ՈՍԿԻ ԻԼԻԿԸ
Կար ու չկար, ժամանակին կին մը կար: Այդ կինը երկու աղջիկ ունէր. մէկը՝ գեղեցիկ, բայց ծոյլ, իսկ միւսը՝ տգեղ, բայց աշխատասէր: Մայրը գեղեցիկ աղջիկը շատ կը սիրէր: Տգեղ աղջկան միշտ բուրդ մանել կու տար: Անգամ մը, երբ տգեղ աղջիկը ջրհորին գլուխը նստած բուրդ կը մանէր, իլիկը յանկարծ ջրհորին մէջ կ'իյնայ: Խեղճ աղջիկը լալով տուն կը վերադառնայ ու կը պատմէ պատահածը: Այն ատեն մայրը կ'ըսէ.
-Թող ուշադրութիւն ընէիր: Եթէ այս գիշեր առանց իլիկի տուն գաս, քեզ ներս չեմ առներ:
Խեղճ աղջիկը չէր գիտեր, թէ ի՛նչ ընէր: Կ'երթայ ջրհորին մօտ, կը կախուի մէջը, տեսնելու համար թէ իլիկը հո՞ն է: Սակայն, գլուխը դառնալով՝ կ'իյնայ մէջը:
Երբ ուշքի գալով աչքերը կը բանայ, ինքզինք կը գտնէ գեղեցիկ մարգագետնի մը վրայ: Չորս կողմը կանանչութիւն, ծառեր, ծաղիկեր ու ծառերուն վրայ դայլայլող բազմաթիւ թռչուններ:
Աղջիկը երբ ուրախ զուարթ կը քալէր մարգագետնին վրայ, յանկարծ կը տեսնէ փուռ մը որուն մէջ կային շատ մը հացեր: Փուռին մէջէն հացերը կը պոռային.
-Այրեցա՛նք, այրեցա՛նք...աշխատասէր աղջիկ մեզ փուռէն դուրս հանէ...:
Աղջիկը անմիջապէս կ'երթայ փուռին քով ու հացերը դուրս հանելով իրարու քով կը շարէ:
Բաւական երկար երթալէ վերջ կը տեսնէ խնձորենի մը, որուն ճիւղերը պտուղներու առատութենէն գրեթէ գետին դպած էին:
-Մեռա՛յ, մեռա՛յ... կը պոռար ծառը, պտուղներս շատ ծանր են, քաղէ զանոնք եւ ազատէ զիս...
Աղջիկը կը մօտենայ ծառին, կը քաղէ բոլոր խնձորները ու կը լեցնէ զանոնք սակառներու մէջ:
.Բաւական երթալէ վերջ կը տեսնէ փոքրիկ տնակ մը, որուն մէջ կը բնակէր ծեր ու հիւանդ կին մը: Ծեր կինը տեսնելով աղջիկը կ'ըսէ.
-Բարի՛ եկար, աղջիկս, ես ո՛չ զաւակ ունիմ, ո՛չ ալ զիս խնամող մը. մինչեւ որ աղէկնամ, այստեղ մնացիր ու խնամէ զիս: Աղջիկը կը մնայ հիւանդ կնոջ մօտ. կ'եփէ անոր կերակուրները, կուտայ անոր դեղերը եւ ամէն կերպով կը հոգայ զայն: Երբ ծերունի կինը կատարելապէս կ'առողջանայ կ'ուզէ իր կորսուած իլիկը գտնել ու տուն վերադառնալ:
-Շատ լաւ, կը պատասխանէ ծերուկ կինը. քանի որ տուն վերադառնալ կ'ուզես, եկուր նախ միասին իլիկդ փնտռենք ու գտնենք:
Երբ միասին բաւական կ'երթան, իրենց դէմ կ'ելլէ գոց դուռ մը: Ծերուկ կինը կ'ըսէ.
-Բախտի դռնակ, շուտ բացուէ, սա աղջիկը գեղեցկացուր ու մազերը ոսկի դարձուր: Այս աղջիկը շատ աշխատասէր է, անոր իլիկն ալ ոսկի դարձուր...
Անմիջապէս դուռը կը բացուի եւ երկուքն ալ ներս կը մտնեն: Այդ պահուն կը սկսի ոսկի անձրեւ տեղալ աղջկան վրայ ու քիչ վերջ աղջկան մազերը ոսկիի կը վերածուին եւ ինքն ալ գեղեցկանալով շնորհալի երիտասարդուհի մը կը դառնայ: Ծերուկ կինը կուտայ ոսկիէ իլիկը ու կ'ըսէ:
-Քանի որ, դուն զիս խնամեցիր, ահա՛ աշխատութեանդ վարձքը:
Այս խօսքերը ըսելէ վերջ ծերունի կինը յանկարծ կը կորսուի ու աղջիկը ինքզինք կը գտնէ իրենց տան մէջ:
Ոսկեմազիկը անմիջապէս կ'երթայ մօրն ու քրոջ քովը, որոնք շատ կարօտցած էր: Անոնք ուրախութեամբ ու սիրով կ'ընդունին զինքը, որովհետեւ միասին ոսկի բերած էր:
Ոսկեմազիկը կը պատմէ իրեն պատահածները: Ասոնք իմանալով, մայրը կ'ուզէ որ իր սիրելի աղջիկն ալ ոսկի մազեր ունենայ ու զայն կը ղրկէ ջրհորին մօտ: Աղջիկը այնտեղ դիտմամբ հորը կը ձգէ իր իլիկը ու քիչ վերջ ինքզինք ալ կը նետէ հորին մէջ:
Իրաւ ալ, երբ ուշքի կուգայ, ինքզինք կը գտնէ գեղեցիկ մարգագետնի վրայ. հեռուէն կ'իմանայ եփած հացերուն աղաղակը, որոնք օգնութիւն կը կանչէին: Ծոյլ աղջիկը սակայն կարեւորութիւն չի տար ու կ'ըսէ.
-Իմ ինչո՛ւս պէտք, ինչ կ'ուզէք եղէք, այրեցէ՛ք, մրկեցէք: Ձեզի համար ձեռքերս չեմ կրնար աղտոտել:
Քիչ վերջ կը հասնի խնձորենիին մօտ, սակայն անոր աղաչանքներուն ալ կարեւորութիւն չի տար ու կ'անցնի կ'երթայ:
Ի վերջոյ կը հասնի պառաւին տունը. առաջին քանի մը օրերը սիրով կը ծառայէ պառաւին, սակայն հետզհետէ ծուլանալով ոչ մէկ խնամք կը տանի անոր: Պառաւը սակայն ձանձրանալով ծոյլ աղջիկէն ,հիւանդ հիւանդ կ'ելլէ անկողինէն ու զինքը տանելով դրան մօտ ,կ'ըսէ.
-Բախտի դռնակ, շո՛ւտ բացուէ ու սա ծոյլ աղջիկը լաւ մը պատժէ:
Եւ իսկապէս ալ երբ միասին ներս կը մտնեն բախտի դռնէն, ծոյլ աղջիկը կը վերածուի տգեղ ու սեւերես աղջկան մը ու վերադարձին մայրը ի՛նչքան ալ կը լուայ զինքը, իր տգեղութիւնն ու սեւութիւնը չեն երթար:
Այսպէսով կը վարձատրուի աշխատասէր աղջիկը ու կը պատժուի ծոյլ աղջիկը:
ՎԵՐՋ
Նկարազարդում՝
Պերճուհի Չալկճեանի