուստները: Անմիջապէս կը հագուի իշխանական հագուստներն ու հեծնելով հրեղէն ձին, կ՛ուղեւորուի հօրենական պալատը:

Այնտեղ բոլոր պալատականները հագուած իրենց տօնական զգեստները, հեծած էին իրենց արագավազ ձիերուն վրայ: Անոնք թագաւորին, թագուհիին, իշխաններուն, իշխանուհիներուն ներկայութեան կը կատարէին զինուորական խաղեր ու մարզանքներ, ցոյց տալով անոնց իրենց հնարքները:
Ճիշդ այդ միջոցին պալատ կը հասնի թագաւորին պզտիկ տղան. պալատականները ու հիւրերը զայն կը նկատէին, եւ չէին ենթադրեր թէ եկողը թագաւոդին փոքր տղան է. ուստի ան առանց ինքզինքը յայտնելու կը մասնակցի զինուորական խաղերուն ու մարզանքներուն: Իրականութեան մէջ քաջ մարզիկ մը ու զինուոր մըն էր միանգամայն եւ կարճ ատենէն բոլորին ալ կը յաղթէ ու կը փախցնէ:

Թագաւորը կ՛ուզէ ճանչնալ այս կտրիճ երիտասարդը ու երբ ան իր հօր կը մօտենայ, ան անմիջապէս կը ճանչնայ իր սիրելի զաւակը, կը գրկէ ու կը համբուրէ զայն: Ճիշդ այդ միջոցին կու գայ նաեւ տղուն նշանածը:

Երկու նշանածներ մանրամասնութեամբ թագաւորին կը պատմեն բոլոր պատահածները: Թագաւորը շատ կը բարկանայ ու իր մօտ կանչելով դահիճները կը հրամայէ.
-Անմիջապէս այստեղ բերէ՛ք իմ երկու զաւակներս, որոնք այնքան չարիքներ հասցուցած են իրենց փոքր եղբօր ու կախաղան բարձրացուցէք զանոնք որպէս զի ամէն մարդ տեսնէ թէ ինչպէս կը պատժուին չարերը:

Փոքր եղբայրը սակայն, որ շատ բարեսիրտ էր, կը խնդրէ, կ՛աղաչէ իր հօրմէն. որպէսզի իրենց սիրոյն այս անգամ ներէ անոնց: Թագաւորը կը հաւանի ու կը ներէ: Կ՛ամուսնացնէ իր երեք զաւակներն ալ իրենց նշանածներուն հետ, սակայն որպէս նուազագոյն պատիժ. երկու զաւակները ժառանգութենէ կը զրկէ ու կ՛որոշէ որ իր մահուընէ վերջ գահ բարձրանայ իր փոքր զաւակը:

Նկարազարդում՝ Պերճուհի Չալկճեանի

jeudi 27 juin 2019

ԾԻՏԸ «Հովհաննես Թումանյան»

Լինում է, չի լինում՝ մի ծիտ:
Մի անգամ էս ծտի ոտը փուշ է մտնում: Դես է թռչում, դեն է թռչում, տեսնում է՝ մի պառավ փետի է ման գալի, թոնիր վառի, որ հաց թխի: Ասում է.
-Նանի ջան, նանի՛, ոտիս փուշը հանի, թոնիրդ վառի, ես էլ գնամ քուջքուջ անեմ, գլուխս պահեմ:
Պառավը փուշը հանում է, թոնիրը վառում:
Ծիտը գնում է, ետ գալի, թե՝ իմ փուշը տուր ինձ:
Պառավը ասում է.
-Փուշը թոնիրն եմ գցել:
Ծիտը կանգնում է, թե՝
-Իմ փուշը տուր, թե ոչ՝ դես թռչեմ, դեն թռչեմ, լոշիկդ առնեմ, դուրս թռչեմ:
Պառավը մի լոշ է տալի: Ծիտը լոշն առնում է, թռչում:
Գնում է տեսնում՝ մի հովիվ անհաց կաթն է ուտում:
Ասում է.
-Հովիվ ախպեր, կաթն ինչո՞ւ ես անհաց ուտում: Ա՛յ լոշը, ա՛ռ, կաթի մեջ բրդի՛, կեր, ես էլ գնամ քուջքուջ անեմ, գլուխս պահեմ:
Գնում է, ետ գալի, թե՝ լոշս տուր:
Հովիվն ասում է,
-Կերա:
-Չէ՛,-ասում է- իմ լոշը տուր, թե չէ՝ դես թռչեմ, դեն թռչեմ, գառնիկդ առնեմ, դուրս թռչեմ:
Հովիվը ճարահատած մի գառն է տալի: Առնում է, թռչում:
Գնում է, տեսնում է՝ մի տեղ հարսանիք են անում, մսացու չունեն, որ մորթեն:
Ասում է.
-Ի՞նչ եք մոլորել: Ա՛յ, իմ գառն առեք, մորթեցեք, քեֆ արեք...Ես էլ գնամ քուջքուջ անեմ գլուխս պահեմ:
Գնում է, ետ գալի, թե՝ իմ գառը տվեք:
Ասում են.
-Մորթել ենք կերել, ո՞րտեղից տանք:
Սա կանգնում է, թե՝ ռէ, իմ գառը տալիս եք՝ սվեք, թե չէ՝ դես թռչեմ, դեն թռչեմ, հարսին առնեմ, դուրս թռչեմ:
Ու հարսին առնում է, թռչում:
Գնում է, գնում. գնում է, տեսնում՝ մի աշուղ մի ճամփով գնում է:
Ասում է.
-Աշուղ ախպեր, առ էս հարսին, պահի՛ քեզ մոտ: Ես էլ գնամ քուջքուջ անեմ, գլուխս պահեմ:
Գնում է, ետ գալի, աշուղի առաջը կտրում, թե՝ իմ հարսը ինձ տուր:
Աշուղն ասում է.
-Հարսը գնաց իր տուն:
Սա թե՝ չէ՛, իմ հարսը տուր, թե չէ՛, դես թռչեմ, դեն թռչեմ, սազիդ առնեմ, դուրս թռչեմ:
Աշուղը սազը տալիս է իրեն:
Սազն առնում է, ուսը գցում, թռչում, մի տեղ նստում է, սկսում է ածել ու ճտվտալով երգել:
Ծընգլը, մընգլը,
Փուշիկ տվի, լոշիկ առա,
Լոշիկ տվի, գառնիկ առա,
Գառնիկ տվի, հարսիկ առա,
Հարսիկ տվի, սազիկ առա,
Սազիկ առա, աշուղ դառա,
Ծընգլը, մընգլը,
Ծի՛վ, ծի՛վ,
Մին էլ հանկարծ սազը վեր ընկավ ջարդվեց, ծիտը թռավ գնա՛ց, հեքիաթն էլ վերջացավ:


ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ

ԲԱԽՏԱԲԵՐ ԿՂԶԻՆ

Հացագործ Դաւիթ ու ձկնորս Դաւիթ, նոյն քաղաքին մէջ կ'ապրէին: Հացագործը շատ հարուստ էր, իսկ ձկնորսը՝ չափազանց աղքատ: Խեղճը օրերէ ի վեր պարապ կը քաշէր ուռկանները:
Օր մը, ձկնորս Դաւիթ, ալ չդիմանալով անօթութեան, կ'երթայ օգնութիւն կը խնդրէ հացագործ Դաւիթէն ու կ'ըսէ.
-Ես աշխատասէր մարդ մըն եմ, բայց բախտ չունիմ:Եթէ ինծի այսօր հաց մը տաս, վաղը ձուկ որսալով կը ծախեմ ու պարտքս կը վճարեմ:
-Լա՛ւ, կը պատասխանէ հացագործը. կուտամ հաց մը, սակայն մէկ պայմանաւ: Վաղը առաջին անգամ ինչ որ որսաս ծովէն, անիկա ինծի պիտի բիրես...:
Ձկնորս Դաւիթ կը համաձայնի. սակայն յաջորդ օրը մինչեւ գիշեր բան մըն ալ չի կրնար որսալ: Ի վերջոյ, երբ մայրամուտին վերջին անգամ մըն ալ կը քաշէ ուռկանները, անոնց մէջէն կ'ելլէ սնտուկ մը, որուն վրայ անծանօթ տառերով գրութիւններ գրուած էին: Յարգելու համար իր խօսքը, սնտուկը կը տանի հացագործին: Հացագործ Դաւիթ երբ սնտուկը կը բանայ, մէջէն կ'ելլեն երկու տեսակ կտաւ ու երկու պզտիկ տուփեր: Այս փոքրիկ տուփերէն մէկուն մէջէն կ'ելլէ զմրուխտ քարով ոսկի մատանի մը, իսկ միւսին մէջէն ալ՝ երկաթէ պարզ մատանի մը:
Ոսկի մատանիին մէջի կողմը գրուած էր.
«Տիրոջը բախտ կը բերէ...»
Իսկ երկաթէ մատանիին մէջի կողմը գրուած էր.
«Խելացութիւնը ամենամեծ հարստութիւնն է...»
Հացագործ Դաւիթ ոսկի մատանին մատը կ'անցընէ, մնացեալները աղքատ ընկերոջը կը թողու: Նոյն գիշերն իսկ ճերմակ մօրուքով ծերունի մը կը տեսնուի հացագործին ու կ'ըսէ.
-Անունդ Դաւի՞թ է. զմրուխտ քարով մատանի մը ունի՞ս...:
-Այո՛, կը պատասխանէ հացագործ Դաւիթ:
Այն ատեն ծերունին կ'ըսէ.
-Ուրեմն հետս եկուր, քեզ ԲԱԽՏԱԿՂԶԻ պիտի տանիմ:
Այսպէս միասնաբար նաւակ մը կը նստին: Ծովային երկարատեւ ճամբորդութենէ մը վերջ կը հասնին հեռաւոր կղզի մը: Այնտեղ կային ոսկեզօծ պալատներ, ապարանքներ ու ծառախիտ պարտէզներ, ուր բազմաթիւ երփներանգ թըռչուններ ու կենդանիներ կ'ապրէին:

Կղզիին բնակչութիւնը երբ հեռուէն կը տեսնէ Դաւիթը, որ նաւակով մը իրենց ծանօթ ծերունիին ընկերակցութեամբ դէպի կղզի կու գայ, հաւաքուելով ծովեզերք՝ խանդավառուած միաբերան կը պոռայ.
-Կեցցէ՛ Դաւիթ... կեցցէ՛ մեր թագաւորը...:
Այսպէսով, հացագործ Դաւիթ, շնորհիւ իր զմրուխտեայ մատանիին, Բախտակղզիի թագաւորը կը դառնայ...:
Այդ օր, մինչեւ գիշեր կ'ուտեն, կը խմեն ու կը զուարճանան: Սակայն, կէս գիշերին պալատին լոյսերը յանկարծ կը մարին, երգն ու խնջոյքը կը դադրին եւ ամէն մարդ լալ ու ողբալ կը սկսի:

Մինչ այդ, հանդիսասրահին դուռը կը բացուի, եօթը հսկայ դեւեր եօթը ջահեր բռնած ներս կը խուժեն. Դաւիթ թագաւորին թեւերէն բռնելով կը տանին ընդարձակ ու մութ սրահ մը ուր մարմարէ գեղեցիկ թագուհիի մը արձանը կը գտնուէր:
Նոյն պահուն սրահին խորէն խորհրդաւոր ձայն մը կ'ըսէ.
-Դաւի՛թ...Դաւի՛թ... այսօր կեր ու խմէ՛, սակայն վաղը մի՛ մոռնար...:
Քիչ յետոյ սակայն ամէն բան իր նախկին վիճակը կ'առնէ:
Այսպէս, ամէն օր նոյն բաները կրկնուելով, տարի մը կ'անցնի: Վերջին գիշերը, երբ դեւերը կու գան ու Դաւիթ թագաւորը սրահ կը տանին, մարմարեայ արձանը յանկարծ կեանք կ'առնէ ու Դաւիթի դառնալով կ'ըսէ.
-Ոսկի մատանին քու քո՞վդ է:
-Այո՛, կը պատասխանէ Դաւիթ:
-Իսկ ո՞ւր է երկաթէ մատանին, կը հարցնէ կրկին անգամ թագուհին:
-Անիկա ձկնորս Դաւիթին քով մնաց, կ'ըսէ Դաւիթ շուարած...:
Թագուհին այս պատասխանը լսելով սաստիկ կը բարկանայ ու խելահեղ ճիչ մը արձակերով զգայազիրկ գետին կ'իյնայ: Նոյն պահուն որոտում մը կը լսուի, ամէն կողմ տակն ու վրայ կ'ըլլայ ու կղզին կը մխրճուի ծովուն մէջ:
Դաւիթ, սակայն, իր բախտաբեր մատանիին շնորհիւ կ'ազատուի: Ալիքները զինքը կը նետեն ամայի կղզի մը, ուր ուժասպառ կը փռուի ծովեզերքը:

Յաջորդ օրը այդ կողմերէն անցնող նաւու մը նաւապետը տեսնելով զինքը, կը խոստանայ թագաւորական զգեստներուն փոխարէն զայն ր երկիրը տանիլ:
Դաւիթ կը համաձայնի եւ իր երկիրը վերադառնալով մատէն կը հանէ ոսկեայ մատանին ու դարձեալ հացագործութեան կը սկսի:

Անդին, ձկնորս Դաւիթ, թէեւ երկաթէ մատանիով չէր կրցած հարստանալ, բայց եւ այնպէս, իր խելացութեան շնորհիւ անօթի ալ չէր մնացած: Երբ կ'իմանայ հացագործին Բախտակղզիէն վերադարձը, անմիջապէս զինքը տեսնելու կ'երթայ: Այս վերջինը մանրամասնօրէն ընկերոջը կը պատմէ իրեն պատահածները: Ձկնորս Դաւիթ իմաալէ վերջ այս բոլորը, կը խնդրէ ոսկի մատանին, որպէսզի անգամ մըն ալ ինք փորձէ իր բախտը:
Եւ իրապէս ալ՛ ճիշդ ու ճիշդ նոյն բաները կը պատահին իրեն ալ: Առաջին գիշերը սակայն, երբ արձաին գտնուած սրահէն նոյն խօսքերը կը լսուին, ձկնորս Դաւիթ սապէս կը պատասխանէ:
-Ես թէ՛ այսօրը կը խորհիմ եւ թէ, վաղը...:
Եւ իսկապէս, յաջորդ օրն իսկ, հացագործ Դաւիթին հանդիպած ամայի կղզին գտնելով, կը սկսի այնտեղ Բախտակղզիէն աւելի գեղեցիկ պալատներ, ապարանքներ, ճամբաեր ու պարտէզներ շինել: Աւելի վերջ Բախտակղզիի բնակիչներն ու կենդանիներն ալ կը սկսի նաւերով նոր կղզին փոխադրել:

Տարեվերջին երկու օր մնացած,պալատին մէջի մարմարեայ արձանն ալ կը փոխադրէ նոր կղզին ու զետեղել կու տայ պալատի հանդիսասրահին կեդրոնը: Իսկ վերջին օրն ալ՝ թողելով Բախտակղզին, կը փոխադրուի նոր կղզին ու կը հաստատուի իր նորակառոյց պալատին մէջ:

Կէս գիշերին նոր պալատին լոյսերն ալ յանկարծ կը մարին ու եօթը դեւերը գալով, Դաւիթը կը տանին ողջնցած թագուհիին մօտ, որ նոյն հարցումները կ'ուղղէ նաեւ Դաւիթի:
Սակայն այս անգամ թագուհին ոչ կը բարկանայ եւ ոչ ալ կը պոռայ. ամպի որոտում ու հեղեղ ալ տեղի չ'ունենար, որովհետեւ թագուհիին ուզածին պէս, ձկնորս Դաւիթ իր քով ունէր թէ՛ ոսկի եւ թէ՛ երկաթ մատանիները: Այսինքն՝ ան կրցած էր թէ՛ իր ԲԱԽՏԸ եւ թէ՛ իր ԽԵԼՔԸ միեւնոյն ատեն գործածել:

Իրականութեան մէջ, թագուհին որ տէրն էր այդ կղզիներուն եւ իրեն յարմար լաւ ամուսին մը գտնելու համար այդ հնարամտութեան դիմած էր, գոհ այդ արդիւնքէն, կ'ամուսնանայ Դաւիթին հետ:

Այսպէսով ձկնորս Դաւիթ կը դառնայ Նոր Կղզիին թագաւորը եւ իրենց հարսանեկան հադիսութիւնը օրեր կը տեւէ ու անկէ վերջ կը շարունակեն իրենց երջանիկ կեանքը:
Այսպէսով անգամ մըն ալ կը հաստատուի այն իրողութիւնը, թէ բախտը մարդուս միշտ երջանկութիւն չի բերեր ու խիլացի մարդն է որ իրեն ներկայացած բախտաբեր առիթները լաւագոյն կերպով կ'օգտագործէ ու կ'երջանկանայ:

ՎԵՐՋ
Նկարազարդում՝ Պերճուհի Չալկճեանի
 
 

mercredi 26 juin 2019

ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ ❤️💙💛 ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴԻԿ

Մեր շէնքին մէջ մանկապարտէզը յիշեցնող միակ նշանը՝ մեզմէ ոմանց տրուած կարմիր գոգնոցներն էին, որ կը կրէինք հագուստի փոխարէն, ուղղակի ճերմակեղէնի վրայ: Կօշիկ չունէինք, գուլպայ ու գլխարկ չունէինք: Մեր միակ ունեցածը՝ թիթեղեայ գաւաթ մըն էր եւ պղնձեայ դգալ մը:
Ամէն առտու թէյ կը բաժնուէր: Շարքով կը տողանցէինք կաթսային առջեւէն, ու խոհարար մայրիկը թէյ կը լեցնէր շերեփով: Քովը ուրիշ մայրիկ մը կը բաժնէր հացը: Առաջին շարքը բախտաւոր էր. մինչեւ որ կարգը հասնէր ետեւիններուն, թէյը պաղած կ՛ըլլաէ: Մեծ հոգ մը չէր սակայն թէյին պաղութիւնը, կարեւորը՝ թէյին կաթսային քով դրուած զամբիւղներն էին, որոնց սեւեռած կը մնային մեր աչքերը:
Կային ճարպիկներ, որոնք կը յաջողէին երկու-երեք հացի տիրանալ: Միջոցը հետեւեալն էր. թէյն ու հացը առնելէ ետք կրկին կը սպրդէին չառնողներուն շարքերէն ներս ու սրբուած, չոր գաւաթը ձեռքերնին՝ կ՛անցնէին շերեփին առջեւէն: Հսկիչները տեղեակ էին այս խորամանկութեան ու այդպիսիները հեռացնել կը ջանային՝ աչքերնին տասը բացած եւ գաւազանները ճօճելով: Հակառակ խիստ հսկողութեան՝ միշտ կային փորձողներ եւ յաջողութիւն գտնողներ:

Ես եւս փորձուեցայ օր մը: Թէյս խմած էի ու հացիս կէսը կերած: Միւս կէսը ամուր կապած էի գոգնոցիս տակ, կուրծքիս վրայ: Նկատեցի, որ շարքին պոչը կը պզտիկնար, եւ հսկիչը մէջտեղը չէր: Կամացուկ մը մօտեցայ ու տեղ գրաւեցի ամէնէն ետեւը: Առջեւս կեցող տղան սկսաւ ծաղրել ու սպառնալ:
-Մայրիկին պիտի ըսեմ: Դուն անգամ մը առիր:
-Չառի, հոս չէի:
-Առիր, պիտի ըսեմ:
Ինձմէ պզտիկ էր, կրնայի ծեծել, բայց վտանգ կար, որ մայրիկներէն մէկը կամ հսիչը իմանար: Խոստացայ կէսը իրեն տալ. լռեց, նոյնիսկ իր տեղը ինծի տուաւ:
Ամէն ինչ յաջող անցաւ: Միայն թէ... ձեռքս կը դողար, երբ գաւաթը շերեփին երկարեցի:
-Կոտրելի՛ք, շիտա՛կ բռնէ,- յանդիմանեց մայրիկը:

Հացին տիրանալէ ետք մերժեցի յարգել խոստումս: Միւսը քայլ առ քայլ կը հետեւէր ինծի ու կը պահանջէր կէսը, այլապէս կը սպառնար մատնել հսկիչին:
Լման հաց մը ձեռքը՝ կը պահանջէր իմինիս կէսն ալ:
-Տո՛ւր, թէ ոչ հսկիչին կ՛երթամ:
Տա՞լ, թէ՞ չտալ: Մէջս փափաք մը կար հարուած մը տալու եւ քիթն ու բերանը իրար խառնելու: Կը մտածէի նաեւ հացը արագ-արագ ուտելու մասին: Այս մտածումներուն մէջ էի, ուրկէ-ուր մէջ ինկաւ Չեչոտ Կարպիսը, որմէ կը վախնար ամբողջ մանկապարտէզը: Ան մէկ նայուածքով հասկցաւ ամէն ինչ եւ բռնեց իմ կողմս: Երկու ձեռքով ճանկեց տղուն ականջները:
-Հսկիչին կ՛երթաս, հա՞: Մատնութիւն կ՛ընես, հա՞: Հացին կէսը կ՛ուզես հա՞:
Ամէն «հա՞» ըսելուն՝ աւելի կը ճմլէր տղուն ականջները ու կը ցնցէր անոր գլուխը: Ապա կից մը տուաւ ու անհետացուց զայն բակին խորերը:

Ու դարձաւ իմ կողմս.
-Կէսը ինծի՛ տուր:
Անակնկալ էր հարուածը: Գունատեցայ, հացը աւելի սեղմեցի ձեռքերուս մէջ ու քայլ մը ետ գացի:
-Տո՛ւր կէսը, այլապէս կը զղջաս. ամբողջը կուտաս:
Չտուի:
-Պիտի զղջաս,- մռլտաց ակռաներուն տակէն ու խոյացաւ վրաս:
Այնքան արագ էր յարձակումը, որ ժամանակ չունեցայ հացս գոգնոցիս տակ տեղաւորելու ու հացին հետ ինկայ գետին: Կարպիս նստաւ կուրծքիս վրայ: Ճիգով մը յաջողեցայ ազատիլ՝ խածնելով մատը: Սուր ճիչ մը արձակեց, բայց անմիջապէս յետոյ սկսաւ կատաղօրէն հարուածել: Զիրար գրկած՝ կը տապլտկէինք քարերուն վրայ: Դարձեալ անշարժացուց զիս եւ առաւ տակը: Նորէն յաջողեցայ խածնել ու այն պահուն, երբ կը ջանար մարմինը տեղափոխել ծունկիս վրայէն, ոտքի ուժեղ հարուած մը հասցուցի փորին: Կարպիս երկու ափերով բռնեց փորը ու նստաւ գետին: Իմ գանկս կ՛արիւնէր, նաեւ բերնիս մէկ կողմը: Սուր ցաւ մը կար ականջիս ետեւը, ուր մխրճուած էին եղունգները:

Բազմութիւն մը հաւաքուած էր մեր շուրջը: Ատեն մը ետք Կարպիս գտաւ ինքզինք, բայց նոր յարձակում չփորձեց այլեւս: Կռիւին արդիւնքէն դժգոհ չէի: Հակառակ կերած ծեծիս՝ կրցած էի չափուիլ մանկապարտէզի բռնակալին հետ: Հիացումի նայուածքներ կային շուրջս:
Յաղթանակի հրճուանքը կարճ տեւեց, սակայն, կռիւի ընթացքին կորսոած էր հացը: Գոգնոցիս տակէն ինկած էր նաեւ ի՛մ բաժինս:


ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ


 Մանկութիւն Մը՝ Առանց Մանկութեան

Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը ինքնակենսագրական վէպ մըն է եւ Ծառուկեանի ամենայայտնի գործը: Գիրքը կը բաղկանայ իրարու թեթեւօրէն կապուած պատմուածքներէ, ուր հեղինակը կը պատմէ իր որբանոցի կեանքը: Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը Սփի
ւռքահայ գրականութեան ամենածանօթ գիրքերէն է, եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութիւններու, թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ թէ՛ ալ Հայաստանի մէջ: Հետաքրքրական է թէ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ծառուկեան կ’ըսէ թէ Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկը իր նախասիրած գիրքն է:

Թէեւ գիրքի բոլոր պատմուածքները շատ հետաքրքրական են եւ տպաւորիչ, «Կաղանդ» խորագիրը կրող պատմուածքը յատկապէս խօսած է իմ սրտիս: Խօսած է իմ սրտիս, որովհետեւ մի քանի էջերու մէջ եւ մէկ դէպքի մասին նկարագրումը՝ ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէ: Հարազատօրէն ընթերցողին կ՛արտայայտէ որբի մը դժուարութիւններն ու զուարճութիւնները, մտահոգութիւններն եւ նեղութիւնները, ուրախ եւ տխուր դէպքերը: Կ՛արտայայտէ որբերու պարզութիւնն ու չքաւորութիւնը: Բայց ամենէն կարեւորը, պատմուածքը եւ գիրքը ընդհանրապէս մեզ կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն վերապրած ու որբացած սերունդի մը ապրած կեանքը եւ անոր հետեւանքով՝ ապրելու եւ Հայ ապրելու ձգտումը:

Այսօր, այդ օրերէն գրեթէ հարիւր տարիներ անցած է, որ համաշխարհային պատմութեան համար թերեւս ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Մտաբերելով Հայ որբերու առօրեան, կ՛ուզեմ բաղդատական մը ընել մերօրեայ կեանքին: Որքան բախտաւոր ենք որ այս օրերուն, սփիւռքի բոլոր գաղութներու մէջ, հաստատուած են վարժարաններ, Հայ Կեդրոններ, եկեղեցիներ, իրենց լաւագոյն յարմարութիւններով, որպէսզի հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը հանդարտ ու անվտանգ միջավայրի մէջ կարենանք սորվիլ եւ սորվեցնել մեր գալիք սերունդներուն: Այսօր մենք կ՛ապրինք առատութեան եւ ճոխութեան մէջ, ու օրինակ առնելով մեր նախահայրերու ահաւոր կեանքէն, պէտք է բարձր գնահատենք մեր հանգիստ կեանքը: Եթէ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կրցան պահել իրենց ինքնութիւնն ու մայր լեզուն, մենք պատճառ չունինք կորսնցնելու զայն ու ճերմակ ջարդի զոհ երթալու մեր հանգիստ պայմաններու մէջ:
Ռուբէն Ճանպազեան
https://hairenikweekly.com/2015/03/19/21269


ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ

ՈՍԿԻ ԻԼԻԿԸ

Կար ու չկար, ժամանակին կին մը կար: Այդ կինը երկու աղջիկ ունէր. մէկը՝ գեղեցիկ, բայց ծոյլ, իսկ միւսը՝ տգեղ, բայց աշխատասէր: Մայրը գեղեցիկ աղջիկը շատ կը սիրէր: Տգեղ աղջկան միշտ բուրդ մանել կու տար: Անգամ մը, երբ տգեղ աղջիկը ջրհորին գլուխը նստած բուրդ կը մանէր, իլիկը յանկարծ ջրհորին մէջ կ'իյնայ: Խեղճ աղջիկը լալով տուն կը վերադառնայ ու կը պատմէ պատահածը: Այն ատեն մայրը կ'ըսէ.
-Թող ուշադրութիւն ընէիր: Եթէ այս գիշեր առանց իլիկի տուն գաս, քեզ ներս չեմ առներ:
Խեղճ աղջիկը չէր գիտեր, թէ ի՛նչ ընէր: Կ'երթայ ջրհորին մօտ, կը կախուի մէջը, տեսնելու համար թէ իլիկը հո՞ն է: Սակայն, գլուխը դառնալով՝ կ'իյնայ մէջը:

Երբ ուշքի գալով աչքերը կը բանայ, ինքզինք կը գտնէ գեղեցիկ մարգագետնի մը վրայ: Չորս կողմը կանանչութիւն, ծառեր, ծաղիկեր ու ծառերուն վրայ դայլայլող բազմաթիւ թռչուններ:
Աղջիկը երբ ուրախ զուարթ կը քալէր մարգագետնին վրայ, յանկարծ կը տեսնէ փուռ մը որուն մէջ կային շատ մը հացեր: Փուռին մէջէն հացերը կը պոռային.
-Այրեցա՛նք, այրեցա՛նք...աշխատասէր աղջիկ մեզ փուռէն դուրս հանէ...:
Աղջիկը անմիջապէս կ'երթայ փուռին քով ու հացերը դուրս հանելով իրարու քով կը շարէ:

Բաւական երկար երթալէ վերջ կը տեսնէ խնձորենի մը, որուն ճիւղերը պտուղներու առատութենէն գրեթէ գետին դպած էին:
-Մեռա՛յ, մեռա՛յ... կը պոռար ծառը, պտուղներս շատ ծանր են, քաղէ զանոնք եւ ազատէ զիս...
Աղջիկը կը մօտենայ ծառին, կը քաղէ բոլոր խնձորները ու կը լեցնէ զանոնք սակառներու մէջ:
.Բաւական երթալէ վերջ կը տեսնէ փոքրիկ տնակ մը, որուն մէջ կը բնակէր ծեր ու հիւանդ կին մը: Ծեր կինը տեսնելով աղջիկը կ'ըսէ.

-Բարի՛ եկար, աղջիկս, ես ո՛չ զաւակ ունիմ, ո՛չ ալ զիս խնամող մը. մինչեւ որ աղէկնամ, այստեղ մնացիր ու խնամէ զիս: Աղջիկը կը մնայ հիւանդ կնոջ մօտ. կ'եփէ անոր կերակուրները, կուտայ անոր դեղերը եւ ամէն կերպով կը հոգայ զայն: Երբ ծերունի կինը կատարելապէս կ'առողջանայ կ'ուզէ իր կորսուած իլիկը գտնել ու տուն վերադառնալ:
-Շատ լաւ, կը պատասխանէ ծերուկ կինը. քանի որ տուն վերադառնալ կ'ուզես, եկուր նախ միասին իլիկդ փնտռենք ու գտնենք:
Երբ միասին բաւական կ'երթան, իրենց դէմ կ'ելլէ գոց դուռ մը: Ծերուկ կինը կ'ըսէ.
-Բախտի դռնակ, շուտ բացուէ, սա աղջիկը գեղեցկացուր ու մազերը ոսկի դարձուր: Այս աղջիկը շատ աշխատասէր է, անոր իլիկն ալ ոսկի դարձուր...
Անմիջապէս դուռը կը բացուի եւ երկուքն ալ ներս կը մտնեն: Այդ պահուն կը սկսի ոսկի անձրեւ տեղալ աղջկան վրայ ու քիչ վերջ աղջկան մազերը ոսկիի կը վերածուին եւ ինքն ալ գեղեցկանալով շնորհալի երիտասարդուհի մը կը դառնայ: Ծերուկ կինը կուտայ ոսկիէ իլիկը ու կ'ըսէ:
-Քանի որ, դուն զիս խնամեցիր, ահա՛ աշխատութեանդ վարձքը:
Այս խօսքերը ըսելէ վերջ ծերունի կինը յանկարծ կը կորսուի ու աղջիկը ինքզինք կը գտնէ իրենց տան մէջ:

Ոսկեմազիկը անմիջապէս կ'երթայ մօրն ու քրոջ քովը, որոնք շատ կարօտցած էր: Անոնք ուրախութեամբ ու սիրով կ'ընդունին զինքը, որովհետեւ միասին ոսկի բերած էր:
Ոսկեմազիկը կը պատմէ իրեն պատահածները: Ասոնք իմանալով, մայրը կ'ուզէ որ իր սիրելի աղջիկն ալ ոսկի մազեր ունենայ ու զայն կը ղրկէ ջրհորին մօտ: Աղջիկը այնտեղ դիտմամբ հորը կը ձգէ իր իլիկը ու քիչ վերջ ինքզինք ալ կը նետէ հորին մէջ:

Իրաւ ալ, երբ ուշքի կուգայ, ինքզինք կը գտնէ գեղեցիկ մարգագետնի վրայ. հեռուէն կ'իմանայ եփած հացերուն աղաղակը, որոնք օգնութիւն կը կանչէին: Ծոյլ աղջիկը սակայն կարեւորութիւն չի տար ու կ'ըսէ.
-Իմ ինչո՛ւս պէտք, ինչ կ'ուզէք եղէք, այրեցէ՛ք, մրկեցէք: Ձեզի համար ձեռքերս չեմ կրնար աղտոտել:
Քիչ վերջ կը հասնի խնձորենիին մօտ, սակայն անոր աղաչանքներուն ալ կարեւորութիւն չի տար ու կ'անցնի կ'երթայ:
Ի վերջոյ կը հասնի պառաւին տունը. առաջին քանի մը օրերը սիրով կը ծառայէ պառաւին, սակայն հետզհետէ ծուլանալով ոչ մէկ խնամք կը տանի անոր: Պառաւը սակայն ձանձրանալով ծոյլ աղջիկէն ,հիւանդ հիւանդ կ'ելլէ անկողինէն ու զինքը տանելով դրան մօտ ,կ'ըսէ.
-Բախտի դռնակ, շո՛ւտ բացուէ ու սա ծոյլ աղջիկը լաւ մը պատժէ:
Եւ իսկապէս ալ երբ միասին ներս կը մտնեն բախտի դռնէն, ծոյլ աղջիկը կը վերածուի տգեղ ու սեւերես աղջկան մը ու վերադարձին մայրը ի՛նչքան ալ կը լուայ զինքը, իր տգեղութիւնն ու սեւութիւնը չեն երթար:
Այսպէսով կը վարձատրուի աշխատասէր աղջիկը ու կը պատժուի ծոյլ աղջիկը:


ՎԵՐՋ
 Նկարազարդում՝ 
Պերճուհի Չալկճեանի

lundi 24 juin 2019

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ ընթերցարան

ԹՌՉՈՒՆԻՆ ԲՈՅՆԸ

Աւգուստ, իմ դպրոցական ընկերս էր, նաեւ խաղի ընկերս: Հազիւ տասնըչորս տարեկան կար, եւ իր բարիքէն աւելի ուրիշներուն բարիքը կը մտածէր:
Դասարանին ամէնէն ընդունակ աշակերտն էր թերեւս. բայց միշտ վերջինն էր որ գովեստի մը համար կը յիշատակուէր:
Ընկերակիցներէն ո՛չ մէկը իր ծնողքէն այնչափ առատօրէն դրամ եւ հագուստ չէր ստանար: եւ սակայն, ամէնէն աւելի կը նեղուէր դրամի եւ հագուստի համար: Իր ժամանակը, ստացած նուէրները, իր խնայած դրամը, բոլորը՝ ուրիշներուն կը պարգեւէր: Անգամ մը մեր ընկերներէն մէկուն հանդիպեցաւ որ ծառէ մը թռչունի բոյն մը վար առած էր:
-Ինծի տո՛ւր բոյնը, գոչեց Աւգուստ:
-Չեմ տար, ըսաւ տղան:
-Սա ստակը կուտամ քեզի:
-Ո՛չ, վար առնելու համար շատ նեղութիւն քաշեցի:
Աւգուստի ամբողջ հարստութիւնը այդ ստակն էր՝ զոր տղուն տալ կ՛ուզէր:
-Կ՛ուզե՞ս նոր գլխարկս տամ փոխարէնը, հարցուց Աւգուստ նորէն: Ա՜խ, չ՜է...յարեց մտաբերելով որ գլխաբաց շրջող աղքատ տղու մը տուած էր գլխարկը:
Խեղճ տղան չէր գիտեր թէ դեռ ի՛նչ տար. բոյնը, սիրտը կը ճնշէր:
-Բոյնը քեզի կու տամ, բայց դուն ալ փողկապիդ զարդասեղը տուր ինծի, ըսաւ ընչաքաղց տղան:
Աւգուստ կը վարանէր: Արժէքաւոր ադամանդ մըն էր: Ասոր համար չէր որ կը վարանէր Աւգուստ, բայց այդ ասեղը մօրմէն նուէր ստացած էր. իր մօրմէն: Եւ սակայն սա խե՜ղճ թռչնիկները:
-Ա՛ռ, ըսաւ ան, ահա՛, գնդասեղս, տո՛ւր թռչունները:
Տղուն ուզածն ալ ատ էր, բոյնը տուաւ, գնդասեղը առաւ, կ՛ուզէր հեռանալ:
-Ինծի նայէ՛, գոչեց Աւգուստ, ինծի ցուցուր բոյնին տեղը, նորէն հոն դնել կ՛ուզեմ զայն:
Միւսը՝ ծառին վրայ բոյնին տեղը ցուցուց իրեն: Աւգուստ վեր մագլցեցաւ եւ ցոյց տրուած ծակին մէջ հաստատեց բոյնը. կ՛ուզէր վար իջնել, յանկարծ ինկաւ եւ աջ թեւը կոտրեցաւ:
Երբոր կապեցին կոտրած թեւը, խնդրեց ինձմէ երթալ տեսնել թէ թռչուններուն ծնողքը նորէն իրենց բոյնը եկա՞ծ էին:
Թռչունները եկած էին: Իմացուցի Աւգուստին որուն զգացած ուրախութիւնը աւելի մեծ եղաւ՝ քան թեւին պատճառած ցաւը:

❤️💙💛 Ամէն բարիքի հիմը զոհողութիւն մը պէտք է ըլլայ: Բայց պէտք չէ բարերարել այնպէս որ բարերարուողը կարծէ թէ կը նեղուիք. պէտք է անանկ ցոյց տաք թէ  հաճոյքով կ՛ընէք բարիքը: Այն որ բարիք մը կը գործէ, պէտք չէ որ յիշէ. յիշելու պարտքը բարերարուողինն է: Պէտք է բարիքը գործել մի միայն բարիքի համար, առանց անձնական նկատումներու: Տալ, տալ նոյն իսկ առատօրէն, բուն բարիքը չէ. պահանջած զոհողութիւնը եւ այն նպատակը որուն պիտի յատկացուի՝ կը կազմեն բարիքին բարոյական արժէքը:

Հայկական Լավաշը

 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԱՎԱՇԸ 

Բուրավետ, ախորժաբեր Լավաշը հայոց հացերի արքան է, Հայաստան աշխարհի սրբազան արարչագործությունը: Նրա քաղցրությունը պայմանավորված է դարեր շարունակ այս քարքարոտ հողից դժվարությամբ հաց քամելու արդար վաստակով, ինչպես ասում են` քարից հաց քամելով:
Հազարամյակներ շարունակ լավաշը ոչ միայն զբաղեցրել է ամենաբարձր տեղը հայկական խոհանոցում, այլեւ ձեռք է բերել սրբազան իմաստ՝ խորհրդանշելով կյանքն ու իմաստությունը...
Ըստ հայ դիցաբանության` հայոց ռազմի աստված Վահագնի և գեղեցկության աստվածուհի Աստղիկի հարսնիքին աստվածների հայր Արամազդը Աստղիկի ուսին լավաշ է դնում, որպես հաջողության ու երջանկության խորհրդանիշ:
Փեսա Վահագնի տուն գնալու ճանապարհին լավաշը ընկնում է հարս Աստղիկի ուսից: Նա այնքան տարված էր իր ամուսնության հեռանկարով, որ անգամ չէր էլ նկատել, թե ինչպես է ընկել լավաշը: Իսկ Արամազդն էլ զայրանում է ու ասում. «Հացը գետին ձգողը չի կարող կին ու մայր դառնալ»:
Այսպես Վահագնն ու Աստղիկը երբէք չեն կարողանում ամուսնանալ և մնում են հավերժական սիրահարներ:
Եվ մինչ այսօր, հարսնիքի ժամանակ, հայ հարսները զգույշ են քայլում, որպեսզի լավաշն իրենց ուսից չընկնի և չունենան Աստղիկի տխուր ճակատագիրը:










 Հայկական ամենա համեղ բրդուջը.

dimanche 23 juin 2019

ՄԻ ԿԱԹԻԼ ՄԵՂՐԸ

ՄԻ ԿԱԹԻԼ ՄԵՂՐԸ

Մի գիւղացի իրենց գիւղում
Խանութ սարքել, բան էր ծախում.
Օրուան մի օր, մօտիկ գիւղից,
Մահակն ուսին, շունն ետեւից
Ներս է մտնում մի զըռ չօպան.
- Բարի օր քեզ, ա՛յ խանութպան,
Մեղր չունե՞ս,
Մի քիչ տաս մեզ:
- Ունե՛մ, ունե՛մ, չօպան ախպէր.
Ամանդ ո՞ւր է, ամանըդ բեր,
Ինչ տեղից որ ինքդ կ՛ուզես,
Էս սըհաթին քաշեմ տամ քեզ:
Էսպէս հանգիստ, էսպէս սիրով,
Մեղրից անոյշ, լաւ խօսքերով
Մեղր են քաշում. մին էլ յանկարծ
Մի կաթիլ մեղր ծորում է ցած:
- Տը՜զզ, էն կողմից մի ճանճ գալի,
Էս կաթիլին վեր է գալի:
Ճանճի վրայ, թաքուն-թաքուն,
Էս խանութի տիրոջ կատուն
Դուրս է ցատկում,
Թաթով զարկում...
Բայց հենց կատուի ցատկելուն հետ
Հովուի շունը իսկոյն եւ եթ
Հաֆ է անում,
Վեր է կենում,
Խեղճ փիսիկին
Դընում տակին,
Ձեռաց խեղդում
Ու շըպըրտում:
- Խեղդե՜ց, խեղդե՜ց, վա՜յ, իմ կատուն,
Այ սատկես դու, շան որդու շուն,
Բարկանում է խանութպանը
Ու ձեռն ընկած մօտիկ բանը
Տուր թէ կը տաս շան ճակատին,
Շուռ է տալի կատուի կողքին:
- Վա՜յ, ձեզ մատա՜ղ, ասլան շունս,
Իմ ապրո՜ւստս, տե՜ղս, տո՜ւնս...
Տունդ քանդուի, ա՛յ խանութպան,
Անխի՛ղճ, լիրբ, չա՛ր, ֆըլան-ֆստան,
Ո՞նց թէ դու իմ շանը զարկե՜ս,
Տէ՛, զարկելը հիմի դու տես...
Գոռում է մեր աժդահակը,
Մեծագլուխ իր մահակը
Ետ է տանում ու ցած բերում,
Խանութպանին շէմքին փռում:
- Սպանեցի՜ն... հա՜յ, օգնութի՜ւն...
Ու թաղից թաղ, ու տնից տուն
Ձէն է տալի մէկը միւսին.
- Հա՜յ, օգնութի՜ւն... սպանեցի՜ն...
Վերի թաղից, ներքի թաղից,
Ճամբի վրից, գործի տեղից,
Ճիչով, լալով,
Հարայ տալով-
Էլ հէրն ու մէր,
Քիր ու ախպէր,
Կին, երեխէք,
Ընկեր տըղէք,
Զոքանչ, աներ,
Քաւոր, սանհէր,
Ինչ իմանաս է՝լ ով է սա,
Գալիս են ու անվերջ գալիս,
Ով գալիս է՝ տուր թէ տալիս.
- Տօ՛, կոպիտ արջ, տօ՛, վայրենի,
Էս տեսակ էլ բա՞ն կը լինի,
Դու առուտուր եկար անես,
Թէ՞ իմ շէմքում մարդ ըսպանես.
Մին ասում են - տասը զարկում
Աղցան անում, մէջտեղ ձգում,
Իր շան կողքին երկար ու մէկ:
- Տէ՛, ձեր մեռելն եկէք տարէք:
Ու էստեղից բօթը գնում,
Գընում մօտիկ գիւղն է հասնում.
- Հէ՜յ, օգնեցէ՜ք,
Մեռած հօ չէ՞ք,
Սպանեցին մեր գիւղացուն...
Ինչպէս շընաճանճի մի բուն
Քանդես, թողնես,
Էս ճանճի պէս
Ամբողջ գիւղով օրտու կապում,
«Բուհ» են անում, դուրս են թափւում՝
Ամէն մինը առած մի բան.
Որը ձեռին մի հրացան,
Որը եղան, ցաքատ կամ սուր,
Որը թի, բահ, որը շամփուր,
Որը կացնով, որը փէտով,
Որը ձիով, որը ոտով,
Որն անգըտակ, որը բոպիկ-
Դէպի տուշման գիւղը մօտիկ:
- Տօ, էսպէս էլ անիրաւ գի՜ւղ.
Ոչ խիղճ ունեն, ոչ ահ-երկիւղ.
Մարդ գընում է առուտուրի,
Հաւաքւում են՝ քաշում սըրի:
Թո՜ւ ձեր գեղին, միջի մարդին,
Ձեր նամուսին, ձեր ատաթին...
Գնա՜նք, զարկե՜նք,
Ջարդե՜նք, կրակե՜նք...
- Հա՜յ, հո՜ւյ, առա՜ջ, տէ՛, ձեզ տեսնե՜մ...
Ու դուրս եկան իրարու դէմ:
Հա՛ զարկեցին ու զարկեցին,
Կոտորեցին, կրակեցին,
Ինչքան աւել կոտորեցին,
Էնքան աւել կատաղեցին,
Ջարդեցին իրար,
Ջնջեցին իրար,
Կորան, գնացին
Գետնին հաւասար:
Դու մի ասիլ, մէկը մէկից
Էսքան մօտիկ, սահմանակից
Էս գիւղերը հարկ են տալի
Ամէն մինը մի արքայի:
Մի տէրութեան թագաւորը,
Երբ լսում է էս բոլորը,
Արձակում է հրովարտակ.
- Յայտնի լինի մեր տէրութեան,
Զինուոր, բանուոր, ազնըւական
Ամէն շարքին
Ու աշխարհքին,
Ու անօրէն ու դաւաճան
Մեր դրացի ազգը դաժան,
Երբ մենք քնած էինք սիրով,
Մեր սահմանը մտաւ զօռով,
Ու կոտորեց սուրը ձեռին
Մեր սիրելի զաւակներին:
Արդ, սըրահար ու հրակէզ
Մեր որդիքը կանչում են մեզ,
Եւ մենք ընդդէմ մեր իսկ կամքին,
Պատուէր տուինք մեր բանակին,
Թընդանօթով մեր աւերող
Ու Աստուծով մեծակարող,
Յանուն արդար ու սուրբ ոխի
Մըտնի հողը մեր ոսոխի:
Միւսը նոյնպէս իրեն հերթին
Գըրեց զօրքին, ժողովուրդին.
Մարդկանց առաջ եւ Աստըծու,
Բողոքում ենք մեր դրացու
Վարմունքի դէմ ե՛ւ չար, ե՛ւ նենգ,
Որ ոտքելով ամէն օրէնք,
Բորբոքում է կռիւ ու վէճ
Հին հարեւան ազգերի մէջ,
Քանդում սիրոյ դաշտը կապած.
Արդ՝ ակամայ, մենք ըստիպուած,
Յանուն պատուի, արդարութեան,
Յանուն թափուած անմեղ արեան,
Յանուն ազատ մեր աշխարհքի,
Յանուն Աստծու եւ իր փառքի-
Բարձրացնում ենք մեր ձայնն ահա
Ու մեր սուրը նորա վըրայ:
Ու սկսուեց կռիւն ահեղ.
Շռինդ, որոտ էստեղ, էնտեղ,
Կըրակն ընկաւ շէն ու քաղաք,
Արիւն, աւեր, ճիչ, աղաղակ,
Ամէն կողմից սարսափ ու բօթ,
Ամէն կողմից մեռելի հոտ...
Ամառ, ձմեռ,
Ողջ տարիներ
Մըշակն անբան,
Դաշտերն անցան.
Ու, կըռիւը չըդադարած,
Սովը եկաւ համատարած:
Սովը եկաւ, սովի հետ ցաւ,
Ծաղկած երկիրն ամայացաւ...
Իս մնացած մարդիկ իրար
Հարցնում էին սարսափահար,
Թէ որտեղի՞ց արդեօք ծագեց
Էս ընդհանուր աղէտը մեծ:

Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը
Յովհաննէս Թումանեան
 
 

samedi 22 juin 2019

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ ընթերցարան

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

Շատ տարիներ առաջ, օր մը Վաղարշապատ քաղաքի ժողովուրդը իրար անցած էր: Ան կը դիմաւորէր Մեսրոպ Մաշտոցը, որ քանի մը տարի առաջ գացած էր օտար երկիրներ եւ մեծ աշխատանք կատարած էր, որպէսզի ստեղծէր հայերէն գիրերը: Եւ ահա յաղթանակով կը վերադառնար ան:

Բազմութիւնը Մեսրոպը կը դիմաւորէր քաղաքին գլխաւոր դարպասին մօտ, կը ծափահարէր ու կ՛ողջունէր զայն: Բոլորը ուրախ էին եւ հպարտ: Չէ՞ որ հա
յերէն գիրերը արդէն ստեղծուած էին, ու ամնէքը պիտի կարենային այդ գիրերով գրել ու կարդալ:

Հայրենիք վերադառնալէ վերջ Մեսրոպ գործի կ՛անցնի: Ան կը հաւաքէ աշակերտներ եւ կը սկսի անոնց հայերէն գիրերը սորվեցնել: Աշակերտները մեծ սիրով կը սորվէին: Եւ ահա կը հասնի այն ուրախալի օրը, երբ աշակերտնհերը առաջին անգամ կը գրեն էջ մը՝ հայերէն լեզուով եւ հայերէն տառերով: Բոլորը հիացած էին: Ինքզինքը շատ երջանիկ կը զգար Մեսրոպ Մաշտոց:

Անիկա այդ գիշեր չքնացաւ: Լուսաբացին դուռը կամաց մը բացուեցաւ, եւ քարէ աստիճաններուն վրայ երեւցաւ իր աշակերտներէն մէկը՝ Կորիւնը:

- Ի'նչ կ՛ուզես այս ժամուն,- հարցուց Մեսրոպ:

Պատանին պատասխանելու փոխարէն պաղ քարերուն վրայ ծունկի իջաւ, համբուրեց ուսուցիչին փէշը եւ շշնջեց.

- Իմ թանկագի՛ն ուսուցիչս, անմա՜հ է քու գործդ...

 ՀՕՐ ՄԸ ԽՐԱՏՆԵՐԸ

Հայր մը մահուան սեմին, իր քով կանչելով զաւակները, ուզեց անոնց կեանքի մասին խրատներ տալ.

«Տղաքս» ըսաւ, «սիրեցէք զիրար, իրարու հետ միշտ հաշտ ու համերաշխ ապրեցէք, մտիկ ըրէք մեծերուն խրատները, օգտուեցէք անոնց փորձառութիւններէն, այս ձեւով կրնաք յաղթել կեանքի դժուարութիւնները եւ կուրծք կը դնէք վշտերուն հանդէպ»

«Յարգեցէք տարեցները, թշուառներուն եւ որբերուն օգնութեան հասէք, առատաձեռն եղէք անոնց դէմ, նեցուկ կանգնեցէք չքաւորներուն ու դժբախտներուն»:

«Խուսափեցէք սնափառութենէ, ագահ ու կծծի մի ըլլաք, չի ճնշէ բարկութիւնը ձեր նուրբ զգացումներուն, որ կորուստի կը մատնէ ձեզ»

«Աշխատեցէք, շարունակ աշխատեցէք, որովհետեւ աշխատութիւնը, ազնուութիւն եւ ազատութիւն կը պարգեւէ մարդուն, երբէք մի վարժուիք ծուլութեան, ան ձեզի մոլութիւններու եւ թշուառութեան գերի կը դարձնէ»:

«Սիրելի զաւակներս, ձեզմէ բաժնուելէս յետոյ, շատ աւելի գուրգուրացէք ձեր մօր վրայ. հոգացէք անոր պէտքերուն, երբեք մի մոռնաք թէ ան ձեզի կեանք տուած, ձեզ մեծցուցած, ձեր վրայ հոգ տարած, ձեզ համար եւ ձեզ հետ վիշտեր ու ուրախութիւններ ապրած է:»

«Երկրին կառավարական օրէնքները յարգեցէք, կարգի եւ կանոնի պատուիրաններուն հնազանդեցէք:»

« Մի մոռնաք նաեւ սա խօսքերս, այն անձը որ իրեն չի պատկանողին տէր կը դառնայ, գող մըն է:Իրեն հանդէպ գործուած բարիքները ուրացողը ապերախտ մը, եւ ծնողքին նեցուկ ու պաշտպան չի դարձողը անպատիւ մըն է. հեռացէք այսպիսիներէ:»

«Սխալները չ'ընդունելով միշտ իրաւունք պնդողը համառ ու անմիտ է, խուսափեցէք անկէ: Ազգն ու հայրենիքը ուրացողը դրուժան կը դառնայ, երբէք մի նմանիք անոնց:»
«Տղաքս, մահուընէս յետոյ, ջանացէք մխիթարել ձեր մայրը, վստահ եղէք որ, ես կատարեալ կերպով ձեզ հասցուցի եւ ձեր ամէն մէկը շատ սիրեցի:»

 ՇՈՒՆԸ  ԻՆՉՈ՞Ւ  ԸՆԿԵՐ  ԵՂԱՒ  ՄԱՐԴՈՒՆ

Շատ ու շատ տարիներ առաջ, շունը մինակ կ՛ապրէր անտառին մէջ: Օր մըն ալ ձանձրացաւ առանձնութենէն եւ որոշեց ընկեր մը գտնել: Այնպիսի ընկեր մը որ աշխարհի ամէնէն անվախը ըլլայ:

Նախ գնաց գայլին մօտ ու ըսաւ.
-Գայլ եղբայր, եկո՛ւր իրարու հետ ընկեր ըլլանք:
-Ըլլանք, պատասխանեց գայլը:
Եւ սկսան միասին ապրիլ: Գիշեր մը շունը աղմուկ լսեց եւ սկսաւ հաջել:
-Շո՛ւն եղբայր, ձայնդ կտրէ՛, թէ ոչ արջը կը լսէ եւ կու գայ, կ՛ու տէ մեզ, ըսաւ գայլը մեղմ ձայնով:
Ուրեմն գայլը ամէնէն անվախը չէ, մտածեց շունը:
Գնաց արջին մօտ ու ըսաւ.
-Արջ եղբայր, եկո՛ւր իրարու հետ ընկեր ըլլանք:
-Ըլլանք, պատասխանեց արջը:

Եւ սկսան միասին ապրիլ: Գիշեր մը դարձեալ շունը աղմուկ մը լսեց եւ սկսաւ հաջել:
-Շուն եղբայր, լռէ՛, թէ ոչ առիւծը կը լսէ եւ կու գայ, կ՛ու տէ մեզ, ըսաւ արջը բարկութեամբ:
«Աս ալ վախկոտ է» մտածեց շունը: Գնաց առիւծին մօտ ու ըսաւ.
-Առիւծ ընկեր, եկո՛ւր իրարու հետ ընկեր ըլլանք:
-Ըլլանք, պատասխանեց առիւծը:
Շունն ու առիւծը սկսան միասին ապրիլ: Գիշեր մը շունը լսեց շշուկ մը եւ սկսաւ հաջել:

-Շո՛ւ ն եղբայր, ի՛նչ կ՛ընես, ձայնդ քաշէ, թէ ոչ մարդը կը լսէ եւ կու գայ կը սպաննէ մեզ, ըսաւ առիւծը դողալով:
«Առիւծն ալ վասխկոտ է» մտածեց շունը: Գնաց մարդուն մօտ եւ ըսաւ.
-Մա՛րդ եղբայր, եկո՛ւր ընկեր ըլլանք եւ միասին ապրինք:
-Շա՛տ լաւ, ապրի՛նք, պատասխանեց մարդը:
Եւ սկսան միասին ապրիլ: Գիշեր մը շունը ոտնաձան մը լսեց եւ սկսաւ հաջել:
Մարդը արթնցաւ, եւ տեսաւ թէ շունը քովն է ու կը հաջէ, շատ ուրախացաւ:
-Այդպէս հաջէ, իմ բարի ու քաջ ընկերս, ըսաւ անոր:
Այն ատեն շունը հասկցաւ որ մարդը բոլորէն աւելի ուժեղ է եւ ոչ ոքէ կը վախնայ:

Այդ օրուընէ յետոյ շունը մարդուն ամէնէն հաւատարիմ ընկերը դարձաւ եւ երբեք չբաժնուեցաւ անկէ:


 ՈՍԿՈՒ ԿԱՐԱՍԸ

Ես մեր ծերերից եմ լսել, մեր ծերերը իրենց պապերից, նրանց պապերն էլ իրենց մեծերից, թէ մի ժամանակ մի աղքատ հողագործ է լինում, ունենում է մի օրավար հող ու մի լուծ եզ։
Ձմեռը էս աղքատ հողագործի եզները սատկում են։ Գարունքը, վար ու ցանքի ժամանակը որ գալիս է, եզ չի ունենում թէ վարի, հողը վարձով տալիս է իր հարևանին։
Էս հարևանը վարելու ժամանակ խոփը մի տեղ դէմ է ընկնում, դուրս է գալի մի կարաս, մէջը լիքը ոսկի։ Եզները լծած թողնում է, վազում է գիւղը հողատիրոջ մօտ։
— Հէյ, աչքդ լուս,— ասում է,— քու հողումը մի կարաս ոսկի դուրս եկաւ, արի տար։
— Չէ՛, ախպե՛ր, էդ իմը չի,— պատասխանում է հողատէրը։— Հողի վարձը դու տուել ես, դու վարում ես, էն հողումն ինչ էլ դուրս գայ, քունն է. ոսկի է դուրս եկել, թող ոսկի լինի, էլի քունն է։
Սկսում են վիճել, սա ասում է՝ քունն է, նա, թէ չէ՝ քունը։ Վէճը տաքանում է, իրար ծեծում են։ Գնում են թագաւորի մօտ գանգատ։
Թագաւորը մի կարաս ոսկու անունը լսում է թէ չէ՝ աչքերը չորս է բաց անում։ Ասում է.
— Ոչ քունն է, ոչ դրանը, իմ հողումը կարասով ոսկի է դուրս եկել՝ իմն է։

Իր մարդկանցով գնում է, որ հանի բերի։ Գնում է կարասի բերանը բաց անել է տալի, տեսնում՝ ի՞նչ ոսկի, կարասը լիքը օձ... Զարհուրած ու կատաղած ետ է գալի։ հրամայում է պատժեն անգէտ ռանչպարներին, որ համարձակուել են իրեն խաբել։
— Չէ՛, թագաւորն ապրած կենայ,— գոռում են խեղճերը,— մեզ ինչո՞ւ ես սպանում, լաւ չես տեսել, օձ չկայ էնտեղ, ոսկի է, ոսկի...

Թագաւորը նոր մարդիկ է ուղարկում, որ գնան ստուգեն։ Մարդիկ գնում են, ետ գալի, թէ՝ ճշմարիտ, ոսկի է։
— Վա՜հ,— զարմանում է թագաւորը։ Ասում է.— երևի լաւ չտեսայ, կամ տեսածս էն կարասը չէր։ Վեր է կենում մին էլ գնում։
Կարասը բաց է անում, դարձեալ մէջը լիքը օձ։
Էս ի՛նչ հրաշք է, ի՛նչ միտք ունի, չեն հասկանում։

Թագաւորը հրամայում է, հաւաքում է իր երկրի իմաստուններին։
— Բացատրեցէք,— ասում է,— ո՛վ իմաստուններ, ի՞նչ հրաշք է սա։ Էս հողագործներն իրենց հողում կարասով ոսկի են գտել։ Ես եմ գնում՝ կարասը լիքն օձ է դառնում, սրանք են գնում՝ ոսկի։ Էս ի՞նչ կը նշանակի։
— Դրա բացատրութիւնն էս է, թագաւոր, եթէ չես բարկանալ,— ասում են իմաստունները։— Կարասով ոսկին աղքատ հողագործներին պարգև է ղրկած իրենց ազնւութեան ու արդար աշխատանքի համար։ Երբ որ նրանք են գնում, իրենց արդար վարձին են գնում ու միշտ էլ ոսկի գտնում, իսկ երբ որ դու ես գնում, գնում ես ուրիշի բախտը յափշտակես, նրա համար էլ ոսկու տեղ օձ ես գտնում։

Թագաւորը ցնցւում է. խօսք չի գտնում պատասխանելու։

— Լա՛ւ,— ասում է,— դէ հիմի էն որոշեցէք, թէ էդ երկուսից ո՞րին է պատկանում գտած ոսկին։
— Իհարկէ հողատիրոջը,— ձայն է տալի վարող գիւղացին։
— Չէ, վարողինն է,— մէջ է մտնում հողատէրը։ Ու նորից սկսում են կռուել։
— Լա՛ւ, լա՛ւ, կացէ՛ք,— կանգնեցնում են իմաստունները,— ի՞նչ ունէք դուք՝ տղայ կամ աղջիկ։

Դուրս է գալի, որ մէկը մի տղայ ունի, միւսը մի աղջիկ։ Իմաստունները վճռում են, որ սրանք գնան իրենց աղջիկն ու տղէն իրար հետ պսակեն, էն գտած ոսկին էլ տան նրանց։ Էստեղ համաձայնում են բարի մարդիկը, ուրախանում են, ու կռիւը վերջանում է, սկսում է հարսանիքը։ Օխտն օր, օխտը գիշեր հարսանիք են անում, կարասով ոսկին էլ, որ պարգև էր ղրկած իրենց ազնւութեան ու արդար աշխատանքի համար, տալիս են իրենց զաւակներին։

Բարին էստեղ, չարն էն ագահ թագաւորի մօտ։

Յովհաննէս Թումանեան