jeudi 20 juin 2019

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ ընթերցարան

ԽԱՂՈՂԻ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ

Ամառ մը, երբ փոքրիկ տղայ էի, հիւր գացեր էի քեռիիս այգին:
Ամբողջ օրը ամէն ինչ մոռցած կը խաղայի ու կը թափառէի այգիին մէջ եւ իրիկունը յոգնած՝ անոյշ-անոյշ կը քնանայի հոն:
- Այդ անպիտան ոզնին խաղող կը գողնայ,- ըսաւ իրիկուն մը քեռիս, երբ կ՛ընթրէինք բոլորս միասին:
Ոզնին խաղող կը գողնա՞յ... Ես ոզնի տեսած էի, բայց երբէք չէի լսած որ ոզնին խաղող գողնար:
- Քե՛ռի, ոզնին ձեռք ունի՞ որ խաղող գողնայ,- հարցուցի ես:
- Արդէն ատիկա է զարմանալին,- պատասխանեց քեռիս,- ձեռք չունի, բայց կը կտրէ: Օր մը նայէ, կը տեսնես:
Ես սկսայ հետեւիլ, փնտռել թէ ո՛ւր կ՛ապրին ոզնիները, ի՛նչպէս գողութեան կ՛ելլեն:
Եւ մէկ-երկու օր զգուշութեամբ թումբէ թումբ անցնելով՝ կը նայէի թուփերուն շուրջը եւ թուփերուն տակ, թէ արդեօք խաղող գողցող ոզնի պիտի չկրնա՞մ տեսնել:
Այդ երկու օրը բան մը չկրցայ տեսնել: Բայց հետեւեալ օրը, երբ թուփի մը մօտ նստած խաղող կ՛ուտէի, յանկարծ տարօրինակ խշխշոց մը լսեցի, կարծեցի թէ օձ մը կը սողայ ու նստած տեղս մնացի անշարժ, աչքերս խշխշոցին կողմը յառած:
Եւ ի՞նչ կը կարծէք, ի?նչ կ՛ուզէիք որ ըլլար: Ոզնին... եւ ոչ թէ մինակը, այլ ձագերով: Խոզուկներու նման երեք փոքրիկ ձագերը իր ետեւը ձգած՝ բարակ ձայն մը հանելով կու գար՝ գլուխն ու դունչը փշապատ կծիկէն դուրս հանած: Նոյն բանը ըրած էին նաեւ ձագերը:
Այդ ձագերը այնքան փոքր էին, որ կարծես խաղալիք ըլլային: Մայր ոզնին շարունակ թուփերուն նայելով իմ կողմս կու գար:
Ես մտայ թուփերուն ետեւը ու պահուըտեցայ: Մայր ոզնին մօտեցաւ ողկոյզներէն մէկուն եւ տեսակ մը ձայն հանեց: Ձագերը իսկոյն մօտեցան: Այն ատեն ոզնին բարձրացաւ ետեւի ոտքերուն վրայ եւ առջեւի թաթիկներով սկսաւ խաղողի հատիկները փրցնել ողկոյզներէն ու վար թափել՝ գետնին վրայ:
Երբ բաւականաչափ թափեր էր, յանկարծ խոզուկի նման ձայն մը հանեց դարձեալ:
Ձագերը փշոտ գնդակներու նման գլորելով եկան իրենց մօրը քով:
Այդ ժամանակ մայր ոզնին թաւալեցաւ գետնին վրայ: Խաղողի հատիկները մէկ-մէկ խրուած էին անոր փուշերուն վրայ: Մնացած հատիկներուն վրայ թաւալեցան ձագերը: Հատիկները անոնց փուշերուն վրայ ալ խրուեցան: Մայր ոզնին տարօրինակ ձայն մը հանեց դարձեալ: Ատոր վրայ, իրենց եկած ճամբայէն, խաղողի հատիկներով բեռնաւորուած՝ վերադարձան ոզնիները:
Շատ հետաքրքրական ու շատ տարօրինակ էր այդ ամէնը:
Իրիկունը, երբ տեսածիս մասին պատմեցի քեռիիս, ան պատասխանեց.
- Այո՛, ոզնիները այդպէս են:
Իսկ երբ աւելցուցի թէ կ՛ուզէի բռնել ու սպաննել անոնցմէ մէկը, ան գլուխն օրօրեց եւ զգուշացուց.
- Չըլլայ որ այդպիսի բան ընես. եթէ ոզնիները չըլլան, այգին օձերով կը լեցուի... Դուն գիտե՞ս որ ոզնին օձերը ոչնչացնող օգտակար կենդանի մըն է: Ան օձին պոչէն կը բռնէ, գունտ ու կծիկ կ՛ըլլայ: Օձը ի զուր կը թափահարէ ինքզինք որ ազատի: Երբ կը տեսնէ թէ անկարելի է ազատիլը, կը սկսի զարնել բռնողին:
Այնքան կը զարնէ որ ոզնիին փուշերէն արիւնլուայ դարձած՝ կը սատկի վերջապէս: Ոզնին տեսակ մը պահապան է մեզի ու մեր այգիներուն, ատոր համար ալ պէտք չէ սպաննել... ի՜նչ փոյթ թէ խաղող կը գողնայ ու կ՛ուտէ...
ԱՄԷՆԷՆ ՊԻՏԱՆԻ ԲԱՆԸ

Ժամանակին Ասիոյ մէջ կ՛ապրէր խելացի թագաւոր մը: Անիկա ունէր երեք որդիներ, երբ ծերացաւ, ուզեց գահը յանձնել իր երեք որդիներէն անոր, որ ամէնէն աւելի կարող պիտի ըլլար այդ դժուարին գործին:

Ուստի օր մը կանչեց իր որդիները եւ ըսաւ.

-Կը տեսնէք որ ծերացած եմ եւ չեմ կրնար լաւ կառավարել երկիրս: Ես շատոնց հրաժարած կ՛ըլլայի գահէս եթէ կարենայի լուծել այս խնդիրը, որ տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ միտքս: Կը տեսն՞ք սա ահագին շտեմարանը, զոր շատոնց շինել տուած եմ: Փափաքս էր զայն լեցնել այնպիսի բանով մը, որ ամէնէն պիտանին ըլլար աշխարհի վրայ: Շտեմարանը դեռ պարապ է, ձեզմէ ով որ կարենայ լեցնել այդ շտեմարանը ամէնէն պիտանի բանով, թող ան արժանի ըլլայ գահիս: Առէք իմ գանձերէս որքան որ կ՛ուզէք եւ առանձին առանձին ճամբայ ինկէք, պտտեցէք ամէն տեղ, գտէք ամէնէն պիտանի բանը եւ լեցուցէք զայն:

Որդիները համբուրեցին իրենց հօր ձեռքը եւ ճամբայ ելան: Ամբողջ եօթն անգամ քառասուն օր շրջեցան աշխարհը եւ ճիշդ ժամանակին եկան կանգնեցան իրենց հօր առջեւ:

-Բարով եկաք անգին որդիներս, ըսաւ հայրը, գտա՞ք ու բերի՞ք աշխարհի ամէնէն պիտանի բանը:

-Այո, սիրելի հայրիկ, պատասխանեցին որդիները:

Հայրը անմիջապէս առաւ զանոնք, տարաւ շտեմարանին քով բացաւ դուռը եւ հարցուց:

-Ինչո՞վ պիտի լեցնենք այս ահագին շտեմարանը:

-Ես հացով կը լեցնեմ այս ահագին շտեմարանը, ըսաւ մեծ որդին գրպանէն բուռ մը ցորեն հանելով, աշխարհիս ամէնէն պիտանի բանն է հացը: Ո՞վ կրնայ ապրիլ առանց հացի: Շատ թափառեցայ, շատ բան տեսայ, բայց հացէն աւելի պիտանի բան չգտայ:

-Ես հողով կը լեցնեմ, ըսաւ միջնեկ որդին, բուռ մը հող երկարելով իր հօրը, աշխարհի ամէնէն թանկագին բանն է հողը... ամէն բան անկէ կ՛ելլէ: Շատ թափառեցայ, շատ բան տեսայ, բայց հողէն աւելի պիտանի բան չգտայ:

Երբ կարգը կրտսեր որդիին եկաւ, ան մօտեցաւ շտեմարանին, գրպանէն մոմ մը հանեց, կայծով մը վառեց զայն եւ լուսաւորեց ամբողջ շտեմարանը: Յետոյ ըսաւ.

-Լոյսով կը լեցնեմ այս շտեմարանը: Լոյսն է ամէնէն պիտանի բանը աշխարհի վրայ: Առանց լոյսի հողը հաց չի տար, կենդանիները չեն ապրիր, մարդիկ չեն զարգանար: Շատ թափառեցայ, շատ բան տեսայ, բայց լոյսէն աւելի պիտանի բան չգտայ:

-Ապրի՛ս, գոչեց հայրը ուրախանալով, քեզի՛ արժանի է իմ գահս, քանի որ լոյսով եւ գիտութեամբ պիտի լեցնես երկիրը:

Եւ հայրը գրկեց իր որդին, անոր հագցուց թագաւորական զգեստը եւ զայն բազմեցուց իր գահին վրայ:

ԱՒԻՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
ԱԴԱՄԱՆԴԷ ԿԱՑԻՆԸ

Ցուրտ աշուն էր:

Աղքատ մարդ մը գետին եզերքը փայտ կը կոտրէր: Յանկարծ, զը՜նկ, կացինին կոթը փրթաւ ու ինկաւ գետը:

Մարդը նստեցաւ ու վիշտէն սկսաւ լաւ:

Յանկարծ թուփերը շարժեցան, եւ անտառին մէջէն դուրս ելաւ կաղ ծերունի մը:

- Ինչո՞ւ կու լաս, բարի՛ մարդ,- հարցուց ծերունին,- ցաւդ ի՞նչ է:

- Ինչպէս չլամ, - պատասխան տուաւ աղքատ մարդը,- կացինս ջուրը ընկաւ:

- Լաւ, քու ցաւիդ կրնանք դարման մը գտնել,- ըսաւ ծերունին եւ իր ուսերէն եափունճին մէկ կողմ նետեց, տրեխները հանեց ոտքերէն եւ մտաւ գետը:

Աղքատ մարդը դեռ աչքը չէր թարթած, երբ ծերունին ջուրէն դուրս ելաւ: Անիկա ոսկի կացին մը բռնած էր ձեռքը:

- Ահա՛, ա՛ռ, ա՞յս է քու կացինդ:

- Չէ՛, ատիկա իմս չէ,- պատասխանեց մարդը:

Ծերունին դարձեալ սուզուեցաւ ջուրին մէջ եւ այս անգամ ջուրէն հանեց արծաթ կացին մը ու երկարեց աղքատին՝ ըսելով.

- Ասիկա՞ է քու կացինդ:

- Ո՛չ, այդ ալ իմս չէ,- ըսաւ մարդը:

Երրորդ անգամ ծերունին սուզուեցաւ ջուրին մէջ եւ դուրս հանեց երկաթէ կացին մը:

- Ատիկա է իմ կացինս,- գոչեց աղքատ մարդը եւ կացինը ծերունիին ձեռքէն առնելով, պատրաստուեցաւ տուն երթալ:

- Կեցի՛ր,- ըսաւ ծերունին,- այս երկու կացիններն ալ առ, քեզի կու տամ, դուն շիտակ եւ ճշմարտասէր մարդ մըն ես, դուն ագահ եւ խաբեբայ չեղար, ուստի ես ալ կ՛ուզեմ քեզ վարձատրել:

- Շնորհակալ եմ,- ըսաւ աղքատ մարդը ու վերադարձաւ տուն:

Հարուստ դրացին երբ լսեց աղքատ մարդուն պատահած այս դէպքը, սկսաւ մտածել:

«Ես ալ երթամ գետին եզերքը, թերեւս ինծի համար ալ նոյն հրաշքը տեղի ունենայ, ես ալ իմ հարստութիւնս կ՛աւելցնեմ»,- ըսաւ ինքն իրեն:

Եւ արդարեւ, օր մը ան ելաւ ու գնաց գետին եզերքը: Կացինը շատ թոյլ կերպով ամրացուց կոթի ծայրին: Հասնելով նոյն տեղը, կացինը բարձրացուց որ զարնէ փայտին, յանկարծ կացինը փրթաւ կոթէն եւ ճըլը՜մփ, ինկաւ գետը:

Հարուստ մարդը սկսաւ լաց ու կոծ բարձրացնել: Յանկարծ թուփերը խշխշացին, եւ անտառէն դուրս ելաւ կաղ ծերունին:

- Ո՞վ է այստեղ պոռացողը,- հարցուց ան:

- Ես եմ,- պատասխանեց հարուստ մարդը,- ինծի փորձանք պատահեցաւ: Ես այստեղ փայտ կը կոտրէի, յանկարծ կացինս գետը ինկաւ:

- Ես կը հանեմ,- ըսաւ ծերունին ու անմիջապէս մտաւ ջուրը:

Ակնթարթ չանցած՝ ան դուրս ելաւ ջուրէն՝ ձեռքին մէջ երկաթէ կացին մը:

- Քո՞ւկդ է ,- հարցուց ծերունին:

- Չէ՛, իմս չէ,- պատասխանեց հարուստ մարդը: Իմ կացինս շատ լաւ էր ու կը պսպղար:

Ծերունին նորէն սուզուեցաւ ջուրին մէջ եւ դուրս հանեց արծաթէ կացին մը:

- Ատիկա ալ իմս չէ,- ըսաւ հարուստը,- իմ կացինս աւելի լաւ էր:

Ծերունին երրորդ անգամ հանեց ոսկիէ կացին մը:

- Քո՞ւկդ է,- հարցուց ծերունին:

- Ի՛մս է, ի՛մս է, շո՛ւտ ինծի տուր,- գոչեց հարուստ մարդը:

- Արդեօք չե՞ս սխալիր,- հարցուց ծերունին,- այնտեղ, գետին մէջ ադամանդէ կացին մըն ալ կայ, թերեւս անիկա է քուկդ:

- Ճի՛շդ է, ճի՛շդ է, ես սխալեցայ, փայլը զիս խաբեց:

Ծերունին դառնօրէն նայեցաւ հարուստ մարդուն, գլուխը տխրութեամբ տարուբերեց եւ սուզուեցաւ ջուրին մէջ՝ իր հետ տանելով նաեւ ոսկիէ կացինը ու այլեւս չելաւ: