vendredi 21 juin 2019

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ ընթերցարան

ՈՍԿԻ ՍԻՍԵՌԸ

Տիկին Գոհար, հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ առողջ մարմնով, աշխոյժ տեսքով «Գոհար Մեծմաման» էր բոլորին: Կը սիրուէր ու կը յարգուէր թաղեցիներէն:
Գոհար Մեծմաման առանձին կ՛ապրէր երկյարկանի փայտաշէն տանը մէջ: Բայց բացարձակապէս չէր գանգատեր առանձնութենէն, որովհետեւ այս հին ու պատմական թաղին բնակիչները բնաւ առանձին չէին թողուր զինքը: Ինչպէս ամէն կիրակի, այդ կիրակի օրն ալ կը պատրաստուէր եկեղեցի երթալու: 
Այդ առաւօտ նորէն շատ կանուխ արթնցաւ, առօրեայ գործերը կատարելէ յետոյ հագուեցաւ, դռնէն չելած՝ խոհանոց մտաւ, հանեց մեծ գզրոցէն սեւ տոպրակ մը ու մէջը նետեց սիսեռի հատիկ մը: Գոհար Մեծմաման սովորութիւն ունէր ամէն կիրակի եկեղեցի երթալէ առաջ սիսեռ մը նետելու այդ սեւ տոպրակին մէջ. այնպէս որ, տոպրակը բերնէ բերան լեցուած էր սիսեռներով:
Աստուածավախ ու պարտաճանաչ հաւատացեալի մը գոհունակութեամբ տեղաւորեց տոպրակը գզրոցին մէջ: Փողոցին դուռը կղպելէ յետոյ ճամբայ ելաւ դէպի եկեղեցի:
Ճամբան հանդիպեցաւ Տիկին Մաքրուհիին, որ կը քալէր աճապարանօք ու խոժոռ դէմքով՝ առանց շուրջը նայելու: Գոհար Մեծմաման մօտենալով հարցուց այս մտահոգութեան պատճառը: Երբ սորվեցաւ թէ Տիկին Մաքրուհիին ծեր մայրը ծանր հիւանդ էր, սրտաբեկ՝ ընկերացաւ անոր ու միասնաբար գացին բժիշկ մը կանչելու:
Բժիշկը՝ հիւանդը լաւ մը քննելէ յետոյ, դեղագիր մը երկարեց ու պատուիրեց լաւ խնամել ու սնուցանել հիւանդը: Գոհար Մեծմաման գիտնալով անոնց անձուկ վիճակը, բժիշկին ձեռքէն ինք առաւ դեղագիրը, վճարելով նաեւ այցեգինը, հոգաց հիւանդին,բոլոր կարիքները:
Գիշերը երբ տուն վերադարձաւ՝ յոգնած ու մտահոգ, յիշեց թէ մոռցած էր եկեղեցի երթալ: Յուզուած, գնաց սիսեռի տոպրակին քով, որպէսզի պակսեցնէր հատիկ մը, քանի որ այդ օր եկեղեցի չէր գացած: Անհաւատալի բան մը պատահեցաւ սակայն, սիսեռի սեւ տոպրակը պարապ էր...
Տիկին Գոհար, տոպրակը ձեռքը՝ անշարժ կը կենար, գուշակելու կը ջանար անհետացած սիսեռներուն գաղտնիքը: Յանկարծ նշմարեց, պարապ տոպրակին մէջ հատիկ մը...: Ոսկիէ սիսեռի հատիկ մըն էր ան:
Հրաշք մըն էր պատահած...:

Գրեց՝ ՍԻԼՎԱ ՉԷԹԻՆԳԱՅԱ
 ՀՆԱՐԱՄԻՏ ՏՂԱՆ

Շատ դարեր առաջ Արաբիոյ մէջ կ'ապրէր իմաստուն ծերունի մը: Ան շատ կը սիրէր զանազան երկիրներ ճամբորդել, անուանի մարդոց հանդիպիլ եւ հետերնին վիճիլ:
Օր մըն ալ որոշեց երթալ Հայաստանի մայրաքաղաքը: Երեկոյեան հասաւ Անիի պարիսպներուն տակ, ներս մտաւ դարպասէն եւ գնաց իջեւանատուներէն մէկը՝ հանգստանալու: Իմաստունը շատ յոգնած եւ անօթի էր: Յոգնած եւ անօթի էր նաեւ անոր իշուկը:
Իջեւանատան բակը խումբ մը տղաք կը խաղային: Մեր իմաստունը կանչեց անոնցմէ մէկը, որ հազիւ տասը տարեկան կար, եւ ձեռքը պղինձէ դրամ մը դնելով պատուիրեց.
- Որդեա՛կ, ա՛ռ այս դրամը եւ գնա ուտելիք բեր ինծի, որպէսզի կշտացնեմ փորս, քիչ մըն ալ զովացուցիչ ըմպելի բեր, բան մըն ալ ճարէ իշուկիս համար: Եթէ կրնաս, այնպիսի բան մըն ալ բեր որ գիշերը զբաղիմ, ժամանակս անցընեմ, որովհետեւ անքնութենէ շատ կը տառապիմ:
- Լա՛ւ, մեծ-հայրիկ, հիմա կը բերեմ քու ուզածդ,- ըսաւ տղան, առաւ դրամն ու վազեց:
Քիչ յետոյ վերադարձաւ ու մեծ ձմերուկ մը տալով ծերունիին, ըսաւ.
- Ահա՛, մեծ-հայրիկ, քու ուզածդ:
Օտար հիւրը զարմացած կը նայէր մէյ մը տղուն, մէյ մը ձմերուկին:
- Միայն ձմերո՞ւկ բերիր, որդի՛,- հարցուց ան:
- Այո՛, մեծ-հայրիկ: Միջուկը կ'ուտես, քաղցր հիւթը կը խմես որպէս զովացուցիչ, կանաչ կեղեւները կու տաս իշուկիդ, թող ախորժակով ուտէ, իսկ կուտերը կը փարատեն ձանձրոյթդ, եթէ անքուն մնաս: Եղա՞ւ:
Ու վազելով հեռացաւ, գնաց իր ընկերներուն քով:
Ծերունի իմաստունը սկսաւ մտածել: Եթէ այստեղի տասնամեայ տղան այսքան խելացի է, հապա ինչպէ՞ս պիտի ըլլան Անիի բազմափորձ ծերունիները...
Ու որոշեց բանավէճի չբռնուիլ անոնց հետ:


Ս. Արշակունի

 ԴԵՂՁԵՐԸ

Տօնավաճառէ մը դարձին՝ գիւղացի մը կանչեց իր տղաքը:
-Նայեցէք, տղաքս ըսաւ անոնց, նայեցէք, հօրեղբայրնիդ ի՛նչ նուէր ղրկեր է ձեզի: Տղաքը վազեցին գացին, եւ հայրերնին պզտիկ ծրար մը բացաւ:
-Ա՜հ ի՜նչ աղուոր խնձորներ, աղաղակեց ամէնէն պզտիկը որ վեց տարու էր, նայէ՛, մայրի'կ, որչա՜փ կարմիր են:
-Չեմ կարծեր որ խնձոր ըլլան, աւելցուց անդրանիկը, նայէ՛ իրենց մաշկը աղուամազով ծածկուած է:
-Ասոնք դեղձեր են, ըսաւ հայրերնին, դուք բնաւ ասանկ պտուղ չէք տեսած:

Յետոյ, դեղձերէն մէկը առնելով, «Ասիկա քեզի համար է, կի՛ն, յարեց, եւ այս չորսն ալ մեր տղոցն են:»
Իրիկունը գիւղացին նորէն կանչեց տղաքը եւ հարցուց.

-Ի՞նչպէս գտաք դեղձերը:
-Այնքան համով էին որ, պատասխանեց անդրանիկը, կուտը պահեցի՝ թաղարի մը մէջ տնկելու համար թերեւս ծառ մը բուսնի:
-Դուն լաւ պարտիզպան մը կրնաս ըլլալ, ըսաւ հայրը, քանի որ հիմակուընէ կը մտածես ծառ հասցնել:
-Ես ալ, ըսաւ ամէնէն պզտիկը, պտուղը այնչա՜փ աղուոր գտայ որ մօրմէս ուզեցի եւ առի իր բաժինին կէսը, բայց կուտը նետեցի:
-Դուն ալ տակաւին շատ պզտիկ ես, յարեց հայրը բարութեամբ:
-Եղբօրս նետած կուտը առի, ըսաւ տղոց երկրորդը եւ միջուկը կերայ, շատ լեղի էր, իսկ իմ դեղձս ծախեցի:
-Կ՛երեւայ դուն ալ վաճառական ըլլալու միտք ունիս, ըսաւ հայրը:

Յետոյ, իր երրորդ տղուն դառնալով, հարցուց.

-Դուն ինչո՞ւ անկիւն մը քաշուած ձայնդ չես հաներ, ի՞նչպէս էր քու դեղձդ, համով չէ՞ր:
-Չեմ գիտեր, պատասխանեց տղան:
-Ինչո՞ւ չես գիտեր, չկերա՞ր:
-Ես իմ դեղձս մեր դրացիին հիւանդ տղուն տարի եւ ըսի թէ որչա՜փ գոված էիր այդ պտուղը, եւ թէ որչա՜փ ախորժահամ պէտք էր ըլլար: Տղան՝ աչուըները մեծ մեծ բացած՝ դեղձին կը նայէր. ուզեցի իրենց տալ, բայց մերժեց, ես ալ պտուղը քովը ձգեցի ու փախայ:

Այն ատեն՝ հայրը գորովով շոյեց իր զաւկին գլուխը եւ ըսաւ. «Աստուած պիտի հատուցանէ քեզի:»
❤️💙💛
 Միշտ բարերարելու առիթ մը փնտռեցէք, նոյն իսկ եթէ նեղուիք ատոր համար: Սիրտը պէտք է ողորմի՝ երբ ձեռքը չի կրնար: Յաճախ անուշ խօսք մը աւելի բարիք կը գոյացնէ քան բուռ մը դրամը: Բարիքը յարգի է ոչ թէ իր քանակութեամբ, այլ իր ըլլալու եղանակովը. բարերարելը չի բաւեր. պէտք է աշխատիք նաեւ բարերարուողը իր դժբախտ դրութենէն ազատելու եւ այնպէս մը ընելու էք որ անգամ մըն ալ չիյնայ այդ դրութեան մէջ: